Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծառայեցի հո՛ն՝ ուր հարկաւոր էի

Ծառայեցի հո՛ն՝ ուր հարկաւոր էի

Կենսագրութիւն

Ծառայեցի հո՛ն՝ ուր հարկաւոր էի

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՃԷՅՄՍ Պ. ՊԷՐԻ–Ի ԿՈՂՄԷ

Թուականը՝ 1939–ն էր։ Տնտեսական Մեծ Ձախորդութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքը դժուարացուցած էր, իսկ ամբողջ Եւրոպայի մէջ մօտալուտ պատերազմի մը վախը կար։ Պզտիկ եղբայրս Պէնէթը եւ ես գործ գտնելու նպատակով, Միսիսիփիի մեր տունը ձգելով Հիուսթըն, Թէքսաս, ճամբորդած էինք։

ԱՄՐԱՆ վերջաւորութեան, օր մը շշմեցուցիչ ծանուցում մը լսեցինք ձայնասփիւռէն. Հիթլէրի բանակները Լեհաստան ներխուժած էին։ Եղբայրս բացագանչեց. «Արմագեդոնը սկսաւ»։ Անմիջապէս մեր գործէն հրաժարեցանք։ Ամենամօտ Թագաւորութեան Սրահը գացինք եւ մեր առաջին ժողովին ներկայ գտնուեցանք։ Ինչո՞ւ Թագաւորութեան Սրահ մը։ Թոյլ տուէք որ սկիզբէն սկսիմ։

1915–ին ծնած եմ Քեբրոնի մէջ, Միսիսիփի։ Գիւղական շրջանի մը մէջ կ’ապրէինք։ Աստուածաշունչի Աշակերտները, ինչպէս Եհովայի Վկաները կը կոչուէին այն ժամանակ, գրեթէ տարին անգամ մը մեր շրջանը կու գային եւ մէկու մը տան մէջ դասախօսութիւն մը կու տային։ Այս կերպով է որ ծնողքս Աստուածաշունչի գրականութիւններէն շատերը ունէր։ Պէնէթը եւ ես այս գրքերուն սորվեցուցած բաներուն սկսանք հաւատալ. Դժոխքը տաք վայր մը չէ, հոգին կը մեռնի, արդարները երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին։ Սակայն, տակաւին սորվելիք շատ բան կար։ Դպրոցը աւարտելէս ատեն մը ետք, եղբայրս եւ ես գործ գտնելու համար Թէքսաս ուղղուեցանք։

Երբ ի վերջոյ Թագաւորութեան Սրահին մէջ Վկաներուն հետ շփման մէջ եկանք, անոնք ուզեցին գիտնալ թէ ռահվիրանե՞ր էինք։ Գաղափար իսկ չունէինք որ ռահվիրայ մը Եհովայի Վկաներու լիաժամ քարոզիչ մըն էր։ Ապա մեզի հարցուցին թէ կը փափաքէի՞նք քարոզել։ «Անշո՛ւշտ»՝ պատասխանեցինք։ Կարծեցինք որ մեզի հետ մէկը պիտի ղրկէին, որպէսզի մեզի սորվեցնէր թէ ի՛նչպէս պիտի ընէինք։ Ընդհակառակը, մեզի պարզապէս թաղամասի քարտէս մը տուին եւ ըսին, «Հո՛ս աշխատեցէք»։ Ես եւ Պէնէթը քարոզչութեան մասին ոչինչ գիտէինք, իսկ շփոթութեան մատնուած ըլլալու գաղափարը չէինք սիրեր։ Ի վերջոյ, թաղամասի քարտը նամակատուփի մը մէջ նետեցինք ու Միսիսիփի վերադարձանք։

