Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի Վկաները հաստատ համոզումով յառաջ կ’ընթանան

Եհովայի Վկաները հաստատ համոզումով յառաջ կ’ընթանան

Եհովայի Վկաները հաստատ համոզումով յառաջ կ’ընթանան

Տարեկան ժողովի տեղեկագրութիւն

ՍԿԵՊՏԻԿՈՒԹԵԱՆ եւ կասկածի այս օրերուն, Եհովայի Վկաները աչքի կը զարնեն որպէս հաստատ համոզումի տէր Քրիստոնեաներ։ Ասիկա բացայայտ դարձաւ Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան տարեկան ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ 7 Հոկտեմբեր 2000–ին, Եհովայի Վկաներու Ճըրզի Սիթիի Համաժողովի Սրահին մէջ, Նիու Ճըրզի։ *

Ատենապետը՝ Ճոն Ի. Պառ՝ Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի անդամներէն մէկը, իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Երկրի վրայ ապրող միլիառաւոր անհատներուն մէջէն, մե՛նք ենք որ գիտենք եւ կը հաւատանք թէ Եհովայի սիրելի Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս այժմ երկնքի մէջ գահակալուած է եւ իր թշնամիներուն մէջտեղ կը տիրէ»։ Այսպիսի հաստատ համոզումի մը ապացոյցը ներկայացուեցաւ աշխարհի չորս ծագերէն եկող վեց զգայացունց տեղեկագրութիւններով։

Աստուածաշունչի Ճշմարտութեամբ Ոգեհարցութիւնը Նուաճել Հայիթիի Մէջ

Հայիթիի մէջ ոգեհարցութիւնը շատ ընդհանրացած է։ Մասնաճիւղի Յանձնախումբի համակարգիչը՝ Ճոն Նորմըն պատմեց. «Սովորաբար, մարդիկ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար վուտուի կը դիմեն»։ Երբ կախարդ բուժակ մը արկածով իր ոտքը կորսնցուց, ասիկա իր մտքին մէջ կասկածներ արթնցուց։ Ան ինքզինքին հարց տուաւ. ‘Եթէ ես ոգիներու կողմէ պաշտպանուած եմ, ի՞նչպէս կրնայ ինծի այսպիսի բան մը պատահիլ’։ Ուրիշ շատ մը անհատներու նման, այս մարդն ալ Եհովայի Վկաներու միջոցաւ ճշմարտութիւնը սորվեցաւ եւ ոգեհարցութենէ ազատագրուելու համար օգնութիւն ստացաւ։ Հայիթիի մէջ յաւելումի հաւանականութիւնը բացայայտ է, երբ նկատի առնենք որ 19 Ապրիլ 2000–ին, Թագաւորութեան հրատարակիչներու թիւին չորս անգամը ներկայ գտնուեցան Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին։

Նախանձախնդրութիւն՝ Քորէայի Ընդարձակ Հողամասին Մէջ

Քորէայի մէջ, Եհովայի Վկաներուն 40 առ հարիւրը լիաժամ ծառայութեան մէջ է։ Մասնաճիւղի Յանձնախումբի համակարգիչը՝ Միլթըն Հէմիլթըն ըսաւ. «Այս հսկայ բանակին միջոցաւ, աւելի քան 47 միլիոն բնակչութիւն ունեցող մեր թաղամասը գրեթէ ամիսը անգամ մը կը ծածկուի»։ Յատկապէս աչքառու է համրերու ժողովքներուն մէջ արձանագրուած աճը։ Համրերու ժողովքներէ բաղկացած շրջանի մը մէջ, 800 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարուին. իւրաքանչիւր հրատարակիչի միջին հաշուով մէկ ուսումնասիրութիւն կ’իյնայ։ Ցաւալի է որ երիտասարդ եղբայրներ տակաւին կը բանտարկուին իրենց չէզոքութեան պատճառաւ։ Սակայն, բանտին հեղինակութիւնները այս հաւատարիմ եղբայրներուն հետ բարեհաճութեամբ կը վարուին, եւ յաճախ վստահութիւն պահանջող աշխատանքներ կու տան անոնց։

Մեքսիկայի Մէջ Եղած Աճին Պահանջները Լեցնել

2000–ի Օգոստոսին, Մեքսիկայի մէջ դաշտի ծառայութիւն տեղեկագրող Թագաւորութեան հրատարակիչներուն բարձրագոյն թիւն էր՝ 533,665։ Այս թիւին աւելի քան երեք անգամը Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցաւ։ Մասնաճիւղի Յանձնախումբին համակարգիչը՝ Ռոպէրթ Թրէյսի ըսաւ. «Այս տարի մեր նպատակակէտն է 240 յաւելեալ Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանել»։ Ապա աւելցուց. «Տակաւին ասկէ աւելի Սրահներու կարիքը ունինք»։

Մեքսիկայի մէջ Եհովայի Վկայ պատանիները օրինակելի են։ Կաթողիկէ քահանայ մը պատանիի մը մասին խօսելով, ըսաւ. «Կը փափաքիմ իմ հետեւորդներուս մէջ իրեն նման մէ՛կ հոգի ունենալ։ Այս ժողովուրդին վրայ կը հիանամ, իրենց զօրաւոր կամքին եւ Աստուածաշունչի իմաստուն գործածութեան համար։ Անոնք Աստուած պաշտպանած են, նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգելով»։

