Սիրով կերտուեցէ՛ք
Սիրով կերտուեցէ՛ք
«Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 22։37
1. (ա) Քրիստոնեային մշակած կարգ մը բաները ի՞նչ են։ (բ) Ի՞նչ է քրիստոնէական ամենակարեւոր յատկութիւնը եւ ինչո՛ւ։
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆ ազդու ծառայ մը ըլլալու համար շատ բաներ կը մշակէ։ Առակաց գիրքը գիտութեան, հասկացողութեան եւ իմաստութեան արժէքը ցցուն կ’ընէ։ (Առակաց 2։1-10, Արարատ) Պօղոս առաքեալ հաստատ հաւատք եւ զօրաւոր յոյս ունենալու կարիքին մասին խօսեցաւ։ (Հռովմայեցիս 1։16, 17. Կողոսացիս 1։5. Եբրայեցիս 10։39) Համբերութիւնը եւ ժուժկալութիւնն ալ կենսական են։ (Գործք 24։25. Եբրայեցիս 10։36) Սակայն, կայ տարր մը՝ որ եթէ անիկա պակսի, միւս բոլոր յատկութիւնները կրնայ նսեմացնել եւ նոյնիսկ արժեզրկել։ Այդ տարրը սէրն է։—Ա. Կորնթացիս 13։1-3, 13
2. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ սիրոյ կարեւորութիւնը, եւ ասիկա ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանէ։
2 Յիսուս սիրոյ կարեւորութիւնը ցոյց տուաւ, երբ ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Քանի որ սէրը ճշմարիտ Քրիստոնեան բնորոշող նշանն է, պէտք է հարց տանք թէ՝ Ի՞նչ է սէրը։ Անիկա ինչո՞ւ այդքան անհրաժեշտ է, որ Յիսուս ըսաւ թէ անիկա ամէն բանէ աւելի կը յատկորոշէ իր աշակերտները։ Ի՞նչպէս կրնանք սէր մշակել։ Որո՞նք մեր սիրոյ պէտք է արժանանան։ Նկատի առնենք այս հարցումները։
Ի՞նչ Է Սէրը
3. Սէրը ի՞նչպէս կրնայ բնութագրուիլ եւ անիկա ինչո՞ւ թէ՛ միտքը եւ թէ սիրտը կ’ընդգրկէ։
3 Սիրոյ մէկ նկարագրութիւնն է՝ ‘ուրիշի հանդէպ անհատական ջերմ կապուածութեան, կամ խոր գորովի զգացում, բուռն սէր կամ համակրանք’։ Անիկա յատկութիւն մըն է որ մարդոց կը մղէ որ ուրիշներու բարօրութեան համար աշխատին, երբեմն անձնական մեծ զոհողութիւն ընելով։ Աստուածաշունչին բնութագրած սէրը կ’ընդգրկէ միտքն ու սիրտը։ Միտքը, կամ իմացականութիւնը, դեր մը կը խաղայ, քանի որ սիրող անհատը գիտակցաբար կ’ընէ ասիկա, ընդունելով որ ինք եւ իր սիրած անհատները ունին տկարութիւններ՝ ինչպէս նաեւ գրաւիչ յատկութիւններ։ Իմացականութեան դերը տակաւին աւելի մեծ է, քանի որ Քրիստոնեան երբեմն ակամայ կը սիրէ անհատներ, քանի որ Աստուածաշունչի իր ընթերցանութենէն գիտէ թէ Աստուա՛ծ կ’ուզէ որ այդպէս վարուի։ (Մատթէոս 5։44. Ա. Կորնթացիս 16։14) Այսուհանդերձ, սէրը գլխաւորաբար սրտէն կու գայ։ Աստուածաշունչին մէջ յայտնուած հարազատ սէրը բնա՛ւ զուտ իմացական չէ։ Անիկա կը ներփակէ խոր անկեղծութիւն եւ զգացական զուտ յանձնառութիւն։—Ա. Պետրոս 1։22
4. Սէրը ի՞նչ կերպով զօրաւոր կապ մըն է։
4 Սրտով անձնասէր եղողները հազուադէպօրէն կրնան իրա՛պէս սիրալիր յարաբերութիւններ մշակել, քանի որ սիրող անհատ մը ուրիշներուն շահերը իրենիններէն առաջ դնելու պատրաստ կ’ըլլայ։ (Փիլիպպեցիս 2։2-4) Յիսուսի խօսքերը՝ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը», ճշմարիտ են մանաւանդ, երբ տալը սիրոյ մէկ արտայայտութիւնն է։ (Գործք 20։35) Սէրը զօրաւոր կապ մըն է։ (Կողոսացիս 3։14) Անիկա յաճախ բարեկամութիւն կը պարփակէ, սակայն սիրոյ կապերը բարեկամութեան կապերէն աւելի զօրաւոր են։ Ամուսինի ու իր կնոջ միջեւ եղող զգացական յարաբերութիւնը երբեմն բնութագրուած է որպէս սէր. սակայն, այն սէրը որ Աստուածաշունչը կը քաջալերէ մեզ որ մշակենք, ֆիզիքական գրաւչութենէն աւելի տոկուն է։ Երբ ամոլ մը իրապէս զիրար կը սիրեն, անոնք միասին կը մնան նոյնիսկ երբ տարիքի բերմամբ կամ անոնցմէ մէկուն անկարող դառնալովը՝ ֆիզիքական յարաբերութիւնը այլեւս կարելի չըլլայ։
