Ձեր նուիրումին համաձայն կ’ապրի՞ք
Ձեր նուիրումին համաձայն կ’ապրի՞ք
«Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։23
1. Աշխարհային առումով «նուիրում» բառը ի՞նչ կը նշանակէ։
ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ ի՞նչպէս իրենց իրագործումներուն բարձունքին կը հասնին։ Թէնիս–ի, ոտնագնդակի, կողովագնդակի, պէյսպոլ–ի, վազքի, կոլֆ–ի, կամ որեւէ այլ մարզանքի մէջ, լաւագոյն մարզիկները բարձունքի կը հասնին միմիայն անտեղիտալի նուիրուածութեամբ։ Մարմինը եւ միտքը պատրաստելու մեծ կարեւորութիւն կը տրուի։ Ասիկա շատ լաւ կը յարմարի «նուիրուած» բառին իմաստներէն մէկուն, որ է՝ «մտածումի կամ արարքի որոշ ընթացքի մը լիովին ընծայուիլ»։
2. Աստուածաշունչին մէջ «նուիրում» բառը ի՞նչ կը նշանակէ. բացատրեցէ՛ք։
2 Սակայն, սուրբ գրային առումով «նուիրում» բառը ի՞նչ կը նշանակէ։ «Նուիրուիլ» բառը Եբրայերէն բայի մը թարգմանութիւնն է, որ կը նշանակէ «անջատ մնալ. անջատուիլ. ետ քաշուիլ»։ * Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Ահարոն Քահանայապետը իր խոյրին վրայ «նուիրումի սուրբ նշանը» կը կրէր, որ զուտ ոսկիէ թիթեղ մըն էր, որու վրայ Եբրայերէնով փորագրուած էր՝ «Սրբութիւնը Եհովայի կը պատկանի»։ Ասիկա քահանայապետին կը յիշեցնէր որ խուսափի սրբարանը պղծող որեւէ բան ընելէ, «վասն զի նուիրումի նշանը, իր Աստուծոյն օծման իւղը, իր վրայ» էր։—Ելից 29։6. 39։30, ՆԱ. Ղեւտացւոց 21։12, ՆԱ
3. Նուիրումը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր վարքին։
3 Այս բովանդակութենէն կրնանք հետեւցնել թէ նուիրումը լուրջ հարց մըն է։ Անիկա կը նշանակէ յօժարակամօրէն բնորոշուիլ որպէս Աստուծոյ ծառայ մը, եւ կը պահանջէ մաքուր վարք։ Հետեւաբար, կրնանք հասկնալ թէ Պետրոս առաքեալ ինչո՛ւ Եհովայի հետեւեալ խօսքը մէջբերեց. «Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ»։ (Ա. Պետրոս 1։15, 16) Որպէս նուիրուած Քրիստոնեաներ, մեր նուիրումին համաձայն ապրելու եւ մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնալու ծանր պատասխանատուութիւն մը կը կրենք։ Արդ, քրիստոնէական նուիրումին մէջ ի՞նչ կը պարփակուի։—Ղեւտացւոց 19։2. Մատթէոս 24։13
4. Նուիրումի քայլին ի՞նչպէս կը հասնինք, եւ անիկա ի՞նչ բանի կրնանք նմանցնել։
4 Եհովայի եւ իր նպատակներուն, եւ Յիսուս Քրիստոսի ու այդ նպատակներուն մէջ իր ունեցած դերին մասին, ճշգրիտ գիտութիւն ստանալէ ետք, անձամբ որոշեցինք Աստուծոյ ծառայել մեր բոլոր սրտով, մտքով, հոգիով եւ զօրութեամբ։ (Մարկոս 8։34. 12։30. Յովհաննու 17։3) Ասիկա նոյնիսկ կրնայ նկատուիլ անձնական ուխտ մը՝ Աստուծոյ հանդէպ անվերապահ նուիրում մը։ Մեր նուիրումը զգացական դրդումի մը արդիւնքը չէր։ Անիկա ուշադրութեամբ եւ աղօթքով նկատի առնուած էր՝ բանականութիւն գործածելով։ Ուստի, անիկա ժամանակաւոր որոշում մը չէր։ Չենք կրնար նմանիլ անհատի մը, որ կը սկսի դաշտ մը հերկել, ապա զայն կիսատ կը ձգէ, քանի որ ծանր աշխատանք կը պահանջէ, կամ՝ քանի որ հունձքին ժամանակը շատ ուշ, կամ՝ բոլորովին անորոշ կը թուի։ Նկատի առէք կարգ մը անհատներու օրինակները, որոնք իրենց «ձեռքը» աստուածպետական պատասխանատուութեան «մաճին վրայ» պահած են, հակառակ ամէն խոչընդոտի։—Ղուկաս 9։62. Հռովմայեցիս 12։1, 2