Ճշմարտութիւնը Սեփականացուցինք

Տուն վերադառնալէ ետք գրեթէ տարի մը, ամէն օր Վկաներուն գրականութիւնները կարդացինք։ Մեր տունը ելեկտրականութիւն չկար, ուստի գիշերը խարոյկին լոյսովը կը կարդայինք։ Այդ օրերուն, գօտիի ծառաներ՝ կամ ճամբորդող տեսուչներ, Եհովայի Վկաներու ժողովքները եւ մեկուսացած Վկաներուն կ’այցելէին, զանոնք հոգեւորապէս զօրացնելու համար։ Այս ծառաներէն մէկը՝ Թէտ Գլայնը, մեր ժողովքը այցելեց եւ Պէնէթի ու ինծի հետ դռնէ դուռ ծառայութեան ելաւ, յաճախ երկուքս միասին իր հետ տանելով։ Ան ռահվիրայութեան գործին ի՛նչ ըլլալը բացատրեց մեզի։

Իր ընկերակցութիւնը մեզ մղեց որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ աւելին ընելու մասին մտածենք։ Հետեւաբար, 18 Ապրիլ 1940–ին, Եղբայր Գլայն մկրտեց Պէնէթը, քոյրս՝ Վելվան եւ զիս։ Ծնողքս մեր մկրտութեան ներկայ էր եւ ուրախ՝ մեր որոշումին համար։ Շուրջ երկու տարի ետք, իրենք ալ մկրտուեցան։ Երկուքն ալ Աստուծոյ հաւատարիմ մնացին մինչեւ իրենց մահը. Հայրս՝ 1956–ին, իսկ մայրս՝ 1975–ին։

Երբ Եղբայր Գլայն ինծի հարցուց թէ կրնայի՞ ռահվիրայ ըլլալ, իրեն ըսի թէ կը փափաքէի ըլլալ, բայց բա՛ն մը չունէի, ո՛չ դրամ՝ ոչ ալ հագուստ։ Ան ըսաւ. «Խնդիր չէ, ես անիկա կը կարգադրեմ»։ Այդպէս ալ ըրաւ։ Նախ իմ ռահվիրայութեան դիմումնագիրս ղրկեց։ Ապա զիս տարաւ շուրջ 300 քիլոմեթր հեռուն գտնուող Նիու Օրլիընզ, եւ ինծի ցոյց տուաւ Թագաւորութեան Սրահի մը վերեւը գտնուող քանի մը գեղեցիկ յարկաբաժիններ։ Անոնք ռահվիրաներուն համար էին։ Շատ չանցած հոն փոխադրուեցայ եւ ռահվիրայական ասպարէզիս սկսայ։ Նիու Օրլիընզի Վկաները ռահվիրաներուն կ’օգնէին, անոնց հագուստ, դրամ եւ ուտելիք տալով։ Օրուան մէջ, եղբայրները մեզի ուտելիք կը բերէին եւ զայն դրան առջեւ կամ նոյնիսկ սառնարանը կը դնէին։ Մօտակայքը ճաշարան ունեցող եղբայր մը, մեզ կը հրաւիրէր որ գոցելու ժամուն միշտ երթայինք եւ օրուան վերջաւորութեան աւելցած թարմ ուտելիքները առնէինք, ինչպէս՝ միս, հաց, չիլի գոն գարնի եւ կարկանդակ։

Խուժանային Բռնութիւն Դիմագրաւել

Ժամանակ մը ետք ռահվիրայ նշանակուեցայ Ճէքսըն, Միսիսիփի։ Հոն, երիտասարդ ընկերակիցս եւ ես խուժանային բռնարարքներու հանդիպեցանք, եւ այնպէս կը թուէր որ տեղւոյն իշխանութեան գործակալները այդ խուժաններուն թիկունք կը կանգնէին։ Նոյնն էր պարագան մեր յաջորդ նշանակումին՝ Գոլըմպըս, Միսիսիփիի մէջ։ Քանի որ ամէն ցեղի ու ազգութեան պատկանող անհատներու կը քարոզէինք, կարգ մը ճերմակամորթներ մեզ կ’ատէին։ Շատեր այն գաղափարը ունէին թէ մենք խռովարարներ էինք։ Շատ հայրենասէր կազմակերպութեան մը՝ Ամերիկեան Լեգէոնի զօրակայանին հրամանատարը, այդ տեսակէտը ունէր։ Շատ անգամ ան զայրացած խուժանը հրահրեց որ մեր վրայ յարձակի։

