Կառավարիչ մարմինը ի՛նչպէս կը տարբերի օրինական հիմնարկէ մը
Կառավարիչ մարմինը ի՛նչպէս կը տարբերի օրինական հիմնարկէ մը
ՓԷՆՍԻԼՎԱՆԻՈՅ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան տարեկան ժողովները կը գումարուին 1885–ի Յունուարէն ի վեր։ Երբ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան օծեալ Քրիստոնեաներու հաւաքումը տեղի կ’ունենար, այս հիմնարկին վարչականներն ու պատասխանատուները երկնային յոյսը ունէին։ Արդարեւ, պարագան գրեթէ միշտ այսպէս եղած է։
Միայն մէկ բացառութիւն եղած է։ 1940–ին, Ընկերութեան իրաւական խրատատուն եւ երկրային յոյս ունեցող «ուրիշ ոչխարներ»էն՝ Հայտըն Գ. Գավինկթընը, ընտրուեցաւ որպէս Ընկերութեան վարչականներէն մէկը։ (Յովհաննու 10։16) Ան որպէս Ընկերութեան փոխ նախագահ ծառայեց 1942–էն մինչեւ 1945։ Այդ տարին, Եղբայր Գավինկթըն որպէս վարչական իր պաշտօնէն հրաժարեցաւ, համակերպելով ինչ որ այն ատեն կը թուէր Եհովայի կամքը ըլլալ, թէ՝ Փէնսիլվանիոյ հիմնարկին բոլոր վարչականներն ու պատասխանատուները օծեալ Քրիստոնեաներ ըլլան։ Վարչական խորհուրդին մէջ Հայտըն Գ. Գավինկթընին փոխարինեց Լիման Ա. Սուինկըլը, իսկ Ֆրետերիք Ու. Ֆրանզ փոխ նախագահ ընտրուեցաւ։
Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ կը հաւատային թէ Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան բոլոր վարչականներն ու պատասխանատուները օծեալ Քրիստոնեաներ պէտք էր ըլլային։ Քանի որ այն ատեն, Փէնսիլվանիոյ հիմնարկին վարչական խորհուրդն ու պատասխանատուները սերտօրէն բնորոշուած էին Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին հետ, որ միշտ հոգիէն օծուած տղամարդոցմէ կազմուած կ’ըլլար։
Պատմական Տարեկան Ժողով մը
2 Հոկտեմբեր 1944–ին Փիթցպըրկի մէջ տեղի ունեցած տարեկան ժողովին, Փէնսիլվանիոյ հիմնարկին անդամները վեց որոշումներ որդեգրեցին, բարեփոխութեան ենթարկելով անոր իրաւագիծը։ Իրաւագիծը կ’ըսէր թէ Ընկերութեան գործին ի նպաստ նուիրատուութիւններ ընողները քուէարկելու բաժնեթուղթեր պիտի ստանային, սակայն երրորդ բարեփոխումը այդ կարգադրութիւնը ջնջեց։ Այդ տարեկան ժողովին մասին տեղեկագրութիւն մը նշեց. «Ընկերութեան անդամակցութիւնը պիտի սահմանափակուի առաւելագոյնը 500 անդամի . . . Իւրաքանչիւր անդամ որ կ’ընտրուի պէտք է Ընկերութեան լիաժամ ծառայ մը, կամ Եհովայի վկաներու խումբի [ժողովքի] մը մէջ մասնակի ժամանակով ծառայ մը ըլլայ եւ Տիրոջը հոգին ցուցաբերէ»։
Անկէ ետք, Ընկերութեան վարչականներուն պաշտօնները քուէարկութեամբ պիտի կատարուէին այն անհատներու կողմէ, որոնք լիովին Եհովայի նուիրուած էին, առանց նկատի առնելու Թագաւորութեան գործին յառաջդիմութեան ի նպաստ անոնց նուիրած դրամին քանակը։ Ասիկա Եսայեայ 60։17–ին մէջ նախագուշակուած աստիճանական բարեփոխումներուն հետ ներդաշնակ եղաւ, ուր կը կարդանք. «Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, երկաթի տեղ՝ արծաթ, փայտերու տեղ՝ պղինձ, քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։ Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն»։ «Վերակացուներ»ու եւ «իշխաններ»ու ակնարկում ընելով, այս մարգարէութիւնը կը մատնանշէր Եհովայի ժողովուրդին կազմակերպչական գործընթացներուն մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն։
