Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահենք
Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահենք
«Խաղաղութեան Աստուածը . . . ձեզ ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ իր կամքը ընելու»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13։20, 21
1. Աշխարհի բնակչութիւնը ո՞րքան է, եւ կարգ մը կրօնքներ քանի՞ անդամ կը հաշուեն։
ԱՇԽԱՐՀԻ բնակչութիւնը 1999–ին հասաւ վե՛ց միլիառի։ Տը Ուորլտ Էլմընէք–ին համաձայն, անոր 1,165,000,000–ը Մահմետական, 1,030,000,000–ը Կաթողիկէ, 762,000,000–ը Հինտու, 354,000,000–ը Պուտտայական, 316,000,000–ը Բողոքական եւ 214,000,000–ը Ուղղափառ են։
2. Ներկայիս գոյութիւն ունեցող կրօնական վիճակին մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։
2 Ներկայիս գոյութիւն ունեցող կրօնական բաժանումին եւ շփոթութեան ի տես, կրնա՞յ ըլլալ որ այս միլիոնաւոր անհատները Աստուծոյ կամքին համաձայն կը գործեն։ Ո՛չ, որովհետեւ «Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան»։ (Ա. Կորնթացիս 14։33) Միւս կողմէ, ի՞նչ կրնանք ըսել Եհովայի ծառաներուն միջազգային եղբայրակցութեան մասին։ (Ա. Պետրոս 2։17) Մանրակրկիտ քննութիւն մը կ’ապացուցանէ թէ ‘խաղաղութեան Աստուածը ամէն բարի գործի մէջ զանոնք կը հաստատէ իր կամքը ընելու’։—Եբրայեցիս 13։20, 21
3. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին Երուսաղէմի մէջ ի՞նչ պատահեցաւ եւ ինչո՛ւ։
3 Բացայայտ է որ Եհովայի Վկաներուն հետ ընկերակցող անհատներուն թիւը ինքնին դատանիշ մը չէ, որոշելու համար թէ անոնք աստուածային հաճութիւնը ունին. ո՛չ ալ վիճակագրութիւնները Աստուած կը տպաւորեն։ Ինք Իսրայէլը ‘բոլոր ազգերէն շատ ըլլալնուն համար’ չընտրեց։ Իրականութեան մէջ անոնք «բոլորէն քիչ» էին։ (Բ. Օրինաց 7։7) Սակայն, քանի որ Իսրայէլ անհաւատարիմ գտնուեցաւ, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Եհովա իր հաճութիւնը փոխադրեց Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներէն բաղկացած նոր ժողովքին վրայ։ Անոնք Եհովայի սուրբ հոգիով օծուեցան եւ սկսան Աստուծոյ եւ Քրիստոսի մասին ուրիշներուն նախանձախնդրաբար ճշմարտութիւնը ծանուցանել։—Գործք 2։41, 42
Յարատեւ Յառաջխաղացքի Մէջ
4. Ինչո՞ւ կրնաք ըսել թէ նախկին քրիստոնէական ժողովքը յարատեւ յառաջխաղացքի մէջ էր։
4 Առաջին դարուն, քրիստոնէական ժողովքը յարատեւ յառաջխաղացքի մէջ էր, նոր թաղամասեր հասնելով, աշակերտելով եւ Աստուծոյ նպատակներուն մասին նոր հասկացողութիւններ ձեռք ձգելով։ Նախկին Քրիստոնեաները Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած նամակներով յայտնուած հոգեւոր լոյսին հետ շարունակեցին քայլ պահել։ Առաքեալներուն Գործք 10։21, 22. 13։46, 47. Բ. Տիմոթէոս 1։13. 4։5. Եբրայեցիս 6։1-3. Բ. Պետրոս 3։17, 18