Առաջին անգամ որ Գոլըմպըսի մէջ մեր վրայ յարձակում գործուեցաւ, խուժան մը մեր ետեւէն հասաւ, մինչ մենք փողոցին մէջ պարբերաթերթեր կը ներկայացնէինք։ Անոնք մեզ խանութի մը ապակիին վրայ շպրտեցին։ Բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ տեսնելու համար թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենար։ Շուտով ոստիկանութիւնը հասաւ եւ մեզ դատարան տարաւ։ Խուժանը մեզի հետեւեցաւ մինչեւ դատարան, ուր կառավարական բոլոր պաշտօնեաներուն առջեւ յայտարարեց թէ, եթէ որոշ թուականէ մը առաջ քաղաքէն դուրս ելլէինք, կրնայինք ո՛ղջ դուրս գալ, իսկ այդ թուականէն ետք՝ մեռա՛ծ։ Խորհեցանք որ նախընտրելի էր ժամանակաւորապէս քաղաքէն հեռանալ։ Բայց քանի մը շաբաթ ետք, վերադարձանք եւ քարոզչութիւնը շարունակեցինք։

Անկէ կարճ ժամանակ ետք, ութ տղամարդիկ մեր վրայ յարձակեցան եւ մեզ բռնի իրենց երկու ինքնաշարժներուն մէջ մտցուցին։ Մեզի անտառ տարին, ուր մեզ մերկացուցին եւ գօտիս գործածելով իւրաքանչիւրիս 30 հարուած տուին։ Անոնք զէնքեր եւ նոյնիսկ պարաններ ունէին, եւ կ’ուզեմ խոստովանիլ թէ երկուքս ալ իրապէս վախցանք։ Խորհեցայ թէ մեզ պիտի կապէին ու գետը նետէին։ Անոնք մեր գրականութիւնները պատռեցին եւ նոյնիսկ մեր ֆոնոկրաֆ–ը ծառի մը կոճղին զարնելով ջարդուփշուր ըրին։

Մեզ խարազանելէ ետք, ըսին որ մեր հագուստները հագնինք եւ անտառի արահետներէն մէկուն մէջէն քալենք, առանց ետեւ նայելու։ Մինչ կը քալէինք, իրապէս խորհեցանք որ եթէ համարձակէինք ետեւ դառնալ, մեր վրայ պիտի կրակէին ու մեզ սպաննէին, ու անպատիժ պիտի մնային։ Սակայն, քանի մը վայրկեան ետք լսեցինք, որ ինքնաշարժներով մեկնեցան։

Ուրիշ առիթով մը, զայրացած ամբոխ մը մեզ հալածեց, եւ անոնցմէ փախչելու համար ստիպուեցանք մեր հագուստները մեր վիզին շուրջ փաթթել եւ լողալով գետէ մը անցնիլ։ Այս դէպքէն կարճ ժամանակ ետք ձերբակալուեցանք խռովարարութեան ամբաստանութեամբ։ Մինչեւ դատավարութիւն՝ երեք շաբաթ բանտին մէջ մնացինք։ Այս միջադէպը Գոլըմպըսի մէջ մեծ աղմուկ հանեց։ Մօտակայ համալսարանի մը աշակերտները դատավարութեան ներկայ գտնուելու համար, նոյնիսկ արտօնութիւն ստացան իրենց դասարանները կանուխ ձգելու։ Երբ օրը հասաւ, դատարանը բերնէ բերան լեցուն էր, միայն ոտքի կայնելու տեղ կար։ Պետութեան վկաներուն մէջ կային, երկու քարոզիչներ, քաղաքապետը եւ ոստիկանութիւնը։

