Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վտանգով լեցուն աշխարհի մը մէջ ապահովութիւն գտնել

Վտանգով լեցուն աշխարհի մը մէջ ապահովութիւն գտնել

Վտանգով լեցուն աշխարհի մը մէջ ապահովութիւն գտնել

ԱԿԱՆԱՊԱՏ դաշտի մը մէջ քալելը կրնայ մահացու ըլլալ։ Սակայն, ականներուն տեղերը ցոյց տուող քարտէս մը ունենալը օգտակար պիտի չըլլա՞ր։ Ասկէ զատ, ենթադրենք թէ տարբեր տեսակի ականներ բնորոշելու մարզում ստացած էք։ Բացայայտօրէն, այսպիսի գիտութիւն որոշ չափով պիտի նուազեցնէ խեղանդամ ըլլալու կամ սպաննուելու վտանգը։

Աստուածաշունչը կրնայ նմանցուիլ այդ քարտէսին եւ ական բնորոշելու մարզում ստանալուն։ Վտանգներէ խուսափելու եւ կեանքի մէջ ծագած խնդիրները ձեռք առնելու հարցին մէջ, Աստուածաշունչը անգերազանցելի իմաստութիւն կը պարունակէ։

Նկատի առէք Առակաց 2։10, 11–ի այս հաւաստիացուցիչ խոստումը. «Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ, խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ»։ Հոս յիշուած իմաստութիւնն ու հանճարը մարդկային ծագում չունին, այլ՝ աստուածային։ «[Աստուածային իմաստութեան] մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ»։ (Առակաց 1։33) Տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ինչպէս կրնայ մեր ապահովութիւնը աւելցնել եւ շատ մը խնդիրներէ խուսափելու օգնել։

Մահացու Արկածներու Առաջքը Առնենք

Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան (ՀԱԿ) վերջերս հրատարակած թիւերը ցոյց կու տան, թէ համայն աշխարհի մէջ երթեւեկի արկածներուն պատճառած մահերուն տարեկան թիւը շուրջ 1,171,000 է։ Գրեթէ 40 միլիոն ուրիշներ կը վիրաւորուին, իսկ աւելի քան 8 միլիոն ալ երկարատեւ անկարողութենէ կը տառապին։

Թէեւ ինքնաշարժ վարելու ընթացքին անկարելի է բացարձակ ապահովութիւն ակնկալել, սակայն երբ երթեւեկի կանոններուն հնազանդինք, մեծապէս կը նպաստենք մեր անձնական ապահովութեան։ Երթեւեկի կանոններ դնող ու զանոնք պարտադրող կառավարական հեղինակութիւններուն մասին խօսելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի»։ (Հռովմայեցիս 13։1) Այս խրատին հետեւող ինքնաշարժի վարիչներ, արկածի մը հանդիպելու վտանգը եւ յաճախ անոր ընկերակցող լուրջ հետեւանքները կը նուազեցնեն։

Կեանքի հանդէպ յարգանքը՝ զգուշօրէն քշելու ուրիշ դրդապատճառ մըն է։ Աստուածաշունչը Եհովա Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Կեանքի աղբիւրը քու քովդ է»։ (Սաղմոս 36։9) Ուստի կեանքը աստուածային պարգեւ մըն է։ Հետեւաբար, իրաւունք չունինք այդ պարգեւը ոեւէ անհատէ խլելու, կամ կեանքի հանդէպ յարգանքի պակաս ցոյց տալու, անշուշտ, մեր կեանքն ալ ներառեալ։—Ծննդոց 9։5, 6

Բնականաբար, մարդկային կեանքի հանդէպ յարգանք ցուցաբերելը իր մէջ կը պարփակէ վստահ ըլլալ որ մեր ինքնաշարժը եւ բնակարանը կարելի եղածին չափ ապահով վիճակի մէջ է։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, ապահովութեան նախապատուութիւն կը տրուէր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Օրինակ, երբ տուն մը կառուցուէր, Աստուծոյ Օրէնքը կը պահանջէր որ անոր տանիքը՝ որ ընտանեկան գործունէութեան կարեւոր վայր մըն էր՝ ցանկապատ մը ունենար։ «Նոր տուն շինած ատենդ տանիքիդ չորս կողմը շրջապատ մը շինէ, որպէս զի չըլլայ թէ մէկը անկէ վար իյնայ ու քու տունդ արեան պարտական ըլլայ»։ (Բ. Օրինաց 22։8) Եթէ մէկը վար իյնար այս ապահովութեան օրէնքը պահուած չըլլալուն պատճառաւ, Աստուած պատասխանատու կը բռնէր տանտէրը։ Այս օրէնքին ներփակած սիրալիր սկզբունքը կիրարկելը, անկասկած աշխատավայրին, կամ նոյնիսկ զբօսանքի մէջ արկածները պիտի նուազեցնէր։

