Եհովայի դատաստանի օրը մօ՛տ է
Եհովայի դատաստանի օրը մօ՛տ է
«Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։—ՍՈՓՈՆԵԱՅ 1։14
1. Աստուած Սոփոնիայի միջոցաւ ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ ամբարիշտին դէմ քայլեր առնելու վրայ է։ Մտի՛կ ըրէք։ Ասիկա իր ազդարարութիւնն է. «Մարդ[ը] պիտի կորսնցնեմ, . . . երկրի երեսէն մարդը պիտի բնաջնջեմ»։ (Սոփոնեայ 1։3) Գերիշխան Տէր Եհովայի այս խօսքերը ըսուած էին իր Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ, որ հաւանաբար հաւատարիմ Եզեկիա Թագաւորին թոռան թոռն էր։ Յովսիա բարի Թագաւորին օրերուն եղած այդ ծանուցումը, Յուդայի երկրին մէջ եղող ամբարիշտներուն համար չարագուշակ բան մըն էր։
2. Ինչո՞ւ Յովսիայի առած քայլերը Եհովայի դատաստանի օրուան արգելք չհանդիսացան։
2 Սոփոնիայի մարգարէանալը անկասկած պատճառ եղաւ որ երիտասարդ Յովսիա Թագաւորը, Յուդան պիղծ պաշտամունքէ մաքրելու նկատմամբ աւելի գիտակից ըլլայ։ Սակայն, երկիրը սուտ կրօնքէն մաքրելու համար թագաւորին առած քայլերը, ժողովուրդին մէջէն ամէն ամբարշտութիւն չվերցուցին, ոչ ալ իր մեծ հօր՝ Մանասէ Թագաւորին բոլոր մեղքերը քաւեցին, որ «Երուսաղէմը անմեղ արիւնով լեցուցած» էր։ (Դ. Թագաւորաց 24։3, 4. Բ. Մնացորդաց 34։3) Հետեւաբար, Եհովայի դատաստանի օրը անպայման պիտի գար։
3. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ «Տէրոջը բարկութեան օր»էն վերապրիլը կարելի է։
3 Սակայն, այդ վախազդու օրուընէ վերապրողներ պիտի ըլլային։ Հետեւաբար, Աստուծոյ մարգարէն յորդորեց. «Դեռ մղեղի պէս մէկ կողմ չքշուած, դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած, Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։ (Սոփոնեայ 2։2, 3) Եհովայի դատաստանի օրուընէ վերապրելու յոյսով, նկատի առնենք Աստուածաշունչի Սոփոնեայ գիրքը՝ համար առ համար։ Անիկա գրուած էր Յուդայի մէջ, Հ.Դ.Ա. 648–էն առաջ, եւ մաս կը կազմէ Աստուծոյ «մարգարէական խօսք»ին, որու բոլորս անպայման պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք։—Բ. Պետրոս 1։19
Եհովայի Իր Ձեռքը կ’Երկնցնէ
4, 5. Սոփոնեայ 1։1-3–ը ի՞նչպէս կատարուեցաւ Յուդայի մէջ բնակող ամբարիշտներուն վրայ։
4 Սոփոնիայի ուղղուած «Տէրոջը խօսքը» նախապէս յիշուած ազդարարութեամբ կը սկսի։ Աստուած կը յայտարարէ. «‘Երկրին երեսէն ամէն բան բոլորովին պիտի կորսնցնեմ’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Մարդն ու անասունը պիտի կորսնցնեմ, երկնքի թռչուններն ու ծովուն ձուկերը եւ գայթակղութիւնները ամբարիշտներուն հետ պիտի կորսնցնեմ, երկրի երեսէն մարդը պիտի բնաջնջեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։—Սոփոնեայ 1։1-3