Անոնք Իրենց Նուիրումը Չուրացան
5. Երեմիա ի՞նչպէս Աստուծոյ նուիրուած ծառայի մը աչքառու մէկ օրինակը հանդիսացաւ։
5 Երուսաղէմի մէջ Երեմիայի մարգարէական ծառայութիւնը աւելի քան 40 տարի տեւեց (Հ.Դ.Ա. 647-607), եւ ասիկա դիւրին նշանակում Երեմեայ 1։2-6) Ամէն օր Յուդայի պնդագլուխ ժողովուրդը դիմագրաւելու համար, ան քաջութեան եւ համբերութեան կարիքը ունէր։ (Երեմեայ 18։18. 38։4-6) Սակայն, Երեմիա Եհովա Աստուծոյ ապաւինեցաւ, որ իր կարգին զինք զօրացուց. այս կերպով ան ի՛րապէս Աստուծոյ նուիրուած ծառայ մը եղաւ։—Երեմեայ 1։18, 19
մը չէր։ Ան իր սահմանափակումներէն քաջատեղեակ էր։ (6. Յովհաննէս առաքեալ մեզի ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։
6 Ի՞նչ կրնանք ըսել հաւատարիմ Յովհաննէս առաքեալին մասին, որ իր յառաջացած տարիքին անհրապուրիչ Պատմոս կղզին աքսորուեցաւ՝ «Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար»։ (Յայտնութիւն 1։9) Ան շուրջ 60 տարի տոկաց եւ իր քրիստոնէական նուիրումին համաձայն ապրեցաւ։ Ան հռովմէական բանակներուն ձեռքով Երուսաղէմի կործանումէն ետք շարունակեց ապրիլ։ Առանձնաշնորհումը ունեցաւ գրելու Աւետարան մը, երեք ներշնչեալ նամակներ եւ Յայտնութեան գիրքը՝ որու մէջ ան Արմագեդոնի պատերազմը նախագուշակեց։ Երբ գիտցաւ թէ Արմագեդոնը իր ապրած ժամանակաշրջանին պիտի չգար, արդեօք ետ քաշուեցա՞ւ, կամ՝ անտարբեր դարձա՞ւ։ Ո՛չ, Յովհաննէս մինչեւ իր մահը հաւատարիմ մնաց, գիտնալով որ թէեւ ‘ժամանակը մօտ էր’, սակայն, իր տեսիլքներուն կատարումը աւելի ուշ թուականի մը համար էր։—Յայտնութիւն 1։3. Դանիէլ 12։4
Նուիրումի Արդի Օրինակներ
7. Եղբայր մը ի՞նչպէս քրիստոնէական նուիրումի լաւ օրինակ մը հանդիսացաւ։
7 Արդի ժամանակներուն, հազարաւոր հաւատարիմ Քրիստոնեաներ նախանձախնդրաբար կառչած մնացած են իրենց նուիրումին, իրենց ողջութեան Արմագեդոնը չտեսնելով հանդերձ։ Առնենք Անգլիոյ մէջ, Էրնէսթ Է. Պիվըրի պարագան։ Ան Վկայ եղաւ 1939–ին, Բ. Համաշխարհային Պատերազմին սկիզբը, եւ ձեռք քաշեց իր լուսանկարահանումի բարգաւաճ առեւտուրէն, լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելու համար։ Իր քրիստոնէական չէզոքութիւնը պահելուն պատճառաւ ան երկու տարի բանտարկուեցաւ։ Ընտանիքը անոր թիկունք կանգնեցաւ եւ 1950–ին, անոր երեք զաւակները՝ Նիւ Եորքի մէջ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցը յաճախեցին, միսիոնարական մարզում ստանալու համար։ Եղբայր Պիվըր իր քարոզչական գործունէութեան մէջ ա՛յնքան նախանձախնդիր էր, որ իր բարեկամները զինք Արմագեդոն Ըրնի կը կոչէին։ Ան հաւատարմօրէն իր նուիրումին համաձայն ապրեցաւ, եւ մինչեւ իր մահը՝ 1986, ծանուցանեց Աստուծոյ պատերազմին՝ Արմագեդոնին մօտ ըլլալը։ Ան իր նուիրումը չնկատեց որպէս պայմանաժամ ունեցող Աստուծոյ հետ կատարուած համաձայնագիր մը։ *—Ա. Կորնթացիս 15։58