Սէրը՝ Անհրաժեշտ Յատկութիւն մը
5. Ինչո՞ւ սէրը Քրիստոնեային համար կենսական յատկութիւն մըն է։
5 Ինչո՞ւ սէրը Քրիստոնեային համար կենսական յատկութիւն մըն է։ Նախ՝ քանի որ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ զիրար սիրեն։ Ան ըսաւ. «Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ։ Ասիկա կը պատուիրեմ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք»։ (Յովհաննու 15։14, 17) Երկրորդ, քանի որ Եհովա սիրոյ մարմնացումն է, եւ որպէս իր երկրպագուները պէտք է զինք ընդօրինակենք։ (Եփեսացիս 5։1. Ա. Յովհաննու 4։16) Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Եհովայի եւ Յիսուսի մասին գիտութիւն ստանալը յաւիտենական կեանք կը նշանակէ։ Ի՞նչպէս կրնանք ըսել թէ Աստուած կը ճանչնանք, եթէ չենք ջանար իրեն նմանիլ։ Յովհաննէս առաքեալ պատճառաբանեց. «Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է»։—Ա. Յովհաննու 4։8
6. Սէրը ի՞նչպէս կրնայ մեր կեանքին զանազան մարզերը հաւասարակշռել։
6 Սէրը կարեւոր է երրորդ պատճառով մըն ալ. Անիկա մեզի կ’օգնէ մեր կեանքին զանազան մարզերը հաւասարակշռելու եւ մեր ըրած բաներուն լաւ շարժառիթ տալու։ Օրինակ, կենսական է շարունակաբար Աստուծոյ Խօսքէն գիտութիւն ձեռք ձգել։ Քրիստոնեայի մը համար այսպիսի գիտութիւն կերակուրի նման է։ Անիկա իրեն կ’օգնէ հասունութեան դիմելու եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն գործելու։ (Սաղմոս 119։105. Մատթէոս 4։4. Բ. Տիմոթէոս 3։15, 16) Սակայն, Պօղոս ազդարարեց. «Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը շինութիւն կ’ընէ»։ (Ա. Կորնթացիս 8։1) Չենք ըսեր թէ ճշգրիտ գիտութիւն ունենալը սխալ է։ Խնդիրը մե՛ր մէջ է՝ մենք մեղաւոր հակումներ ունինք։ (Ծննդոց 8։21) Եթէ սիրոյ հաւասարակշռող ազդեցութիւնը առկայ չէ, գիտութիւնը կրնայ անհատը հպարտացնել, խորհիլ տալով թէ ինք ուրիշներէն լաւ է։ Ասիկա պիտի չպատահի եթէ իր գլխաւոր մղումը սէրը ըլլայ։ «Սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) Սէրէ մղուած Քրիստոնեան չի հպարտանար, նոյնիսկ երբ խորունկ գիտութիւն ձեռք ձգէ։ Սէրը զինք խոնարհ կը պահէ եւ իրեն արգելք կը հանդիսանայ որ ուզէ իր անձին համար անուն մը շինել։—Սաղմոս 138։6. Յակոբու 4։6
7, 8. Սէրը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ աւելի կարեւոր բաներու վրայ կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնը։
