«Պորտիդ առողջութիւն» է
«Պորտիդ առողջութիւն» է
ԿԸ ԿԱՐԾՈՒԻ թէ մարդկութեան հիւանդութիւններուն մեծ մասը յառաջ կու գայ զգացական ճնշուածութենէ, ինչպէս՝ վախը, վիշտը, նախանձը, ընդվզումը, ատելութիւնը եւ յանցապարտութեան զգացումը։ Ասոր ի տես, Աստուածաշունչի ըսածը որքա՜ն մխիթարական է՝ ‘Տէրոջմէ վախնալը պորտիդ առողջութիւն եւ քու ոսկորներուդ պարարտութիւն է’։—Առակաց 3։7, 8
Ոսկորները մարմինը կանգուն պահող կմախքն են։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչը «ոսկորներ» արտայայտութիւնը փոխաբերաբար կը գործածէ՝ անհատի մը վիճակը ներկայացնելու համար, յատկապէս՝ երբ խոր զգացումներէ եւ յուզումներէ ազդուած է։ Սակայն, Եհովայի վախը ի՞նչպէս «պորտիդ առողջութիւն» է։
Աստուածաշունչի ուսումնականները այս հատուածին մէջ յիշուած «պորտ»ին նկատմամբ տարակարծիք են։ Մեկնաբան մը կ’ըսէ թէ քանի որ անիկա «մարմնին կեդրոնը կը գտնուի», «պորտ»ը կրնայ կենսական բոլոր անդամները ներկայացնել։ Ուրիշ ուսումնական մը կը թելադրէ թէ «պորտ» բառը կրնայ պորտալար նշանակել, ինչպէս որ Եզեկիէլ 16։4–ին մէջ գործածուած է։ Եթէ այս է պարագան, Առակաց 3։8–ն թերեւս կը շեշտէ Աստուծմէ լրիւ կախեալ ըլլալու մեր կարիքը, ճիշդ ինչպէս որ անօգնական սաղմը սննդառութեան համար բոլորովին իր մօրմէն կախեալ կ’ըլլայ։ Ուրիշ գաղափար մը այն է թէ, հոս «պորտ»ը կրնայ ակնարկել մարմնին մկաններուն եւ նեարդախուրձերուն։ Այս համարին բովանդակութեան մէջ, կրնայ ըլլալ որ այս մասերը կը հակադրուին «ոսկորներ»ուն հետ՝ մարմնին աւելի կարծր բաղադրիչներուն հետ։
Բուն իմաստը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, մէկ բան որոշ է. Եհովայի հանդէպ յարգալից վախ ցուցաբերելը իմաստուն ընթացքն է։ Աստուծոյ չափանիշներուն համակերպիլը կրնայ հի՛մա իսկ մեր ֆիզիքական բարօրութեան նպաստել։ Ասկէ աւելի, անիկա կրնայ Եհովայի հաճութեան արժանացնել մեզ, որ իր կարգին մեզ պիտի առաջնորդէ գալիք նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքի՝ ֆիզիքական եւ զգացական կատարեալ առողջութեամբ։—Եսայեայ 33։24. Յայտնութիւն 21։4. 22։2
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 32]
Dr. G. Moscoso/SPL/Photo Researchers