Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածպետականօրէն նշանակուած տեսուչներ եւ օգնական ծառաներ

Աստուածպետականօրէն նշանակուած տեսուչներ եւ օգնական ծառաներ

Աստուածպետականօրէն նշանակուած տեսուչներ եւ օգնական ծառաներ

«Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ»։—ԳՈՐԾՔ 20։28

1, 2. Եսայեայ 60։22–ը ի՞նչպէս կը կատարուի։

ԵՀՈՎԱ վաղուց նախագուշակած էր թէ վերջին ժամանակին մէջ յատկանշական բան մը տեղի պիտի ունենար։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ, ըսուած էր. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ [«արագացնեմ», ՆԱ] ասիկա»։—Եսայեայ 60։22

2 Ապացոյց կա՞յ թէ այս մարգարէութիւնը ներկայիս կը կատարուի։ Ա՛րդարեւ։ 1870–ական թուականներուն, Եհովայի ժողովուրդին մէկ ժողովքը կազմուեցաւ Էլիկէնիի մէջ, Փէնսիլվանիա, Ա.Մ.Ն.։ Այսպիսի համեստ սկիզբէ մը, տասնեակ հազարաւոր ժողովքներ յառաջ եկած են եւ կ’ուռճանան համայն աշխարհի մէջ։ Միլիոնաւոր Թագաւորութեան հրատարակիչներ՝ հզօր ազգ մը՝ այժմ կ’ընկերակցի 91,000–է աւելի ժողովքներու, աշխարհի տարածքին գտնուող 235 երկիրներու մէջ։ Անկասկած, ասիկա կը հաստատէ թէ վերահաս «մեծ նեղութիւնը» չսկսած, Եհովա ճշմարիտ երկրպագուներու հաւաքումը կ’արագացնէ։—Մատթէոս 24։21. Յայտնութիւն 7։9-14

3. Ի՞նչ կը նշանակէ մկրտուիլ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։

3 Եհովայի անձնական նուիրում մը ընելէ ետք, եւ Յիսուսի հրահանգներուն համաձայն, այս միլիոնաւորները կը մկրտուին «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։ (Մատթէոս 28։19) «Յանուն Հօր» մկրտուիլը կը նշանակէ թէ այս նուիրուած անհատները Եհովան կ’ընդունին որպէս իրենց երկնաւոր Հայրն ու Կենսատուն եւ անոր գերիշխանութեան կ’ենթարկուին։ ‘Յանուն Որդւոյ’ մկրտուիլը կը նշանակէ թէ անոնք Յիսուս Քրիստոսը կ’ընդունին որպէս իրենց Փրկիչը, Առաջնորդը եւ Թագաւորը։ Անոնք նաեւ կ’ընդունին իրենց կեանքը ուղղելու մէջ Աստուծոյ սուրբ հոգիին՝ կամ գործօն ոյժին դերը։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ անոնք մկրտուած են ‘յանուն հոգւոյն սրբոյ’։

4. Քրիստոնեայ ծառաները ի՞նչպէս կը ձեռնադրուին։

4 Իրենց մկրտութեան ատեն, նոր աշակերտները կը ձեռնադրուին որպէս Եհովա Աստուծոյ ծառաներ։ Ո՞վ կը ձեռնադրէ զանոնք։ Սկզբունքով, Բ. Կորնթացիս 3։5–ի մէջ (ՆԱ) արձանագրուած խօսքերը անոնց կը կիրարկուին. «[Որպէս ծառաներ] մեր բաւարար կերպով որակելի ըլլալը Աստուծմէ է»։ Անոնք ասկէ աւելի մեծ պատիւ մը չեն կրնար փափաքիլ, քան՝ նոյնինքն Եհովա Աստուծոյ կողմէ ձեռնադրուիլը։ Մկրտութենէն ետք, անոնք պիտի շարունակեն հոգեւորապէս աճիլ որպէս «բարի լուրի» ծառաներ, այնքան ատեն որ անոնք Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութիւնը կ’ընդունին եւ կը շարունակեն իր Խօսքը գործադրել։—Մատթէոս 24։14, ՆԱ. Գործք 9։31