եւ ուրիշներուն անձնական այցելութիւններով ոգեւորուած, անոնք լիովին կատարեցին իրենց ծառայութիւնը։ Այս բոլորը հաստատուած են Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։—5. Ներկայիս Աստուծոյ կազմակերպութիւնը ինչո՞ւ կը յառաջդիմէ, եւ ինչո՞ւ անոր հետ քայլ պէտք է պահենք։
5 Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, Եհովայի արդի Վկաները պզտիկ սկիզբ մը ունեցած են։ (Զաքարեայ 4։8-10) ԺԹ. դարու վերջաւորութենէն ի վեր, բացայայտ է թէ Եհովայի հոգին իր կազմակերպութեան վրայ է։ Որովհետեւ մարդկային ոյժին վստահելու տեղ սուրբ հոգիին վստահած ենք, շարունակած ենք Սուրբ Գրքի հասկացողութեան ու Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ յառաջ երթալ։ (Զաքարեայ 4։6) Հիմա որ «վերջին օրեր»ուն մէջ ենք, կենսական է որ Աստուծոյ յառաջդիմական կազմակերպութեան հետ քայլ պահենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Այսպէս ընելը մեզի կ’օգնէ որ մեր յոյսը վառ պահենք եւ Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան մասին վկայութիւն տանք, իրերու ներկայ դրութիւնը վերջնականապէս մէջտեղէն վերցուելէ առաջ։—Մատթէոս 24։3-14
6, 7. Ի՞նչ երեք մարզեր նկատի պիտի առնենք, որոնց մէջ Եհովայի կազմակերպութիւնը յառաջ գացած է։
6 Մեր մէջ կը գտնուին անոնք որոնք Եհովայի կազմակերպութեան հետ սկսան ընկերակցիլ 1920–ական, 30–ական եւ 40–ական թուականներուն։ Այդ սկիզբի տարիներուն, մեզմէ ո՞վ կրնար երեւակայել կազմակերպութեան յատկանշական աճը եւ աստիճանական յառաջդիմութիւնը մինչեւ օրս։ Մեր արդի պատմութեան մէջ մեր վայելած յատկանշական իրադարձութիւններուն մասին խորհեցէք։ Արդարեւ, հոգեւորապէս վարձահատոյց է աստուածպետականօրէն կազմակերպուած իր ժողովուրդին միջոցաւ Եհովայի իրագործած բաներուն անդրադառնալը։
7 Երբեմնի Դաւիթ խորապէս տպաւորուեցաւ, երբ Եհովայի հրաշալի գործերուն մասին խորհեցաւ։ Ան ըսաւ. «Պիտի պատմէի ու խօսէի, բայց համրանքէն աւելի շատ են»։ (Սաղմոս 40։5) Մենք ալ նո՛յն սահմանափակումները ունինք. անկարող ենք պատմել մեր օրերուն կատարած Եհովայի բազմաթիւ մեծ ու գովելի արարքները։ Այսուհանդերձ, երեք մարզեր քննենք, որոնց մէջ Եհովայի կազմակերպութիւնը յառաջ գացած է. (1) յառաջդիմական հոգեւոր լուսաւորութիւն, (2) բարելաւուած եւ ընդլայնուած ծառայութիւն, եւ (3) կազմակերպչական գործելակերպի մէջ ժամանակայարմար վերաճշդումներ։
Երախտապարտ՝ Հոգեւոր Լուսաւորութեան Համար
8. Առակաց 4։18–ի համաձայն, հոգեւոր լուսաւորութիւնը Թագաւորութեան նկատմամբ ի՞նչ բան հասկնալու կարող դարձուցած է մեզ։
