Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարտութիւնը սեփականացուցա՞ծ էք

Ճշմարտութիւնը սեփականացուցա՞ծ էք

Ճշմարտութիւնը սեփականացուցա՞ծ էք

«Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։2

1, 2. Ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը ըլլալը ինչո՞ւ դիւրին չէ։

ԱՅՍ վերջին օրերուն՝ «չար ժամանակներուն»՝ ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը ըլլալը դիւրին չէ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելու համար անհատ մը պէտք է աշխարհին յաղթէ։ (Ա. Յովհաննու 5։4) Յիշեցէք թէ Յիսուս քրիստոնէական ճամբուն մասին ի՛նչ ըսաւ. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ»։—Մատթէոս 7։13, 14. Ղուկաս 9։23

2 Կեանքի առաջնորդող նեղ ճամբան գտնելէ ետք, Քրիստոնեայի մը յաջորդ մարտահրաւէրն է՝ անոր մէջ մնալ։ Ասիկա ինչո՞ւ մարտահրաւէր մըն է։ Քանի որ մեր նուիրումն ու մկրտութիւնը մեզ Սատանայի խորամանկ արարքներուն կամ թաքուն հնարքներուն թիրախը կը դարձնէ։ (Եփեսացիս 6։11, ՆԱ, ստորանիշ) Ան կը նշմարէ մեր տկարութիւնները եւ մեր հոգեւորականութիւնը քանդելու միտումով կը ջանայ զանոնք շահագործել։ Չէ՞ որ ան ջանաց Յիսուսը ջախջախել, ուստի, ինչո՛ւ պիտի չփորձէ մեզ ալ ջախջախել։—Մատթէոս 4։1-11

Սատանայի Խորամանկ Ռազմավարութիւնները

3. Սատանան Եւայի մտքին մէջ ի՞նչպէս կասկածներ ցանեց։

3 Սատանայի գործածած ռազմավարութիւններէն մէկն է՝ մեր մտքին մէջ կասկածներ ցանել։ Ան մեր հոգեւոր զրահին մէջ տկարութիւններ կը փնտռէ։ Սկիզբէն իսկ, ան այս ռազմավարութիւնը Եւայի հետ գործածեց, անոր հարցնելով՝ «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ (Ծննդոց 3։1) Ուրիշ խօսքով, Սատանան ըսել կ’ուզէր. ‘Կարելի՞ է որ Աստուած այսպիսի արգելք մը դնէ ձեր վրայ։ Այսքան օգտակար բան մը ինչո՞ւ ձեզմէ ետ պիտի պահէ։ Արդարեւ, Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ ծառէն ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ Աստուծոյ պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով’։ Սատանան կասկածի հունտ մը ցանեց ապա սպասեց որ անիկա ծիլ տայ։—Ծննդոց 3։5

4. Ներկայիս ի՞նչպիսի կասկածներ կրնան ազդել ոմանց։

4 Սատանան այս ռազմավարութիւնը ի՞նչպէս կը գործածէ ներկայիս։ Եթէ մեր Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը, անձնական ուսումնասիրութիւնը, աղօթքները եւ քրիստոնէական ծառայութիւնն ու ժողովները անտեսենք, ուրիշներու յարուցած կասկածներուն դէմ անպաշտպան կրնանք ըլլալ։ Օրինակ. «Ի՞նչպէս գիտենք թէ ասիկա այն ճշմարտութիւնն է, որ Յիսուս սորվեցուց»։ «Ասոնք իրապէ՞ս վերջին օրերն են։ Ի վերջոյ, արդէն իսկ ԻԱ. դարը թեւակոխած ենք»։ «Արմագեդոնի սեմի՞ն կը գտնուինք, թէ ոչ անիկա շա՜տ հեռու է»։ Եթէ այսպիսի կասկածներ ծագին, զանոնք վանելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։

5, 6. Ի՞նչ պէտք է ընենք երբ կասկածներ մեզ պատեն։

5 Յակոբոս գործնական խրատ մը տուաւ, երբ գրեց. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։ Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասն զի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է. այն մարդը թող չկարծէ թէ Տէրոջմէ բան մը պիտի առնէ. երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ»։—Յակոբու 1։5-8

