Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վտանգներով ապրիլ

Վտանգներով ապրիլ

Վտանգներով ապրիլ

«Օրուան մէջ ի՛նչ որ կ’ընէք՝ քնանալն ալ ներառեալ՝ վտանգ կայ որ ձեր կեանքին մէջ անիկա ձեր ըրած վերջին բանը ըլլայ»։—Տիսքավըր պարբերաթերթ

ԿԵԱՆՔԸ՝ ականապատ դաշտի մը մէջ քալելուն նմանցուած է, քանի որ որեւէ ատեն՝ յաճախ առանց կանխազդարարութեան՝ կրնանք վիրաւորուիլ կամ մեռնիլ։ Վտանգի պատճառները երկրէ երկիր կը տարբերին։ Անոնք կրնան ըլլալ՝ երթեւեկի արկածներ, քաղաքացիական պատերազմ, սով, ԷՅՏԾ, խլիրդ, սրտի հիւանդութիւն, եւ շատ մը ուրիշ բաներ։ Օրինակ, Ափրիկեան Սահարայի հարաւը գտնուող երկիրներու մէջ, ԷՅՏԾ–ը թիւ մէկ սպաննիչը դարձած է. վերջին տարիներէն մէկուն ընթացքին «2.2 միլիոն կեանքեր խլելով. Ափրիկէի բոլոր քաղաքացիական պատերազմներուն խլած զոհերուն 10 անգամը», կ’ըսէ Մ.Ն. Լուրեր եւ Աշխարհի Տեղեկագիր–ը։

Նոյն միջոցին, աշխարհը միլիառներ կը ծախսէ կեանքը երկարելու եւ հիւանդութեան ու անկարողութեան վտանգները նուազեցնելու համար։ Յառաջ քշուած շատ մը գաղափարներ, ինչպէս՝ ուտելու եւ խմելու բանաւոր սովորութիւններ եւ մարմնամարզանքը, կրնան որոշ օգտակար արդիւնքներ տալ։ Սակայն, կեանքի իւրաքանչիւր կարեւոր երեսակի մասին վստահելի տեղեկութիւններու աղբիւր մը կայ, որ կրնայ օգնել ձեզի աւե՛լի ապահով կեանք մը վայելելու։ Այդ աղբիւրը Աստուածաշունչն է։ Անիկա մեր առողջութեան եւ բարօրութեան ազդող բազմատեսակ հարցեր ի՛նչպէս ձեռք առնելու մասին ուղեգծեր կը պարունակէ։ Անշուշտ, Աստուածաշունչը ամէն խնդիր

մանրամասնօրէն նկատի չ’առներ։ Սակայն, հոյակապ սկզբունքներ կը հայթայթէ, որոնք մեզ կ’առաջնորդեն ուտելու վարժութեանց, ֆիզիքական բարեկազմութեան, մտային կեցուածքի, սեռի, խմիչքի գործածութեան, ծխախոտի, եւ այդպէս կոչուած ժամանցի մտօք գործածուած թմրեցուցիչներու, եւ բազմաթիւ այլ հարցերու մէջ։

Ոմանց համար կեանքը տնտեսական անորոշութիւններով ալ ծանրաբեռնուած է։ Այս պարագային ալ Աստուածաշունչը օգնութեան կը հասնի մեզի։ Անիկա ոչ միայն դրամի եւ զայն ծախսելու շուրջ իմաստուն տեսակէտ մը կը քաջալերէ, այլ նաեւ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք աւելի լաւ գործաւոր կամ գործատէր մը ըլլալ։ Պարզ խօսքով, Աստուածաշունչը ողջախոհ առաջնորդ մըն է, ոչ միայն նիւթական ապահովութեան եւ ֆիզիքական բարօրութեան համար, այլեւ՝ նոյնինքն կեանքի համար։ Կը փափաքի՞ք տեսնել թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս գործնական կրնայ ըլլալ ներկայիս։ Ուրեմն հաճեցէք շարունակել ձեր ընթերցանութիւնը։