Կ. Ս. Գլարք անունով Վկայ փաստաբան մը եւ իր ընկերակիցը ղրկուեցան որպէսզի դատին մեզ ներկայացնեն։ Անոնք խնդրեցին որ ապացոյցներու չգոյութեան պատճառաւ, մեզի դէմ ուղղուած խռովարարութեան ամբաստանութիւնները չեղեալ համարուին։ Թէեւ Եղբայր Գլարքին հետ գործակցող փաստաբանը Եհովայի Վկայ մը չէր, սակայն ան մեզի ի նպաստ զօրաւոր պատճառաբանութիւններ գործածեց։ Առիթով մը ան դատաւորին ըսաւ. «Մարդիկ կ’ըսեն թէ Եհովայի Վկաները խե՛նթ են։ Խե՞նթ։ Թոմաս Էտիսընին համար ալ ըսուած էր որ խե՛նթ էր»։ Ապա պատէն կախուած լոյսի մը մատնանշելով ըսաւ. «Բայց, նայեցէ՛ք այդ ելեկտրական լամբին»։ Ելեկտրական լամբը հնարող Էտիսընը թերեւս ոմանց կողմէ խենթ նկատուեցաւ, բայց ո՛չ ոք կրցաւ իր իրագործումները հերքել։

Վկայութիւնները լսելէ ետք, շրջանի դատարանին վերակացու դատաւորը դատախազին դառնալով ըսաւ. «Խռովարարութեան ապացոյցի նշո՛յլն իսկ չունիս. իսկ ասոնք այս գործը ընելու իրաւունք ունին։ Մինչեւ որ ապացոյցներ չունենաս՝ զանոնք այս դատարանը չբերե՛ս, իսկ Պետութեան ժամանակն ու դրամը, ինչպէս նաեւ ի՛մ ժամանակս մի՛ վատներ»։ Յաղթանա՛կ տարինք։

Սակայն ետքը, դատաւորը մեզ իր գրասենեակը կանչեց։ Ան գիտէր թէ ամբողջ գիւղաքաղաքը իր որոշումին հակառակ էր։ Ուստի մեզ զգուշացուց, ըսելով. «Ի՛նչ որ ըսի օրէնքին համաձայն էր, բայց ձեզի անձնապէս հետեւեալ խրատը կու տամ. Ասկէ մեկնեցէ՛ք, այլապէս՝ ձեզ պիտի սպաննե՛ն»։ Գիտէինք որ ան իրաւունք ունէր, հետեւաբար, գիւղաքաղաքէն հեռացանք։

Անկէ ելլելով Պէնէթի եւ Վելվայի միացայ, որոնք Գլարքսվիլի մէջ, Թէնըսի, կը ծառայէին որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Քանի մը ամիս ետք, Փարիզ, Գընթագի նշանակուեցանք։ Մէկուկէս տարի ետք, երբ ժողովք մը կազմելու վրայ էինք, ես ու Պէնէթը շատ մասնայատուկ հրաւէր մը ստացանք։

Դէպի Միսիոնարական Ծառայութիւն

Երբ՝ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին երկրորդ դասարանին մաս կազմելու հրաւէրը տեսանք, մենք մեզի ըսինք. ‘Սխալած ըլլալու են։ Ինչո՞ւ երկու համեստ Միսիսիփիցի երիտասարդներ պիտի հրաւիրեն այդ դպրոցը’։ Կը խորհէինք թէ անոնք ուսեալ մարդիկ կ’ուզէին, բայց եւ այնպէս գացինք։ Դասարանին մէջ 100 աշակերտ կար, իսկ դասընթացքը հինգ ամիս տեւեց։ Շրջանաւարտութիւնը 31 Յունուար 1944–ին էր եւ մենք օտար դաշտի մը մէջ ծառայելու անհամբեր էինք։ Սակայն, այդ օրերուն անցագիր եւ արտօնագիր ձեռք ձգելը շատ ժամանակ կ’առնէր, ուստի աշակերտները ժամանակաւորապէս Միացեալ Նահանգներուն մէջ ռահվիրայութիւն կ’ընէին։ Ժամանակ մը Ալապամայի եւ Ճորճիայի մէջ ռահվիրայութիւն ընելէ ետք, ի վերջոյ Պէնէթը ու ես նշանակումը ստացանք՝ Պարպատոս, Արեւմտեան Ինտիներ։

