Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Խօսքը կատարողները ուրախութիւն կը գտնեն

Աստուծոյ Խօսքը կատարողները ուրախութիւն կը գտնեն

Աստուծոյ Խօսքը կատարողները ուրախութիւն կը գտնեն

«Աստուծոյ Խօսքը Կատարողներ» բնաբանով Եհովայի Վկաներու Նահանգային Համաժողովի առաջին դասախօսներէն մէկը ըսաւ. «Մենք կը գիտակցինք որ այս համաժողովը Եհովայի ուրիշ մէկ կարգադրութիւնն է, Թագաւորութեան յաւելեալ գործունէութեան ի տես մեզ պատրաստելու համար»։ Ան շարունակեց. «Մենք մեզ պատրաստեցինք, որպէսզի խրատներ ստանանք ուրախ ընտանիք մը ունենալու, Եհովայի կազմակերպութեան կառչած մնալու, Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ մեր եռանդը պահպանելու եւ արթուն մնալու կարիքին շուրջ»։

ՄԱՅԻՍ 2000–էն ի վեր, Աստուծոյ խօսքը կատարող միլիոնաւոր անհատներ եւ անոնց բարեկամները աշխարհի չորս կողմը հազարաւոր վայրերու մէջ հաւաքուեցան, սուրբ գրային կենսական դաստիարակութիւն ստանալու համար։ Անոնք այս եռօրեայ նահանգային համաժողովին ի՞նչ սորվեցան։

Առաջին Օր—Եհովայի Բարերարութիւնները Չմոռնալ

Բացման դասախօսութեան մէջ, ատենապետը ներկաները հրաւիրեց որ համաժողովներու ընթացքին Եհովայի միացած պաշտամունքէն առթած օրհնութիւնները վայելեն։ Բոլոր ներկաներուն երաշխիք տրուեցաւ թէ իրենց հաւատքը պիտի աւելնար եւ Եհովայի հետ իրենց անձնական յարաբերութիւնը պիտի զօրանար։

«Ուրախ Աստուածը» գիտէ թէ ի՛նչ բանի պէտք ունինք ուրախ ըլլալու համար։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Ուստի, «Աստուծոյ Կամքը Կատարելը Ուրախութիւն կու Տայ» դասախօսութիւնը շեշտեց թէ Եհովայի Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, լաւագոյն ապրելակերպը կ’ուրուագծէ։ (Յովհաննու 13։17) Երկար ժամանակէ Եհովայի ծառայող անհատներու հետ կարգ մը տեսակցութիւններ ցոյց տուին թէ ի՛նչպէս զանազան պարագաներու ներքեւ Աստուծոյ կամքը կատարելը մեր կեանքը աւելի իմաստալից կը դարձնէ։ «Եհովայի Բարութեան Համար Ցնծացէք» բնաբանով յաջորդ դասախօսութիւնը ընդգծեց թէ, որպէս «Աստուծոյ նմանող»ներ, Քրիստոնեաները կ’ուզեն իրենց կեանքին մէջ «ամէն կերպ բարութիւն» կատարել։ (Եփեսացիս 5։1, 9) Ասիկա ընելու ուշագրաւ կերպերէն մէկն է՝ բարի լուրը քարոզել եւ աշակերտել։—Սաղմոս 145։7

«Շարունակեցէք Անխախտ Մնալ Որպէս թէ Անտեսանելին կը Տեսնէք» դասախօսութիւնը ցոյց տուաւ, թէ ի՛նչպէս զօրաւոր հաւատքը կ’օգնէ մեզի որ անտեսանելի Աստուածը «տեսնենք»։ Դասախօսը նկարագրեց թէ հոգեւոր անհատները ի՛նչպէս Աստուծոյ յատկութիւններէն տեղեակ են, մէջը ըլլալով նոյնիսկ մեր մտածածը գիտնալու իր կարողութիւնը։ (Առակաց 5։21) Հարցազրոյցի մասնակցողները պատմեցին թէ ի՛նչ քայլեր առած են աւելի զօրաւոր հաւատք մը մշակելու եւ հոգեւոր շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելու համար։