8 Յառաջդիմական հոգեւոր լուսաւորութեան նկատմամբ, Առակաց 4։18–ը ճիշդ ելած է։ Հոն կ’ըսէ. «Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք մեր վայելած յառաջդիմական հոգեւոր լուսաւորութեան համար։ 1919–ին Սիտըր Փոյնթի (Օհայօ) համաժողովին, Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ շատ շեշտ դրուեցաւ։ Եհովա այս Թագաւորութիւնը կը գործածէ իր անունը սրբացնելու եւ իր գերիշխանութիւնը ջատագովելու համար։ Յիրաւի, հոգեւոր լուսաւորումը մեզի օգնած է որ հասկնանք թէ Աստուածաշունչը, Ծննդոցէն՝ Յայտնութիւն, իր Որդիին կողմէ իշխուած Թագաւորութեան միջոցաւ իր անունը սրբացնելու Եհովայի նպատակը կը յայտնէ։ Բոլոր արդարութիւն սիրողներուն հոյակապ յոյսը ասոր մէջ կը կայանայ։—Մատթէոս 12։18, 21
9, 10. 1920–ական թուականներուն, Թագաւորութեան եւ իրարու հակառակ երկու կազմակերպութիւններուն մասին ի՞նչ հասկցուեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչ կերպով օգտակար եղած է։
9 1922–ին, Սիտըր Փոյնթի մէջ տեղի ունեցած համաժողովի մը մէջ, գլխաւոր դասախօսը՝ Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, Աստուծոյ ժողովուրդը յորդորեց, ըսելով. «Ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ իր թագաւորութիւնը»։ 1 Մարտ 1925–ի Դիտարան–ին մէջ հրատարակուած՝ «Ազգի մը Ծնունդը» խորագրով յօդուածին մէջ, ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ 1914–ին հաստատուելիք Աստուծոյ Թագաւորութեան մատնանշող մարգարէութիւններուն հոգեւոր ըմբռնումին վրայ։ 1920–ական թուականներուն նաեւ հասկցուեցաւ թէ իրարու հակառակ երկու կազմակերպութիւններ գոյութիւն ունին՝ Եհովայի կազմակերպութիւնը եւ Սատանայի կազմակերպութիւնը։ Անոնց միջեւ կռիւը կը շարունակուի, եւ մենք յաղթական կողմը պիտի ըլլանք միա՛յն, եթէ Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահենք։
10 Այս հոգեւոր լուսաւորութիւնը ի՞նչպէս օգնած է մեզի։ Քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս աշխարհի մէկ մասը չեն՝ մե՛նք ալ չենք կրնար անոր մէկ մասը ըլլալ։ Աշխարհէ զատուած մնալով, ցոյց կու տանք որ մենք ճշմարտութեան կողմն ենք։ (Յովհաննու 17։16. 18։37) Երբ կը նկատենք այս ամբարիշտ դրութիւնը հարուածող բարդ խնդիրները, որքա՜ն երախտապարտ կ’ըլլանք որ Սատանայի կազմակերպութեան մաս չենք կազմեր։ Իսկ ի՜նչ առանձնաշնորհեալ ենք Եհովայի կազմակերպութեան մէջ մեր վայելած հոգեւոր ապահովութեան համար։
11. 1931–ին, Աստուծոյ ժողովուրդը սուրբ գրային ի՞նչ անուն որդեգրեց։
11 1931–ին, Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ, տեղի ունեցած համաժողովին, Եսայեայ 43։10-12–ի յարմար կիրարկումը եղաւ։ Աստուածաշունչի Աշակերտները որդեգրեցին իւրայատուկ՝ Եհովայի Վկաներ անուանակոչումը։ Որքա՜ն մեծ առանձնաշնորհում մըն է Աստուծոյ անունը ճանչցնել, որպէսզի ուրիշներ ալ այդ անունը կանչելով՝ կարենան փրկուիլ։—Սաղմոս 83։18. Հռովմայեցիս 10։13
12. 1935–ին, մեծ բազմութեան առնչութեամբ ի՞նչ հոգեւոր լուսաւորութիւն տրուեցաւ։