Աստուածպետական եւ Ոչ թէ՝ Ժողովրդավարական Նշանակում

5. Քրիստոնեայ տեսուչներն ու օգնական ծառաները ժողովրդավարակա՞ն կերպով կ’ընտրուին։ Բացատրեցէ՛ք։

5 Գործունեայ ծառաներու աճող թիւին հոգեւոր կարիքները գոհացնելու համար, որակելի տեսուչներու հասուն վերատեսչութիւնը եւ օգնական ծառաներու գործնական աջակցութիւնը կը պահանջուին։ (Փիլիպպեցիս 1։1) Այսպիսի հոգեւոր տղամարդիկ ի՞նչպէս կը նշանակուին։ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ գործածուած մեթոտներով չէ։ Օրինակ, Քրիստոնեայ տեսուչներ ժողովրդավարական կերպով չեն ընտրուիր, այսինքն՝ ժողովքին հետ ընկերակցող անհատներուն մեծամասնութեան քուէները ստանալով։ Փոխարէն, այս նշանակումները աստուածպետականօրէն կ’ըլլան։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

6. (ա) Ի՞նչ է իսկական աստուածպետութիւնը։ (բ) Տեսուչներուն եւ օգնական ծառաներուն նշանակումները ինչո՞ւ աստուածպետական են։

6 Պարզօրէն խօսելով, իսկական աստուածպետութիւն մը Աստուծոյ կողմէ իշխանութիւն է։ Եհովայի Վկաները յօժարակամօրէն կը հպատակին իր իշխանութեան եւ իրարու հետ կը համագործակցին աստուածային կամքը կատարելու համար։ (Սաղմոս 143։10. Մատթէոս 6։9, 10) Քրիստոնեայ տեսուչներուն կամ երէցներուն, եւ օգնական ծառաներուն նշանակումը աստուածպետական է, քանի որ այսպիսի պատասխանատու տղամարդիկ յանձնարարելու եւ նշանակելու գործընթացը կը կատարուի Աստուծոյ կարգադրութեան համաձայն, Սուրբ Գրութիւններուն նշածին պէս։ Իսկ Եհովա ‘ամենուն գլուխը’ ըլլալով, անշո՛ւշտ իրաւունք ունի որոշելու թէ իր տեսանելի կազմակերպութիւնը ի՛նչպէս պիտի գործէ։—Ա. Մնացորդաց 29։11. Սաղմոս 97։9

7. Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս կը կառավարուին։

7 Քրիստոնեայ Աշխարհի շատ մը կրօնական խումբերու հակառակը, Եհովայի Վկաները իրենք չեն որ կ’որոշեն թէ ի՛նչպիսի կրօնական կառոյցի մը ներքեւ պիտի գործեն։ Այս անկեղծ Քրիստոնեաները կը ջանան Եհովայի չափանիշներուն կառչիլ։ Անոնց մէջ եղող տեսուչները տեսակ մը ժողովքական, նուիրապետական կամ երիցապետական ձեւի եկեղեցական կառավարութեան մը կողմէ պաշտօնի վրայ չեն դրուիր։ Եթէ աշխարհի տարրերը փորձեն այս նշանակումներուն միջամտել, Եհովայի ժողովուրդը կը մերժէ տեղի տալ։ Հաստատ կերպով, անոնք կը պահպանեն առաջին դարու առաքեալներուն բացայայտօրէն արտայայտուած կեցուածքը, երբ անոնք ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ (Գործք 5։29) Հետեւաբար, Վկաները ամէն բանի մէջ Աստուծոյ կը հնազանդին։ (Եբրայեցիս 12։9. Յակոբու 4։7) Աստուածպետական գործելակերպին հետեւիլը Աստուծոյ հաճութեան կ’արժանացնէ։