Առաւօտեան նիստը վերջ գտաւ գլխաւոր դասախօսութեամբ՝ «Եհովան՝ Հրաշալի Բաներ Ընողը Փառաբանենք»։ Անիկա ներկաներուն օգնեց հասկնալու թէ ո՛րքան շատ սորվինք Եհովայի մասին, ա՛յնքան աւելի պատճառներ կը գտնենք զինք փառաբանելու որպէս հրաշալի բաներ Ընողը։ Դասախօսը ըսաւ. «Երբ Աստուծոյ հոյակապ ստեղծագործութեան եւ մեզի համար հիմա իր ըրած հրաշալի բաներուն մասին խորհինք, սրտաբուխ գնահատութիւնը մեզ կը մղէ որ զինք փառաբանենք։ Երբ մտածենք անցեալին իր ժողովուրդին սիրոյն ըրած հրաշալի բաներուն մասին՝ կ’ուզենք փառաբանել զինք։ Իսկ երբ խորհինք Եհովայի տակաւին կատարելիք խոստումներուն մասին, դարձեալ կերպեր կը փնտռենք գնահատութիւն արտայայտելու համար»։

Յետմիջօրէի նիստը սկսաւ՝ «Բարիք Գործելէն Չձանձրանանք» դասախօսութեամբ, որ բոլոր ներկաներուն յիշեցուց թէ այս աշխարհի ճնշումները կը հաստատեն վախճանին մօտ ըլլալը։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Սակայն, չհեղգանալով կրնանք ցոյց տալ որ «կը հաւատանք թէ մեր հոգին պիտի փրկուի»։—Եբրայեցիս 10։39

Ընտանեկան կեանքի մասին ի՞նչ խրատներ տրուեցան Աստուածաշունչէն։ Համաժողովի առաջին յօդուածաշարքը՝ «Աստուծոյ Խօսքին Հնազանդեցէք», սկսաւ՝ «Կողակից մը Ընտրելու Մէջ» դասախօսութեամբ։ Կողակիցի մը ընտրութիւնը անհատի մը կեանքին մէջ ամենէն լուրջ որոշումներէն մին է։ Հետեւաբար, Քրիստոնեաները կ’ուզեն սպասել մինչեւ որ չափահաս ըլլան, եւ կ’ամուսնանան ‘միայն Տէրոջմով’։ (Ա. Կորնթացիս 7։39) Յօդուածաշարքին յաջորդ մասը խօսեցաւ թէ Եհովա կը ցանկայ որ բոլոր Քրիստոնեայ ընտանիքները յաջողին որպէս հոգեւոր ու զօրաւոր միաւոր մը, եւ ասիկա իրագործելու համար գործնական կերպեր ցոյց տուաւ։ Վերջին մասը ծնողներուն յիշեցուց թէ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը տեսնելով երախան Աստուած սիրել կը սկսի սորվիլ։

«Զգուշացէ՛ք Տարաձայնութիւններէ եւ Բամբասանքներէ» խորագրով դասախօսութեան մէջ ներկայացուած կէտերը, բոլորին օգնեցին տեսնելու որ թէեւ հիանալի բաներ կը պատահին, բայց երբ ոգեցունց տեղեկութիւններ լսենք, իմաստութեամբ պէտք է վարուինք եւ ո՛չ թէ դիւրահաւատութեամբ։ Աւելի լաւ է որ Քրիստոնեաներ խօսին ինչ որ գիտեն թէ շիտակ է. Թագաւորութեան բարի լուրը։ «‘Մարմնի Խայթոցի մը’ Հետ Գլուխ Ելլել» բնաբանով յաջորդ դասախօսութիւնը շատ մխիթարական եւ ոգեւորիչ էր շատերուն համար։ Անիկա իրենց օգնեց տեսնելու թէ հակառակ մեր դիմագրաւած յարատեւ փորձութիւններուն, Եհովա մեզ կրնայ զօրացնել իր սուրբ հոգիին, իր Խօսքին եւ մեր Քրիստոնեայ եղբայրակցութեան միջոցաւ։ Այս ուղղութեամբ Պօղոս առաքեալի անձնական փորձառութենէն շատ քաջալերութիւն քաղուեցաւ։—Բ. Կորնթացիս 12։7-10. Փիլիպպեցիս 4։11, 13