12 1930–ական տարիներէն առաջ, Աստուծոյ ժողովուրդէն շատեր իրենց ապագայ յոյսին նկատմամբ անորոշ էին։ Ոմանք երկնային կեանքի մասին կը մտածէին, բայց միեւնոյն ատեն դրախտ երկրի մասին Աստուածաշունչի ուսուցումներով ալ հրապուրուած էին։ 1935–ին, Ուաշինկթըն Տի.Սի.ի համաժողովին խրախուսիչ էր գիտնալ թէ Յայտնութիւն 7–րդ գլուխի մեծ բազմութիւնը՝ երկրային յոյս ունեցող դասակարգ մըն է։ Անկէ ի վեր, մեծ բազմութեան հաւաքումը որեւէ ժամանակէ աւելի մեծ թափով յառաջ գացած է։ Երախտապարտ չե՞նք որ մեծ բազմութեան ինքնութիւնը խորհուրդ մը չէ մեզի համար։ Բոլոր ազգերէն, ցեղերէն եւ լեզուներէն մեծ թիւով մարդոց հաւաքուելուն իրողութիւնը մեզ կը մղէ որ մեր քայլերը արագացնենք, քայլ պահելու համար Եհովայի կազմակերպութեան հետ։
13. 1941–ին Սէնթ Լուիսի համաժողովին, ո՞ր մեծ հարցին մեծ ուշադրութիւն տրուեցաւ։
13 1941–ի Սէնթ Լուիսի համաժողովին, Միսուրի, մեծ ուշադրութիւն տրուեցաւ այն մեծ հարցին, որով հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ մարդկային ընկերութիւնը։ Անիկա տիեզերական տիրապետութիւնը, կամ գերիշխանութի՛ւնն է։ Շատ շուտով ա՛յս հարցն է որ պիտի լուծուի եւ անոր կատարման մեծ ու ահեղ օրը կ’արտորայ։ 1941–ին նաեւ ուշադրութեան յանձնուեցաւ այս նիւթին հետ առնչուած ուղղամտութեան հարցը, որով ցոյց կու տանք թէ Աստուծոյ գերիշխանութեան հարցին մէջ անհատապէս ի՛նչ է մեր դիրքը։
14. 1950–ի միջազգային համաժողովին, Եսայեայ 32։1, 2–ի մէջ յիշուած իշխաններուն մասին ի՞նչ իմացանք։
14 1950–ի Նիւ Եորք Սիթիի միջազգային համաժողովին, Եսայեայ 32։1, 2–ի իշխանները ճշգրտօրէն բնորոշուեցան։ Մագնիսացուած վիճակ մը կը տիրէր, երբ Եղբայր Ֆրետերիք Ֆրանզ այս նիւթին մասին խօսեցաւ եւ բացատրեց որ նոր երկրի ապագացու իշխանները մեր մէջ ներկայ էին։ Այդ եւ անոր յաջորդող համաժողովներուն, հոգեւոր լոյսի բազմաթիւ ճառագայթումներ եղան։ (Սաղմոս 97։11) Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ մեր ճամբան «ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի»։
Յառաջդիմութիւն՝ Մեր Ծառայութեան Մէջ
15, 16. (ա) 1920–ական եւ 1930–ական թուականներուն մեր ծառայութեան մէջ ի՞նչպէս յառաջ գացինք։ (բ) Վերջին տասնամեակներուն ո՞ր գրականութիւնները քրիստոնէական ծառայութեան թափ մը տուած են։
15 Եհովայի կազմակերպութեան յառաջխաղացքին երկրորդ կերպը՝ Թագաւորութիւնը քարոզելու Մատթէոս 28։19, 20. Մարկոս 13։10) Այս գործը իրագործելու համար, կազմակերպութիւնը մեր ուշադրութեան յանձնած է մեր ծառայութիւնը ընդլայնելու կարեւորութիւնը։ 1922–ին, բոլոր Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուեցաւ որ քարոզչութեան մասնակցին։ Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի վրայ պարտականութիւն կ’իյնար իր լոյսը փայլեցնել եւ ճշմարտութեան մասին վկայութիւն տալու մէջ իր մասնակցութիւն բերել։ (Մատթէոս 5։14-16) 1927–ին, քայլեր առնուեցան որպէսզի Կիրակի օրերը դաշտի ծառայութեան յատկացուին։ 1940–ի Փետրուարէն սկսեալ սովորական էր տեսնել Վկաներ, որոնք Դիտարան եւ Մխիթարութիւն (ներկայիս՝ Զարթի՛ր) կը ներկայացնեն առեւտրական շրջաններու փողոցներուն մէջ։