Բ. Աշխարհամարտը իր ընթացքին մէջ էր, իսկ Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնն ու գրականութիւնները արգելքի տակ դրուած էին շատ մը երկիրներու՝ ի ներառեալ Պարպատոսի մէջ։ Երբ մաքսատուն հասանք, պաշտօնեաները մեր պայուսակները բացին ու խուզարկեցին, եւ անոնց մէջ մեր պահած գրականութիւնները գտան։ Մեր մտքէն ըսինք. ‘Վերջացա՛նք’։ Ընդհակառակը, ոստիկաններէն մէկը պարզապէս մեզի ըսաւ. «Կը ներէք որ ձեր պայուսակները խուզարկեցինք. այս գրականութիւններէն ոմանք Պարպատոսի մէջ արգիլուած են»։ Այսուհանդերձ, ան արտօնութիւն տուաւ որ մեր բերած բոլո՛ր գրականութիւնները մեր հետ տանինք։ Հետագային, երբ կառավարական պաշտօնեաներու վկայեցինք, անոնք ըսին որ չէին գիտեր թէ մեր գրականութիւններ ինչո՛ւ արգիլուած էին։ Քանի մը ամիս ետք, արգելքը վերցուեցաւ։

Պարպատոսի մէջ մեր ծառայութիւնը շատ յաջող էր։ Իւրաքանչիւրս առնուազն 15 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէինք, եւ աշակերտներէն շատեր հոգեւորապէս յառաջդիմեցին։ Ուրախացանք երբ անոնցմէ ոմանք սկսան ժողովներու գալ։ Սակայն, քանի որ որոշ ատեն գրականութիւնները արգիլուած էին, եղբայրները ժողովները ի՛նչպէս վարելու մասին ընթացիկ հասկացողութիւն չունէին։ Շուտով կրցանք կարգ մը կարող եղբայրներ մարզել։ Ուրախութիւնը ունեցանք մեր աշակերտներէն շատերուն օգնելու որ քրիստոնէական ծառայութեան ձեռնարկեն, նաեւ՝ հրճուեցանք ժողովքին աճումը տեսնելով։

Ընտանիք Մեծցնել

Պարպատոսի մէջ շուրջ 18 ամիս ծառայելէ ետք, վիրաբուժութեան կարիքը ունեցայ եւ ստիպուեցայ Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ։ Մինչ հոն էի, ամուսնացայ Տորոթի անունով Վկայի մը հետ, որու հետ արդէն կը թղթակցէի։ Ապա կինս ու ես Թալահասիի մէջ, Ֆլորիտա, ռահվիրայութիւն ըրինք, բայց վեց ամիս ետք՝ Լուիզվիլ, Գընթագի, փոխադրուեցանք, ուր Վկայ մը ինծի գործ առաջարկած էր։ Եղբայրս՝ Պէնէթը՝ Պարպատոսի մէջ իր ծառայութիւնը երկար տարիներ շարունակեց։ Հետագային, ան միսիոնարուհիի մը հետ ամուսնացաւ եւ կղզիներուն մէջ ծառայեց որպէս ճամբորդող տեսուչ։ Ի վերջոյ, առողջական պատճառներով անոնք ստիպուեցան Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ։ Անոնք ուղեւորութեան գործին մէջ շարունակեցին ծառայել սպանախօս ժողովքներուն, մինչեւ 1990՝ Պէնէթի մահը՝ 73 տարեկանին։

1950–ին, Տորոթին ծնունդ տուաւ մեր անդրանիկ աղջկան՝ Տարիլին։ Ընդամէնը հինգ զաւակ ունեցանք։ Մեր երկրորդ զաւակը՝ Տէրիքը, երկուքուկէս տարեկանին ողնատապէ մահացաւ։ Սակայն, անկէ ետք ծնաւ Լեսլին 1956–ին, ապա անոր յաջորդեց՝ Էվերէթը, 1958–ին։ Տորոթին եւ ես ջանացինք մեր զաւակները Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ճամբուն մէջ մեծցնել։ Միշտ ջանացինք Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան շաբաթական յայտագիր մը ունենալ եւ զայն մեր բոլոր զաւակներուն համար հետաքրքրական դարձնել։ Երբ Տարիլը, Լեսլին եւ Էվերէթը տակաւին փոքր էին, ամէն շաբաթ անոնց հարցումներ կու տայինք որ պրպտեն եւ յաջորդ շաբաթ պատասխանեն։ Անոնք նաեւ տունէ տուն քարոզել կը խաղային։ Անոնցմէ մէկը պահարանին մէջ կը մտնէր եւ տանտիրուհի մը ըլլալ կը ձեւացնէր։ Միւսը դուրսը կը կայնէր եւ դուռը կը զարնէր։ Անոնք զաւեշտական արտայայտութիւններ կը գործածէին զիրար վախցնելու համար, բայց ասիկա անոնց օգնեց որ քարոզչութեան հանդէպ սէր զարգացնեն։ Մենք ալ անոնց հետ կանոնաւորաբար կը քարոզէինք։