Առաջին օրը վերջ գտաւ «Եհովայի Կազմակերպութեան Հետ Քայլ Պահենք» դասախօսութեամբ։ Նկատի առնուեցան երեք մարզեր, որոնց մէջ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը մասնաւորաբար առաջխաղաց ունեցած է. (1) Եհովայէ եկած հոգեւոր լոյսին մասին յաւելեալ հասկացողութ իւնը, (2) Աստուծոյ մեզի վստահած ծառայութիւնը, եւ (3) կազմակերպչական գործելակերպի մէջ ժամանակայարմար վերաճշդումները։ Ապա դասախօսը վստահութեամբ ըսաւ. «Մեր դիմաց գտնուող ակնկալութիւններով բուռն ապրումներու մէջ կը գտնուինք»։ Ան հարցուց. «Բացայայտ չէ՞ որ սկիզբը մեր ունեցած վստահութիւնը մինչեւ վերջ պահելու համար ամէն պատճառ ունինք»։ (Եբրայեցիս 3։14) Պատասխանը յստակ էր։ Ասիկա առաջնորդեց նոր գրքոյկի մը լոյս տեսնելուն՝ Աստուծոյ Բարեկամը Կրնա՛ք Ըլլալ խորագրով։ Անիկա ուսուցանելու որպէս ազդու գործիք պիտի ծառայէ, սահմանափակ ուսում կամ ընթերցելու դժուարութիւն ունեցող անհատներուն օգնելով, որ Եհովայի մասին սորվին։

Երկրորդ Օր—Շարունակեցէք Աստուծոյ Հրաշալի Գործերուն Մասին Պատմել

Օրուան համարը նկատի առնելէ ետք, համաժողովի երկրորդ օրը շարունակուեցաւ՝ «Աստուծոյ Խօսքին Ծառաները», խորագրով յօդուածաշարքով։ Առաջին մասը ուշադրութիւն հրաւիրեց մեր երկրածաւալ քարոզչութեան գործին այժմու յաջողութեան վրայ։ Սակայն, այս գործին մէջ մեր համբերութիւնը փորձի կ’ենթարկուի Թագաւորութեան պատգամը մերժող մեծամասնութեան կողմէ։ Երկար ժամանակէ հրատարակիչ եղողներ բացատրեցին թէ ծառայութեան մէջ իրենց ուրախութիւնը ի՛նչպէս պահպանած են, անտարբերութեան կամ հակառակութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար իրենց սիրտն ու միտքը ամրացնելով։ Երկրորդ մասը համաժողովի հանդիսականներուն յիշեցուց թէ Եհովայի Վկաները կը ջանան ամէնուրեք մարդոց հասնիլ, թէ՛ պաշտօնական եւ թէ անպաշտօն կերպով։ Իսկ վերջին մասը նկարագրեց այն այլազան կերպերը, որոնցմով բոլոր Քրիստոնեաները կրնան իրենց անձնական ծառայութիւնը ընդարձակել։ Դասախօսը շեշտեց թէ ասիկա ընելու համար, պէտք է Աստուծոյ Թագաւորութեան նախապատուութիւն տանք, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը անպատեհութիւններ պատճառէ կամ անձնուրացութիւն պահանջէ։—Մատթէոս 6։19-21

Քանի որ կ’ապրինք անբարեպաշտ աշխարհի մը մէջ, որ նիւթական բաներու հանդէպ անյագ ցանկութիւն մը կը յայտնաբերէ՝ «Աստուածպաշտութիւն Մշակեցէք՝ Գոհունակութիւնով»՝ դասախօսութիւնը շատ ժամանակայարմար էր։ Իր մեկնաբանութիւններէն ոմանք Ա. Տիմոթէոս 6։6-10, 18, 19–ին վրայ հիմնելով, դասախօսը ցոյց տուաւ թէ աստուածպաշտութիւնը Քրիստոնեաներուն ի՛նչպէս կ’օգնէ խուսափելու դրամասիրութենէ, որ կրնայ զիրենք մոլորեցնել եւ շատ ցաւեր պատճառել։ Ան ընդգծեց թէ մեր տնտեսական կացութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ուրախութիւնը կախեալ է Եհովայի հետ մեր ունեցած յարաբերութենէն եւ մեր հոգեւոր բարօրութենէն։ «Ամօթի Պատճառ Չտանք Աստուծոյ» խորագրով դասախօսութեան մէջ ներկայացուած կէտերը շատերուն վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցան։ Շեշտուեցաւ այն իրողութիւնը թէ Եհովա բնա՛ւ չի մոռնար իր հաւատարիմ Վկաները։ Յիսուս Քրիստոսի աննման օրինակը՝ որ «նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս»՝ շատերուն պիտի օգնէ որ կեանքի մրցավազքին մէջ համբերութեամբ շարունակեն վազել։—Եբրայեցիս 13։8