8. Ժողովրդավարական եւ աստուածպետական գործելակերպերը իրարմէ ի՞նչպէս կը տարբերին։

8 Որպէս Մեծ Աստուածպետին ծառաները, լաւ կ’ըլլայ եթէ գիտնանք ժողովրդավարական եւ աստուածպետական գործընթացին տարբերութիւնները։ Ժողովրդավարական գործելակերպը կը պահանջէ հաւասար ներկայացուցչութիւն եւ յաճախ կը յատկանշուի պաշտօնի մը համար մղուած արշաւներով եւ ընտրութեան միջոցաւ մեծամասնութեան քուէն ապահովելով։ Աստուածպետական նշանակումներու պարագային այսպիսի գործելակերպ մը չկայ։ Անիկա մարդոց կողմէ չըլլար. ո՛չ ալ օրինական որոշ հաստատութեան մը միջոցաւ կը կատարուի։ Ակներեւաբար, Յիսուսի եւ Եհովայի կողմէ որպէս «հեթանոսներուն առաքեալ» իր նշանակումին ակնարկելով, Պօղոս Գաղատացիներուն ըսաւ թէ ինք նշանակուած էր «ո՛չ թէ մարդոցմէ, կամ ո՛չ թէ մարդու ձեռքով, հապա Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եւ Հօր Աստուծոյ՝ որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց»։—Հռովմայեցիս 11։13. Գաղատացիս 1։1

Սուրբ Հոգիով Նշանակուած

9. Գործք 20։28–ն Քրիստոնեայ տեսուչներու նշանակումին մասին ի՞նչ կ’ըսէ։

9 Պօղոս Եփեսոսի մէջ ապրող տեսուչներուն յիշեցուց թէ իրենք Աստուծոյ կողմէ նշանակուած էին սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Ան ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր արիւնովը ստացաւ»։ (Գործք 20։28) Այս Քրիստոնեայ տեսուչները կարիքը ունէին շարունակաբար սուրբ հոգիով առաջնորդուելու, մինչ իրենց պարտականութիւնները կը կատարէին որպէս Աստուծոյ հօտին հովիւները։ Երբ պաշտօնի մը նշանակուած տղամարդ մը դադրէր աստուածային չափանիշները գոհացնելէ, յարմար ժամանակին սուրբ հոգին զայն իր պաշտօնէն կը հեռացնէր։

10. Ի՞նչպէս է որ սուրբ հոգին աստուածպետական նշանակումներուն մէջ առանցքային դեր մը կը խաղայ։

10 Սուրբ հոգին առանցքային դեր մը ի՞նչպէս կը խաղայ։ Նախ՝ հոգեւոր վերատեսչութեան պահանջները յիշող արձանագրութիւնը սուրբ հոգիին միջոցաւ ներշնչուած էր։ Տիմոթէոսի եւ Տիտոսի գրած իր նամակներուն մէջ, Պօղոս ուրուագծեց տեսուչներու եւ օգնական ծառաներու գոհացնելիք չափանիշները։ Ընդամէնը, ան յիշեց 16 պահանջներ։ Օրինակ, տեսուչները պէտք էր ըլլային անարատ, զգաստ, խոհեմ, պարկեշտ, հիւրասէր, սորվեցնելու յարմար եւ օրինակելի ընտանիքի գլուխներ։ Անոնք ոգելից ըմպելիներու գործածութեան մէջ չափաւոր պէտք էր ըլլային, դրամասէր պէտք չէր ըլլային, եւ ժուժկալութիւն ի գործ պէտք էր դնէին։ Օգնական ծառաներ ըլլալու նշանակումին ձգտող տղամարդոց համար ալ բարձր չափանիշներ դրուած էին։—Ա. Տիմոթէոս 3։1-10, 12, 13. Տիտոս 1։5-9

11. Ժողովքային պատասխանատուութիւններու ձգտող տղամարդիկ ո՞ր կարգ մը որակումներուն գոհացում պէտք է տան։

11 Այս որակումները վերաքաղ մը ընելը ցոյց կու տայ թէ Եհովայի պաշտամունքին մէջ առաջնորդութիւն առնողները քրիստոնէական վարքին մէջ օրինակելի պէտք է ըլլան։ Ժողովքային պատասխանատուութեան ձգտող տղամարդիկը պէտք է ապացուցանեն թէ սուրբ հոգին իրենց մէջ կը գործէ։ (Բ. Տիմոթէոս 1։14) Բացայայտ պէտք է ըլլայ թէ Աստուծոյ հոգին այս տղամարդոց մէջ հետեւեալ պտուղները կ’արտադրէ՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն [«հաւատք», ՆԱ], հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Այս պտուղները պէտք է յայտնուին հաւատակիցներու եւ ուրիշներու հետ իրենց գործառնութեանց մէջ։ Անշուշտ, ոմանք հոգիին կարգ մը պտուղները ցուցաբերելու մէջ կրնան ուրիշները գերազանցել, մինչ ուրիշներ, տեսչութեան կարգ մը որակումները գոհացնելու մէջ կրնան ուրիշները գերազանցել։ Սակայն, որպէս տեսուչ կամ օգնական ծառայ նշանակում ակնկալող բոլոր անհատները, իրենց ամբողջ ապրելակերպով ցոյց պէտք է տան թէ իրենք հոգեւոր տղամարդիկ են եւ Աստուծոյ Խօսքին պահանջներուն գոհացում կու տան։