6 Հետեւաբար, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Պէտք է շարունակենք աղօթքով ‘Աստուծմէ խնդրել’ որ մեզի հաւատք եւ հասկացողութիւն տայ, իսկ որեւէ հարցումի կամ կասկածի առնչութեամբ անձնական ուսումնասիրութիւն ընելու մեր ջանքերը կրկնապատկենք։ Կրնանք նաեւ հաւատքի մէջ զօրաւոր եղող անհատներէն օգնութիւն խնդրել, երբեք չվարանելով որ Եհովա մեզի հարկ եղած աջակցութիւնը պիտի տայ։ Յակոբոս նաեւ ըսաւ. «Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի։ Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ Այո՛, մինչ ուսումնասիրութեամբ ու աղօթքով Աստուծոյ կը մօտենանք, մեր կասկածները պիտի փարատին։—Յակոբու 4։7, 8

7, 8. Յիսուսի ուսուցանած պաշտամունքի ձեւը որոշելու կարգ մը հիմնական դատանիշերը ի՞նչ են, եւ որո՞նք գոհացում կու տան այդ դատանիշերուն։

7 Նկատի առէք, զոր օրինակ, հետեւեալ հարցումը. Ի՞նչպէս գիտենք թէ ճիշդ Յիսուսի ուսուցանած պաշտամունքին կը հետեւինք։ Ասոր պատասխանելու համար, ի՞նչ դատանիշ նկատի պէտք է առնուի։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ հարազատ Քրիստոնեաները իրարու հանդէպ ճշմարիտ սէր պէտք է ունենան։ (Յովհաննու 13։34, 35) Անոնք Աստուծոյ Եհովա անունը պէտք է սրբացնեն։ (Եսայեայ 12։4, 5. Մատթէոս 6։9) Այդ անունը պէ՛տք է ճանչցնեն։—Ելից 3։15. Յովհաննու 17։26

8 Ճշմարիտ պաշտամունքը բնորոշող ուրիշ մէկ երեսակն է՝ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հանդէպ յարգանքը։ Անիկա Աստուծոյ անձնաւորութիւնը եւ նպատակները յայտնող միակ գիրքն է։ (Յովհաննու 17։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Ասկէ զատ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ծանուցանեն՝ որպէս դրախտ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու համար մարդուն միակ յոյսը։ (Մարկոս 13։10. Յայտնութիւն 21։1-4) Անոնք այս աշխարհի փտած քաղաքականութենէն եւ պիղծ ապրելակերպէն հեռու կը մնան։ (Յովհաննու 15։19. Յակոբու 1։27. 4։4) Ներկայիս որո՞նք այս դատանիշերուն իրապէս գոհացում կու տան։ Իրողութիւնները կը հաստատեն թէ միայն մէկ պատասխան կայ՝ Եհովայի Վկաները։

Ի՞նչ Ընել Երբ Կասկածներ Շարունակուին

9, 10. Շարունակուող կասկածները յաղթահարելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։

9 Եթէ կասկածներու մէջ իյնանք, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր ասոր պատասխանը կու տայ. «Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ու սիրտդ հանճարին բանաս, եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»։Առակաց 2։1-5

10 Ասիկա սքանչելի գաղափար մը չէ՞։ Եթէ Աստուծոյ իմաստութեան անկեղծ ուշադրութիւն ընծայելու պատրաստ ըլլանք, ‘Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնենք’։ Այո՛, տիեզերքի Գերիշխան Տիրոջ գիտութիւնը կրնանք ձեռք ձգել, եթէ յօժարինք իր խօսքերը ընդունիլ եւ զանոնք պահել։ Ասիկա կը նշանակէ աղօթքով եւ անձնական ուսումնասիրութեամբ Եհովայի դիմել։ Իր Խօսքին մէջի ծածուկ գանձերը կրնան մեր կասկածները փարատել ու մեզի օգնել որ ճշմարտութեան լոյսը տեսնենք։

11. Կասկածը ի՞նչպէս պատած էր Եղիսէի ծառան։

11 Դ. Թագաւորաց 6։11-18–ի մէջ կը գտնենք բացայայտ օրինակ մը, թէ ի՛նչպէս աղօթքը օգնեց Աստուծոյ ծառայի մը, որ վախկոտ եւ կասկածամիտ էր։ Եղիսէի ծառան հոգեւոր ըմբռնում չունէր։ Ան չկրցաւ ըմբռնել թէ Ասորիներու բանակին կողմէ պաշարուած Աստուծոյ մարգարէն պաշտպանելու համար, երկնային զօրքեր ներկայ էին։ Ահաբեկած՝ ծառան բացագանչեց. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, ի՞նչ ընենք»։ Եղիսէ ի՞նչ պատասխանեց։ «Մի՛ վախնար, քանզի մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։ Սակայն, ծառան ի՞նչպէս պիտի համոզուէր։ Ան երկնային զօրքերը չէր տեսներ։

