Ակնոցավաճառ մը սերմ մը կը ցանէ
Ակնոցավաճառ մը սերմ մը կը ցանէ
Ուգրանիոյ Լվիֆ քաղաքին մէջ ապրող ակնոցավաճառի մը ջանքերը ի՞նչ առնչութիւն ունին, շուրջ 2,000 քիլոմեթր հեռու ու քանի մը երկիր անդին գտնուող Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին մէջ Եհովայի Վկաներու ռուսախօս ժողովքի մը կազմուելուն հետ։ Ասիկա իրական պատմութիւն մըն է, որ կը հաստատէ Ժողովողի 11։6–ին մէջ Աստուածաշունչին ըսածը. «Առտուն քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ»։
ՄԵՐ պատմութիւնը կը սկսի 1990–ին, երբ ծագումով Հրեայ երիտասարդուհի մը՝ Էլլան, կ’ապրէր Լվիֆի մէջ։ Էլլա եւ իր ընտանիքը Իսրայէլ գաղթելու կը պատրաստուէին։ Իրենց մեկնումէն քիչ առաջ, Էլլա ժամադրութիւն մը ունէր ակնոցավաճառի մը հետ, որ Եհովայի Վկայ մըն էր։ Այն ժամանակ, Ուգրանիոյ մէջ Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնը արգիլուած էր։ Այսուհանդերձ, ակնոցավաճառը Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իր հաւատալիքները Էլլայի հետ բաժնելու նախաձեռնութիւնը առաւ։ Ան անակնկալի բերաւ Էլլան,
երբ ըսաւ թէ Աստուած անձնական անուն մը ունի։ Ասիկա Էլլայի հետաքրքրութիւնը արթնցուց, եւ սուրբ գրային հոյակապ խօսակցութեան մը ծայր տուաւ։Այս խօսակցութիւնը ա՛յնքան հաճոյք պատճառեց Էլլայի, որ ան խնդրեց յաջորդ շաբաթ, նաեւ անոր յաջորդող շաբաթը դարձեալ խօսակցիլ։ Անոր հետաքրքրութիւնը կը մեծնար, սակայն խնդիր մը կար։ Իր ընտանիքին հետ Իսրայէլ գաղթելու ժամանակը արագօրէն կը մօտենար։ Էլլան տակաւին շատ բան ունէր սորվելիք։ Որպէսզի մնացեալ ժամանակէն լաւագոյնս օգտուէր, ան խնդրեց որ մինչեւ իր մեկնիլը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ամէն օր ընեն։ Թէեւ Էլլան Իսրայէլ հասածին պէս իր ուսումնասիրութիւնը չվերսկսաւ, սակայն, ճշմարտութեան սերմը իր սրտին մէջ արմատ կապած էր։ Այդ տարուան վերջաւորութեան, ան վերսկսաւ Աստուածաշունչը լրջօրէն ուսումնասիրել։
Պարսից Ծոցի մէջ պատերազմ ծագեցաւ եւ Իրաք սկսաւ Իսրայէլը ռմբակոծել։ Ամբողջ խօսակցութիւնը յաճախ ասոր շուրջ կը դառնար։ Օր մը, հանրախանութի մը մէջ, Էլլա պատահմամբ ռուսախօս ընտանիքի մը խօսակցութիւնը լսեց. որոնք նոր գաղթած էին։ Թէեւ ինք տակաւին Աստուածաշունչը ուսումնասիրող մըն էր, բայց Էլլան այդ ընտանիքին մօտեցաւ եւ անոնց հետ խաղաղ աշխարհի մը մասին Աստուածաշունչի խոստումը բաժնեց։ Որպէս արդիւնք, մեծ մայրը՝ Կալինան, մայրը՝ Նաթաշան, տղան՝ Սաշան (Էրիյըլ), եւ դուստրը՝ Իլանան, բոլորն ալ Էլլային Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միացան։
Ի հեճուկս շատ մը դժուարութիւններու, Սաշան ընտանիքի առաջին անդամն էր որ մկրտուեցաւ։ Թէեւ պատուոյ ցանկին արժանացած աշակերտ մըն էր, ան դպրոցէն վտարուեցաւ, քանի որ իր քրիստոնէական խղճմտանքը թոյլ չէր տար որ զինուորական պատրաստութեան մարզում ստանար, որ դպրոցի կրթական ծրագրին պահանջներէն մէկն էր։ (Եսայեայ 2։2-4) Սաշայի հարցը Երուսաղէմի մէջ գտնուող Իսրայէլի Բարձրագոյն Ատեանին հասաւ, որ հիանալով իր վրայ, պատուէր տուաւ որ Սաշա դպրոց վերադառնայ եւ իր կրթական տարեշրջանը աւարտէ։ Այս դատը համայն երկրի տարածքին աղմուկ հանեց։ Հետեւաբար, Իսրայելացիներէն շատեր Եհովայի Վկաներու հաւատալիքներուն մասին տեղեկացան։ *
Երկրորդականէն վկայուելէն ետք, Սաշան Եհովայի Վկաներու լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեց։ Ներկայիս, ան կը ծառայէ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ ու ժողովքի երէց։ Իր քոյրը՝ Իլանան, լիաժամ ծառայութեան մէջ անոր միացաւ։ Անոնց մայրը եւ մեծ մայրը մկրտուած Վկաներ են։ Ակնոցավաճառին ցանած սերմը տակաւին կը շարունակէր պտուղ տալ։
