Կրնա՛ք գլուխ ելլել վհատութեան հետ
Կրնա՛ք գլուխ ելլել վհատութեան հետ
ԱՆԳԱՄ մը իմաստուն մարդ մը գրեց. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս [«վհատիս», ՆԱ], ոյժդ քիչ է»։ (Առակաց 24։10) Եթէ երբեք վհատած էք, հաւանաբար պիտի համաձայնիք այս խօսքին հետ։
Ոեւէ մէկը վհատութեան ազդեցութիւններէն զերծ չէ։ Վհատութեան նոպայ մը կրնայ մէկ կամ երկու օր տեւել, ապա անհետանալ։ Սակայն, երբ վիրաւորուած զգացումներու կամ ընդվզումի հետ կապ ունենայ, խնդիրը կրնայ երկարիլ։ Տարիներ հաւատարիմ եղող Քրիստոնեաներէն ոմանք, ա՛յնքան վշտացած են որ նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլը եւ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլը դադրեցուցած են։
Եթէ վհատած էք, սրտապնդուեցէ՛ք։ Վաղեմի հաւատարիմ ծառաներ վհատութեան հետ կրցան յաջողութեամբ գլուխ ելլել, եւ Աստուծոյ օգնութեամբ դո՛ւք ալ կրնաք։
Երբ Ուրիշներ Ձեր Զգացումները կը Վիրաւորեն
Չէք կրնար իւրաքանչիւր անուշադիր խօսքէ կամ անփափկանկատ արարքէ պաշտպանուիլ։ Սակայն, կրնա՛ք թոյլ չտալ որ ուրիշներու անկատարութիւնները Եհովայի մատուցած ձեր ծառայութեան արգելք հանդիսանան։ Եթէ մէկը ձեր զգացումները վիրաւորած է, նկատի առէք թէ Սամուէլի մայրը՝ Աննան ի՛նչպէս ձեռք առաւ վհատեցուցիչ պարագայ մը, եւ ասիկա կրնայ օգնել ձեզի։
Աննան շատ կը փափաքէր զաւակներ ունենալ, բայց ամուլ էր։ Իր ամուսնոյն երկրորդ կինը՝ Փենանա, արդէն իսկ տղաքներ ու աղջիկներ ծնած էր անոր։ Փոխանակ Աննայի դժբախտութեան հանդէպ նկատառու ըլլալու, Փենանա զինք մրցակից մը կը նկատէր եւ անոր հանդէպ այնպիսի կեցուածք մը կ’ունենար, որ Աննան «կու լար եւ չէր ուտեր»։—Ա. Թագաւորաց 1։2, 4-7
Օր մը Աննան աղօթելու համար տաղաւար գնաց։ Իսրայէլի քահանայապետը՝ Հեղի տեսաւ որ անոր շրթները կը շարժէին։ Չանդրադառնալով որ Աննա կ’աղօթէր, Հեղին եզրակացուց թէ ան գինով ըլլալու էր։ «Մինչեւ ե՞րբ գինովութիւն պիտի ընես. քու գինիէդ հրաժարէ՛», ըսաւ ան։ (Ա. Թագաւորաց 1։12-14) Կրնա՞ք երեւակայել Աննայի զգացումը։ Ան տաղաւար եկած էր քաջալերութիւն գտնելու համար։ Վստահաբար չակնկալեց որ Իսրայէլի մէջ ամենէն հեղինակաւոր անհատը զինք սխալ կերպով ամբաստանէ։
Այս կացութիւնը կրնար դիւրաւ պատճառ ըլլալ որ Աննա չափազանց վհատէր։ Ան կրնար անմիջապէս տաղաւարէն դուրս գալ, երդում ընելով որ անգամ մըն ալ պիտի չվերադառնար, այնքան ատեն որ Հեղի որպէս քահանայապետ կը ծառայէր հոն։ Սակայն, բացայայտ է թէ Աննա Եհովայի հետ իր ունեցած յարաբերութիւնը կ’արժեւորէր։ Ան գիտէր թէ Եհովա պիտի չհաճէր եթէ ինք այսպիսի քայլ մը առնէր։ Տաղաւարը մաքուր պաշտամունքի կեդրոնն էր։ Եհովա իր անունը դրած էր հոն։ Իսկ Հեղի որքան ալ անկատար ըլլար, տակաւին Եհովայի ընտրեալ ներկայացուցիչն էր։
Հեղիի ամբաստանութեան դիմաց Աննայի բարեպաշտ պատասխանը, ներկայիս մեզի համար հոյակապ օրինակ կը հանդիսանայ։ Ան թոյլ չտուաւ որ սխալ կերպով ամբաստանուի, հապա՝ շատ յարգալից կերպով պատասխանեց։ Ան ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ. այդպէս չէ. ես վշտացած սրտով կին մըն եմ եւ գինի կամ օղի չեմ խմած. սակայն Տէրոջը առջեւ իմ սիրտս բացի։ Քու աղախինդ չար կին մը մի՛ կարծեր, քանզի իմ վշտերուս ու նեղութեանս շատութեանը համար մինչեւ հիմա խօսեցայ»։—Ա. Թագաւորաց 1։15, 16
