Եհովայի վերահաստատուած ժողովուրդը զինք կը փառաբանէ համայն երկրի մէջ
Եհովայի վերահաստատուած ժողովուրդը զինք կը փառաբանէ համայն երկրի մէջ
«Ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու [«լեզուի մը», ՆԱ] պիտի դարձնեմ, որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն»։—ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3։9
1. Յուդայի եւ այլ ազգերու վրայ ինչո՞ւ դատապարտութեան պատգամներ եկան։
ԵՀՈՎԱ դատապարտութեան ի՜նչ զօրաւոր պատգամներ ներշնչեց Սոփոնիայի որ արտասանէ։ Այդ դատաստանական խօսքերը գործադրուեցան Յուդայի եւ անոր մայրաքաղաքին՝ Երուսաղէմի վրայ, քանի որ առաջնորդները եւ ժողովուրդը որպէս ամբողջութիւն, Եհովայի կամքը չէին կատարեր։ Մօտակայ ազգերն ալ Եհովայի բարկութեան պիտի արժանանային, ինչպէս՝ Փղշտիան, Մովաբը եւ Ամմոնը։ Ինչո՞ւ։ Աստուծոյ ժողովուրդին հանդէպ իրենց ունեցած դարաւոր բիրտ հակառակութեան պատճառաւ։ Նոյն պատճառով ալ, Ասորեստանի աշխարհակալ ոյժը անվերականգնելիօրէն պիտի քանդուէր։
2. Ըստ երեւոյթին, Սոփոնեայ 3։8–ի խօսքերը որո՞նց ուղղուած էին։
2 Սակայն վաղեմի Յուդայի մէջ կարգ մը արդարամիտ անհատներ կային։ Անոնք անձկագին կը սպասէին ամբարիշտներուն վրայ գալիք աստուածային կործանումը, եւ հաւանաբար հետեւեալ խօսքերը անոնց ուղղուած էին. «Ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, մինչեւ այն օրը, որ որսի համար ոտքի ելլեմ։ Քանզի վճռած եմ ազգերը հաւաքել, թագաւորութիւնները գումարել, որպէս զի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս, իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս թափեմ. քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի»։—Սոփոնեայ 3։8
‘Մաքուր Լեզու մը’՝ Որո՞նց Համար
3. Սոփոնիա ներշնչուեցաւ յոյսի ի՞նչ պատգամ մը արտասանելու։
3 Այո, Սոփոնիա՝ Եհովայի դատապարտութեան պատգամները արտասանեց։ Բայց ան ներշնչուեցաւ, որպէսզի յոյսի հոյակապ պատգամ մըն ալ ներառէ. պատգամ մը, որ շատ մխիթարական պիտի ըլլար անոնց համար, որոնք կը շարունակէին Եհովայի հաւատարիմ մնալ։ Սոփոնեայ 3։9–ի մէջ արձանագրուած է, Եհովա Աստուած ըսաւ. «Այն ժամանակ ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու [«լեզուի մը», ՆԱ] պիտի դարձնեմ, որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն ու մէկ սրտով [«ուս ուսի», ՆԱ] անոր ծառայութիւն ընեն»։
Ինչպէս4, 5. (ա) Ի՞նչ պիտի պատահէր անիրաւներուն։ (բ) Ասկէ որո՞նք պիտի օգտուէին եւ ինչո՛ւ։
4 Պիտի ըլլային անհատներ, որոնց պիտի չտրուէր մաքուր լեզուն։ Մարգարէութիւնը նկատի կ’ունենայ զանոնք, ըսելով. «Այն ատեն քու հպարտութիւնովդ զուարճացողները քու մէջէդ պիտի վերցնեմ»։ (Սոփոնեայ 3։11) Ուստի, Աստուծոյ օրէնքները արհամարհող հպարտները, որոնք անիրաւութիւն կ’ընէին՝ պիտի վերցուէին։ Իսկ որո՞նք պիտի օգտուէին ասկէ։ Սոփոնեայ 3։12, 13–ը կ’ըսէ. «Քու մէջդ խոնարհ ու աղքատ ժողովուրդ մը իբր մնացորդ պիտի թողում, որոնք Տէրոջը անուանը պիտի յուսան։ Իսրայէլին մնացորդները անօրէնութիւն պիտի չընեն ու սուտ պիտի չխօսին, անոնց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու պիտի չգտնուի. քանզի անոնք պիտի արածին ու պիտի պառկին ու վախցնող պիտի չըլլայ»։
5 Վաղեմի Յուդայէն հաւատարիմ մնացորդ մը պիտի օգտուէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք հետեւեալ խօսքերուն համաձայն վարուած էին. «Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։—Սոփոնեայ 2։3
6. Սոփոնիայի մարգարէութեան առաջին կատարումով ի՞նչ պատահեցաւ։
6 Սոփոնիայի մարգարէութեան առաջին կատարման մէջ, Աստուած պատժեց անհաւատ Յուդան, թոյլ տալով որ Հ.Դ.Ա. 607–ին Բաբելոնական Աշխարհակալ Ոյժը զայն նուաճէ եւ անոր ժողովուրդը գերեվարէ։ Ոմանք խնայուեցան, մէջը ըլլալով Երեմիան, իսկ ուրիշներ գերութեան մէջ շարունակեցին հաւատարիմ մնալ Եհովայի։ Հ.Դ.Ա. 539–ին, Բաբելոնը տապալեցաւ Մարերու ու Պարսիկներու կողմէ՝ Կիւրոս Թագաւորի իշխանութեան ներքեւ։ Շուրջ երկու տարի ետք, Կիւրոս հրամանագիր մը հանեց, թոյլ տալով որ Իսրայէլէն մնացորդ մը իր հայրենիքը վերադառնայ։ Ժամանակի ընթացքին, Երուսաղէմի տաճարը վերաշինուեցաւ եւ քահանայութիւնը դարձեալ հաստատուեցաւ՝ Օրէնքը ժողովուրդին սորվեցնելու համար։ (Մաղաքեայ 2։7) Ուստի, Եհովա բարգաւաճեցուց վերահաստատուած մնացորդը, այնքան ատեն որ անոնք հաւատարիմ մնացին։