Մինչ այդ, Էլլան շարունակեց հոգեւորապէս յառաջդիմել եւ շատ չանցած տունէ տուն սկսաւ քարոզել։ Երբ Էլլա իր առաջին դուռը զարկաւ, ան հանդիպեցաւ Ֆայնային՝ որ տակաւին վերջերս եկած էր Ուգրանիայէն։ Ֆայնան յուսալքումէ կը տառապէր։ Հետագային Էլլան տեղեկացաւ թէ Ֆայնային դուռը զարնելէն քիչ առաջ, այս ընկճուած կինը Աստուծոյ աղօթած էր, ըսելով. «Չեմ գիտեր թէ դուն ով ես, բայց եթէ զիս կը լսես, օգնէ՛ ինծի»։ Ան եւ Էլլան ոգեւորիչ խօսակցութիւն մը ունեցան։ Ֆայնա բազմաթիւ հարցումներ հարցուց եւ ուշադրութեամբ նկատի առաւ իրեն տրուած պատասխանները։ Ժամանակ մը ետք, ան համոզուեցաւ թէ Եհովայի Վկաները ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն Աստուածաշունչէն։ Ան իր համալսարանական դասընթացքներու յայտագիրը վերաճշդումի ենթարկեց, որպէսզի կարենար ժողովքին հետ եւ քարոզչութեան մէջ աւելի ժամանակ անցընել։ Մայիս 1994–ին, Ֆայնան մկրտուեցաւ։ Ան ալ ռահվիրայական ծառայութեան ձեռնարկեց եւ իր ապրուստը հոգալու համար համակարգիչի
մարզին մէջ մասնակի ժամանակով գործ մը գտաւ։Նոյեմբեր 1994–ին, մինչ քարոզչութեան գործով զբաղած էր, Էլլան յանկարծ շատ անհանգիստ զգաց։ Ան հիւանդանոց գնաց, ուր քննութիւնները ի յայտ բերին որ աղիքային արիւնահոս խոց մը ունէր։ Իրիկուան դէմ Էլլայի հեմոգլոբինի քանակը 7.2–ի իջած էր։ Էլլայի ժողովքէն երէց մը՝ Հիւանդանոցի Յարակցութեան տեղական Յանձնախումբի (HLC) ատենապետը, բժիշկներուն տեղեկութիւն հայթայթեց արեան գործածութիւն չպահանջող բժշկական շատ մը գործելակերպերու մասին։ * Վիրաբուժութիւնը առանց արիւնի յաջողութեամբ կատարուեցաւ, իսկ Էլլան լիովին ապաքինեցաւ։—Գործք 15։28, 29
Ասիկա շատ տպաւորեց Էլլային կնախտաբոյժը՝ Գարլը, որ Հրեայ ծագումով Գերմանացի մըն է։ Ան մտաբերեց թէ ողջակիզութենէն վերապրած իր ծնողքը, Եհովայի Վկաներուն ծանօթացած էր կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ։ Գարլ բազմաթիւ հարցումներ հարցուց։ Թէեւ չափազանց զբաղած էր իր բժշկական ասպարէզով, սակայն Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեան համար ժամանակ տրամադրեց։ Յաջորդ տարի, ան սկսաւ քրիստոնէական շաբաթական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։
Ակնոցավաճառին ցանած սերմը ի՞նչ արդիւնքներ տուաւ։ Արդէն տեսանք թէ ինչ պատահեցաւ Սաշայի եւ իր ընտանիքին։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Էլլայի, ան մասնաւոր ռահվիրայ մըն է։ Իր աղջիկը՝ Էյնան, որ երկրորդականը նոր աւարտեց, կը ծրագրէ ռահվիրայութեան ասպարէզին մէջ նետուիլ։ Ֆայնա ալ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ կը ծառայէ։ Իսկ Գարլ՝ Էլլայի կնախտաբոյժը, այժմ մկրտուած Վկայ մը եւ օգնական ծառայ մըն է, եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան բուժիչ զօրութիւնը կը բաժնէ իր հիւանդներուն եւ այլ մարդոց հետ։
Ռուսախօս գաղթականներու պզտիկ խումբը, որ սկիզբը Հայֆայի Եբրայախօս Ժողովքին մէկ մասն էր, այժմ աւելի քան 120 Թագաւորութեան հրատարակիչներէ բաղկացած նախանձախնդիր ռուսախօս ժողովք մը դարձած է։ Այս յաւելումը մասամբ արդիւնքն է այն իրողութեան թէ՝ Լվիֆի մէջ ակնոցավաճառ մը սերմ մը ցանելու պատեհութիւնը օգտագործեց։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 6 Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, տես՝ Զարթի՛ր 8 Նոյեմբեր 1994, էջ 12-15։
^ պարբ. 9 ՀՅՅ–ները համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաները կը ներկայացնեն եւ հիւանդին ու հիւանդանոցի անձնակազմին միջեւ հաղորդակցութեան կը նպաստեն։ Անոնք նաեւ տեղեկութիւններ կը հայթայթեն բժշկական խնամքի տարբերակներու մասին, հիմնուելով՝ բժշկական վերջին հետազօտութիւններուն վրայ։
[Քարտէս՝ էջ 29]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
ՈՒԳՐԱՆԻԱ
ԻՍՐԱՅԷԼ
[Նկարին աղբիւրը]
Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.
[Նկարներ՝ էջ 30]
Էլլա եւ իր աղջիկը Էյնա
[Նկար՝ էջ 31]
Ռուսախօս Վկաներու ուրախ խումբ մը Հայֆայի մէջ։ Ձախէն աջ. Սաշա, Իլանա, Նաթաշա, Կալինա, Ֆայնա, Էլլա, Էյնա եւ Գարլ