12. Որո՞նց մասին կրնայ ըսուիլ թէ սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են։

12 Երբ Պօղոս ուրիշները յորդորեց որ զինք ընդօրինակեն, ան ասիկա կրցաւ համարձակութեամբ ընել, քանի որ ինք անձամբ կ’ընդօրինակէր Յիսուս Քրիստոսը, որ ‘մեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւինք’։ (Ա. Պետրոս 2։21. Ա. Կորնթացիս 11։1) Իրենց նշանակումին ատեն սուրբ գրային պահանջներուն գոհացում տուող տեսուչներուն կամ օգնական ծառաներուն մասին կրնայ ըսուիլ թէ անոնք սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են։

13. Սուրբ հոգին ի՞նչպէս կ’օգնէ անոնց որոնք ժողովքին մէջ ծառայելու համար տղամարդիկ կը յանձնարարեն։

13 Ուրիշ ազդակ մըն ալ կայ, որ ցոյց կու տայ թէ սուրբ հոգին տեսուչներ յանձնարարելու եւ նշանակելու մէջ ի՛նչպէս կը գործէ։ Յիսուս ըսաւ թէ ‘Հայրը երկնքէն սուրբ հոգին կու տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’։ (Ղուկաս 11։13) Ուստի երբ տեղական ժողովքի մը երէցները կը ժողվուին որպէսզի ժողովքային պատասխանատուութեան համար տղամարդիկ յանձնարարեն, անոնք կ’աղօթեն որ Աստուծոյ հոգին զիրենք առաջնորդէ։ Անոնք իրենց յանձնարարութիւնները կը հիմնեն Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէջ ըսուած բաներուն վրայ, իսկ սուրբ հոգին զիրենք կարող կը դարձնէ որոշելու թէ նշանակութեան համար նկատի առնուած անհատը սուրբ գրային պահանջներուն գոհացում կու տա՞յ թէ ոչ։ Յանձնարարողները պէտք չէ անտեղիօրէն ազդուին անհատին արտաքին երեւոյթէն, ուսումնական իրագործումներէն, կամ բնական կարողութիւններէն։ Անոնց գլխաւոր հետաքրքրութիւնը պէտք է ըլլայ թէ անհատը հոգեւոր տղամարդ մըն է թէ ոչ, անհատ մը՝ որու ժողովքի անդամները պիտի չվարանին մօտենալ հոգեւոր խրատ մը ստանալու համար։

14. Գործք Առաքելոց 6։1-3–րդ համարներէն ի՞նչ կը սորվինք։

14 Թէեւ երէցներու մարմինները եւ ճամբորդող տեսուչները միասնաբար կը յանձնարարեն թէ ո՛ր եղբայրները որպէս երէց կամ օգնական ծառայ կրնան ծառայել, իսկական նշանակումները կը կատարուին առաջին դարուն հաստատուած օրինակին համաձայն։ Առիթով մը, կարիքը եղաւ որ հոգեւոր որակումներ ունեցող տղամարդիկ կարեւոր նշանակումի մը հոգ տանին։ Կառավարիչ մարմինը հետեւեալ ուղղութիւնը տուաւ. «Ձեզմէ եօթը հոգի ընտրեցէք՝ բարի վկայուած, Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն, որպէս զի զանոնք այս գործին վրայ դնենք»։ (Գործք 6։1-3) Թէեւ յանձնարարութիւնները պարագան անմիջականօրէն ձեռք առնողներուն կողմէ եղան, բայց նշանակումները Երուսաղէմի մէջ գտնուող պատասխանատու տղամարդիկը ըրին։ Ներկայիս ալ այս օրինակին կը հետեւինք։