եւ աշակերտելու մեր գլխաւոր գործին հետ կապ ունի։ (16 1937–ին, Տիպար Ուսումնասիրութիւն գրքոյկը ներկայացուեցաւ, վերայցելութիւններ ընելու եւ ուրիշներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնելու կարիքը շեշտելու համար։ Յաջորդող տարիներուն, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործունէութեան վրայ շատ շեշտ դրուեցաւ։ Ծառայութեան այս մարզին մեծ թափ տրուեցաւ՝ 1946–ին, «Աստուած Ճշմարիտ Թող Ըլլայ» գրքին լոյս տեսնելով, իսկ 1968–ին՝ Ճշմարտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքով։ Ներկայիս կը գործածենք՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Այս նիւթերը նկատի առնելը աշակերտելու համար սուրբ գրային լաւ հիմ մը կը դնէ։
Յառաջդիմութիւն՝ Կազմակերպչական Գործելակերպը Բարեճշդելու Մէջ
17. Եսայեայ 60։17–ի հետ ներդաշնակ ըլլալով, Եհովայի կազմակերպութիւնը ի՞նչպէս յառաջ գացած է։
17 Երրորդ մարզը որու մէջ Եհովայի կազմակերպութիւնը յառաջ գացած է, կապ ունի կազմակերպչական բարեճշդումներու հետ։ Եսայեայ 60։17–ի համաձայն, Եհովա խոստացաւ. «Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, երկաթի տեղ՝ արծաթ, փայտերու տեղ՝ պղինձ, քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։ Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն»։ Այս մարգարէութեան հետ ներդաշնակ ըլլալով, Թագաւորութեան քարոզչութեան վերահսկումը եւ հօտը հովուելու գործը բարելաւելու համար քայլեր առնուած են։
18, 19. Տարիներու ընթացքին կազմակերպչական ի՞նչ բարեճշդումներ եղած են։
18 1919–ին, ծառայութեան տեսուչ մը նշանակուեցաւ իւրաքանչիւր ժողովքի, դաշտի ծառայութիւնը կազմակերպելու համար։ Ասիկա մեր դաշտի ծառայութեան զարկ տուաւ։ 1932–ին, վերջ մը դրուեցաւ երէցներու եւ սարկաւագներու ընտրութեան, ժողովրդավարական կերպերէն դուրս գալով։ 1938–ին, ուրիշ յատկանշական բան մը տեղի ունեցաւ, երբ ժողովքին մէջ բոլոր ծառաները՝ քրիստոնէական նախկին ժողովքին մէջ եղած աստուածպետական նշանակումի կարգադրութիւններուն հետ աւելի ներդաշնակ կերպով սկսան նշանակուիլ։ (Գործք 14։22. Ա. Տիմոթէոս 4։14) 1972–ին, ծառայելու համար տեսուչներ եւ օգնական ծառաներ նշանակուեցան, ինչպէս տղամարդիկ կ’ընէին նախկին Քրիստոնեաներուն մէջ։ Փոխանակ միայն մէ՛կ տղամարդ որպէս ժողովքի տեսուչ ծառայելու, Փիլիպպեցիս 1։1–ը եւ ուրիշ համարներ ցոյց կու տան որ անոնք որոնք տեսչութեան պայմանները կը լեցնեն՝ երէցներու մարմին մը կը կազմեն։—Գործք 20։28. Եփեսացիս 4։11, 12
