Մասնայատուկ ծանուցում մը
Մասնայատուկ ծանուցում մը
ՓԷՆՍԻԼՎԱՆԻՈՅ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան 7 Հոկտեմբեր 2000–ի տարեկան ժողովի աւարտին, Կառավարիչ Մարմինի ատենապետը՝ Եղբայր Ճոն Ի. Պառ, մասնայատուկ ծանուցում մը ըրաւ։ Այս ծանուցումը հիմնուած էր նոյն օրը Թէօտոր Ճէրըսի եւ Տանիէլ Սիտլիքի կողմէ նախապէս ներկայացուած դասախօսութիւններուն վրայ։—Տես՝ այս պարբերաթերթին էջ 12-16–ը եւ 28-31–ը։
Շատ յատկանշական կէտ մը յիշելով, Եղբայր Պառ ըսաւ. «‘Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային’ եւ իր Կառավարիչ Մարմինին շա՛տ աւելի վեհ եւ համապարփակ շահեր վստահուած են, քան ինչ որ շնորհուած է օրինական հիմնարկներու։ Այս օրինական հիմնարկներէն իւրաքանչիւրին իրաւագիծին մէջ հարցեր կան, որոնց գործունէութեան շրջանակը սահմանափակ է։ Սակայն, մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, հաւատարիմ ծառայ դասակարգը նշանակած է իր բոլոր ‘ունեցածին’ կամ՝ երկրի վրայ Թագաւորութեան շահերուն վրայ»։—Մատթէոս 24։45-47
Փէնսիլվանիոյ հիմնարկին մասին խօսելով, Եղբայր Պառ աւելցուց. «1884–ին անոր հիմնուելէն ի վեր, Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւնը մեր արդի պատմութեան մէջ կարեւոր դեր մը խաղցած է։ Այսուհանդերձ, անիկա պարզապէս օրինական գործիք մըն է, որ անհրաժեշտութեան պարագային կը գործածուի ‘հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային’ կողմէ»։
Եղբայր Սիտլիք եւ Ճէրըս իրենց դասախօսութիւններուն մէջ բացատրեցին թէ, Տիրոջ երկրային բոլոր ստացուածքը «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին վստահուած ըլլալը, արգելք չէ որ ծառայ դասակարգը «ուրիշ ոչխարներ»էն որակելի տղամարդոց թոյլ տայ որ կարգ մը սովորական վարչական պատասխանատուութիւններու հոգ տանին։ (Յովհաննու 10։16) Ո՛չ ալ սուրբ գրային որեւէ պատճառ կայ պահանջելու որ Եհովայի Վկաներուն գործածած օրինական հաստատութիւններուն վարչութեան բոլո՛ր անդամները կամ անոնցմէ ոմանք, օծեալ Քրիստոնեաներէն ըլլան։
Եղբայր Պառ ներկաներուն ըսաւ, թէ Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի կարգ մը անդամներ, որոնք որպէս վարչականներ կամ պատասխանատու կը ծառայէին, վերջերս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին Միացեալ Նահանգներու մէջ գործածած բոլոր հիմնարկներուն վարչական խորհուրդներէն յօժարակամօրէն հրաժարեցան։ Զանոնք փոխարինելու համար ուրիշ ոչխարներէն վստահելի եղբայրներ ընտրուեցան։
Այս որոշումը իրապէս օգտակար է։ Անիկա թոյլ կու տայ որ Կառավարիչ Մարմինի անդամները հոգեւոր սնունդ պատրաստելու եւ համաշխարհային եղբայրակցութեան հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանելու համար աւելի ժամանակ յատկացնեն։
Եզրափակելով՝ ատենապետը իր ուրախ հանդիսականներուն ըսաւ. «Թէեւ զանազան օրինական եւ վարչական պարտականութիւններ նշանակուած են փորձառու տեսուչներու, . . . սակայն բոլորն ալ կը ծառայեն Կառավարիչ Մարմինին հոգեւոր առաջնորդութեան ներքեւ։ . . . Բոլորս ալ Եհովայի կ’աղօթենք որ իր կամքը կատարելու համար մեր միակամ ջանքերուն վրայ իր օրհնութիւնը տայ, իր մեծ անուան փառքին եւ փառաբանութեան համար»։