15. Կառավարիչ Մարմինը տղամարդիկ նշանակելու հարցին մէջ ի՞նչ դեր ունի։

15 Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինը ուղղակիօրէն կը նշանակէ Մասնաճիւղի Յանձնախումբերու բոլոր անդամները։ Երբ պիտի որոշուի թէ ո՛վ կրնայ այսպիսի ծանր պատասխանատուութիւն մը ստանձնել, Կառավարիչ Մարմինը ի մտի կ’ունենայ Յիսուսի հետեւեալ խօսքը. «Որու որ շատ տրուեցաւ, շատ պիտի ուզուի անկէ եւ որու որ աւելի յանձնուեցաւ, ա՛լ աւելի պիտի պահանջուի անկէ»։ (Ղուկաս 12։48) Մասնաճիւղի Յանձնախումբի անդամներ նշանակելէ զատ, Կառավարիչ Մարմինը Պէթէլի երէցներ եւ ճամբորդող տեսուչներ կը նշանակէ։ Սակայն, անոնք պատասխանատու եղբայրներու կը յանձնարարեն, որ իրենց կողմէ կարգ մը նշանակումներ ընեն։ Ասոր համար ալ սուրբ գրային նախատիպ մը կայ։

‘Նշանակէ՛, Ինչպէս Ես Քեզի Պատուիրեցի’

16. Պօղոս Տիտոսը ինչո՞ւ Կրետէ թողուց, եւ ասիկա ներկայ աստուածպետական նշանակումներուն մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։

16 Պօղոս իր գործակիցին՝ Տիտոսի ըսաւ. «Ասոր համար ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէս զի բոլոր պակաս բաները շտկես ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես [«նշանակես», ՆԱ], ինչպէս ես քեզի պատուիրեցի»։ (Տիտոս 1։5) Ապա ան ուրուագծեց որակումներ, զորս Տիտոս պէտք էր փնտռէր այն տղամարդոց մէջ, որոնք այս նշանակումին համար որակելի պիտի ըլլային։ Հետեւաբար, ներկայիս, Կառավարիչ Մարմինը մասնաճիւղերուն մէջ զինք ներկայացնող որակելի եղբայրներ կը նշանակէ, որպէսզի երէցներ եւ օգնական ծառաներ նշանակեն։ Հոգ կը տարուի որ Կառավարիչ Մարմինը ներկայացնող անհատները յստակօրէն հասկնան այսպիսի նշանակումներ ընելու սուրբ գրային ուղեգծերը եւ հետեւին անոնց։ Ուստի, Կառավարիչ Մարմինի առաջնորդութեան ներքեւ է որ որակելի տղամարդիկ կը նշանակուին համայն աշխարհի Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ ծառայելու համար։

17. Մասնաճիւղի գրասենեակը ի՞նչպէս ձեռք կ’առնէ երէցներու եւ օգնական ծառաներու նշանակումին համար եղած յանձնարարութիւնները։

17 Երբ Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակը երէցներ եւ օգնական ծառաներ նշանակելու յանձնարարութիւններ ստանայ, փորձառու եղբայրներ նշանակումներ ընելու մէջ Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութեան կ’ապաւինին։ Այս տղամարդիկը համարատու ըլլալու զգացում մը ունին, գիտակցելով թէ պէտք չէ շուտով մէկու մը վրայ ձեռք դնեն, որպէսզի անոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլան։—Ա. Տիմոթէոս 5։22

18, 19. (ա) Կարգ մը նշանակումներ ի՞նչպէս կը փոխանցուին։ (բ) Յանձնարարութեան եւ նշանակումի ընդհանուր գործընթացը ի՞նչպէս կը կատարուի։

18 Կարգ մը նշանակումներ կը փոխանցուին օրինական հիմնարկի մը պաշտօնական կնիքը կրող նամակի մը միջոցաւ։ Այսպիսի նամակ մը կրնայ գործածուիլ ժողովքին մէջ մէկէ աւելի եղբայրներ նշանակելու համար։