8, 9. (ա) Ֆրանգոյի վարչաձեւին ներքեւ, Սպանիոյ մէջ շատ մը երիտասարդներ ի՞նչ օրինակ հանդիսացան։ (բ) Ո՞ր հարցումները տեղին են։
8 Չմարող եռանդի ուրիշ օրինակ մը կու գայ Սպանիայէն։ Ֆրանգոյի վարչաձեւին ներքեւ (1939-1975), նուիրուած հարիւրաւոր երիտասարդ Վկաներ քրիստոնէական չէզոք կեցուածք մը բռնեցին։ Անոնցմէ շատեր տասը կամ աւելի
տարիներ, զինուորական բանտերու մէջ անցուցին։ Խեսուս Մարթին անունով Վկայի մը դէմ արձակուած վճիռներուն ընդհանուր գումարն էր՝ 22 տարի բանտարկութիւն։ Ան բրտօրէն ծեծուեցաւ, մինչ Հիւսիսային Ափրիկէի զինուորական մէկ բանտին մէջ արգելափակուած էր։ Այս բոլորը դիւրին չէին, սակայն ան մերժեց համակերպիլ։9 Շատ յաճախ, այս երիտասարդները գաղափար իսկ չունէին թէ ե՛րբ ազատ պիտի արձակուէին, քանի որ անոնց դէմ բազմապատիկ եւ յաջորդական վճիռներ կ’արձակուէին։ Այսուհանդերձ, անոնք իրենց ուղղամտութիւնը եւ ծառայութեան հանդէպ իրենց եռանդը պահեցին բանտին մէջ։ 1973–ին, երբ ի վերջոյ կացութիւնը սկսաւ բարելաւուիլ, այս Վկաներէն շատեր, որոնք այն ատեն 30–ական տարիքը թեւակոխած էին, բանտերէն ազատ արձակուելով անմիջապէս լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեցին, ոմանք մասնաւոր ռահվիրաներ եւ ճամբորդող տեսուչներ եղան։ Բանտին մէջ, անոնք իրենց նուիրումին համաձայն ապրեցան, եւ շատեր նոյն կերպով շարունակած են, իրենց ազատ արձակուելէն ի վեր։ * Ներկայիս ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Մենք ալ այս հաւատարիմներուն նման մեր նուիրումին հանդէպ հաւատարիմ կը գտնուի՞նք։—Եբրայեցիս 10։32-34. 13։3
Պատշաճ Տեսակէտ՝ Մեր Նուիրումին Հանդէպ
10. (ա) Մեր նուիրումը ի՞նչպէս պէտք է դիտենք։ (բ) Եհովա իր ծառայութեան մէջ մեր ըրածը ի՞նչպէս կը դիտէ։
10 Իր կամքը կատարելու համար Աստուծոյ ըրած մեր նուիրումը ի՞նչպէս կը դիտենք։ Անիկա մեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ՞։ Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, երիտասարդ ըլլանք թէ տարեց, ամուսնացած՝ թէ ամուրի, առողջ՝ թէ հիւանդ, պէտք է ջանանք մեր նուիրումին համաձայն ապրիլ, ըստ մեր պարագաներուն։ Անհատի մը պարագան կրնայ թոյլ տալ որ ինք լիաժամ ծառայութեան մէջ ըլլայ որպէս ռահվիրայ, կամ՝ Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակներէն մէկուն մէջ որպէս կամաւոր, կամ՝ որպէս միսիոնար, կամ՝ որպէս ճամբորդող տեսուչ։ Միւս կողմէ, կարգ մը ծնողներ կրնան լիովին զբաղած ըլլալ իրենց ընտանիքին ֆիզիքական եւ հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանելով։ Ամէն ամիս ծառայութեան համար անոնց տրամադրած քանի մը ժամը, լիաժամ ծառայի մը տրամադրած բազմաթիւ ժամերէն նուա՞զ արժէք ունի Եհովայի աչքին։ Ո՛չ։ Աստուած երբեք մեզմէ չ’ակնկալեր այն ինչ որ չունինք։ Պօղոս առաքեալ այս սկզբունքը յիշեց. «Եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը»։—Բ. Կորնթացիս 8։12