19 1975–ին, կարգադրութիւն եղաւ որ Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի յանձնախումբեր Աստուծոյ կազմակերպութեան համաշխարհային գործունէութեան հսկեն։ Մասնաճիւղի Յանձնախումբեր նշանակուեցան իրենց պատկան թաղամասերուն մէջ գործին հսկելու համար։ Անկէ ի վեր, կեդրոնատեղիին եւ մասնաճիւղերուն մէջ գործը պարզացնելու վրայ ուշադրութիւն դարձուեցաւ, որպէսզի ‘աւելի կարեւոր բաները զանազանեն’։ (Փիլիպպեցիս 1։9, 10, ՆԱ) Քրիստոսի ենթահովիւներուն ուսին վրայ հանգչող պատասխանատուութիւնները կը պարփակեն աւետարանչական գործին մէջ առաջնորդութիւն առնել, ժողովքին մէջ ուսուցանել եւ պատշաճօրէն հովուել Աստուծոյ հօտը։—Ա. Տիմոթէոս 4։16. Եբրայեցիս 13։7, 17. Ա. Պետրոս 5։2, 3
Յիսուսի Գործօն Առաջնորդութիւնը
20. Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահելը կը պահանջէ որ Յիսուսի դիրքին նկատմամբ ի՞նչ ճանչնանք։
20 Եհովայի յառաջդիմական կազմակերպութեան հետ քայլ պահելը կը պահանջէ որ ճանչնանք Յիսուս Քրիստոսի աստուածատուր դերը որպէս «ժողովքին գլուխը»։ (Եփեսացիս 5։22, 23) Ուշադրութեան արժանի է նաեւ Եսայեայ 55։4–ը, ուր Եհովա մեզի կ’ըսէ. «Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ, ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի»։ Յիսուս վստահաբար գիտէ առաջնորդել։ Ան նաեւ կը ճանչնայ իր ոչխարները եւ գիտէ անոնց գործերը։ Փաստօրէն, երբ ան Փոքր Ասիոյ եօթը ժողովքները աչքէ անցուց, հինգ անգամ ըսաւ. «Գիտեմ քու գործերդ»։ (Յայտնութիւն 2։2, 19. 3։1, 8, 15) Յիսուս մեր կարիքներն ալ գիտէ, ինչպէս իր Հայրը՝ Եհովան։ Տիպար Աղօթքը տալէ առաջ, Յիսուս ըսաւ. «Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած»։—Մատթէոս 6։8-13
21. Քրիստոնէական ժողովքին մէջ Յիսուսի գլխաւորութիւնը ի՞նչպէս կը յայտնաբերուի։
21 Յիսուսի գլխաւորութիւնը ի՞նչպէս կը յայտնաբերուի։ Կերպերէն մէկը, Քրիստոնեայ տեսուչներու՝ ‘պարգեւ տրուած տղամարդոց’ միջոցով է։ (Եփեսացիս 4։8, ՆԱ) Յայտնութիւն 1։16–ը կը նշէ որ օծեալ տեսուչները Յիսուսի աջ ձեռքին մէջ՝ իր հսկողութեան ներքեւ են։ Ներկայիս, Յիսուս երէցներու կարգադրութիւնը կ’առաջնորդէ, այս տղամարդիկը երկնային յոյս ունենան թէ՝ երկրային։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ բացատրուեցաւ, անոնք սուրբ հոգիին կողմէ կը նշանակուին, սուրբ գրային պահանջներու համաձայն։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1-7. Տիտոս 1։5-9) Առաջին դարուն, Երուսաղէմի մէջ խումբ մը երէցներ կառավարիչ մարմինը կը կազմէին, որոնք ժողովքներուն եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան ընդհանուր գործունէութեան վրայ վերատեսչութիւն ունէին։ Ներկայիս Եհովայի կազմակերպութիւնը միեւնոյն օրինակին կը հետեւի։