Ուղղամտութիւն՝ Սիերրա Լէոնէի Խռովութիւններուն Ընթացքին

1991–ի Ապրիլին, Սիերրա Լէոնէի մէջ քաղաքացիական պատերազմ ծագելէն ի վեր, հազարաւորներ սպաննուած, վիրաւորուած կամ խեղանդամուած են։ Մասնաճիւղի Յանձնախումբի համակարգիչը՝ Պիլ Գոան տեղեկագրեց. «Պատերազմն ու դժուարութիւնները մարդոց վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցած են։ Մեր պատգամին հանդէպ անտարբեր եղողներէն շատեր ներկայիս հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընեն։ Սովորական է տեսնել մարդիկ, որոնք առանց հրաւէր ստանալու, ուղղակի Թագաւորութեան Սրահ կը մտնեն, իրենց առաջին ժողովին ներկայ գտնուելու համար։ Անհատներ յաճախ եղբայրները ճամբան կը կեցնեն եւ անոնցմէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը խնդրեն»։ Հակառակ երկրի անկայուն վիճակին, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը պտուղ կու տայ Սիերրա Լէոնէի մէջ։

Շինարարական Հսկայ Յայտագիր Հարաւային Ափրիկէի Մէջ

Ներկայիս, Հարաւային Ափրիկէի մասնաճիւղի գրասենեակին հոգատարութեան ներքեւ գտնուող թաղամասին մէջ, հազարաւոր Թագաւորութեան Սրահներու կարիքը կայ։ Արդէն իսկ հարիւրաւոր սրահներ կառուցուած են։ Մասնաճիւղի Յանձնախումբի անդամներէն՝ Ճոն Քիքոդ նշեց. «Փոխանակ հիւղակի մը մէջ կամ ծառի մը տակ հաւաքուելու, ինչպէս նախապէս կ’ըլլար, մեր եղբայրները հանգստաւէտ նստարաններ ունեցող պատշաճ վայրի մը մէջ կը հաւաքուին։ Թէեւ այս Թագաւորութեան Սրահներուն մեծ մասը շատ պարզ կերպով շինուած է, սակայն սովորաբար անոնք աչքի կը զարնեն որպէս շրջանին մէջ գտնուող ամենէն տպաւորիչ կառոյցները։ Կարգ մը շրջաններու մէջ երեւան եկաւ որ, Թագաւորութեան Սրահ մը կառուցուելէն տարի մը ետք, ժողովքի անդամներուն թիւը կրկինէն աւելի եղաւ»։

Ուգրանիոյ Մէջ Վկաներու Նոր Սերունդ մը

2000–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, այս երկրին հրատարակիչներու բարձրագոյն թիւը եղաւ՝ 112,720։ Ասոնց աւելի քան 50,000–ը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորված են վերջին հինգ տարիներու ընթացքին։ Մասնաճիւղի Յանձնախումբի համակարգիչը՝ Ճոն Տիտըր ըսաւ. «Ի՛րապէս, Եհովա Վկաներու նոր ու երիտասարդ սերունդ մը յառաջ բերած է իր անունը յայտարարելու համար»։ Ան աւելցուց. «Անցեալ երկու տարիներու ընթացքին, աւելի քան 50 միլիոն պարբերաթերթ տեղաւորած ենք, որ հաւասար է երկրի բնակչութեան թիւին։ Ամէն ամիս, միջին հաշուով, հազար նամակ կը ստանանք հետաքրքրուած անհատներէ, որոնք յաւելեալ տեղեկութիւն կը խնդրեն»։

Յայտագրին Ոգեւորիչ Այլ Երեսակները

Կառավարիչ Մարմինի անդամ՝ Տանիէլ Սիտլիք, կլանիչ դասախօսութիւն մը տուաւ։ Այս պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած՝ «Կառավարիչ Մարմինը Ի՛նչպէս Տարբեր Է Օրինական Հիմնարկէ մը» խորագրով յօդուածը, այս տեղեկատու դասախօսութեան վրայ հիմնուած է։

Կառավարիչ Մարմինի անդամ՝ Թէօտոր Ճէրըս միտք գրգռող դասախօսութիւն մը ներկայացուց, որու բնաբանն էր՝ «Աստուածպետականօրէն Նշանակուած Տեսուչներ եւ Օգնական Ծառաներ»։ Այս պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածներէն մէկը այս նիւթին մասին է։

Տարեկան ժողովը նաեւ պարփակեց 2001–ի տարուան համարին մասին ոգեցունց դասախօսութիւն մը, Կառավարիչ Մարմինի անդամ՝ Տէյվիտ Սբլէյնի կողմէ։ Անիկա հիմնուած է Պօղոս առաքեալի խօսքերուն վրայ. «Կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կեցէք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։ (Կողոսացիս 4։12, ՆԱ) Աշխարհի չորս կողմը գտնուող Եհովայի Վկաները վճռած են ասիկա ընել, մինչ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը բովանդակ աշխարհի մէջ հաւատարմօրէն կը քարոզեն։—Մատթէոս 24։14

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Յայտագիրը ելեկտրոնական ճամբով կապուած էր զանազան վայրերու, ներկաներուն ընդհանուր թիւը 13,082–ի հասցնելով։