Կազմակերպութիւնը աստուածպետական հունի մէջ բերելու այս կարեւոր քայլը տեղի ունեցաւ Դանիէլ 8։14–ին մէջ յիշուած «երկու հազար երեք հարիւր օր»ուան վերջաւորութեան։ Այդ ատեն, ‘սրբարանը մաքրուեցաւ’։
Սակայն, 1944–ի յիշատակելի տարեկան ժողովէն ետք, կենսական հարցում մը առկախ մնաց։ Քանի որ Կառավարիչ Մարմինը սերտօրէն բնորոշուած էր Փէնսիլվանիոյ հիմնարկին եօթը անհատներէ բաղկացած վարչական խորհուրդին հետ, ասիկա կը նշանակէ՞ր թէ Կառավարիչ Մարմինը երբեք չէր կրնար եօթը օծեալ Քրիստոնեաներէ աւելի անդամներէ բաղկանալ։ Ասկէ զատ, քանի որ վարչականները հիմնարկին անդամներուն կողմէ կ’ընտրուէին, հիմնարկին անդամնե՞րը կ’ընտրէին Կառավարիչ Մարմինի անդամները
իւրաքանչիւր տարեկան ժողովին։ Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան վարչականներն ու պատասխանատուները, եւ Կառավարիչ Մարմինի անդամները նո՞յն են, թէ ոչ իրարմէ տարբեր են։Անմոռանալի Ուրիշ Տարեկան Ժողով մը
Այս հարցումներուն պատասխանները տրուեցան 1 Հոկտեմբեր 1971–ի տարեկան ժողովին։ Այդ առիթով, դասախօսներէն մէկը նշեց թէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կառավարիչ մարմինը, Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութենէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ գոյութիւն ունէր։ (Մատթէոս 24։45-47) Կառավարիչ մարմին մը կազմուեցաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Փէնսիլվանիոյ հիմնարկին գոյութիւն ունենալէն աւելի քան 18 դարեր առաջ։ Սկիզբը, Կառավարիչ մարմինը կը բաղկանար ո՛չ թէ 7 տղամարդոցմէ, այլ՝ 12 առաքեալներէ։ Բացայայտօրէն, հետագային անոր թիւը աւելցաւ, քանի որ ‘Երուսաղէմի առաքեալներն ու երէցները’ առաջնորդութիւնը կ’առնէին։—Գործք 15։2
1971–ին, նոյն դասախօսը բացատրեց թէ Դիտարանի Ընկերութեան անդամները չէին կրնար օծեալ Կառավարիչ Մարմինին անդամները ընտրել։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Որովհետեւ ‘ծառայ’ դասակարգին կառավարիչ մարմինը ոեւէ մարդու կողմէ չի նշանակուիր։ Անիկա կը նշանակուի . . . Յիսուս Քրիստոսի՝ ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքի Գլուխին եւ ‘հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ’ դասակարգին Տիրոջ միջոցաւ»։ Բացայայտօրէն ուրեմն, որեւէ օրինական հիմնարկի անդամներ չեն կրնար Կառավարիչ Մարմինի անդամներուն պաշտօններուն համար իրենց ձայնը տալ։