12. (ա) Ծառային կասկածները ի՞նչպէս փարատեցան։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք փարատել որեւէ կասկած որ ունինք։

12 Եղիսէ սկսաւ աղօթել ու ըսել. «‘Ո՛վ Տէր, ասոր աչքերը բաց, որպէս զի տեսնէ’։ Տէրը ծառային աչքերը բացաւ ու տեսաւ որ ահա լեռը Եղիսէին չորս կողմը հրեղէն ձիերով ու կառքերով լեցուն էր»։ Այդ պարագային, Եհովա պատճառ եղաւ որ ծառան տեսնէր Եղիսէն պաշտպանող երկնային զօրքերը։ Սակայն, ներկայիս նոյնանման աստուածային օգնութիւն պէտք չէ ակնկալենք։ Մի՛ մոռնաք որ մարգարէին ծառան իր հաւատքը զօրացնելու համար ամբողջ Աստուածաշունչը չունէր։ Մենք Աստուածաշունչը ունինք։ Եթէ զայն յաճախ գործածենք, մեր հաւատքն ալ պիտի զօրանայ։ Օրինակ, կրնանք խոկալ այն կարգ մը արձանագրութիւններուն մասին, որոնք Եհովան կը նկարագրեն իր երկնային ատեանին մէջ։ Ասոնք կասկած չեն ձգեր թէ Եհովա երկնային կազմակերպութիւն մը ունի, որ ներկայիս դաստիարակչական համաշխարհային գործին մէջ իր ծառաներուն թիկունք կը կանգնի։—Եսայեայ 6։1-4. Եզեկիէլ 1։4-28. Դանիէլ 7։9, 10. Յայտնութիւն 4։1-10. 14։6, 7

Զգուշացէք Սատանայի Հնարքներէն

13. Սատանան ի՞նչ կերպով կը ջանայ տկարացնել ճշմարտութեան կառչելու մեր վճռակամութիւնը։

13 Մեր հոգեւորականութիւնը, եւ ճշմարտութեան կառչելու մեր վճռակամութիւնը տկարացնելու Սատանայի կարգ մը ուրիշ կերպերը ի՞նչ են։ Անոնցմէ մէկն է՝ անբարոյութիւնը, իր այլազան յայտնաբերումներով։ Մերօրեայ սեռի խենթ աշխարհին մէջ, սիրային արկածախնդրութիւն կոչուածը (անհաւատարմութիւն բառի մեղմացում), կամ մէկ գիշերուան կենակցութիւնը (պատահական պոռնկութիւն), հաճոյապաշտ սերունդի մը առօրեային մէկ մասը դարձած է, որ վճռած է ամէն գնով լաւ ժամանակ անցընել։ Շարժապատկերը, հեռատեսիլը եւ պատկերիզները կը քաջալերեն այս կենցաղը։ Պոռնկագրութիւնը թափանցած է լրատուական սպասարկութիւններէն՝ մանաւանդ Ինթըրնէթէն ներս։ Հետաքրքիրներուն կը սպասէ փորձութիւնը։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-5. Յակոբու 1։13-15

14. Ինչո՞ւ կարգ մը Քրիստոնեաներ Սատանայի հնարքներուն զոհ գացած են։

14 Քրիստոնեաներէն ոմանք հետաքրքրութեան տեղի տալով իրենց միտքն ու սիրտը ապականած են՝ թեթեւ կամ ծանր պոռնկագրական տեսարաններ դիտելով։ Անոնք թոյլ տուած են որ Սատանայի հրապուրիչ ծուղակին մէջ իյնան։ Ասիկա յաճախ հոգեւոր նաւաբեկութեան առաջնորդած է։ Այսպիսիներ «չարութիւն գիտնալու կողմէ տղայ» չեն մնացած։ Անոնք «հասկնալու կարողութեան մէջ չափահաս» չեն եղած։ (Ա. Կորնթացիս 14։20ՆԱ) Ամէն տարի, հազարաւորներ Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն համաձայն չապրելուն գինը կը վճարեն։ Անոնք «Աստուծոյ սպառազինութիւնը» հագնիլը եւ զայն պահպանելը անտեսած են։—Եփեսացիս 6։10-13. Կողոսացիս 3։5-10. Ա. Տիմոթէոս 1։18, 19