Քա՛յլ Պահեցէք
22. Կառավարիչ Մարմինը ի՞նչ օգնութիւն կը հայթայթէ։
22 Երկրի վրայ Թագաւորութեան շահերը վստահուած են «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին, որ Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինով ներկայացուած է։ (Մատթէոս 24։45-47) Կառավարիչ Մարմինի գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է քրիստոնէական ժողովքին հոգեւոր դաստիարակութիւն եւ ուղղութիւն հայթայթել։ (Գործք 6։1-6) Սակայն, երբ հաւատակիցներ բնական աղէտներու հանդիպին, Կառավարիչ Մարմինը մէկ կամ մէկէ աւելի օրինական հիմնարկներէ կը խնդրէ, որ անոնց օգնութիւն տրուի եւ վնասուած տուներն ու Թագաւորութեան Սրահները նորոգուին կամ վերաշինուին։ Եթէ կարգ մը Քրիստոնեաներ բիրտ վերաբերմունքի ենթարկուին կամ հալածուին, քայլեր կ’առնուին զանոնք քաջալերելու եւ հոգեւորապէս զօրացնելու համար։ Իսկ «աննպաստ եղանակին», ամէն ջանք կը թափուի Թագաւորութեան քարոզչութիւնը յառաջ տանելու համար։—Բ. Տիմոթէոս 4։1, 2
23, 24. Իր ժողովուրդը ի՛նչ բանի ալ հանդիպի, Եհովա յարատեւաբար ի՞նչ կը հայթայթէ, եւ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
23 Իր ժողովուրդը ի՛նչ բանի ալ հանդիպի, Եհովա յարատեւաբար հոգեւոր կերակուր եւ պէտք եղած առաջնորդութիւնը կը հայթայթէ։ Եհովա նաեւ ներատեսութիւն եւ հանճար կու տայ պատասխանատու եղբայրներու, աստուածպետական կազմակերպութեան մէջ յաւելեալ յառաջդիմութեան ու բարեճշդումի համար պատրաստելով զանոնք։ (Բ. Օրինաց 34։9. Եփեսացիս 1։16, 17) Անկասկած, Եհովա հարկ եղածը կը հայթայթէ, որպէսզի աշակերտելու մեր յանձնարարութիւնը իրագործենք եւ համայն աշխարհի մէջ մեր ծառայութիւնը կատարենք։—Բ. Տիմոթէոս 4։5, ՆԱ
24 Բացարձակապէս վստահ ենք թէ Եհովա բնաւ պիտի չլքէ իր հաւատարիմ ժողովուրդը. ան պիտի ազատէ զիրենք վերահաս ‘մեծ նեղութենէն’։ (Յայտնութիւն 7։9-14. Սաղմոս 94։14. Բ. Պետրոս 2։9) Սկիզբը մեր ունեցած վստահութիւնը մինչեւ վերջ պահելու ամէն պատճառ ունինք։ (Եբրայեցիս 3։14) Հետեւաբար, վճռե՛նք Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահել։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովայի կազմակերպութիւնը յառաջխաղացքի մէջ է։
• Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը յառաջդիմական հոգեւոր լուսաւորութիւն կը վայելէ։
• Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ ի՞նչպիսի բարեփոխումներ եղած են։
• Եհովայի ծառաներուն կազմակերպչական գործելակերպին մէջ ժամանակայարմար ի՞նչ վերաճշդումներ եղած են։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 17]
Դաւիթի նման, չենք կրնար Եհովայի բոլոր հրաշալի գործերը պատմել
[Նկար՝ էջ 18]
Աստուծոյ հօտը կազմակերպչական գործելակերպին մէջ եղած ժամանակայարմար վերաճշդումներէն օգտուած է