11. Մեր փրկութիւնը ի՞նչ բանէ կախեալ է։
11 Ամէն պարագայի, մեր փրկութիւնը կախեալ է ո՛չ թէ մեր իրագործումներէն, այլ՝ Եհովայի անարժան ողորմութենէն, մեր Տիրոջ՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ։ Պօղոս յստակօրէն բացատրեց. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան. բայց անոր շնորհքով եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան»։ Բայց եւ այնպէս, մեր գործերով կ’ապացուցանենք Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ մեր ունեցած գործօն հաւատքը։—Հռովմայեցիս 3։23, 24. Յակոբու 2։17, 18, 24
12. Ինչո՞ւ բաղդատութիւններ պէտք չէ ընենք։
Գաղատացիս 6։3, 4) Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ ի՛նչ որ ալ իրագործենք, բոլորս ալ պէտք է յիշենք Յիսուսի խոնարհութիւն սորվեցնող խօսքերը. «Երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’»։ (Ղուկաս 17։10) Որքա՞ն յաճախ կրնանք ի՛րապէս ըսել թէ մեզի ‘բոլոր հրամայուած բաները’ ըրած ենք։ Ուստի հարցը հետեւեալն է. Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութեան որակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։—Բ. Կորնթացիս 10։17, 18
12 Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր տրամադրած ժամանակին, մեր տեղաւորած սուրբ գրային գրականութիւններուն, կամ մեր վարած տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններուն շուրջ ուրիշներու հետ բաղդատութիւններ ընելու պէտք չունինք։ (Իւրաքանչիւր Օր Արժեւորեցէք
13. Մինչ մեր նուիրումը կը կատարենք, ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։
13 Կիներուն, ամուսիններուն, զաւակներուն, ծնողներուն եւ ծառաներուն խրատ տալէ ետք, Պօղոս կը գրէ. «Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց, գիտնալով որ ժառանգութեան հատուցումը Տէրոջմէն պիտի առնէք. վասն զի Տէր Քրիստոսին կը ծառայէք»։ (Կողոսացիս 3։23, 24) Մենք չենք ծառայեր որ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր իրագործումներով ուրիշները տպաւորենք։ Այլ կը ջանանք Աստուծոյ ծառայել Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւելով։ Ան իր յարաբերաբար կարճ ծառայութիւնը ստիպողականութեան հոգիով կատարեց։—Ա. Պետրոս 2։21
14. Վերջին օրերուն նկատմամբ Պետրոս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։
14 Պետրոս առաքեալ ալ ստիպողականութեան հոգի մը ցոյց տուաւ։ Իր երկրորդ նամակին մէջ, ան ազդարարեց թէ վերջին օրերուն ծաղր ընողներ պիտի ըլլային՝ հաւատուրացներ եւ կասկածամիտներ՝ որոնք իրենց ցանկութիւններուն համաձայն Քրիստոսի ներկայութեան մասին հարցեր պիտի յարուցանէին։ Բ. Պետրոս 3։3, 4, 9, 10
Սակայն, Պետրոս ըսաւ. «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն։ Սակայն Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ»։ Այո՛, Եհովայի օրը անպայման պիտի գայ։ Հետեւաբար, մեր առօրեայ հետաքրքրութիւնը պէտք է ըլլայ թէ՝ Աստուծոյ խոստումին հանդէպ մեր հաւատքը որքա՛ն իրական եւ հաստատ է։—15. Մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