Աննան կրցա՞ւ իր միտքը արտայայտել։ Վստահաբար։ Այսուհանդերձ, ան Հեղիին հետ փափկանկատութեամբ խօսեցաւ, չհամարձակելով զինք քննադատել իր սխալ ամբաստանութեան համար։ Հեղին ալ իր կարգին ազնուօրէն պատասխանեց անոր, ըսելով. «Գնա՛ խաղաղութեամբ Ա. Թագաւորաց 1։17-19
ու Իսրայէլի Աստուածը քու խնդրուածքդ քեզի տայ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցիր»։ Անգամ մը որ հարցը լուծուեցաւ, Աննան «իր ճամբան գնաց ու կերաւ ու երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ»։—Այս պատմուածքէն ի՞նչ կը սորվինք։ Թիւրիմացութիւն մը սրբագրելու համար Աննան շուտով գործի լծուեցաւ, բայց ասիկա երկիւղածութեամբ ըրաւ։ Որպէս հետեւանք, ան Եհովայի եւ Հեղիի հետ լաւ յարաբերութիւն մը պահպանեց։ Որքա՜ն յաճախ լաւ հաղորդակցութիւնը եւ քիչ մը փափկանկատութիւնը կրնան արգելք հանդիսանալ որ պզտիկ խնդիրներ մեծ խնդիրներու վերածուին։
Պէտք է գիտակցինք թէ ուրիշներու հետ խնդիրներ լուծելու համար, երկու կողմերէն խոնարհութիւն եւ դիւրաթեքութիւն կը պահանջուի։ Եթէ հաւատակից մը խնդիր մը լուծելու ձեր ջանքերուն չընդառաջէ, կրնաք խնդիրը Եհովայի ձեռքերուն մէջ դնել, վստահ ըլլալով որ զայն ձեռք պիտի առնէ իր յարմար ժամանակին եւ իր կերպով։
Ծառայութեան Առանձնաշնորհում մը Կորսնցուցա՞ծ Էք
Ոմանք վհատած են, քանի որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իրենց սիրելի եղող առանձնաշնորհումէ մը հրաժարելու ստիպուած եղած են։ Անոնք իրենց եղբայրներուն ծառայելէն հաճոյք կ’առնէին, եւ երբ այդ առանձնաշնորհումը կորսնցուցին, զգացին թէ այլեւս Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան պիտանի չէին։ Եթէ այսպէս կը զգաք, նկատի առէք Աստուածաշունչի գրողներէն մէկուն՝ Մարկոսի օրինակը, որ նաեւ Յովհաննէս Մարկոս կը կոչուէր՝ եւ կրնաք յստակ հասկացողութիւն ձեռք ձգել։—Գործք 12։12
Մարկոս՝ Պօղոսի եւ Բառնաբասի ընկերակցեցաւ անոնց առաջին միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին, սակայն ճամբորդութեան կիսուն, զիրենք ձգելով Երուսաղէմ վերադարձաւ։ (Գործք 13։13) Հետագային, ուրիշ ճամբորդութեան մը ընթացքին, Բառնաբաս ուզեց Մարկոսը իրենց հետ տանիլ։ Սակայն, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Պօղոս արժան չսեպեց որ Պամփիւլիայի մէջ իրենցմէ զատուողը ու իրենց հետ գործի չեկողը իրենց հետ առնեն»։ Բառնաբաս համամիտ չէր։ Արձանագրութիւնը կը շարունակէ. «Այսպէս անոնց մէջ գժտութիւն մը եղաւ, ստիպուած իրարմէ զատուեցան։ Բառնաբաս առաւ Մարկոսը ու նաւով Կիպրոս գնաց։ Պօղոս ալ Շիղան ընտրեց ու ելաւ»։—Գործք 15։36-40
Մարկոս վշտացած ըլլալու էր, տեղեկանալով թէ յարգուած Պօղոս առաքեալը իր հետ չէր ուզած աշխատիլ եւ թէ իր որակումներուն շուրջ ծագած վէճ մը Պօղոսի ու Բառնաբասի միջեւ խրամատ մը բացած էր։ Բայց պատմութիւնը հոս չի վերջանար։