5 Այո՛, Եհովա բացայայտ ամբարշտութեան վերջ պիտի դնէր Յուդայի երկրին մէջ։ Բայց Աստուած ‘երկրին երեսէն ամէն բան բոլորովին կորսնցնելու’ համար որո՞նք պիտի գործածէր։ Քանի որ Սոփոնիա, ըստ երեւոյթին, մարգարէացաւ Յովսիա Թագաւորի իշխանութեան սկիզբի տարիներուն, որու իշխանութիւնը սկսաւ Հ.Դ.Ա. 659–ին, այդ մարգարէական խօսքերը կը նշէին որ Յուդան ու անոր մայրաքաղաքը՝ Երուսաղէմը, պիտի կործանուէին Բաբելոնացիներուն ձեռքով՝ Հ.Դ.Ա. 607–ին։ Այդ ժամանակ Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ ամբարիշտները պիտի ‘կորսուէին’։
6-8. Սոփոնեայ 1։4-6–ի մէջ ի՞նչ նախագուշակուած էր, եւ այս մարգարէութիւնը վաղեմի Յուդայի մէջ ի՞նչպէս կատարուեցաւ։
Սոփոնեայ 1։4-6–ը կ’ըսէ. «Իմ ձեռքս Յուդայի վրայ, Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի երկնցնեմ. այս տեղէն բնաջինջ պիտի ընեմ Բահաղին մնացորդը, քուրմերուն անունը՝ քահանաներուն հետ, տանիքներու վրայ երկնքի զօրքերուն երկրպագութիւն ընողները երկրպագութիւն ընելով Տէրոջմով երդում ընողները, Մեղքոմով երդում ընողները, Տէրոջմէ ետ դարձողները ու Տէրը չփնտռողները եւ զանիկա չխնդրողները»։
6 Կեղծ երկրպագուներու դէմ Աստուծոյ առնելիք քայլերը նախագուշակելով,7 Եհովայի ձեռքը երկարած էր Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ։ Ան վճռած էր բնաջինջ ընել Քանանացի բեղմնաւորութեան Բահաղ չաստուածը պաշտողները։ Տեղական շատ աստուածութիւններ Բահաղ կը կոչուէին, քանի որ անոնց երկրպագուները կը խորհէին որ անոնք մասնայատուկ վայրերու վրայ ազդեցութիւն ունին ու կը բանեցնեն։ Օրինակ, կար Փոգովր Լերան վրայ Մովաբացիներուն եւ Մադիանացիներուն պաշտած Բահաղը։ (Թուոց 25։1, 3, 6) Ամբողջ Յուդայէն Եհովա բնաջինջ պիտի ընէր Բահաղի քուրմերը, ինչպէս նաեւ՝ անհաւատարիմ Ղեւտացի քահանաները, որոնք անոնց հետ ընկերակցելով Աստուծոյ օրէնքը կը բեկանէին։—Ելից 20։2, 3
8 Աստուած նաեւ բնաջինջ պիտի ընէր «երկնքի զօրքերուն երկրպագութիւն ընողները», որոնք ակներեւաբար աստղաբաշխութիւն կ’ընէին, կամ արեւը կը պաշտէին։ (Դ. Թագաւորաց 23։11. Երեմեայ 19։13. 32։29) Աստուածային բարկութիւնը պիտի թափուէր նաեւ անոնց վրայ, որոնք կը ջանային ճշմարիտ պաշտամունքը խառնել կեղծ կրօնքին հետ, ‘Եհովայի երդում ընելով՝ Մեղքոմով’։ Մեղքոմը հաւանաբար Մողոքի՝ Ամմոնացիներու գլխաւոր չաստուծոյն՝ տրուած ուրիշ անուն մըն էր։ Մողոքի պաշտամունքին մաս կը կազմէր երախաներու զոհագործութիւնը։—Գ. Թագաւորաց 11։5. Երեմեայ 32։35
Քրիստոնեայ Աշխարհի Վերջը Մօ՛տ Է
9. (ա) Քրիստոնեայ Աշխարհը ի՞նչ բանով յանցաւոր է։ (բ) Յուդայի անհաւատարիմներուն հակառակը, ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
9 Այս բոլորը որքա՜ն մեզի կը յիշեցնեն Քրիստոնեայ Աշխարհը, որ սուտ պաշտամունքի ու աստղաբաշխութեան մէջ մխրճուած է։ Իսկ կղերներուն աջակցութեամբ, պատերազմի խորանին վրայ միլիոնաւորներու կեանքը զոհելու մէջ անոր ունեցած դերը ա՛րդարեւ զզուելի է։ Բնա՛ւ չնմանինք Յուդայի անհաւատարիմ մարդոց, որոնք ‘Եհովայէ ետ դարձան’, անտարբեր ըլլալով եւ այլեւս զինք չփնտռելով կամ իր առաջնորդութիւնը չխնդրելով։ Ընդհակառակը, Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահենք։
