Պատերազմի վէրքերուն բուժումը
Պատերազմի վէրքերուն բուժումը
ԱԲՐԱՀԱՄ 20 տարի ֆէտայական բանակի մը անդամ եղած էր։ * Սակայն այժմ ան կռուելէ դադրած է, եւ անգամ մըն ալ պիտի չպատերազմի։ Իրականութեան մէջ, իր նախկին ոսոխներէն ոմանք այժմ իր մտերիմ բարեկամներն են։ Ի՞նչ բան զինք փոխեց։ Աստուածաշո՛ւնչը։ Անիկա Աբրահամին յոյս եւ ներատեսութիւն տուաւ, օգնելով որ մարդկային հարցերը Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտէ։ Աստուածաշունչը կռուելու փափաքը անոր մէջէն հանեց եւ ան սկսաւ իր վիշտը, կսկիծը, ատելութիւնն ու դառնութիւնը բուժել։ Ան տեսաւ որ Աստուածաշունչը սրտի համար ուժեղ դեղ մը կը պարունակէր։
Աստուածաշունչը ի՞նչպէս անհատին զգացական վէրքերը բուժելու կը նպաստէ։ Անիկա չէր կրնար Աբրահամի պատահած բաները փոխել։ Սակայն, Աստուծոյ Խօսքը կարդալը եւ անոր վրայ խոկալը, իր մտածելակերպը Ստեղծիչին մտածելակերպին հետ ներդաշնակեցին։ Այժմ, ան ապագայի համար յոյս եւ նոր նախասիրութիւններ ունի։ Աստուծոյ համար կարեւոր եղած բաները իրեն համար ալ կարեւոր դարձած են։ Անգամ մը որ ասիկա սկսաւ տեղի ունենալ, իր սրտին խոցերը սկսան բուժուիլ։ Այս բաները Աբրահամի օգնեցին որ փոխուի։
Քաղաքացիական Պատերազմի Մէջ Մխրճուած
Աբրահամ Ափրիկէի մէջ ծնած էր, 1930–ական թուականներուն։ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, հարեւան զօրաւոր երկիր մը սկսաւ իր երկրին տիրել, սակայն Աբրահամի հայրենակիցներէն շատեր անկախութիւն կ’ուզէին։ 1961–ին, Աբրահամ ազատագրական շարժումի մը միացաւ, որ ֆէտայական պայքար կը մղէր զօրաւոր դրացիին դէմ։
Աբրահամ կը բացատրէ. «Անոնք մեր ոսոխներն էին եւ կը ծրագրէին մեզ սպաննել. ուստի մե՛նք զիրենք սպաննեցինք»։
Աբրահամի կեանքը յաճախ վտանգի տակ էր, ուստի 1982–ին, 20 տարուան զինեալ պայքարէ ետք, Եւրոպա փախաւ։ Այժմ ան 50 տարեկանի մօտ էր, եւ քանի որ ժամանակ ունէր, իր կեանքը աչքէ անցուց։ Ի՞նչ պատահած էր իր երազներուն։ Ապագան ի՞նչ կը վերապահէր։ Աբրահամ Եհովայի Վկաներու հանդիպեցաւ եւ սկսաւ անոնց ժողովներուն յաճախել։ Ան մտաբերեց թէ քանի մը տարի առաջ Ափրիկէի մէջ թերթիկ մը կարդացած էր, զոր Վկայ մը տուած էր իրեն։ Թերթիկը կը նկարագրէր երկրի վրայ մօտալուտ դրախտ մը եւ մարդկութեան վրայ իշխելիք երկնային կառավարութիւն մը։ Ասիկա իրական կրնա՞ր ըլլալ։
Աբրահամ կ’ըսէ. «Աստուածաշունչէն սորվեցայ թէ պատերազմելով անցուցած այդ բոլոր տարիներս անօգուտ էին։ Միակ կառավարութիւնը, որ ամէն ոքի հետ արդարութեամբ պիտի վարուի, Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է»։
Աբրահամ որպէս Եհովայի Վկայ մը մկրտուելէն քիչ ետք, Ռապըրթ անունով մարդ մը Ափրիկէէն փախչելով, Աբրահամի բնակած եւրոպական քաղաքին մէջ ապաստանեցաւ։ Ռապըրթ եւ Աբրահամ միեւնոյն պատերազմին մէջ կռուած էին, սակայն, ընդդիմադիր ճակատներու վրայ։ Յաճախ Ռապըրթ հարց տուած էր կեանքի իսկական նպատակին մասին։ Ան կրօնասէր մարդ մըն էր, եւ Աստուածաշունչի կարգ մը մասերը կարդացած ըլլալով գիտէր թէ Աստուծոյ անունը Եհովա էր։ Երբ Աբրահամի ժողովքէն Վկաներ առաջարկեցին իրեն օգնել որ Աստուածաշունչը աւելի լաւ հասկնայ, Ռապըրթ իսկոյն ընդունեց։