Շարունակելով, դասախօսը այս շատ յատկանշական խօսքը ըսաւ. «Կառավարիչ մարմինը Ընկերութեան Վարչական Խորհուրդին նման պաշտօնակալներ չունի, ինչպէս՝ նախագահ, փոխ նախագահ, քարտուղար–գանձապահ եւ քարտուղար–գանձապահի օգնական։ Անիկա միա՛յն ատենապետ մը ունի»։ Երկար տարիներ, Փէնսիլվանիոյ հիմնարկին նախագահը միեւնոյն ատեն Կառավարիչ Մարմինին ամենէն կարկառուն անդամն էր։ Այլեւս այսպէս պիտի չըլլար։ Թէեւ Կառավարիչ Մարմինի անդամները փորձառութեամբ կամ կարողութեամբ հաւասար չեն, սակայն՝ պատասխանատուութեամբ հաւասար պիտի ըլլային։ Դասախօսը աւելցուց. «Ասկէ ետք կառավարիչ մարմինին ոեւէ անդամը կրնայ ատենապետ ըլլալ, առանց միաժամանակ . . . Ընկերութեան նախագահը ըլլալու։ . . . Ասիկա կախեալ է կառավարիչ մարմինին մէջ ատենապետութեան հերթականութենէն»։
1971–ի այդ անմոռանալի տարեկան ժողովին, բացայայտ տարբերութիւն մը դրուեցաւ Կառավարիչ Մարմինին հոգիէն օծուած անդամներուն եւ Փէնսիլվանիոյ հիմնարկին վարչականներուն միջեւ։ Այսուհանդերձ, Կառավարիչ Մարմինի անդամները շարունակեցին ծառայել որպէս Ընկերութեան վարչականներն ու պատասխանատուները։ Սակայն, այսօր, հարցում մը կը ծագի. Սուրբ գրային որեւէ պատճառ կա՞յ թէ Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան վարչականները ինչո՛ւ Կառավարիչ Մարմինի անդամներէն պէտք է ըլլան։
Պատասխանը ո՛չ է։ Փէնսիլվանիոյ հիմնարկը Եհովայի Վկաներու գործածած օրինական միա՛կ հաստատութիւնը չէ։ Ուրիշներ ալ կան։ Անոնցմէ մէկն է՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւնը։ Անիկա Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր գործը կը դիւրացնէ։ Եհովայի օրհնութիւնը բացայայտ եղած է այդ հիմնարկին վրայ, թէեւ անոր վարչականներն ու պատասխանատուները գլխաւորաբար «ուրիշ ոչխարներ»էն եղած են։ Բրիտանիոյ մէջ Աստուածաշունչի Աշակերտներու Միջազգային Ընկերակցութիւնը կը գործածուի։ Օրինական ուրիշ հաստատութիւններ կը գործածուին այլ երկիրներու մէջ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար։ Բոլորն ալ ներդաշնակօրէն կ’աջակցին, եւ համայն աշխարհի մէջ բարի լուրը քարոզելու մէջ դեր մը կը խաղան։ Անոնք ո՛ւր որ ալ գտնուին եւ անոնց վարչականները կամ պատասխանատուները որո՛նք որ ալ ըլլան, այս հաստատութիւնները աստուածպետականօրէն կ’առաջնորդուին եւ կը գործածուին Կառավարիչ Մարմինին կողմէ։ Հետեւաբար, այսպիսի հաստատութիւններ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար կատարելիք պաշտօններ ունին։
Մեզի համար օգտակար է օրինական հաստատութիւններ ունենալ։ Այս կերպով կ’ենթարկուինք տեղւոյն եւ երկրին օրէնքներուն, ինչպէս որ Աստուծոյ Խօսքը կը պահանջէ։ (Երեմեայ 32։11. Հռովմայեցիս 13։1) Օրինական հաստատութիւններ Թագաւորութեան պատգամը տարածելու մեր գործը կը դիւրացնեն, Աստուածաշունչեր, գրքեր, պարբերաթերթեր, գրքոյկներ եւ այլեւայլ նիւթեր տպելով։ Այսպիսի հաստատութիւններ նաեւ կը ծառայեն որպէս օրինական գործիքներ, ստացուածքներու սեփականատիրութեան, շտապ օգնութեան, համաժողովի վայրերու գործածութեան համաձայնագրերու եւ նման հարցեր ձեռք առնելու համար։ Այսպիսի օրինական հաստատութիւններու մատուցանած ծառայութիւններուն համար երախտապարտ ենք։