19 Աստուածպետական նշանակումները Եհովա Աստուծմէ կու գան, իր Որդւոյն եւ Աստուծոյ տեսանելի երկրային խողովակին՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին ու անոր Կառավարիչ Մարմինին՝ միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45-47) Այս յանձնարարութեան եւ նշանակումին ամբողջ գործընթացը առաջնորդուած կամ ուղղուած է սուրբ հոգիի միջոցաւ։ Պարագան այս է, քանի որ որակումները սուրբ հոգիով ներշնչուած Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը գտնուին, եւ նշանակուած անհատը կ’ապացուցանէ թէ այդ հոգիին պտուղները կ’արտադրէ։ Հետեւաբար, նշանակումները պէտք է նկատուին որպէս սուրբ հոգիի կողմէ եղած։ Ինչպէս որ առաջին դարուն երէցներն ու օգնական ծառաները աստուածպետականօրէն կը նշանակուէին, նոյնն է պարագան այսօր։

Երախտապարտ՝ Եհովայի Առաջնորդութեան Համար

20. Ինչո՞ւ Սաղմոս 133։1–ի մէջ արձանագրուած Դաւիթի զգացումները կը բաժնենք։

20 Հոգեւոր բարգաւաճումի եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ աստուածպետական յաւելումի այս ժամանակին մէջ, երախտապարտ ենք որ երէցներու եւ օգնական ծառաներու նշանակումին գլխաւոր պատասխանատուն Եհովան է։ Սուրբ գրային այս կարգադրութիւնը մեզի կ’օգնէ որ, որպէս Եհովայի Վկաներ, Աստուծոյ արդարութեան բարձր չափանիշները պահպանենք։ Ասկէ զատ, այս տղամարդոց քրիստոնէական հոգին եւ անկեղծ ջանքերը, որպէս Եհովայի ծառաներ մեր հոյակապ խաղաղութեան եւ միութեան մեծապէս կը նպաստեն։ Սաղմոսերգու Դաւիթի նման, մե՛նք ալ կը մղուինք բացագանչելու. «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին»։—Սաղմոս 133։1

21. Եսայեայ 60։17–ն ներկայիս ի՞նչպէս կը կատարուի։

21 Որքա՜ն երախտապարտ ենք իր Խօսքին եւ սուրբ հոգիին միջոցաւ Եհովայի տուած առաջնորդութեան համար։ Արդարեւ, իմաստալից են Եսայեայ 60։17–ին մէջ արձանագրուած խօսքերը. «Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, երկաթի տեղ՝ արծաթ, փայտերու տեղ՝ պղինձ, քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։ Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն»։ Մինչ աստուածպետական գործելակերպը Եհովայի Վկաներուն մէջ հետզհետէ աւելի լիովին ի գործ դրուած է, այս օրհնեալ վիճակները վայելած ենք Աստուծոյ երկրային ամբողջ կազմակերպութեան մէջ։

22. Ի՞նչ բանի համար իրաւացիօրէն երախտապարտ ենք, եւ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

22 Խորապէս երախտապարտ ենք մեր մէջ եղած աստուածպետական կարգադրութիւններուն համար։ Նաեւ մեծապէս կը գնահատենք աստուածպետականօրէն նշանակուած երէցներուն ու օգնական ծառաներուն կատարած ծանր, սակայն, գոհացուցիչ աշխատանքը։ Բոլոր սրտով կը գովաբանենք մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը, որ մեզի հոգեւոր բարգաւաճութիւն շնորհած է եւ մեզ մեծապէս օրհնած է։ (Առակաց 10։22) Հետեւաբար, վճռենք շարունակել Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահել։ Մանաւանդ, շարունակենք միասնաբար ծառայել՝ Եհովայի մեծ ու սուրբ անուան փառքին, պատիւին եւ փառաբանութեան համար։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ երէցներուն եւ օգնական ծառաներուն նշանակումը աստուածպետական է եւ ոչ թէ՝ ժողովրդավարական։

• Պատասխանատու Քրիստոնեայ տղամարդիկ ի՞նչպէս սուրբ հոգիով կը նշանակուին։

• Կառավարիչ Մարմինը երէցներու եւ օգնական ծառաներու նշանակումին մէջ ի՞նչ դեր ունի։

• Աստուածպետական նշանակումներուն նկատմամբ ինչո՞ւ Եհովայի երախտապարտ պէտք է ըլլանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 15]

Երէցներն ու օգնական ծառաները աստուածպետական նշանակումով ծառայելու առանձնաշնորհումը ունին