15 Բծախնդրաբար մեր նուիրումին համաձայն ապրելու համար, պէտք է իւրաքանչիւր օր Եհովայի փառաբանութեան համար գործածենք։ Իւրաքանչիւր օրուան վերջաւորութեան կրնա՞նք յետադարձ ակնարկ մը նետել եւ տեսնել թէ Եհովայի անուան սրբացման կամ Թագաւորութեան բարի լուրի ծանուցման համար ի՛նչ կերպով նպաստած ենք։ Թերեւս անիկա մեր մաքուր վարքով, մեր շինիչ խօսակցութեամբ, կամ՝ մեր ընտանիքին ու բարեկամներուն հանդէպ մեր սիրալիր հետաքրքրութեամբ ըրինք։ Ուրիշներու հետ մեր քրիստոնէական յոյսը բաժնելու համար մատչելի եղող պատեհութիւններ գործածեցի՞նք։ Անհատի մը օգնեցի՞նք որ լրջօրէն մտածէ Աստուծոյ նպատակներուն մասին։ Թող որ ամէն օր հոգեւոր գետնի վրայ արժէքաւոր բանով մը աւելնանք, որպէս թէ դրամատան մէջ հաստատուն հոգեւոր հաշիւ մը կը դիզենք։—Մատթէոս 6։20. Ա. Պետրոս 2։12. 3։15. Յակոբու 3։13
Ձեր Հայեացքը Յստակ Պահեցէք
16. Սատանան Աստուծոյ հանդէպ մեր նուիրումը ի՞նչ կերպերով կը ջանայ տկարացնել։
16 Կ’ապրինք ժամանակներու մէջ որ հետզհետէ աւելի դժուար կ’ըլլան Քրիստոնեաներուն համար։ Սատանան եւ իր գործակալները կը ջանան բարիի եւ չարի, մաքուրի եւ անմաքուրի, բարոյականի եւ անբարոյականի, բարոյագիտականի Հռովմայեցիս 1։24-28. 16։17-19) Ան մեր սրտերն ու մտքերը ապականելը դիւրացուցած է՝ ըլլայ հեռատեսիլէն մեր դիտած բաներուն ընտրութեամբ, կամ՝ Ինթըրնէթի միջոցաւ։ Մեր հոգեւոր հայեացքը կրնայ աղօտիլ, կամ՝ իր ուղղութիւնը կորսնցնել, այնպէս որ իր խորամանկ արարքները կրնանք չնկատել։ Մեր նուիրումին համաձայն ապրելու մեր վճռակամութիւնը կրնայ տկարանալ եւ «մաճին» վրայ դրած մեր ձեռքերը թուլնալ, եթէ մեր հոգեւոր արժէքներուն մէջ համակերպումներ ընենք։—Ղուկաս 9։62. Փիլիպպեցիս 4։8
եւ ոչ–բարոյագիտականի միջեւ եղած տարբերութիւնը աղօտել։ (17. Պօղոսի խրատը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը պահպանենք։
17 Հետեւաբար, Թեսաղոնիկէի ժողովքին գրած Պօղոսի խօսքերը շատ ժամանակայարմար են. «Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ. ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել. ո՛չ թէ ցանկութեան կիրքով, ինչպէս հեթանոսները, որոնք Աստուած չեն ճանչնար»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-5) Անբարոյութիւնը պատճառ եղած է որ ոմանք քրիստոնէական ժողովքէն վտարուին, քանի որ Աստուծոյ հանդէպ իրենց նուիրումը անտեսած են։ Անոնք թոյլ տուած են որ Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը տկարանայ, անիկա այլեւս որեւէ կարեւորութիւն չունենալով իրենց կեանքին մէջ։ Սակայն, Պօղոս ըսաւ. «Աստուած մեզ պղծութեան չկանչեց, հապա սրբութեան։ Ուստի ան որ կ’անարգէ՝ ոչ թէ մարդ մը կ’անարգէ, հապա Աստուած՝ որ իր Սուրբ Հոգին ալ մեզի տուաւ»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։7, 8
Ի՞նչ Վճռած Էք Ընել
18. Ի՞նչ բան ընել վճռած պէտք է ըլլանք։