Ռապըրթ կը բացատրէ. «Սկիզբէն իսկ, ուշադրութիւնս գրաւեց այն կերպը որով Վկաները Եհովայի եւ Յիսուսի անունները կը գործածէին, ընդունելով որ անոնք անջատ անձնաւորութիւններ են։ Ասիկա Աստուածաշունչէն արդէն գիտցած բաներուս հետ ներդաշնակ էր։ Վկաները նաեւ կոկիկ կը հագուին եւ ուրիշներու հանդէպ ազնիւ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն, առանց նկատի առնելու ազգութիւնը։ Այսպիսի բաներ խոր տպաւորութիւն ունեցան իմ վրաս»։
Թշնամիներ՝ Բարեկամներ կը Դառնան
Ռապըրթ եւ Աբրահամ՝ նախկին ոսոխներ՝ այժմ սերտ բարեկամներ են։ Անոնք Եհովայի Վկաներու նոյն ժողովքին մէջ որպէս լիաժամ աւետարանիչներ կը ծառայեն։ Աբրահամ կը բացատրէ. «Պատերազմի ընթացքին, յաճախ հարց կու տայի թէ ի՛նչպէս կարելի է որ դրացի երկիրներէ մարդիկ՝ որոնցմէ շատեր միեւնոյն կրօնքին կը պատկանին՝ զիրար ատեն։ Ռապըրթը եւ ես միեւնոյն եկեղեցիին կը պատկանէինք, սակայն իրարու դէմ պատերազմեցանք։ Ներկայիս երկուքս ալ Եհովայի Վկաներ ենք, եւ մեր հաւատքը մեզ միացուցած է»։
Ռապըրթ կ’աւելցնէ. «Տարբերութիւնը այն է որ ներկայիս կը պատկանինք հաւատքի մը, որ մեզ հարազատ եղբայրակցութեան մը մէկ մասը կը դարձնէ։ Այլեւս կարելի չէ որ պատերազմինք»։ Աստուածաշունչը այս նախկին թշնամիներուն սրտին վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն մը բանեցուցած է։ Ատելութիւնն ու դառնութիւնը հետզհետէ տեղի տուած են վստահութեան եւ բարեկամութեան։
Այդ միջոցին որ Աբրահամ եւ Ռապըրթ կը պատերազմէին, ուրիշ երկու երիտասարդներ, հարեւան երկու երկիրներու միջեւ տեղի ունեցած ուրիշ պատերազմի մը ընդդիմադիր կողմերը կը գտնուէին։ Շուտով Աստուածաշունչը շատ ուժեղ դեղի մը նման ներգործելով, անոնց սրտերն ալ բուժեց։ Ի՞նչպէս։
Սպաննէ՛՝ Ապա Նահատակուիր
Կրօնասէր ընտանիքի մը մէջ ծնած Գաբրիէլի սորվեցուցած էին թէ իր հայրենիքը սուրբ պատերազմի մը երկունքին մէջ էր։ Ուստի, 19 տարեկանին որպէս կամաւոր զինուորագրուեցաւ եւ խնդրեց որ զինք ճակատ ղրկեն։ 13 ամիս բուռն կռիւներու մասնակցեցաւ, եւ երբեմն թշնամիէն հազիւ մէկուկէս քիլոմեթր հեռու կը գտնուէր։ Ան կ’ըսէ. «Յատկապէս կը յիշեմ միջադէպ մը, երբ մեր հրամանատարը մեզի ըսաւ թէ թշնամին այդ գիշեր յարձակում պիտի գործէր։ Այնքան լարուած էինք որ ամբողջ գիշերը մեր թնդանօթով հարուածեցինք»։ Ան դրացի երկրէն եղողները իր թշնամիները
կը նկատէր՝ մահուան արժանի։ «Բոլոր մտածումս էր կարելի եղածին չափ շատ մարդ մեռցնել։ Ապա, բարեկամներէս շատերուն նման, կը փափաքէի նահատակուիլ»։Սակայն, ժամանակի ընթացքին Գաբրիէլ յուսախաբ եղաւ։ Ան լեռները փախաւ, սահմանէն սպրդելով չէզոք երկիր մը մտաւ, ուրկէ Եւրոպա ճամբորդեց։ Ան շարունակեց Աստուծոյ հարցնել թէ կեանքը ինչո՛ւ այսքան դժուար էր, եւ թէ արդեօք խնդիրները Աստուծմէ եկած պատիժնե՞ր էին։ Ան Եհովայի Վկաներուն հետ շփման մէջ մտաւ, որոնք Աստուածաշունչէն իրեն ցոյց տուին թէ ներկայիս կեանքը ինչո՛ւ այսքան խնդիրներով լեցուն է։—Մատթէոս 24։3-14. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5