Եհովայի Անունը Առաջնագոյն Տեղը
1944–ին, Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան իրաւագիծին Բ. Յօդուածը բարեփոխուեցաւ, այս Ընկերութեան նպատակները ընդգծելու համար։ Ըստ իրաւագիծին, Ընկերութեան նպատակները հետեւեալ գլխաւոր նպատակը կը պարփակեն. «Քրիստոս Յիսուսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութեան աւետարանը բոլոր ազգերուն քարոզել, որպէս վկայութիւն՝ Ամենակալ Աստուծոյ՝ ԵՀՈՎԱՅԻ անուան, խօսքին եւ գերակայութեան»։
1926–էն ի վեր, ‘հաւատարիմ ծառան’ Եհովայի անունը առաջնագոյն տեղը դրած է։ Յատկապէս ուշադրութեան արժանի էր 1931–ը, երբ Աստուածաշունչի Աշակերտները Եհովայի Վկաներ անունը որդեգրեցին։ (Եսայեայ 43։10-12) Աստուծոյ անուան վրայ շեշտ դնող Ընկերութեան գրականութիւնները կը պարփակեն հետեւեալ գիրքերը. Եհովա (1934), «Քու Անունդ Սուրբ Ըլլայ» (1961), եւ՝ «Ազգերը Պիտի Գիտնան թէ Ես Եմ Եհովան»—Ի՞նչպէս (1971)։
Մասնայատուկ կերպով պէտք է յիշենք Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը, որ Անգլերէն լեզուով ամբողջութեամբ հրատարակուեցաւ 1960–ին։ Անիկա Եհովայի անունը կը բովանդակէ այն բոլոր տեղերը ուր Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ Քառագիրը կ’երեւնայ։ Այս թարգմանութիւնը նաեւ կը պարփակէ աստուածային անունը Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ 237 տեղ, հո՛ն ուր ուշադիր վերլուծում մը ցոյց տուած է թէ ասիկա ընելը վաւերական է։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովա զանազան կերպերով թոյլ տուած է, որ «ծառան» եւ անոր Կառավարիչ Մարմինը իրենց հրատարակչական միջոցները եւ օրինական հաստատութիւնները գործածեն, համայն աշխարհի մէջ իր անունը ճանչցնելու համար։
Աստուծոյ Խօսքին Բաշխումը կը Քաջալերուի
Եհովայի ժողովուրդը յարատեւաբար Իր անուան մասին վկայած եւ Իր Խօսքը պաշտպանած է, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած միլիոնաւոր գրականութիւններ եւ Աստուածաշունչեր հրատարակելով ու բաշխելով։ 1900–ական թուականներու սկիզբը, Դիտարանի Ընկերութիւնը Պէնճէմին Ուիլսընի Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու՝ Յունարէն–Անգլերէն տողընդմիջեայ հրատարակութեան՝ Տը Էմֆէթիք Տայկլոթ–ի հեղինակային իրաւունք ապահովեց։ Ընկերութիւնը հրատարակեց Գինկ Ճէյմս Թարգմանութեան Աստուածաշունչի Աշակերտներու հրատարակութիւնը, որու մէջ կար 500 էջնոց յաւելուածական մը։ 1942–ին, անիկա Գինկ Ճէյմս Թարգմանութիւն–ը հրատարակեց, լուսանցքի բացատրութիւններով։ Ապա 1944–ին, Ընկերութիւնը սկսաւ 1901–ի Ամէրիքըն Սթէնտըրտ Վըրժըն–ը տպել, որ աստուածային անունը կը գործածէ։ 1972–ին Ընկերութեան հրատարակած Սթիվըն Թ. Պայինկթընի Աստուածաշունչը՝ Արդի Անգլերէնով թարգմանութեանն ալ մէկ երեսակն էր Եհովայի անունը։