Պօղոս եւ Շիղա տակաւին ուղեկիցի մը կարիքը ունէին։ Երբ Լիւստրա հասան, անոնք Մարկոսը փոխարինող անհատ մը գտան՝ Տիմոթէոս անունով պատանի մը։ Արդ, երբ Տիմոթէոս ընտրուեցաւ, թերեւս ան միայն երկու կամ երեք տարիէ մկրտուած էր։ Միւս կողմէ, Մարկոս քրիստոնէական ժողովքին հետ ընկերակցած էր անոր հաստատուելէն ի վեր, արդարեւ՝ Պօղոսէն շա՜տ աւելի առաջ։ Այսուհանդերձ, Տիմոթէոս էր որ ստացաւ այս առանձնաշնորհեալ նշանակումը։—Գործք 16։1-3
Մարկոս ի՞նչպէս հակազդեց երբ գիտցաւ թէ զինք փոխարինած էին աւելի երիտասարդ եւ նուազ փորձառու անհատով մը։ Աստուածաշունչը այս մասին բան մը չ’ըսեր։ Այսուհանդերձ, անիկա ցոյց կու տայ թէ Մարկոս Եհովայի ծառայութեան մէջ գործունեայ մնաց։ Ան իրեն մատչելի եղող առանձնաշնորհումները օգտագործեց։ Թէեւ ան չկրցաւ Պօղոսի եւ Շիղայի հետ ծառայել, սակայն կրցաւ Կիպրոս ճամբորդել Բառնաբասի հետ, որու ծննդավայրն էր։ Մարկոս Պետրոսի հետ Բաբելոնի մէջ ալ ծառայեց։ Ի վերջոյ, ան Պօղոսի եւ Տիմոթէոսի հետ Հռովմի մէջ ծառայելու պատեհութիւն ունեցաւ։ (Կողոսացիս 1։1. 4։10. Ա. Պետրոս 5։13) Հետագային, Մարկոս նոյնիսկ չորս Աւետարաններէն մէկը գրելու համար ներշնչուեցաւ։
Այս բոլորէն արժէքաւոր դաս մը կը քաղենք։ Մարկոս իր կորսնցուցած առանձնաշնորհումին համար այն աստիճան չնեղուեցաւ, որ իրեն ձեռնհաս եղած ուրիշ առանձնաշնորհումներ չգնահատէր։ Մարկոս Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնաց եւ Եհովա զինք օրհնեց։
Ուստի եթէ առանձնաշնորհում մը կորսնցուցած էք, մի՛ վհատիք։ Եթէ դրական կեցուածք մը պահէք եւ զբաղած մնաք, ձեզի ուրիշ առանձնաշնորհումներ կրնան տրուիլ։ Տէրոջը գործին մէջ ընելիք շա՛տ բան կայ։—Ա. Կորնթացիս 15։58
Հաւատարիմ Ծառայ մը կը Վհատի
Հաւատքի համար ծանր պայքարիլը դիւրին չէ։ Երբեմն, կրնաք վհատիլ։ Ետքը նոյնիսկ կրնաք յանցաւոր զգալ որ վհատեցաք, եզրակացնելով թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ մը երբե՛ք պէտք չէ այդպէս զգայ։ Խորհեցէ՛ք Իսրայէլի կարկառուն մարգարէներէն մէկուն՝ Եղիայի մասին։
Երբ Իսրայէլի Յեզաբէլ Թագուհին՝ Բահաղի պաշտամունքին մոլեռանդ ջատագովներէն մէկը՝ գիտցաւ որ Եղիա Բահաղի մարգարէները սպաննած էր, ան Եղիան սպաննելու երդում ըրաւ։ Եղիա Յեզաբէլէն շատ աւելի հզօր թշնամիներ ունեցած էր, բայց այս անգամ, յանկարծ ա՛յնքան վհատեցաւ որ ուզեց մեռնիլ։ (Գ. Թագաւորաց 19։1-4) Ասիկա ի՞նչպէս պատահեցաւ։ Ան մոռցա՛ծ էր բան մը։
Եղիա մոռցած էր Եհովայի նայիլ որպէս իր զօրութեան Աղբիւրը։ Ո՞վ Եղիայի տուած էր մեռելները յարուցանելու եւ Բահաղի մարգարէներուն դիմաց կենալու զօրութիւնը։ Եհովա՛ն։ Վստահաբար, Եհովա կրնար Յեզաբէլ Թագուհիին բարկութիւնը դիմագրաւելու զօրութիւնը տալ իրեն։—Գ. Թագաւորաց 17։17-24. 18։21-40. Բ. Կորնթացիս 4։7
Ոեւէ անհատ կրնայ Եհովայի վստահելու մէջ ժամանակաւորապէս սասանիլ։ Եղիայի նման, երբեմն կրնաք խնդիր մը մարդկային տեսանկիւնէ դիտել, փոխանակ անոր հետ գլուխ ելլելու համար «վերին իմաստութիւնը» գործածելու։ (Յակոբու 3։17) Սակայն, Եհովա այս ժամանակաւոր վհատութեան համար Եղիան երեսի վրայ չթողուց։