Մեր Ունեցածը Արժեւորենք

15. Ինչո՞ւ ոմանք իրենց հոգեւոր ժառանգութիւնը գնահատելը կրնան դժուար գտնել։

15 Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհաննու 8։32) Վկաներէն շատեր իրենց նախկին ապրելակերպէն եւ կրօնական ընկերակցութիւններէն ձերբազատուելու հարկը տեսած են։ Հետեւաբար, անոնք շատ աւելի կը գնահատեն ճշմարտութեան բերած ազատութիւնը։ Միւս կողմէ, ճշմարտութեան մէջ եղող ծնողներու կողմէ դաստիարակուած պատանիներ, կրնան դժուարանալ իրենց հոգեւոր ժառանգութիւնը գնահատելու։ Անոնք երբեք մաս չեն կազմած սուտ կրօնքին, ո՛չ ալ այս աշխարհին, որ հաճոյք հետապնդելու, թմրեցուցիչի մոլութեան եւ անբարոյութեան վրայ շեշտ կը դնէ։ Այս պատճառաւ, անոնք չեն տեսներ մեր հոգեւոր դրախտին եւ Սատանայի ապականած աշխարհին միջեւ եղած սուր հակադրութիւնը։ Ոմանք նոյնիսկ աշխարհի թոյնը համտեսելու փորձութեան տեղի կու տան, տեսնելու համար թէ ի՛նչ բան կորսնցուցած են։—Ա. Յովհաննու 2։15-17. Յայտնութիւն 18։1-5

16. (ա) Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք։ (բ) Ի՞նչ ուսուցում եւ քաջալերութիւն կը ստանանք։

16 Ցաւը եւ տառապանքը գիտնալու համար իրապէս պէ՞տք ունինք մեր մատները այրելու։ Չե՞նք կրնար ուրիշներու ժխտական փորձառութիւններէն սորվիլ։ Պէտք ունի՞նք այս աշխարհի «ցեխի»ն դառնալու, տեսնելու համար թէ արդեօք բանէ մը զրկուած ենք։ (Բ. Պետրոս 2։20-22) Նախապէս Սատանայի աշխարհին մէկ մասը եղած առաջին դարու Քրիստոնեաներուն գրելով, Պետրոս անոնց յիշեցուց. «Հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք»։ Վստահաբար, պէտք չունինք աշխարհի ‘անառակութիւնը’ փորձելու, տեսնելու համար թէ կեանքը ո՛րքան նուաստացուցիչ կրնայ ըլլալ։ (Ա. Պետրոս 4։3, 4) Ընդհակառակը, մենք Եհովայի բարոյական բարձր չափանիշները կը սորվինք մեր Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ, որոնք Աստուածաշունչի դաստիարակութեան կեդրոններ են։ Նաեւ մեզի քաջալերութիւն կը տրուի որ մեր բանականութիւնը գործածենք, մենք մեզի ապացուցանելու համար թէ ճշմարտութիւնը ունինք եւ այս կերպով ճշմարտութիւնը սեփականացնենք։—Յեսուայ 1։8. Հռովմայեցիս 12։1, 2. Բ. Տիմոթէոս 3։14-17

Մեր Անունը Պարզապէս Պիտակ մը Չէ

17. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի ազդու Վկաներ ըլլալ։

17 Եթէ ճշմարտութիւնը սեփականացնենք, պիտի ջանանք զայն ուրիշներուն հետ բաժնել ամէն յարմար առիթի։ Ասիկա չի նշանակեր թէ զայն պիտի պարտադրենք հետաքրքրութիւն չցուցաբերող անհատներուն։ (Մատթէոս 7։6) Այլ, պիտի չամչնանք մենք մեզ ճանչցնելու որպէս Եհովայի Վկայ մը։ Եթէ անհատ մը հետաքրքրութեան նշոյլ մը ցոյց տայ՝ անկեղծ հարցում մը հարցնելով, կամ սուրբ գրային գրականութիւն մը ընդունելով, յօժար եւ պատրաստ պիտի ըլլանք մեր յոյսը անոր հետ բաժնելու։ Անշուշտ, ասիկա կը պահանջէ որ մի՛շտ մեր հետ գրականութիւններ ունենանք, ուր որ ալ գտնուինք՝ տունը, գործատեղին, դպրոցը, վաճառատունը, կամ զբօսավայր մը։—Ա. Պետրոս 3։15