Առաւօտեան նիստը փակուեցաւ մկրտութեան դասախօսութեամբ, որ Եհովայի Վկաներու մեծ համաժողովներուն մէջ միշտ ուշագրաւ տեղ մը կը գրաւէ։ Ի՜նչ ուրախութիւն է տեսնել նոր նուիրուած անհատներ, որոնք Յիսուսի շաւիղներուն կը հետեւին, ջուրի մկրտութեան ենթարկուելով։ (Մատթէոս 3։13-17) Այս քայլը առնող բոլոր անհատները, արդէն շատ բան իրագործած են որպէս Աստուծոյ խօսքը կատարողներ։ Ասկէ զատ, երբ մկրտուին, անոնք բարի լուրին յանձնարարուած քարոզիչները կ’ըլլան, եւ մեծ ուրախութիւն կը քաղեն, գիտնալով որ Եհովայի անունը սրբացնելու մէջ բաժին կը բերեն։—Առակաց 27։11

Մասնայատուկ խրատ տրուեցաւ՝ «‘Բարին ու Չարը Զանազանել’ու Համար Հասունութեան Կարիքը Կայ» խորագրով դասախօսութեան մէջ։ Շիտակի եւ սխալի աշխարհային չափանիշները ողորմելիօրէն անբաւարար են։ Հետեւաբար Եհովայի չափանիշներուն պէտք է վստահինք։ (Հռովմայեցիս 12։2) Բոլորիս քաջալերութիւն տրուեցաւ որ Աստուծոյ ճամբաներուն մասին ճշգրիտ հասկացողութիւն ձեռք ձգենք եւ հասունութեան դիմելու համար ծանր աշխատինք։ Ապա, մեր ըմբռնելու կարողութիւնը պիտի մարզուի վարժութեամբ՝ որպէսզի «բարին ու չարը զանազանէ»։—Եբրայեցիս 5։11-14

Ասոր յաջորդեց «Հոգեւորականութիւն Մշակելու Համար Ծանր Աշխատինք» խորագրով յօդուածաշարքը։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները հոգեւորականութիւն զարգացնելու եւ պահպանելու կարեւորութեան կը գիտակցին։ Ասիկա ծանր աշխատանք կը նշանակէ. ընթերցել, ուսումնասիրել եւ խոկալ։ (Մատթէոս 7։13, 14. Ղուկաս 13։24) Հոգեւոր անհատներ ‘ամէն կերպ աղօթք եւ աղաչանք’ ալ կը մատուցանեն։ (Եփեսացիս 6։18, Երուսաղէմ) Կը գիտակցինք որ մեր աղօթքները՝ մեր հաւատքին ու նուիրումին խորութիւնը եւ մեր հոգեւորականութեան մակարդակը կը յայտնեն. նաեւ ցոյց կու տան թէ ի՛նչ բաները մեզի համար «աւելի կարեւոր բաներ» են։ (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ) Շեշտուեցաւ թէ կարեւոր է Եհովայի հետ ջերմ, սիրալիր յարաբերութիւն մը մշակել, ճիշդ ազնիւ հօր մը հետ հնազանդ զաւկի մը ունեցած յարաբերութեան նման։ Մենք պարզապէս հաւատքի մը տէր չենք՝ նոյնիսկ երբ անիկա ճշմարիտ կրօնքն է՝ այլ, կ’ուզենք զօրաւոր հաւատք կերտել, ‘որպէս թէ Աստուած կը տեսնենք’։—Եբրայեցիս 11։6, 27