18 Եթէ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ մեր նուիրումին լրջութիւնը կը գնահատենք, ի՞նչ ընել վճռած պէտք է ըլլանք։ Մեր հաստատ վճռակամութիւնը պէտք է ըլլայ՝ մեր վարքին եւ ծառայութեան առնչութեամբ մաքուր խղճմտանք մը պահպանել։ Պետրոս յորդորեց. «Մաքուր խղճմտանք ունեցէք, որպէս զի անոնք որ ձեզ կը բամբասեն իբրեւ չարագործներ ամօթով մնան, անոնց պէս որ Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը կը պախարակեն»։ (Ա. Պետրոս 3։16) Թերեւս մեր քրիստոնէական վարքին պատճառաւ տառապինք կամ նախատուինք, սակայն Քրիստոսի ալ նոյնը պատահեցաւ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքին եւ հաւատարմութեան պատճառաւ։ Պետրոս ըսաւ. «Քանի որ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմնով, դուք ալ նո՛յն մտքով զինուեցէք. վասն զի ան որ մարմնով չարչարուեցաւ՝ մեղանչելէ դադարեցաւ»։—Ա. Պետրոս 4։1
19. Մեր մասին ի՞նչ կ’ուզենք որ ըսուի։
19 Արդարեւ, մեր նուիրումին համաձայն ապրելու մեր վճռակամութիւնը, մեզ պիտի պաշտպանէ հոգեւորապէս, բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս հիւանդ եղող Սատանայի աշխարհին պերճանքներէն։ Սակայն, ասկէ աւելին, Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալէն վստահ պիտի ըլլանք, որ Սատանայի եւ իր գործակալներուն հրամցուցած բաներէն շա՜տ աւելի լաւ է։ Հետեւաբար, երբե՛ք մեր մասին թող չըսուի որ ճշմարտութեան հանդէպ մեր ունեցած առաջուան սէրը ձգած ենք։ Ընդհակառակը, մեր մասին թող ըսուի այն ինչ որ առաջին դարու Թիւատիրի ժողովքին ըսուեցաւ. «Գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են»։ (Յայտնութիւն 2։4, 18, 19) Այո՛, մեր նուիրումին հանդէպ գաղջ չըլլանք, այլ՝ ‘հոգիով բորբոքինք’, նախանձախնդիր մնալով մինչեւ վերջ. իսկ այդ վերջը՝ մօտ է։—Հռովմայեցիս 12։11. Յայտնութիւն 3։15, 16
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 2 Տես՝ Դիտարան 15 Ապրիլ 1987, էջ 31 (Անգլերէն)։
^ պարբ. 7 Էրնէսթ Պիվըրի մանրամասն կենսագրութեան համար, տես՝ Դիտարան 15 Մարտ 1980, էջ 8-11 (Անգլերէն)։
^ պարբ. 9 Տես՝ Եհովայի Վկաներու 1978–ի Տարեգիրք–ը, էջ 156-158, 201-218, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Կը յիշէ՞ք
• Նուիրումը ի՞նչ կը պարփակէ։
• Աստուծոյ նուիրուած վաղեմի եւ արդի ո՞ր ծառաները մեր կողմէ ընդօրինակուելու արժանի են։
• Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութիւնը ի՞նչպէս պէտք է դիտենք։
• Աստուծոյ հանդէպ մեր նուիրումին նկատմամբ ի՞նչ ընել վճռած պէտք է ըլլանք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Երեմիա հաւատարիմ մնաց, հակառակ իր դիմագրաւած բիրտ վերաբերմունքին
[Նկար՝ էջ 16]
Էրնէսթ Պիվըր որպէս նախանձախնդիր Քրիստոնեայ, իր զաւակներուն համար օրինակ հանդիսացաւ
[Նկար՝ էջ 17]
Սպանական բանտերուն մէջ հարիւրաւոր երիտասարդ Վկաներ իրենց ուղղամտութիւնը պահեցին
[Նկարներ՝ էջ 18]
Թող որ իւրաքանչիւր օր հոգեւոր գետնի վրայ արժէքաւոր բանով մը աւելնանք