Մահացու Մոլութիւններուն Դէմ Պայքարինք

ՀԱԿ–ի համաձայն, ներկայիս աւելի քան մէկ միլիառ ծխողներ կան աշխարհի մէջ, իսկ տարեկան մօտ չորս միլիոն մահ կրնայ վերագրուիլ ծխախոտին։ Յառաջիկայ 20–էն 30 տարիներու ընթացքին, կ’ակնկալուի որ այս թիւը շուրջ 10 միլիոնի բարձրանայ։ Ուրիշ միլիոնաւոր ծխողներ, ինչպէս նաեւ «ժամանցի» թմրեցուցիչներ գործածողներ, իրենց առողջութիւնն ու կեանքի որակը պիտի քանդեն իրենց մոլութիւններուն պատճառաւ։

Թէեւ Աստուծոյ Խօսքը ծխախոտի գործածութիւնը եւ թմրեցուցիչի մոլութիւնը մասնայատուկ կերպով չի յիշեր, սակայն անոր սկզբունքները կրնան մեզ պաշտպանել այս սովորութիւններէն։ Օրինակ, Բ. Կորնթացիս 7։1–ը կը խրատէ. «Մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք»։ Անկասկած, ծխախոտը եւ թմրեցուցիչը մարմինը կ’ապականեն կամ կ’աղտոտեն, բազմաթիւ վնասակար քիմիական տարրերով։ Ասկէ զատ, Աստուած կ’ուզէ որ մեր մարմինը «սուրբ»՝ այսինքն, անարատ եւ մաքուր ըլլայ։ (Հռովմայեցիս 12։1) Չէ՞ք համաձայնիր որ այս սկզբունքները կիրարկելը յատկանշականօրէն պիտի նուազեցնէ մէկու մը կեանքին սպառնացող վտանգները։

Վտանգաւոր Սովորութիւնները Յաղթահարենք

Շատեր ուտելու եւ խմելու մէջ ծայրայեղութեան կ’երթան։ Չափազանց ուտելուն հետեւանքները կրնան ըլլալ շաքարախտ, խլիրդ եւ սրտի հիւանդութիւն։ Խմիչքի սխալ գործածութիւնը կրնայ յաւելեալ խնդիրներու առաջնորդել, ինչպէս՝ ալքոլամոլութիւն, լերդակարծրութիւն, քայքայուած ընտանիքներ ու երթեւեկի արկածներ։ Գալով միւս ծայրայեղութեան, խիստ սննդականոնի մը հետեւիլը կրնայ վնասակար ըլլալ, եւ ճամբան հարթել կեանքի սպառնացող սննդառութեան խանգարումներու, ինչպէս՝ անորէքսիա նըրվոսա։

Թէեւ Աստուածաշունչը բժշկական գիրք մը չէ, սակայն անիկա ճշգրիտ խրատներ կու տայ ուտելու եւ խմելու մէջ չափաւոր ըլլալու կարիքին մասին։ «Որդեա՛կ իմ, լսէ՛ ու իմաստուն եղի՛ր եւ քու սիրտդ դէպի ուղիղ ճամբան շտկէ՛։ Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն ու իրենց մարմինը մաշողներուն, վասն զի գինեմոլն ու շռայլը աղքատ կ’ըլլան»։ (Առակաց 23։19-21) Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ուտելն ու խմելը հաճելի բաներ պէտք է ըլլան։ «Ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայելելը Աստուծոյ պարգեւն է»։—Ժողովողի 3։13

Աստուածաշունչը կը քաջալերէ նաեւ որ մարզանքի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենանք, հաստատելով թէ «մարմնին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է»։ Սակայն, անիկա կ’աւելցնէ. «Աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8) Թերեւս հարց տաք. ‘Աստուածպաշտութիւնը ներկայիս ի՞նչպէս օգտակար է’։ Շա՛տ մը կերպերով։ Անհատի մը կեանքին հոգեւոր կենսական հայեցակէտ մը աւելցնելէ զատ, աստուածպաշտութիւնը օգտակար յատկութիւններ կը յառաջացնէ, ինչպէս՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ ժուժկալութիւն. ասոնք բոլորն ալ դրական տեսակէտ եւ լաւ առողջութիւն ունենալու կը նպաստեն։—Գաղատացիս 5։22, 23