7 Պօղոս Փիլիպպեցիներուն գրեց. «Կ’աղօթեմ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ գիտութիւնով ու իմաստութիւնով, որպէս զի դուք լաւ [«աւելի կարեւոր», ՆԱ] բաները ընտրէք»։ (Փիլիպպեցիս 1։9, 10) Քրիստոնէական սէրը մեզի պիտի օգնէ որ աւելի կարեւոր բաները ընտրելու այս քաջալերութեան անսանք։ Որպէս օրինակ նկատի առէք Տիմոթէոսի ուղղած Պօղոսի խօսքերը. «Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան [«վերատեսչութեան», Անթիլիաս, ստորանիշ] կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ»։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1) 2000–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, համայն աշխարհի մէջ 1,502 ժողովք աւելցաւ, ընդհանուր թիւը հասցնելով 91,487–ի։ Հետեւաբար, յաւելեալ երէցներու մեծ կարիք կայ, եւ այս առանձնաշնորհումին ձգտողները գովասանքի արժանի են։
8 Սակայն, տեսչութեան առանձնաշնորհումին ձգտողները, լաւ հաւասարակշռութիւն մը պիտի պահպանեն, եթէ այս առանձնաշնորհումին նպատակը իրենց միտքը պահեն։ Կարեւորը պարզապէս հեղինակութիւն կամ կարկառուն դիրք մը ունենալը չէ։ Եհովան կը հաճի այն երէցներուն, որոնց շարժառիթն է սէրը՝ իրեն եւ իրենց եղբայրներուն հանդէպ։ Անոնք կարկառուն դիրք կամ հեղինակութիւն չեն փնտռեր։ Պետրոս առաքեալ ժողովքի երէցները խրատելէ ետք որ լաւ կեցուածք մը պահպանեն, ‘խոնարհութեան’ կարիքը շեշտեց։ Ան խրատեց ժողովքի բոլոր անդամները, ըսելով. «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք»։ (Ա. Պետրոս 5։1-6) Լաւ է որ ասոր ձգտող անհատ մը նկատի առնէ աշխարհի չորս կողմը գտնուող անհամար երէցներուն օրինակը, որոնք ծանր կ’աշխատին, խոնարհ են եւ իրենց ժողովքներուն մէջ օրհնութիւն մըն են։—Եբրայեցիս 13։7
Շիտակ Շարժառիթը կ’Օգնէ որ Տոկանք
9. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Եհովայի խոստացած օրհնութիւնները իրենց մտքին մէջ կը պահեն։
9 Սէրէ մղուած ըլլալու կարեւորութիւնը ուրիշ կերպով մըն ալ կը տեսնուի։ Սէրէ մղուած աստուածապաշտութեան հետամուտ եղողներուն Աստուածաշունչը կը խոստանայ ճոխ օրհնութիւններ ներկայիս, եւ աներեւակայելի հոյակապ օրհնութիւններ՝ ապագային։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8) Այն Քրիստոնեան որ այս խոստումներուն հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունի եւ համոզուած է թէ Եհովա «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն», ասիկա պիտի օգնէ որ հաւատքին մէջ հաստատ մնայ։ (Եբրայեցիս 11։6) Շատերս կը տենչանք Աստուծոյ խոստումներուն կատարման եւ Յովհաննէս առաքեալի զգացումը կը բաժնենք. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։ (Յայտնութիւն 22։20) Այո, հաւատարիմ գտնուելու պարագային մեզի վերապահուած օրհնութիւններուն մասին խոկալը, մեզ կը զօրացնէ որ տոկանք, ճիշդ ինչպէս որ ‘իր առջեւ կեցած ուրախութիւնը’ ի մտի ունենալը Յիսուսի օգնեց որ տոկայ։—Եբրայեցիս 12։1, 2
10, 11. Սէրէ մղուած ըլլալը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ տոկանք։
10 Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ Եհովայի ծառայելու մեր միակ շարժառիթը նոր աշխարհին մէջ ապրելու փափաքն է։ Այս պարագային կրնանք դիւրաւ անհամբեր դառնալ կամ դժգոհիլ, երբ վիճակները դժուարանան, կամ երբ իրադարձութիւնները մեր ակնկալած կերպով կամ յուսացած ժամանակին չպատահին։ Կրնանք հաւատքէ հեռանալու լուրջ վտանգին մէջ իյնալ։ (Եբրայեցիս 2։1. 3։12) Պօղոս խօսեցաւ Դեմաս անունով նախկին ընկերակիցի մը մասին, որ զինք լքեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան «աշխարհը սիրեց»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։10) Անոնք որոնք զուտ անձնասէր պատճառներով կը ծառայեն, նոյն բանը ընելու վտանգին մէջ են։ Անոնք կրնան աշխարհի հրամցուցած անմիջական պատեհութիւններով հրապուրուիլ եւ չուզել ապագայ օրհնութիւններու համար հիմա՛ զոհողութիւններ ընել։