Երբ մեր վերջին մանչը՝ Էլթընը ծնաւ 1973–ին, Տորոթի գրեթէ 50 տարեկան էր, իսկ ես՝ 60։ Ժողովքին մէջ մեզ Աբրահամ եւ Սառա կ’անուանէին։ (Ծննդոց 17։15-17) Մեր մեծ մանչերը յաճախ Էլթընը իրենց հետ ծառայութեան կը տանէին։ Կը զգայինք թէ մարդոց համար ազդու վկայութիւն մըն էր տեսնել ընտանիքներ՝ եղբայրներ ու քոյրեր, ծնողներ ու զաւակներ, միասնաբար կը քարոզեն եւ ուրիշներու հետ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները կը բաժնեն։ Էլթընի մեծ եղբայրները զինք կարգով իրենց ուսերուն վրայ կը շալկէին եւ անոր ձեռքը սուրբ գրային թերթիկ մը կը դնէին։ Երբ մարդիկ դուռը բանային եւ տեսնէին այս սիրուն փոքրիկը նստած իր մեծ եղբօր ուսերուն վրայ, գրեթէ միշտ մտիկ կ’ընէին։ Տղաքը Էլթընին սորվեցուցին որ խօսակցութիւնը լրանալէ ետք, թերթիկը անհատին տար եւ մի քանի բառ ըսէր։ Էլթընը այս կերպով սկսաւ քարոզել։

Տարիներու ընթացքին, կրցանք շատերուն օգնել որ Եհովան ճանչնան։ 1970–ական տարիներու վերջաւորութեան, Լուիզվիլէն փոխադրուեցանք Շելպիվիլ, Գընթագի, ծառայելու համար կարիք ունեցող ժողովքի մը մէջ։ Մինչ հոն էինք, ոչ միայն ժողովքին բարգաւաճումը տեսանք, այլեւ հողամաս մը գտնելու եւ Թագաւորութեան Սրահ մը շինելու մէջ մեր օժանդակութիւնը բերինք։ Հետագային մեզմէ խնդրուեցաւ որ մօտակայ ուրիշ ժողովքի մը մէջ ծառայենք։

Ընտանեկան Կեանքի Անորոշութիւնները

Կը փափաքէի ըսել որ մեր բոլոր զաւակներն ալ Եհովայի ճամբուն մէջ մնացին, բայց պարագան այս չէր։ Մեծնալէն եւ տունը ձգելէն ետք, մեր ողջ մնացած չորս զաւակներէն երեքը ճշմարտութեան ճամբան ձգեցին։ Սակայն, մեր մանչերէն Էվերէթը օրինակիս հետեւեցաւ եւ լիաժամ ծառայութեան մէջ մտաւ։ Հետագային ան Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին՝ Նիւ Եորքի մէջ ծառայեց, եւ 1984–ին հրաւիրուեցաւ Գաղաադու 77–րդ դասարանին մաս կազմելու։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ան մեկնեցաւ իրեն նշանակուած երկիրը՝ Սիերրա Լէոնէ, Արեւմտեան Ափրիկէ։ 1988–ին ամուսնացաւ Մարիանի հետ՝ Պելճիքացի ռահվիրայ մը։ Անկէ ի վեր անոնք միասնաբար կը ծառայեն որպէս միսիոնար։