Անբարոյութեան Դառն Հետեւանքները

Ներկայիս, միլիոնաւոր անհատներ բարոյապէս շատ սանձարձակ եղած են։ ԷՅՏԾ–ի համաճարակը ասոր հետեւանքներէն մէկն է։ ՀԱԿ–ի համաձայն, ԷՅՏԾ–ը սկսելէն ի վեր աւելի քան 16 միլիոն անհատներ մեռած են, իսկ ներկայիս, շուրջ 34 միլիոն ալ ԷՅՏԾ պատճառող HIV ժահրով վարակուած են։ Շատեր այս հիւանդութեամբ վարակուած են՝ սեռային անբարոյութեան, թմրամոլներու գործածած ապականուած սրսկիչներուն, կամ վարակուած արեան ներարկումներու միջոցաւ։

Մեղկասիրութեան կարգ մը ուրիշ հետեւանքներն են՝ սողնախտը, սերմնակաթութիւնը, B եւ C լերդախտը, եւ ֆրանկախտը։ Թէեւ Աստուածաշունչի ժամանակներուն բժշկական այսպիսի արտայայտութիւններ չէին գործածուեր, սակայն, գիտէին թէ մարմնին ո՛ր անդամները կը վնասուէին սեռային գետնի վրայ փոխանցուած կարգ մը հիւանդութիւններէն, որոնք ծանօթ էին այն ատեն։ Օրինակ, Առակաց 7։23–ը պոռնկութեան ահաւոր հետեւանքները կը նմանցնէ ‘լեարդը ծակող նետի մը’։ Ֆրանկախտն ու լերդախտն ալ սովորաբար կը հարուածեն լեարդը։ Այո՛, ‘արիւնէ եւ պոռնկութենէ ետ կենալու’ Քրիստոնեաներուն ուղղուած Աստուածաշունչի խրատը որքա՜ն տեղին եւ սիրալիր է։—Գործք 15։28, 29

Դրամասիրութեան Ծուղակը

Արագօրէն հարստանալ ջանալով, շատեր իրենց դրամը մեծ վտանգներու կ’ենթարկեն։ Դժբախտաբար, այսպիսի վտանգաւոր քայլեր յաճախ նիւթական կորուստի կամ կործանումի կ’առաջնորդեն։ Սակայն, Աստուածաշունչը Աստուծոյ ծառային կ’ըսէ. «[Թող] աղէկ գործի մը պարապ[ի]՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէս զի կարող ըլլայ տալ կարօտ եղողին»։ (Եփեսացիս 4։28) Ճիշդ է որ ծանր աշխատող մը միշտ հարուստ չըլլար։ Սակայն, ան մտքի խաղաղութիւն, արժանապատուութիւն, եւ թերեւս նոյնիսկ արժէքաւոր նպատակի համար նուիրելիք դրամ կրնայ ունենալ։

Աստուածաշունչը կ’ազդարարէ. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։ Վասն զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ . . . ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Անհերքելի է որ ‘հարստանալ ուզողներէն’ շատեր, իրապէս կը հարստանան։ Սակայն, ի՞նչ գնով։ Ճիշդ չէ՞ թէ անոնց առողջութիւնը, ընտանիքը, հոգեւորականութիւնը եւ նոյնիսկ քունին որակը կը վնասուին։—Ժողովողի 5։12

Իմաստուն անհատ մը կ’անդրադառնայ որ «մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ (Ղուկաս 12։15) Գրեթէ բոլոր ընկերութիւններու մէջ դրամը եւ կարգ մը ստացուածքներ անհրաժեշտ են։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «դրամը պաշտպանութեան համար է», բայց անիկա կ’աւելցնէ թէ «գիտութեան օգուտն այս է, որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ»։ (Ժողովողի 7։12) Դրամին հակառակը, շիտակ գիտութիւնը եւ իմաստութիւնը կրնան մեզի ամէն պարագաներուն օգնել, բայց յատկապէս՝ մեր կեանքին ազդող հարցերուն մէջ։—Առակաց 4։5-9

Երբ Միա՛յն Իմաստութիւնը Մեզ Պիտի Պաշտպանէ

Շուտով՝ ճշմարիտ իմաստութիւնը աննախընթաց կերպով ‘զինք ստացողները պիտի ապրեցնէ’. զանոնք պիտի պաշտպանէ արագահաս ‘մեծ նեղութենէն’, երբ Աստուած չարերը պիտի կործանէ։ (Մատթէոս 24։21) Ըստ Աստուածաշունչին, այն ժամանակ մարդիկ իրենց դրամը փողոցը պիտի նետեն որպէս «անարգ բան մը»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրենց քսակէն պիտի սորվին թէ «Տէրոջը բարկութեան օրը», արծաթով ու ոսկիով կեանք չեն կրնար գնել։ (Եզեկիէլ 7։19) Միւս կողմէ, «մեծ բազմութիւն» մը, որ խոհեմութեամբ ‘իրենց գանձերը երկինքը դիզած են’՝ հոգեւոր շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելով՝ պիտի օգտուին այս վստահելի ներդրումէն եւ դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք ձեռք պիտի ձգեն։—Յայտնութիւն 7։9, 14. 21։3, 4. Մատթէոս 6։19, 20