Գաբրիէլ ո՛րքան Աստուածաշունչէն տեղեկութիւն կը ստանար, ա՛յնքան կը գիտակցէր թէ անիկա ճշմարտութիւնը կը պարունակէր։ «Սորվեցայ թէ կրնանք դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրիլ։ Զարմանալին այն էր որ մանկութենէս ասոր կը տենչայի»։ Աստուածաշունչը Գաբրիէլը մխիթարեց եւ իր տառապող սիրտը սփոփեց։ Իր խոր զգացական վէրքերը սկսան բուժուիլ։ Ուստի, երբ Դանիէլ անունով նախկին թշնամիի մը հանդիպեցաւ, Գաբրիէլ անոր հանդէպ այլեւս ատելութիւն չզգաց։ Սակայն, ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Դանիէլ Եւրոպա գար։
«Եթէ Իրապէս Գոյութիւն Ունիս, Հաճի՛ս Օգնէ Ինծի»
Դանիէլ որպէս Կաթողիկէ մեծցած էր, եւ 18 տարեկանին զինուորական ծառայութեան կանչուած էր։ Զինք ղրկած էին որ Գաբրիէլի գտնուած նոյն պատերազմին մէջ կռուի, սակայն ընդդիմադիր կողմը։ Պատերազմի ճակատին մօտ, Դանիէլի քշած հրասայլը ուղղակի հարուած մը ստացաւ։ Իր բարեկամները սպաննուեցան, իսկ ինք ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ թշնամիին ձեռքը ինկաւ։ Ամիսներ հիւանդանոցի մը ապա ճամբարի մը մէջ մնալէ ետք, չէզոք երկիր մը աքսորուեցաւ։ Առանձին եւ չքաւոր, ան անձնասպանութեան մասին մտածեց։ Դանիէլ Աստուծոյ աղօթեց. «Եթէ իրապէս գոյութիւն ունիս, հաճի՛ս օգնէ ինծի»։ Յաջորդ օրն իսկ, Եհովայի Վկաները իրեն այցելեցին եւ իր բազմաթիւ հարցումներուն կրցան պատասխանել։ Ի վերջոյ, ան որպէս ապաստանեալ Եւրոպա ճամբորդեց։ Դանիէլ դարձեալ Վկաներուն հետ ընկերակցեցաւ եւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց։ Իր սորված բաները իր մտավախութիւնը եւ դառնութիւնը ամոքեցին։
Ներկայիս, Գաբրիէլ եւ Դանիէլ լաւ բարեկամներ են, միացած՝ հոգեւոր եղբայրակցութեան մը մէջ որպէս մկրտուած Եհովայի Վկաներ։ Գաբրիէլ կ’ըսէ. «Եհովայի հանդէպ սէրը եւ Աստուածաշունչի գիտութիւնը ինծի օգնեցին որ իրերը իր տեսանկիւնէն դիտեմ։ Դանիէլ այլեւս թշնամիս չէ։ Տարիներ առաջ յօժարութեամբ զինք կը սպաննէի։ Աստուածաշունչը ասոր ճի՛շդ հակառակը սորվեցուց ինծի, թէ՝ իրեն համար մեռնելու պատրաստ ըլլամ»։
Դանիէլ կ’ըսէ. «Տարբեր կրօնքներէ եւ ազգերէ եղող մարդոց իրար սպաննելուն ականատես եղայ։ Կային նոյն կրօնքին պատկանող անհատներ, որոնք պատերազմին ընդդիմադիր կողմերը գտնուելով զիրար կը սպաննէին։ Երբ ասիկա տեսայ, խորհեցայ Աստուած մեղադրել։ Սակայն, այժմ գիտեմ թէ բոլոր պատերազմներուն ետին եղողը Սատանան է։ Ներկայիս, Գաբրիէլ եւ ես հաւատակիցներ ենք։ Ալ երբեք պիտի չպատերազմինք»։
«Աստուծոյ Խօսքը Կենդանի Է ու Զօրեղ»
Աբրահամ, Ռապըրթ, Գաբրիէլ եւ Դանիէլ ինչո՞ւ այսպիսի արմատական փոփոխութիւն մը ըրին։ Ի՞նչպէս կարողացան արմատացած ատելութիւնն ու կսկիծը իրենց սրտէն վանել։
Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կարդաց, խոկաց եւ սորվեցաւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը, որ «կենդանի է ու զօրեղ»։ (Եբրայեցիս 4։12) Աստուածաշունչի Հեղինակը մարդկութեան Ստեղծիչն է եւ գիտէ ի՛նչպէս դրական ազդեցութիւն բանեցնել անհատի մը սրտին վրայ, որ պատրաստ է մտիկ ընելու եւ սորվելու։ «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։ Անգամ մը որ ընթերցողը յօժարի Աստուածաշունչով առաջնորդուիլ, ան նոր արժէքներ եւ չափանիշներ կ’ընդունի։ Ան կը սկսի սորվիլ թէ Եհովա իրերը ի՛նչպէս կը դիտէ։ Այս քայլը բազմաթիւ օգուտներ կը բերէ, մէջը ըլլալով, պատերազմի վէրքերը կը բուժէ։—Բ. Տիմոթէոս 3։16
Աստուծոյ Խօսքը կը բացատրէ թէ ո՛չ մէկ ազգային, ցեղային, կամ տոհմային խումբ ուրիշէ մը լաւ կամ գէշ է։ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ Ասիկա ընդունող ընթերցողը, ցեղային եւ ազգային ատելութեան զգացումները աստիճանաբար յաղթահարելու օգնութիւն կը ստանայ։—Գործք 10։34, 35
Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը նշեն թէ Աստուած շուտով ներկայ մարդկային իշխանութեան դրութիւնը պիտի փոխարինէ իր Մեսիական Թագաւորութեամբ։ Այս կառավարութեան միջոցաւ, Աստուած «պատերազմները [պիտի] դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը»։ Պատերազմներ հրահրող եւ մարդոց պատերազմելու մղող հաստատութիւնները պիտի վերցուին։ Պատերազմի զոհերը պիտի յարուցանուին եւ դրախտ երկրի մը վրայ ապրելու պատեհութիւնը պիտի ստանան։ Ոչ ոք պիտի ստիպուի խոյս տալ նախայարձակի կամ հարստահարողի մը առջեւէն։—Սաղմոս 46։9. Դանիէլ 2։44. Գործք 24։15
Այդ ժամանակ ապրող մարդոց մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, . . . անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին»։ Չկայ վնաս մը կամ վէրք մը, որ պիտի չամոքուի։ Այսպիսի յոյսի մը հաւատք ընծայելը, անհատի մը սրտէն աստիճանաբար կը վանէ վիշտն ու կսկիծը։—Եսայեայ 65։21-23
Արդարեւ, Աստուածաշունչը սրտին համար ուժեղ բուժում մըն է։ Անոր ուսուցումները արդէն իսկ պատերազմի վէրքերը կը բուժեն։ Նախկին թշնամիներ կը միանան միջազգային եղբայրակցութեան մը մէջ։ Բուժման այս գործընթացը պիտի շարունակուի Աստուծոյ նոր դրութեան մէջ, մինչեւ որ մարդկութեան սրտէն ատելութիւնն ու դառնութիւնը, վիշտն ու կսկիծը չքանան։ Ստեղծիչը կը խոստանայ որ «առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան»։—Եսայեայ 65։17
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 2 Այս յօդուածին կարգ մը անունները փոխուած են։
[Մէջբերում՝ էջ 4]
«Աստուածաշունչէն սորվեցայ թէ պատերազմելով անցուցած այդ բոլոր տարիներս անօգուտ էին»
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Աստուածաշունչը նախկին թշնամիներու սրտին վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն մը կրնայ բանեցնել
[Մէջբերում՝ էջ 6]
Ատելութիւնն ու դառնութիւնը հետզհետէ տեղի կու տան վստահութեան եւ բարեկամութեան
[Մէջբերում՝ էջ 6]
Անգամ մը որ ընթերցողը յօժարի Աստուածաշունչով առաջնորդուիլ, ան նոր արժէքներ եւ չափանիշներ կ’ունենայ
[Նկար՝ էջ 7]
Նախկին թշնամիներ այժմ կը միանան միջազգային եղբայրակցութեան մը մէջ
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 4]
Refugee camp։ UN PHOTO 186811/J. Isaac