10. Ի՞նչպէս կը բացատրէք Սոփոնեայ 1։7–ի մարգարէական իմաստը։
10 Մարգարէին յաջորդ խօսքերը կը յարմարին թէ՛ Յուդայի յանցագործներուն եւ թէ մերօրեայ ամբարիշտներուն։ Սոփոնեայ 1։7–ն կ’ըսէ. «Տէր Եհովային առջեւ լուռ կեցի՛ր, քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, քանզի Տէրը զոհ պատրաստեց, իր կոչնականները սրբեց» (ստորանիշ)։ Ըստ երեւոյթին, «կոչնականները» Յուդայի Քաղդէացի թշնամիներն էին։ «Զոհ»ը Յուդան էր, մէջը ըլլալով իր մայրաքաղաքը։ Այսպիսով Սոփոնիա կը ծանուցանէ Երուսաղէմը կործանելու Աստուծոյ նպատակը, եւ այս մարգարէութիւնը Քրիստոնեայ Աշխարհի կործանումն ալ կը մատնանշէ։ Արդարեւ, ներկայիս Աստուծոյ դատաստանի օրը իրապէ՛ս մօտ ըլլալով, ամբողջ աշխարհը ‘պէտք է լուռ կենայ Գերիշխան Տէր Եհովայի առջեւ’ եւ լսէ թէ ան ի՛նչ կ’ըսէ Յիսուսի օծեալ հետեւորդներու «պզտիկ հօտ»ին եւ անոնց ընկերակցող իր «ուրիշ ոչխարներ»ուն միջոցով։ (Ղուկաս 12։32. Յովհաննու 10։16) Բնաջնջում կը սպասէ բոլոր անոնց, որոնք մտիկ պիտի չընեն եւ պիտի հակառակին Աստուծոյ Թագաւորութեան տիրապետութեան։—Սաղմոս 2։1, 2
Շուտով՝ Ողբալու Օր մը
11. Սոփոնեայ 1։8-11–ի խօսքերուն միտքը ի՞նչ է։
11 Եհովայի օրուան մասին, Սոփոնեայ 1։8-11–ը կ’աւելցնէ. «Տէրոջը զոհին օրը իշխաններն ու թագաւորին տղաքները ու բոլոր օտար զգեստ հագնողները պիտի պատժեմ։ Այն օրը սեմին վրայէն բոլոր ցատկողները, իրենց Տէրոջը տունը զրկանքով ու նենգութեամբ լեցնողները պիտի պատժեմ։ ‘Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Ձուկերու դռնէն աղաղակի ձայն եւ Մասենայէն՝ հեծութիւն ու բլուրներէն մեծ կոտորած պիտի ըլլայ։ Ողբացէ՛ք, ո՛վ Մաքթէսի բնակիչներ, քանզի բոլոր վաճառական ժողովուրդը կորսուեցաւ, բոլոր արծաթ բերողները կոտորուեցան’»։
12. Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ ոմանք «օտար զգեստ» հագած են։
12 Յովսիա Թագաւորին պիտի յաջորդէին Յովաքազը, Յովակիմը եւ Յովաքինը։ Ետքը պիտի գար Սեդեկիայի իշխանութիւնը, որ Երուսաղէմի կործանումով պիտի նշուէր։ Այսպիսի աղէտ մը դիմագրաւելով հանդերձ, ըստ երեւոյթին ոմանք դրացի ազգերուն կողմէ ընդունելի ըլլալու համար, «օտար զգեստ» հագած էին։ Նմանապէս, ներկայիս շատեր զանազան կերպերով բացայայտ կ’ընեն թէ իրենք Եհովայի կազմակերպութեան մէկ մասը չեն։ Որպէս Սատանայի կազմակերպութեան բացայայտ մէկ մասը, անոնք պիտի պատժուին։
13. Սոփոնիայի մարգարէութեան համաձայն, երբ Բաբելոնացիները Երուսաղէմի վրայ յարձակէին, ի՞նչ պիտի պատահէր։
13 Յուդայի հաշուետուութեան «այն օրը» կը համապատասխանէ՝ ամբարշտութեան վերջ դնելու եւ իր գերիշխանութիւնը ապացուցանելու համար իր թշնամիները բնաջնջելու Եհովայի օրուան։ Երբ Բաբելոնացիները յարձակէին Երուսաղէմի վրայ, Ձուկերու Դռնէն աղաղակ պիտի բարձրանար։ Հաւանաբար ձուկի շուկային մօտ ըլլալուն համար այդ տեղը այսպէս կոչուած էր։ (Նէեմեայ 13։16) Բաբելոնական հրոսակախումբերը պիտի մտնէին այն մասէն որ երկրորդ թաղամաս կը կոչուէր եւ «բլուրներէն մեծ կոտորած»ը կրնայ նշել մօտեցող Քաղդէացիներու աղաղակին։ Հաւանաբար Թիրօբիոն Հեղեղատին վերի մասը գտնուող Մաքթէսի բնակիչները պիտի ‘ողբային’։ Ինչո՞ւ պիտի ողբային։ Քանի որ առեւտուրը, մէջը ըլլալով «արծաթ բերողները», հոն պիտի կոտորուէին։