Այս ապահով ապագան ի՞նչպէս կրնանք ձեռք ձգել։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան, քու՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3ՆԱ) Միլիոնաւորներ այս գիտութիւնը գտած են Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։ Անոնք ոչ միայն ապագայի նկատմամբ հոյակապ յոյս մը ունին, այլեւ հիմա իսկ որոշ չափով խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն կը վայելեն։ Ասիկա սաղմոսերգուին խօսքերուն հետ ներդաշնակ է. «Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, վասն զի դո՛ւն միայն, ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես»։—Սաղմոս 4։8

Տեղեկութեան ուրիշ աղբիւր մը գիտէ՞ք, որ կրնայ ձեր առողջութեան եւ կեանքին սպառնացող վտանգները նուազեցնել, այն տարողութեամբ որ Աստուածաշունչը կ’ընէ։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք անոր հեղինակութիւնը ունի, եւ չկայ գիրք մը որ կրնայ ձեզի օգնել իսկական ապահովութիւն գտնելու, վտանգով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ։ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը մօտէն չքննէք։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 6]

Աստուածաշունչին շնորհիւ՝ աւելի լաւ առողջութիւն եւ ապահովութիւն

Կեանքի իրողութիւններէն խոյս տալու համար, Ճէյն անունով երիտասարդուհի մը կանոնաւորաբար մարիխուանա, ծխախոտ, գոգային, էմֆեթամինզ, LSD, եւ այլ թմրեցուցիչներ կը գործածէր։ * Ան նաեւ ծանր խմող մըն էր։ Ըստ Ճէյնի, իր ամուսինը իրմէ լաւ չէր։ Անոնց ապագան մռայլ էր։ Ապա Ճէյն Եհովայի Վկաներուն հետ շփման մէջ եկաւ։ Ան սկսաւ քրիստոնէական ժողովներու յաճախել, նաեւ Դիտարան–ը եւ անոր ընկերակից պարբերաթերթը՝ Զարթի՛ր–ը կարդալ, եւ զանոնք իր ամուսնոյն հետ բաժնել։ Երկուքն ալ սկսան Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Երբ Եհովայի բարձր չափանիշներուն հանդէպ սկսան գնահատութիւն զարգացնել, անոնք բոլոր մոլութիւններէն հրաժարեցան։ Արդի՞ւնքը։ Քանի մը տարի ետք, Ճէյն գրեց. «Մեր նոր կեանքը շատ ուրախութիւն բերաւ։ Շա՛տ երախտապարտ եմ Եհովայի, իր Խօսքին մաքրող զօրութեան եւ ներկայիս մեր վարած մոլութիւններէ զերծ եւ առողջ կեանքին համար»։

Պարկեշտ գործաւոր մը ըլլալուն արժէքը լաւ կերպով բացատրուած է Քըրթի պարագայով, որու գործը համակարգիչի սարքաւորումներուն հոգ տանիլ էր։ Նոր գործիքներու կարիքը կար, ուստի Քըրթի գործատէրը իրեն վստահեցաւ որ յարմար գնով զանոնք գնէր շուկայէն։ Քըրթ յարմար վաճառատուն մը գտաւ եւ գինին շուրջ համաձայնեցաւ։ Սակայն, վաճառատան պաշտօնեան սակերու թուղթին վրայ սխալ մը ըրաւ, այնպէս որ անոնց գինը գրեթէ $40,000 (Ամ.) նուազ եղաւ։ Սխալը նկատելով, Քըրթ ընկերութեան հեռաձայնեց եւ տնօրէնը ըսաւ թէ 25 տարուան իր այս գործին մէջ տակաւին այսպիսի պարկեշտութիւն տեսած չէր։ Քըրթ բացատրեց թէ իր խիղճը Աստուածաշունչով ձեւաւորուած էր։ Արդիւնքը այն եղաւ որ տնօրէնը, պարկեշտութեան մասին խօսող Զարթի՛ր–ի թիւէն 300 օրինակ խնդրեց, որպէսզի զանոնք իր գործակիցներուն տար։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Քըրթի, իր պարկեշտութիւնը պաշտօնի բարձրացման առաջնորդեց։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 30 Անունները փոխուած են։

[Նկար՝ էջ 7]

«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ» (ԵՍԱՅԵԱՅ 48։17