Եղիան Բերսաբէէ փախաւ եւ անկէ անապատ գնաց, ուր կը խորհէր թէ մէկը չէր կրնար զինք գտնել։ Սակայն, Եհովա գտաւ զինք։ Ան հրեշտակ մը ղրկեց որ զինք մխիթարէ։ Հրեշտակը հոգ տարաւ որ Եղիա թարմ հաց ուտէ եւ թարմացուցիչ ջուր խմէ։ Եղիա հանգիստ ընելէ ետք, հրեշտակը անոր հրահանգ տուաւ որ շուրջ 300 քիլոմեթր հեռուն գտնուող Քորեբ Լեռը երթայ, ուր Եհովա զինք աւելի պիտի զօրացնէր։—Գ. Թագաւորաց 19։5-8
Քորեբ Լերան վրայ, Եղիա ականատես եղաւ Եհովայի զօրութեան հաւատք կերտող մէկ յայտնաբերութեան։ Ապա հանդարտ եւ ցած ձայնով մը Եհովա զինք հաւաստիացուց որ առանձին չէր։ Եհովա իրեն հետ էր, եւ իր եղբայրներէն 7,000 հոգի ալ իրեն հետ էին, թէեւ Եղիա զանոնք չէր ճանչնար։ Ի վերջոյ Եհովա անոր գործ մը նշանակեց։ Ան Եղիան չէր մերժած որպէս իր մարգարէն։—Գ. Թագաւորաց 19։11-18
Օգնութիւնը Մատչելի Է
Եթէ պատահի որ վհատութեան նոպայ մը կ’անցընէք, կրնաք դուք ձեզ աւելի լաւ զգալ յաւելեալ հանգիստ ընելէ կամ սննդարար ճաշ մը ուտելէ ետք։ Նաթան Հ. Նոր, որ մինչեւ 1977՝ իր մահը, ծառայեց որպէս Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի մէկ անդամը, առիթով մը դիտել տուաւ թէ մեծ խնդիրներ յաճախ աւելի պզտիկ կ’երեւնան եթէ գիշերը հանգիստ քուն մը քաշենք։ Սակայն, եթէ խնդիրը յարատեւէ, այսպիսի դարման մը կրնայ բաւարար չըլլալ. վհատութեան դէմ պայքարելու համար օգնութեան պէտք պիտի ունենաք։
Եհովա հրեշտակ մը ղրկեց Եղիան զօրացնելու համար։ Ներկայիս, Աստուած քաջալերութիւն կը հայթայթէ երէցներու եւ այլ հասուն Քրիստոնեաներու միջոցով։ Երէցները իրապէս կրնան «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս» ըլլալ։ (Եսայեայ 32։1, 2) Սակայն, անոնցմէ քաջալերութիւն ստանալու համար, թերեւս հարկ ըլլայ որ դուք նախաքայլը առնէք։ Թէեւ Եղիան շատ վհատած էր, սակայն Եհովայէ հրահանգներ ստանալու համար ան մինչեւ Քորեբ Լեռը գնաց։ Քաջալերական հրահանգներ կը ստանանք քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ։
Երբ օգնութիւն ընդունինք եւ քաջութեամբ դիմագրաւենք վիրաւորուած զգացումներու կամ առանձնաշնորհումներու կորուստի նման փորձութիւններ, կարեւոր հարցի մը մէջ Եհովայի կողմը դիրք բռնած կ’ըլլանք։ Ո՞ր հարցին։ Սատանան առարկեց թէ մարդիկ միմիայն անձնական շահերէ մղուած Եհովայի կը ծառայեն։ Սատանան չի ժխտեր թէ մենք Աստուծոյ պիտի ծառայենք երբ մեր կեանքին մէջ ամէն բան լաւ կ’ընթանայ, այլ՝ ան կ’առարկէ թէ պիտի դադրինք Եհովայի ծառայելէ երբ խնդիրներու հանդիպինք։ (Յոբայ, 1 եւ 2–րդ գլուխ) Երբ ի հեճուկս վհատութեան կը շարունակենք անխախտօրէն Եհովայի ծառայել, կրնանք Բանսարկուին զրպարտիչ ամբաստանութեան պատասխան մը հայթայթել։—Առակաց 27։11
Աննան, Մարկոսը եւ Եղիան բոլորն ալ խնդիրներ ունեցան, որոնք ժամանակաւորապէս
անոնց ուրախութիւնը խլեցին։ Սակայն, անոնք իրենց խնդիրներուն հետ գլուխ ելան եւ արդիւնաբեր կեանք մը վարեցին։ Եհովայի օգնութեամբ դո՛ւք ալ կրնաք վհատութեան հետ գլուխ ելլել։