14. Եհովա իր դաւանեալ երկրպագուները ո՞ր տարողութեամբ պիտի քննէր։
14 Եհովա իր դաւանեալ երկրպագուները ո՞ր տարողութեամբ պիտի քննէր։ Մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Այն ժամանակ Երուսաղէմը ճրագներով պիտի քննեմ ու գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը պիտի պատժեմ, որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝ ‘Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք’։ Անոնց ստացուածքը՝ աւար, անոնց տուները աւերակ պիտի ըլլան։ Տուներ պիտի շինեն, բայց անոնց մէջ պիտի չբնակին, այգիներ պիտի տնկեն, բայց անոնց գինին պիտի չխմեն»։—Սոփոնեայ 1։12, 13
15. (ա) Երուսաղէմի հաւատուրաց քահանաներուն ի՞նչ պիտի պատահէր։ (բ) Արդի սուտ կրօնքի հետեւորդներուն ի՞նչ վերապահուած է։
15 Երուսաղէմի հաւատուրաց քահանաները Եհովայի պաշտամունքը կը խառնէին սուտ կրօնքին հետ։ Թէեւ իրենք զիրենք ապահով կը զգային, սակայն Եհովա զանոնք պիտի գտնէր, իրենց ապաստանած հոգեւոր մթութենէն ներս թափանցելով, լուսաւոր ճրագի մը պէս։ Ոեւէ մէկը պիտի չկարենար խոյս տալ աստուածային դատաստանի Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Բ. Պետրոս 3։3, 4, 10
ծանուցումէն եւ գործադրութենէն։ Այդ ինքնագոհ հաւատուրացները գինիի տակառի տակ հանգչած մրուրին նման հաստատուած էին։ Անոնք չէին ուզեր խանգարուիլ մարդկային հարցերուն մէջ աստուածային միջամտութեան մասին եղած որեւէ ծանուցումով, սակայն պիտի չկարենային իրենց վրայ Աստուծոյ դատաստանի գործադրութենէն ազատիլ։ Նոյնպէս, ազատում պիտի չըլլայ արդի սուտ կրօնքի հետեւողներուն, ի ներառեալ Քրիստոնեայ Աշխարհի անդամներուն, ինչպէս նաեւ՝ Եհովայի պաշտամունքէն ապստամբած անհատներուն։ Հերքելով որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, անոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝ «Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք»։ Բայց անոնք չա՛րաչար կը սխալին։—16. Ի՞նչ պիտի պատահէր երբ Յուդայի վրայ աստուածային դատաստանը գործադրուէր, եւ ասիկա գիտնալը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։
16 Յուդայի հաւատուրացները ազդարարուած էին որ Բաբելոնացիները պիտի կողոպտէին իրենց հարստութիւնը, պիտի աւերէին իրենց տուները եւ պիտի առնէին իրենց այգիներուն պտուղը։ Նիւթական բաները անարժէք պիտի ըլլային, երբ Յուդայի վրայ գործադրուէր աստուածային դատաստանը։ Նոյնը պիտի ըլլայ պարագան, երբ Եհովայի դատաստանի օրը գայ ներկայ իրերու դրութեան վրայ։ Ուստի, հոգեւոր հայեցակէտ մը ունենանք եւ ‘երկնքի մէջ գանձեր դիզենք’, Եհովայի ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջի՛ն տեղը դնելով։—Մատթէոս 6։19-21, 33