Եհովայի Վկաներուն կողմէ գործածուած օրինական հաստատութիւնները Աստուածաշունչի այս բոլոր թարգմանութիւնները տպելու եւ բաշխելու մէջ օժանդակած են։ Ամենէն ուշագրաւը սակայն, Դիտարանի Ընկերութեան եւ Աստուածաշունչի Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան Յանձնախումբը կազմող Եհովայի օծեալ Վկաներու խումբին միջեւ եղող սերտ համագործակցութիւնը եղած է։ Կը հրճուինք որ, մինչեւ օրս, ամբողջութեամբ կամ մասնակի, այս թարգմանութենէն տպուած է աւելի քան 106,400,000 օրինակներ, 38 լեզուներով։ Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւնը իրապէ՛ս Աստուածաշունչի ընկերութիւն մըն է։
‘Հաւատարիմ ծառան իր տիրոջ բոլոր ստացուածքին վրայ նշանակուած է’։ Ասիկա կը պարփակէ Նիւ Եորք Նահանգի կեդրոնատեղիին համալիրները եւ համայն աշխարհի մէջ այժմ գործող 110 մասնաճիւղերը։ Ծառայ դասակարգին անդամները Մատթէոս 25։14-30) Այսուհանդերձ, ասիկա արգելք չի հանդիսանար որ ‘ծառան’ «ուրիշ ոչխարներ»ուն մէջէն որակելի տեսուչներու թոյլ տայ որ օրինական եւ վարչական պատասխանատուութիւններու հոգ տանին։ Իրականութեան մէջ, ասիկա թոյլ կու տայ որ Կառավարիչ Մարմինը «աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով» աւելի պարապի։—Գործք 6։4
գիտեն թէ իրենց վստահուած բաները ի՛նչպէս գործածելու նկատմամբ հաշիւ պիտի տան։ (Այնքան ատեն որ այս աշխարհի պայմանները կը ներեն, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ներկայացնող Կառավարիչ Մարմինը, օրինական հաստատութիւններ պիտի գործածէ։ Ասոնք պիտանի են, սակայն, անհրաժեշտութիւն մը չեն։ Եթէ օրինական հաստատութիւն մը կառավարական հրամանով լուծուի, քարոզչութեան գործը տակաւին կը շարունակուի։ Նոյնիսկ հիմա, այն երկիրներուն մէջ ուր արգելքներ կան եւ օրինական հաստատութիւններ չեն գործածուիր, Թագաւորութեան պատգամը կը ծանուցանուի, անհատներ կ’աշակերտուին, եւ աստուածպետութեան յաւելումը կը շարունակուի։ Ասիկա տեղի կ’ունենայ, քանի որ Եհովայի Վկաները կը ցանեն եւ կը ջրեն, իսկ ‘Աստուած կ’աճեցնէ’։—Ա. Կորնթացիս 3։6, 7
Մինչ ապագային կը նայինք, վստահ ենք որ Եհովա իր ժողովուրդին հոգեւոր եւ նիւթական կարիքներուն հոգ պիտի տանի։ Ինք եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, պիտի շարունակեն Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ամբողջացնելու համար հարկ եղած երկնային առաջնորդութիւնը եւ օգնութիւնը հայթայթել։ Անշուշտ, որպէս Աստուծոյ ծառաներ ի՛նչ որ ալ իրագործենք, անիկա ‘զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա՝ Եհովայի հոգիով’։ (Զաքարեայ 4։6) Հետեւաբար, Աստուծոյ օգնութեան համար կ’աղօթենք, գիտնալով որ Եհովայի հայթայթած զօրութեամբ պիտի կարենանք վերջացնել այն գործը, որ մեզի տուած է որ կատարենք այս վերջին ժամանակին մէջ։