«Ձեր Յառաջդիմութիւնը Թող Յայտնի Ըլլայ» դասախօսութեան մէջ հոգեւոր յառաջդիմութեան նիւթը ա՛լ աւելի արծարծուեցաւ։ Այսպիսի յառաջդիմութեան երեք մարզեր նկատի առնուեցան. (1) գիտութեան, հասկացողութեան եւ իմաստութեան մէջ աճիլ, (2) Աստուծոյ հոգիին պտուղները արտադրել, եւ (3) որպէս ընտանիքի անդամներ մեր պատասխանատուութիւնները կատարել։

Այդ օրուան փակման դասախօսութեան վերջաւորութեան, որու խորագիրն էր՝ «Աստուծոյ Խօսքին Աստիճանաբար Աւելցող Լոյսին Մէջ Քալել», համաժողովի հանդիսականները ուրախութեամբ ստացան նոր գիրք մը՝ Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.։ Ասիկա Եսայեայ գիրքը գլուխ առ գլուխ նկատի առնող երկու հատորներուն առաջինն է։ Դասախօսը նշեց՝ «Եսայեայ գիրքը մեզի համար պատգամ մը ունի այսօր»։ Ապա շարունակեց. «Այո, անոր մարգարէութիւններէն շատերը Եսայիի օրերուն կատարուեցան։ . . . Սակայն, Եսայիի մարգարէութիւններէն շատեր ներկայիս կը կատարուին, իսկ ուրիշներ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ պիտի կատարուին»։

Երրորդ Օր—Եհովայի Խօսքը Կատարողներ Եղէք

Համաժողովին վերջին օրը սկսաւ օրուան համարին քննարկութեամբ։ Անոր յաջորդեց՝ «Սոփոնիայի Իմաստալից Մարգարէութիւնը՝ Աստուծոյ Կամքը Կատարողներուն Համար» խորագրով յօդուածաշարքը։ Այս յօդուածաշարքին երեք դասախօսութիւնները ցոյց տուին թէ, ինչպէս որ կամակոր Յուդայի օրերուն ըրաւ, Եհովա նեղութիւն պիտի բերէ անոնց վրայ, որոնք հիմա՛ կը մերժեն իր ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայել։ Քանի որ Աստուծոյ դէմ մեղք կը գործեն, անոնք կոյրերու պէս անօգնական պիտի պտըտին, չկարենալով ազատագրումի միջոց մը գտնել։ Սակայն, ճշմարիտ Քրիստոնեաները հաւատարմօրէն Եհովան կը փնտռեն, եւ Աստուծոյ բարկութեան օրը պիտի ծածկուին։ Ասկէ զատ, անոնք հիմա իսկ բազմաթիւ օրհնութիւններ կը վայելեն։ Անոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան «մաքուր լեզու»ն խօսելու պատեհութեամբ օրհնուած են։ (Սոփոնեայ 3։9, ՆԱ) Դասախօսը նշեց. «Մաքուր լեզուն խօսիլը ո՛չ միայն ճշմարտութեան հաւատալ եւ զայն ուրիշներուն սորվեցնել կը պարփակէ, այլ նաեւ՝ մեր վարմունքը ներդաշնակութեան մէջ բերել Աստուծոյ օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հետ»։

Համաժողովի հանդիսականները անձկալից կը սպասէին՝ «Ազդարարական Օրինակներ՝ Մեր Օրերուն Համար» խորագրով թատերախաղը։ Տարազներով ներկայացուած այս թատերախաղը ցոյց տուաւ թէ ի՛նչպէս հազարաւոր Իսրայելացիներ իրենց կեանքը կորսնցուցին Խոստացեալ Երկրին սեմին վրայ, քանի որ Եհովան մոռցան եւ հեթանոս կիներու կողմէ հրապուրուելով պոռնկութեան եւ սուտ պաշտամունքի միջամուխ եղան։ Գլխաւոր դերակատարներէն մէկը՝ Յամինը, սկիզբը Մովաբացի կիներու հրապոյրին եւ Եհովայի հանդէպ իր նուիրումին միջեւ բաժնուած էր։ Ուշագրաւ դարձուեցաւ անբարեպաշտ Զամբրիի սխալ տրամաբանութիւնն ու խաբուսիկ մտածելակերպը, իսկ Փենեհէսի՝ հաւատքն ու նուիրումը։ Եհովան չսիրողներուն հետ բարեկամութիւն մշակելու վտանգը վառ կերպով նկարագրուած էր։

