Պատերազմի վէրքերը
Պատերազմի վէրքերը
ԵՐԿՐՈՐԴ Աշխարհամարտին մասնակցած նախկին զինուոր մը դիտել տուաւ. «Պատերազմին մէջ յաղթողներ չկան, այլ միա՛յն՝ յաղթուողներ»։ Շատեր անոր համամիտ են։ Պատերազմին համար վճարուած գինը ահռելի է. յաղթողները ինչպէս նաեւ յաղթուողները չափազանց բարձր գին մը կը վճարեն։ Նոյնիսկ պատերազմ մը դադրելէն ետք, միլիոնաւոր անհատներ կը շարունակեն տառապիլ պատերազմին ձգած ֆիզիքական ու զգացական ահաւոր վէրքերէն։
Ի՞նչ վէրքեր։ Պատերազմը կրնայ ամբողջ ժողովուրդի զանգուած մը բնաջնջել, իր ետին թողելով անթիւ որբեր եւ որբեւայրիներ։ Վերապրողներէն շատեր հոգեկան վէրքերու կողքին, ֆիզիքական ահռելի սպիներ կը կրեն։ Միլիոնաւորներ չքաւոր վիճակի մէջ կ’իյնան, կամ կը ստիպուին ապաստանեալ դառնալ։ Կրնա՞նք երեւակայել այսպիսի պատերազմներէ դուրս եկած անհատներուն սրտին մէջ բնակած ատելութիւնն ու կսկիծը։
Թունաւորող Վէրքեր
Մարդոց սրտին վրայ պատերազմին դրոշմած վէրքերը կը շարունակեն զիրենք թունաւորել նոյնիսկ զինադուլ հաստատուելէն, զէնքերը լռելէն եւ զինուորները տուն վերադառնալէն ետք։ Յաջորդ սերունդները իրարու հանդէպ արմատացած դառնութիւն մը կրնան սնուցանել։ Այս կերպով, պատերազմի մը վէրքերը կրնան յաջորդ պատերազմին արմատական պատճառը ըլլալ։
Օրինակի համար, Վերսայի Դաշնագիրը՝ որ 1919–ին ստորագրուեցաւ պաշտօնապէս վերջ դնելու համար Ա. Աշխարհամարտին՝ Գերմանիոյ վրայ պայմաններ դրաւ, որոնք խիստ եւ վրէժխնդրական նկատուեցան անոր քաղաքացիներուն կողմէ։ Պրիթանիքա Համայնագիտարան–ին համաձայն, դաշնագրին պայմանները «Գերմանացիներուն մէջ ընդվզում յառաջացուցին եւ վրէժխնդրութեան հոգին հրահրելու նպաստեցին»։ Քանի մը տարի ետք, «խաղաղութեան դաշնագրին հանդէպ ընդվզումը Հիթլէրին սկզբնակէտ մը տուաւ» եւ Բ. Աշխարհամարտին առաջնորդող ազդակներէն մէկը եղաւ։
Բ. Աշխարհամարտը Լեհաստանի մէջ սկսաւ եւ ծաւալեցաւ՝ ընդգրկելով Պալքանեան երկիրները։ 1940–ական թուականներուն այդ շրջանին մէջ ազգատոհմերու իրարու հասցուցած վէրքերը ճամբան հարթեցին 1990–ական թուականներուն Պալքանեան երկիրներու մէջ ծագած պատերազմին։ «Ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան յոռի շրջանը ընդլայնած ու ծաւալած է, հասնելով մինչեւ մեր օրերը», ըսաւ Գերմանական Տի Ցայթ օրաթերթը։
Մարդկութիւնը խաղաղութեան մէջ ապրելու համար, պատերազմի վէրքերը անպայման ամոքուելու են։ Ասիկա ի՞նչպէս պիտի իրագործուի։ Ի՞նչ կարելի է ընել ատելութիւնն ու վիշտը ջնջելու համար։ Ո՞վ կրնայ պատերազմի վէրքերը բուժել։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 2]
COVER։ Fatmir Boshnjaku
[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 3]
U.S. Coast Guard photo; UN PHOTO 158297/J. Isaac