18. Մեր Քրիստոնեայ ըլլալը յայտնապէս գիտցնելը ի՞նչպէս կրնայ նպաստաւոր ըլլալ մեզի։

18 Երբ մեր Քրիստոնեայ ըլլալը յայտնապէս գիտցնենք, Սատանայի խորամանկ յարձակումներուն դէմ աւելի զօրաւոր պատնէշ մը կը քաշենք։ Երբ ծննդեան տարեդարձ մը կամ Ծնունդի տօնակատարութիւն մը կամ գրասենեակին մէջ վիճակահանութիւն մը ըլլայ, գործակիցներ յաճախ պիտի ըսեն. «Պարապ տեղ մի՛ յոգնիր, ան Եհովայի Վկայ է»։ Նոյն պատճառաւ, մեր ներկայութեան մարդիկ կրնան աւելի նուազ հակամէտ ըլլալ աղտոտ կատակներ պատմելու։ Հետեւաբար, մեր քրիստոնէական կեցուածքը գիտցնելը նպաստաւոր է մեզի համար, ճիշդ ինչպէս Պետրոս առաքեալ նշեց. «Ո՞վ ձեզի չարիք մը պիտի հասցնէ՝ եթէ դուք բարիին հետեւիք։ Բայց եթէ արդարութեան համար չարչարուիք ալ՝ երանելի էք»։—Ա. Պետրոս 3։13, 14

19. Ի՞նչպէս գիտենք թէ վերջին օրերուն մէջ շատ յառաջացած ենք։

19 Ճշմարտութիւնը սեփականացնելու ուրիշ մէկ օգուտը այն է, որ պիտի համոզուինք թէ արդարեւ իրերու այս դրութեան վերջին օրերուն մէջ ենք։ Պիտի գիտնանք թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններէն շատերը իրենց յանգումին կը հասնին մեր ժամանակին մէջ։ * Պօղոսի ազդարարութիւնը թէ՝ «վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան», բացայայտ կերպով հաստատուած է անցեալ դարու ահռելի իրադարձութիւններով։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Մարկոս 13։3-37) Ի. դարու մասին վերջերս օրաթերթի յօդուածի մը խորագիրը կ’ըսէր՝ «Անիկա Պիտի Ճանչցուի Որպէս Բարբարոսական Դարաշրջան»։ Յօդուածը կ’ըսէր. «Ամենէն արիւնահեղ դարու երկրորդ կիսուն, 1999–ն՝ ամենէն արիւնահեղ տարին եղաւ»։

20. Հիմա ի՞նչ ընելու ժամանակն է։

20 Հիմա տատանուելու ժամանակը չէ։ Եհովայի օրհնութիւնը բացայայտօրէն կը տեսնուի, բոլոր ազգերուն վկայութիւն տալու համար, համայն աշխարհի մէջ ցարդ կատարուած Աստուածաշունչի մեծագոյն դաստիարակչական գործունէութեան վրայ։ (Մատթէոս 24։14) Ճշմարտութիւնը սեփականացուցէք եւ զայն ուրիշներուն հետ բաժնեցէք։ Ձեր յաւիտենական ապագան կախեալ է ներկայիս ձեր ըրած բաներէն։ Ձեր ձեռքը թուլցնելով Եհովայի օրհնութեան պիտի չարժանանաք։ (Ղուկաս 9։62) Ընդհակառակը, հիմա ժամանակն է որ ‘հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կենաք եւ ամէն ատեն աւելնաք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով’։—Ա. Կորնթացիս 15։58

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 19 Տես՝ Դիտարան 15 Յունուար 2000, էջ 12-14։ 13-18–րդ պարբերութիւնները վերաքաղ կ’ընեն զօրաւոր ապացոյցի վեց եզրեր, որոնք ցոյց կու տան թէ 1914–էն ի վեր մենք վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։

Կը յիշէ՞ք

• Ի՞նչպէս կրնանք կասկածները փարատել։

• Եղիսէի ծառային օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

• Բարոյական ո՞ր փորձութիւններու դէմ յարատեւաբար պէտք է զգուշանանք։

• Ինչո՞ւ մենք մեզ բացայայտօրէն պէտք է ճանչցնենք որպէս Եհովայի Վկայ մը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 10]

Կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը եւ աղօթելը կասկածները փարատելու կը նպաստեն

[Նկար՝ էջ 11]

Եղիսէի ծառային կասկածները փարատեցան տեսիլքով մը

[Նկար՝ էջ 12]

Եհովայի բարոյական բարձր չափանիշները կը սորվինք Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ, ինչպէս այս սրահը Պենինի մէջ