11 Թէեւ պատշաճ ու բնական է ապագայ օրհնութիւններ ձեռք ձգելու փափաք մը ունենալ, եւ դժուարութիւններէ հանգստութիւն ակնկալել, սակայն սէրը մեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը գրաւելիք բանին հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը կերտէ։ Ո՛չ թէ մեր՝ այլ Եհովայի կամքն է կարեւորը։ (Ղուկաս 22։41, 42) Այո, սէրը մեզ կը կերտէ։ Անիկա կ’օգնէ որ ուզենք համբերութեամբ մեր Աստուծոյն սպասել, բաւականանանք իր տուած որեւէ օրհնութիւնով եւ վստահ ըլլանք որ իր յարմար ժամանակին պիտի ստանանք իր խոստացած բոլոր բաները՝ եւ աւելին ալ։ (Սաղմոս 145։16. Բ. Կորնթացիս 12։8, 9) Մինչ այդ, սէրը կ’օգնէ մեզի որ շարունակենք անձնուրացօրէն ծառայել, քանի որ «սէրը . . . իրենը չի փնտռեր»։—Ա. Կորնթացիս 13։4, 5
Քրիստոնեաները Որո՞նց Պէտք Է Սիրեն
12. Ըստ Յիսուսի, որո՞նց պէտք է սիրենք։
12 Մովսիսական Օրէնքէն երկու հատուածներ մէջբերելով, Յիսուս ընդհանուր կանոն մը տուաւ թէ որո՛նց պէտք է սիրենք։ Ան ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» եւ՝ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։—Մատթէոս 22։37-39
13. Զինք չտեսնելով հանդերձ՝ ի՞նչպէս կրնանք Եհովան սիրել սորվիլ։
Ծննդոց 2։5-23) Սորվեցանք թէ ան մարդկութեան հետ ինչպէս վարուած է, մեզ երեսի վրայ չձգելով, երբ մեղքը առաջին անգամ մուտք գործեց մարդկային ընտանիքէն ներս, հապա՝ մեզ ազատելու համար քայլեր առած է։ (Ծննդոց 3։1-5, 15) Ան քաղցրութեամբ վարուած է հաւատարիմներուն հետ, եւ ի վերջոյ իր միածին Որդին մատուցած է մեր մեղքերուն թողութեան համար։ (Յովհաննու 3։16, 36) Այս յաւելեալ գիտութիւնը Եհովայի հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցուցած է։ (Եսայեայ 25։1) Դաւիթ Թագաւոր ըսաւ թէ ինք կը սիրէր Եհովան, անոր սիրալիր հոգածութեան համար։ (Սաղմոս 116։1-9) Ներկայիս, Եհովա հոգ կը տանի մեզի, մեզ կ’առաջնորդէ, կը զօրացնէ եւ կը քաջալերէ։ Ո՛րքան կը սորվինք իր մասին, ա՛յնքան իրեն հանդէպ մեր սէրը կը խորանայ։—Սաղմոս 31։23. Սոփոնեայ 3։17. Հռովմայեցիս 8։28
13 Յիսուսի խօսքերէն բացայայտ է որ նախ եւ առաջ Եհովան պէտք է սիրենք։ Սակայն մենք Եհովայի հանդէպ լիովին մշակուած սիրով չենք ծնիր։ Զայն պէտք է մշակենք։ Երբ առաջին անգամ իր մասին լսեցինք, մեր լսած բաները պատճառ եղան որ իրմով հրապուրուինք։ Աստիճանաբար սորվեցանք թէ ան ինչպէս երկիրը պատրաստեց մարդկութեան համար։ (Ի՞նչպէս Կրնանք Մեր Սէրը Ցոյց Տալ
14. Ի՞նչ կերպով կրնանք ցոյց տալ թէ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը հարազատ է։