«Տէրոջը Մեծ Օրը Մօտ Է»
17. Սոփոնեայ 1։14-16–ի համաձայն, Եհովայի դատաստանի օրը որքա՞ն մօտ է։
17 Եհովայի դատաստանի օրը որքա՞ն մօտ է։ Սոփոնեայ 1։14-16–ի համաձայն, Աստուած հետեւեալ երաշխիքը կու տայ. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ։ Տէրոջը օրուան ձայնը կու գայ, զօրաւորը հոն դառնապէս պիտի աղաղակէ։ Այն օրը բարկութեան օր է. նեղութեան ու տառապանքի օր, կործանումի ու աւերումի օր, խաւարի ու մէգի օր, ամպի ու մառախուղի օր է։ Պարսպապատ քաղաքներու դէմ եւ բարձր աշտարակներու դէմ փողի ու աղաղակի օր է»։
18. Ինչո՞ւ պէտք չէ եզրակացնենք թէ Եհովայի դատաստանի օրը հեռաւոր ապագային է։
18 Յուդայի կամակոր քահանաներուն, իշխաններուն եւ ժողովուրդին ազդարարութիւն տրուեցաւ որ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»ր։ Յուդայի համար ‘Եհովայի օրը խիստ պիտի արտորար’։ Նոյնպէս մեր օրերուն, ոե՛ւէ մէկը թող չխորհի թէ ամբարիշտին վրայ Եհովայի դատաստանին գործադրութիւնը հեռաւոր ապագային տեղի պիտի ունենայ։ Հապա՝ ճիշդ Յայտնութիւն 16։14, 16) Ասիկա ի՜նչ դառն ժամանակ մը պիտի ըլլայ բոլոր անոնց համար որոնք իր Վկաներուն միջոցաւ Եհովայի տուած ազդարարութիւններուն չեն ընդառաջեր եւ ճշմարիտ պաշտամունքը չեն որդեգրեր։
ինչպէս որ Աստուած արագօրէն գործի անցաւ Յուդայի մէջ, նոյնպէս իր դատաստանի գործադրութեան օրը պիտի ‘արտորայ’։ (19, 20. (ա) Յուդայի եւ Երուսաղէմի վրայ Աստուծոյ բարկութիւնը թափուելուն կարգ մը երեսակները ի՞նչ էին։ (բ) Իրերու այս դրութեան դիմագրաւած ընտրողական կործանումին ի տես, ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։
19 Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ Աստուծոյ բարկութեան թափուիլը «նեղութեան ու տառապանքի օր» մըն էր։ Բաբելոնացի ներխուժողները Յուդայի բնակիչներուն շատ տառապանք պատճառեցին, մէջը ըլլալով մահուան ու կործանումի ի տես՝ մտային տագնապ։ Այդ «կործանումի ու աւերումի օր»ը խաւարի, ամպի, մառախուղի օր մըն էր, թերեւս ոչ միայն այլաբանօրէն, այլ նաեւ բառացիօրէն, քանի որ ամէնուրեք ծուխ ու կոտորած կար։ Անիկա «փողի ու աղաղակի օր» էր, բայց այդ ազդարարութիւնները գործի չծառայեցին։
20 Երբ Բաբելոնական ուժեղ խոյահարումները տապալեցին «բարձր աշտարակներ»ը, Երուսաղէմի դէտերը անօգնական եղան։ Իրերու այս ամբարիշտ դրութեան ամրոցները նոյնքան անօգուտ պիտի ըլլան Աստուծոյ երկնային զինարանին մէջի զէնքերուն դիմաց, որոնք պատրաստ են իր կողմէ գործածուելու ընտրողական կործանումի համար։ Կ’ակնկալէ՞ք խնայուիլ։ Հաստատ դիրք բռնա՞ծ էք Եհովայի կողքին, որ «բոլոր զինք սիրողները կը պահէ, սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ»։—Սաղմոս 145։20
21, 22. Սոփոնեայ 1։17, 18–ը ի՞նչպէս պիտի կատարուի մեր օրերուն։