Թատերախաղը ճամբան հարթեց յաջորդ դասախօսութեան՝ «Լսող ու Մոռցող Ունկնդիր Մի՛ Ըլլաք»։ Ա. Կորնթացիս 10։1-10–ի վերլուծում մը ցոյց տուաւ թէ Եհովա մեր հնազանդութիւնը փորձի կ’ենթարկէ, որոշելու համար որ նոր աշխարհին մէջ ժառանգութիւն մը ստանալու արժանի՞ ենք թէ ոչ։ Հիմա ալ՝ երբ նոր դրութիւն մտնելու սեմին կը գտնուինք՝ մարմնային ցանկութիւններ կրնան ոմանց հոգեւոր նպատակակէտերուն տեղը առնել։ Բոլորին քաջալերութիւն տրուեցաւ որ ‘Եհովայի հանգիստը մտնելու’ պատեհութիւնը չկորսնցնեն։—Եբրայեցիս 4։1ՆԱ

Հանրային դասախօսութիւնը շօշափեց՝ «Ինչո՛ւ Ուշադիր Ըլլալ Աստուծոյ Սքանչելի Գործերուն» նիւթը։ Եհովայի «սքանչելի գործեր»ը իր իմաստութիւնը, եւ մեզ շրջապատող համայն ստեղծագործութեան վրայ իր հեղինակութիւնը ցոյց կու տան։ (Յոբայ 37։14, ՆԱ) Եհովայի հարցուցած քանի մը իմաստալից հարցումները բաւարար էին որ Յոբ ամենակարող Ստեղծիչին զօրութեամբ տպաւորուէր։ Եհովա իր հաւատարիմ ծառաներուն ի նպաստ ապագային ալ «սքանչելի բաներ» պիտի ընէ։ Դասախօսը եզրափակեց. «Եհովայի սքանչելի գործերուն ուշադրութիւն ընծայելու շատ պատճառներ ունինք. անցեալին իր ըրած բաները, ներկայիս ստեղծագործութեան մէջ իր ըրած բաները եւ մօտ ապագային ընելու համար իր խոստացած բաները»։

Այդ շաբթուան համար որոշուած Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան յօդուածին ամփոփումէն ետք, համաժողովի վերջին դասախօսութիւնը ներկայացուեցաւ։ «Որպէս Աստուծոյ Խօսքը Կատարողներ՝ Մեծապէս Արժեւորեցէք Ձեր Առանձնաշնորհումը» խորագրով այս ոգեւորիչ դասախօսութիւնը ընդգծեց թէ Աստուծոյ խօսքը կատարողներ ըլլալը պատիւ մըն է։ (Յակոբու 1։22) Անիկա ներկաներուն յիշեցուց թէ որպէս Աստուծոյ խօսքը կատարողներ մեր առանձնաշնորհումը անզուգական է, եւ ո՛րքան երկար ժամանակ կատարենք, ա՛յնքան աւելի կ’արժեւորենք զայն։ Բոլոր ներկաներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ այս նահանգային համաժողովին տրուած օգտակար քաջալերանքը արտացոլացնեն, բառին բուն առումով Աստուծոյ խօսքը կատարողներ ըլլալու իրենց ցանկութեամբ։ Ասիկա միակ կերպն է կարելի եղած մեծագոյն ուրախութիւնը վայելելու համար։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 25]

Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ

Ուրբաթ յետմիջօրէին, նոր գրքոյկ մը լոյս տեսաւ, Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ խորագրով։ Աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, Աստուածաշունչի պարզունակ կրթութեան մեծ կարիք կայ, եւ այս գրքոյկը պիտի գործածուի այդ կարիքը լեցնելու համար։ Անիկա մեծ օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ սահմանափակ ուսում կամ ընթերցելու դժուարութիւն ունեցողներուն համար։

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 26]

Եսայիի մարգարէութիւնը—Լոյս՝ ամբողջ մարդկութեան համար

Համաժողովի հանդիսականները ուրախութեամբ ստացան Եսայիի մարգարէութիւնը—Լոյս՝ ամբողջ մարդկութեան համար խորագրով երկհատոր գրքին Ա. Հատորը։ Այս հրատարակութեան մէջ շեշտ դրուած է մեր օրերուն համար Եսայիի մարգարէութեան գործնական արժէքին վրայ։