14 Անշուշտ, աշխարհի մէջ շատեր կ’ըսեն թէ Աստուած կը սիրեն, սակայն իրենց վարուելակերպը կը հերքէ ասիկա։ Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ որ ի՛րապէս կը սիրենք Եհովան։ Կրնանք աղօթքով իր հետ խօսիլ եւ մեր զգացումները արտայայտել իրեն։ Նաեւ մեր վարուած կերպով կրնանք մեր սէրը ապացուցանել։ Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Ան որ [Աստուծոյ] խօսքը կը պահէ, իրաւցնէ անոր մէջ կատարեալ է Աստուծոյ սէրը ու ատով կը ճանչնանք թէ անոր մէջ ենք»։ (Ա. Յովհաննու 2։5. 5։3) Ուրիշ բաներու կողքին, Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ որ իրարու հետ ընկերակցինք եւ բարոյապէս մաքուր կեանք մը վարենք։ Կեղծաւորութենէ խուսափինք, ճշմարտութիւնը խօսինք եւ մեր միտքը մաքուր պահենք։ (Բ. Կորնթացիս 7։1. Եփեսացիս 4։15. Ա. Տիմոթէոս 1։5. Եբրայեցիս 10։23-25) Կարօտեալներուն նիւթական գետնի վրայ օգնելով սէր ցոյց կու տանք։ (Ա. Յովհաննու 3։17, 18) Ուրիշներուն Եհովայի մասին խօսելէ ետ չենք կենար։ Ասիկա կը պարփակէ Թագաւորութեան բարի լուրի համաշխարհային քարոզչութեան մէջ բաժին բերել։ (Մատթէոս 24։14. Հռովմայեցիս 10։10) Այսպիսի մարզերու մէջ Աստուծոյ Խօսքին հնազանդիլը ապացոյց մըն է թէ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը հարազատ է։
15, 16. Անցեալ տարի Եհովայի հանդէպ սէրը ի՞նչպէս շատերու կեանքին ազդած է։
15 Եհովայի հանդէպ սէրը մարդոց կ’օգնէ որ շիտակ որոշումներ տան։ Անցեալ տարի, այսպիսի սէր մը մղեց որ 288,907 անհատներ իրենց կեանքը իրեն նուիրեն եւ այդ որոշումը խորհրդանշեն ջուրի մկրտութեամբ։ (Մատթէոս 28։19, 20) Անոնց նուիրումը իմաստալից էր։ Անիկա իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւն մը նշեց։ Օրինակ, Կազմէնտը՝ Ալպանիոյ մէջ պասքէթպոլ–ի կարկառուն աստղերէն մէկն էր։ Քանի մը տարի ան եւ իր կինը Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցին, եւ հակառակ արգելքներու, ի վերջոյ որակելի եղան որպէս Թագաւորութեան հրատարակիչներ։ Անցեալ տարի Կազմէնտը մկրտուեցաւ, Ալպանիոյ մէջ 2000–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին 366 մկրտուողներէն մէկը ըլլալով։ Օրաթերթ մը իր մասին յօդուած մը հրատարակեց, ըսելով. «Անոր կեանքը նպատակ մը ունի, եւ այս պատճառաւ ինք եւ իր ընտանիքը իրենց կեանքի ամենէն երջանիկ օրերը կ’ապրին։ Իրեն համար, այլեւս կարեւոր չէ թէ ինք կեանքէն ո՛րքան կրնայ օգտուիլ, հապա թէ ինք ո՛րքանով կրնայ օգնել ուրիշներուն»։
16 Գուամի մէջ, վառելանիւթի ընկերութեան մէջ աշխատող նոր մկրտուած քոյր մը, հրապուրիչ առաջարկ մը ստացաւ։ Ընկերութեան մէջ տարիներ բարձր դիրքերու հասնելէ ետք, ի վերջոյ անոր պատեհութիւնը տրուեցաւ որ ընկերութեան պատմութեան մէջ առաջին փոխ տնօրէնուհին ըլլայ։ Սակայն, այժմ ան իր կեանքը Եհովայի նուիրած էր։ Ուստի այս հարցին շուրջ իր ամուսնոյն հետ խորհրդակցելէ ետք, առաջարկը մերժեց եւ փոխարէն՝ կարգադրութիւն ըրաւ որ մասնակի ժամանակով աշխատի, որպէսզի կարենայ հետագային լիաժամ ծառայ մը՝ կամ ռահվիրայ մը ըլլալ։ Եհովայի սէրը մղեց զինք որ փափաքի որպէս ռահվիրայ ծառայել, փոխանակ այս աշխարհի նիւթական շահերը հետապնդելու։ Արդարեւ, 2000–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին այսպիսի սէր մը համայն աշխարհի մէջ 805,205 անհատներու մղած է որ ռահվիրայական ծառայութեան զանազան երեսակներուն ձեռնարկեն։ Այս ռահվիրաները իրենց սէրն ու հաւատքը ի՜նչ հոյակապ կերպով արտայայտած են։
Մղուած՝ Յիսուսը Սիրելու
17. Յիսուսի մէջ սիրոյ ի՞նչ ընտիր օրինակ մը կը տեսնենք։