21 Սոփոնեայ 1։17, 18–ի մէջ դատաստանի ի՜նչ սարսափելի օր մը նախագուշակուած էր։ Եհովա Աստուած կ’ըսէ. «Մարդիկ նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ կոյրերու պէս պիտի պտըտին, քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին։ Անոնց արիւնը՝ փոշիի պէս ու մարմինները աղբի պէս պիտի թափուին։ Տէրոջը բարկութեան օրը անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ զանոնք ազատելու կարող պիտի չըլլան։ Բոլոր երկիրը անոր նախանձին կրակովը պիտի սպառի, քանզի անիկա խիստ շուտով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի հատցնէ»։
22 Ինչպէս որ Սոփոնիայի օրերուն ըրաւ, Եհովա շուտով նեղութիւն պիտի բերէ «երկրի բոլոր բնակիչներ»ուն վրայ, որոնք հիմա կը մերժեն իր ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայել։ Քանի որ Աստուծոյ դէմ մեղք կը գործեն, անոնք կոյրերու պէս անօգնական պիտի պտըտին, չկարենալով ազատագրումի միջոց մը գտնել։ Եհովայի դատաստանի օրուան մէջ, անոնց արիւնը ‘փոշիի պէս պիտի թափուի’, որպէս անարժէք բան մը։ Անոնք շնորհազուրկ վախճան մը պիտի ունենան արդարեւ, քանի որ Աստուած այդ ամբարիշտներուն մարմինները՝ նոյնիսկ փորոտիքը, «աղբի պէս» երկրի վրայ պիտի նետէ։
23. Թէեւ «Տէրոջը բարկութեան օր»ը յանցագործները պիտի չազատին, բայց Սոփոնիայի մարգարէութիւնը ի՞նչ յոյս կու տայ։
23 Ոեւէ մէկը չի կրնար փրկել Եհովայի ու իր ժողովուրդին դէմ կռուողները։ Ո՛չ արծաթը ու ոչ ոսկին կրցաւ փրկել Յուդայի յանցագործները, ճիշդ ինչպէս որ դիզուած հարստութիւնը եւ կաշառքները ո՛չ պաշտպանութիւն, ո՛չ ալ ազատութիւն պիտի հայթայթեն, Քրիստոնեայ Աշխարհի ու այս ամբարիշտ դրութեան մնացեալ մասին վրայ գալիք «Տէրոջը բարկութեան օր»ը։ Այդ վճռական օրուան մէջ, «բոլոր երկիրը» Աստուծոյ նախանձին կրակովը պիտի սպառի, երբ ան ահաւոր կերպով բնաջնջէ ամբարիշտները։ Քանի որ Աստուծոյ մարգարէական խօսքին կը հաւատանք, համոզուած ենք որ հիմա «վերջին ժամանակ»ին մէջ շատ յառաջացած ենք։ (Դանիէլ 12։4) Եհովայի դատաստանի օրը մօտ է, եւ ան շուտով իր վրէժխնդրութիւնը պիտի գործադրէ իր թշնամիներուն վրայ։ Բայց Սոփոնիայի մարգարէութիւնը ազատագրութեան յոյս մը կու տայ։ Արդ, Եհովայի բարկութեան օրը պահուելու համար մեզմէ ի՞նչ կը պահանջուի։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Սոփոնիայի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ Յուդայի եւ Երուսաղէմի վրայ։
• Քրիստոնեայ Աշխարհին եւ մերօրեայ բոլոր ամբարիշտներուն ի՞նչ վերապահուած է։
• Ինչո՞ւ պէտք չէ խորհինք թէ Եհովայի դատաստանի օրը հեռաւոր ապագային պիտի ըլլայ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 13]
Սոփոնիա խիզախօրէն ծանուցանեց թէ Եհովայի դատաստանի օրը մօտ էր
[Նկարին աղբիւրը]
From the Self-Pronouncing Edition of the Holy Bible, containing the King James and the Revised versions
[Նկար՝ էջ 15]
Եհովայի օրը Յուդայի եւ Երուսաղէմի վրայ եկաւ Բաբելոնացիներու ձեռքով՝ Հ.Դ.Ա. 607–ին
[Նկար՝ էջ 16]
Երբ Եհովա ամբարիշտները կործանէ, կ’ակնկալէ՞ք խնայուիլ