Ինչպէս ոեւէ ծնողի մը պարագային, մեր վիշտն ալ մեծ էր, տեսնելով որ մեր երեք զաւակները լքեցին ապրելակերպ մը, որ թէ՛ ներկայիս գոհացուցիչ է եւ թէ ապագային դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի գեղեցիկ յոյսը կը վերապահէ։ Երբեմն ինքզինքս մեղադրած եմ։ Սակայն, կը մխիթարուիմ գիտնալով թէ նոյնիսկ Եհովայի հոգեղէն զաւակներէն, կամ հրեշտակներէն, ոմանք դադրեցան իրեն ծառայելէ, թէեւ Եհովա սիրով եւ ողորմածութեամբ կը կրթէ եւ երբեք սխալներ չի գործեր։ (Բ. Օրինաց 32։4. Յովհաննու 8։44. Յայտնութիւն 12։4, 9) Ասիկա զիս համոզած է թէ ծնողներ որքան ալ ծանր աշխատին իրենց զաւակները Եհովայի ճամբուն մէջ մեծցնելու համար, տակաւին ոմանք ճշմարտութիւնը կրնան մերժել։

Զօրաւոր հովերէ տատանող ծառի մը նման, մեզի հանդիպող զանազան դժուարութիւններուն եւ խնդիրներուն պէտք է յարմարինք։ Տարիներու ընթացքին տեսած եմ թէ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը եւ ժողովներուն ներկայ գտնուիլը՝ յարմարելու եւ հոգեւորապէս վերապրելու այդ զօրութիւնը կու տայ։ Մինչ տարիքս կ’առնեմ եւ անցեալին գործած սխալներս կը տեսնեմ, կը ջանամ այս բոլորին դրական կողմէ նայիլ։ Ի վերջոյ, եթէ հաւատարիմ մնանք, այսպիսի փորձառութիւններ միմիայն մեր հոգեւոր զարգացման պիտի նպաստեն։ Եթէ անոնցմէ դաս առնենք, կեանքի տհաճ երեսակները կրնան կարգ մը շինիչ երեսակներ ունենալ։—Յակոբու 1։2, 3

Այժմ, Տորոթին ու ես Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր փափաքածին չափ ընելու առողջութիւնը եւ ոյժը չունինք։ Սակայն մեր սիրելի Քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն աջակցութեան համար երախտապարտ ենք։ Գրեթէ ամէն ժողովին, եղբայրները մեզի կ’ըսեն թէ որքա՜ն կը գնահատեն մեր ներկայութիւնը։ Նաեւ՝ կարելի եղած ամէն կերպով կը ջանան մեզի օգնել, նոյնիսկ տան եւ ինքնաշարժին համար պէտք եղած նորոգութիւնները ընելով։

Ատենը մէյ մը, կարող կ’ըլլանք օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկել, եւ հետաքրքրուած անհատներու հետ ուսումնասիրութիւններ կը վարենք։ Ափրիկէի մէջ ծառայող մեր տղուն կողմէ լուրեր ստանալը մեզի համար մասնայատուկ հաճոյք մըն է, զոր միշտ կը վայելենք։ Տակաւին մեր Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կ’ունենանք, նոյնիսկ երբ երկուքս ենք հիմա։ Ուրախ ենք որ այսքան երկար տարիներ տրամադրած ենք Եհովայի ծառայութեան։ Ան կը վստահեցնէ մեզ թէ ‘պիտի չմոռնայ մեր գործը ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցինք’։—Եբրայեցիս 6։10

[Նկար՝ էջ 25]

18 Ապրիլ 1940–ին, Թէտ Գլայն կը մկրտէ Վելվան, Պէնէթը եւ զիս

[Նկարներ՝ էջ 26]

Կնոջս՝ Տորոթիին հետ, 1940–ական թուականներու սկիզբը եւ 1997–ին

[Նկար՝ էջ 27]

«Խաղաղութեան Իշխանը» բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը կը ծանուցանուի հանրային օթոպիւսի մը վրայ, Պարպատոսի մէջ

[Նկար՝ էջ 27]

Եղբայրս՝ Պէնէթը՝ միսիոնարական տան առջեւ