17 Սէրէ մղուած անհատի մը համար Յիսուս հոյակապ օրինակը կը հանդիսանայ։ Իր նախամարդկային գոյութեան մէջ, ան կը սիրէր իր Հայրը եւ մարդկութիւնը։ Որպէս մարմնաւորուած իմաստութիւն, ան ըսաւ. «Այն ատեն ես [Եհովայի] քով ճարտարապետ էի եւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի։ Ես աշխարհի մէջ ու բնակելի երկրի վրայ կ’ուրախանայի ու իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր»։ (Առակաց 8։30, 31) Յիսուսի սէրը մղեց զինք որ իր երկնային բնակարանը ձգէ եւ երկրի վրայ որպէս հոգատարութեան կարօտ մանուկ մը ծնի։ Ան հեզ ու համեստ անհատներուն հետ համբերութեամբ եւ ազնուութեամբ վարուեցաւ եւ Եհովայի թշնամիներուն ձեռքով չարչարուեցաւ։ Ի վերջոյ, տանջանքի ցիցի մը վրայ մեռաւ ամբողջ մարդկութեան համար։ (Յովհաննու 3։35. 14։30, 31. 15։12, 13. Փիլիպպեցիս 2։5-11) Շիտակ շարժառիթի ի՜նչ ընտիր օրինակ մը։
18. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի հանդէպ սէր մշակել։ (բ) Ի՞նչ կերպով ցոյց կու տանք թէ Յիսուսը կը սիրենք։
18 Երբ սրտի շիտակ վիճակ ունեցող անհատներ Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի կեանքի դրուագները կարդան եւ իր այս հաւատարիմ ընթացքին բերած բազմաթիւ օրհնութիւններուն մասին մտածեն, Ա. Պետրոս 1։8, Անթիլիաս) Մեր սէրը ցոյց կու տանք երբ իրեն հաւատք կ’ընծայենք եւ իր անձնազոհ կեանքը կ’ընդօրինակենք։ (Ա. Կորնթացիս 11։1. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։6. Ա. Պետրոս 2։21-25) 19 Ապրիլ 2000–ին, Յիսուսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին ներկայ եղող 14,872,086 անհատներու անգամ մը եւս շեշտուեցաւ զինք սիրելու մեր պատճառները։ Որքան մե՛ծ թիւ մըն էր այդ։ Իսկ որքա՜ն քաջալերական է գիտնալ թէ այսքան շատ անհատներ հետաքրքրուած են Յիսուսի զոհագործութեան միջոցաւ եղած փրկութեամբ։ Իրապէս, Եհովայի ու Յիսուսի մեզի հանդէպ ունեցած սէրը եւ իրենց հանդէպ մեր սէրը, մեզ կը կերտէ։
ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ իրենց սրտին մէջ անոր հանդէպ խոր սէր մշակեն։ Ներկայիս, կը նմանինք անոնց, որոնց Պետրոս հետեւեալ խօսքերը ուղղեց. «[Յիսուսը] չտեսաք՝ բայց սիրեցիք»։ (19. Յաջորդ յօդուածին մէջ սիրոյ մասին ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնուին։
19 Յիսուս ըսաւ թէ Եհովան պէտք է սիրենք մեր բոլոր սրտով, հոգիով, մտքով եւ զօրութեամբ։ Բայց ան ըսաւ նաեւ թէ մեր դրացին պէտք է սիրենք մեր անձին պէս։ (Մարկոս 12։29-31) Որո՞նք կը պարփակուին ասոր մէջ։ Իսկ դրացիի հանդէպ սէրը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ լաւ հաւասարակշռութիւն եւ պատշաճ շարժառիթ պահպանենք։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածով։
Կը յիշէ՞ք
• Սէրը ինչո՞ւ կենսական յատկութիւն մըն է։
• Ի՞նչպէս կրնանք սորվիլ Եհովան սիրել։
• Մեր վարքը ի՞նչպէս կ’ապացուցանէ որ Եհովան կը սիրենք։
• Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը ի՞նչպէս ցոյց կու տանք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 10, 11]
Սէրը մեզի կ’օգնէ որ համբերութեամբ հանգստութիւն սպասենք
[Նկար՝ էջ 12]
Յիսուսի մեծ զոհողութիւնը մեզ կը մղէ որ զինք սիրենք