7, 8. Սոփոնեայ 3։14-17–ի մարգարէական խօսքերը որո՞նց վրայ կիրարկուեցան, եւ ինչո՞ւ այդպէս կը պատասխանէք։
7 Այդ վերահաստատութիւնը վայելողներուն մասին Սոփոնիա հետեւեալը նախագուշակեց. «Ցնծա՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, բարձրաձայն աղաղակէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, բոլոր սրտով ուրախ եւ զուարթ եղի՛ր, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ։ Տէրը քու դատապարտութիւնդ հեռացուց քեզմէ, քու թշնամիդ վռնտեց. Իսրայէլի թագաւորը՝ Տէրը՝ քու մէջդ է, անգամ մըն ալ չարիք պիտի չտեսնես։ Այն օրը, Երուսաղէմին պիտի ըսուի՝ ‘Մի՛ վախնար’ ու Սիօնին՝ ‘Ձեռքերդ թող չթուլնան’։ Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ»։—Սոփոնեայ 3։14-17
8 Այս մարգարէական խօսքերը կը վերաբերէին բաբելոնական գերութենէն դուրս ելած եւ իրենց նահապետական երկիրը վերադարձած մնացորդին։ Սոփոնեայ 3։18-20–ին մէջ ասիկա բացայայտուած է, ուր կը կարդանք. «‘Հանդիսաւոր օրուան մը նման քեզմէ ցրուածները պիտի հաւաքեմ ու նախատինքը քեզմէ պիտի հեռացնեմ։ Ահա ես այն ժամանակ բոլոր քեզ նեղողները պիտի սպառեմ։ Կաղը պիտի ազատեմ ու վռնտուածը պիտի հաւաքեմ։ Զանոնք գովելի ու անուանի պիտի ընեմ այն բոլոր երկիրներուն մէջ ուր նախատինք կրեր էին։ Այն ատեն ձեզ ետ պիտի բերեմ, այն ատեն ձեզ պիտի հաւաքեմ եւ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ, երբ ձեր գերութիւնը ձեր աչքերուն առջեւ դադրեցնեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։
9. Յուդայի կապակցաբար Եհովա ի՞նչպէս անուն մը շինեց իրեն համար։
9 Երեւակայեցէ՛ք Աստուծոյ ժողովուրդին շուրջը գտնուող թշնամի ազգերուն զարմանքն ու ապշութիւնը։ Հզօր Բաբելոնը գերեվարած էր Յուդայի բնակիչները, առանց վերադարձի որեւէ երեւութական յոյսի։ Ասկէ զատ, անոնց երկիրը ամայացած էր։ Բայց Աստուծոյ զօրութեամբ, անոնք 70 տարի ետք իրենց հայրենիքը վերադարձան, մինչդեռ թշնամի ազգերը դէպի կործանում ուղղուեցան։ Այդ հաւատարիմ մնացորդը վերադարձնելով Եհովա ի՜նչ մեծ անուն մը շինեց իրեն համար։ Ան ‘երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ անուանի ու գովելի’ ըրաւ զանոնք։ Այս վերահաստատումը ի՜նչ գովաբանութիւն բերաւ Եհովայի եւ իր անունը կրողներուն։
Եհովայի Պաշտամունքը կը Բարձրացուի
10, 11. Սոփոնիայի վերահաստատման մարգարէութեան գլխաւոր կատարումը ե՞րբ տեղի պիտի ունենար, եւ ասիկա ի՞նչպէս գիտենք։
10 Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն ուրիշ վերահաստատում մը տեղի ունեցաւ, երբ Յիսուս Քրիստոս Իսրայէլէն մնացորդ մը ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ հաւաքեց։ Ասիկա գալիք բանի մը նախաշողն էր, քանի որ վերահաստատման գլխաւոր կատարումը տակաւին ապագային պիտի ըլլար։ Միքիայի մարգարէութիւնը կը նախագուշակէր. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, ժողովուրդները հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն»։—Միքիայ 4։1
11 Ասիկա ե՞րբ տեղի պիտի ունենար։ Ինչպէս մարգարէութիւնը կ’ըսէր՝ «վերջին օրեր»ուն, այո, այս «վերջին օրեր»ու ընթացքին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ասիկա տեղի պիտի ունենար ներկայ դրութիւնը իր վախճանին հասնելէն առաջ, մինչ ազգերը տակաւին կեղծ աստուածներ կը պաշտէին։ Միքիայ 4։5–ը կ’ըսէ. «Բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ»։ Իսկ ճշմարիտ երկրպագուները ի՞նչ պիտի ընեն։ Միքիայի մարգարէութիւնը կը պատասխանէ. «Բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր [«Եհովա», ՆԱ] Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք»։
12. Այս վերջին օրերուն ճշմարիտ պաշտամունքը ի՞նչպէս բարձրացուած է։
12 Հետեւաբար, վերջին օրերուն, ‘Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ հաստատուած է’։ Եհովայի բարձրաբերձ ճշմարիտ պաշտամունքը զօրաւոր կերպով վերահաստատուած՝ եւ մնացեալ բոլոր կրօնքներէն աւելի բարձրացած է։ Ինչպէս Միքիայի մարգարէութիւնը կը նախագուշակէր՝ «ժողովուրդները հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն»։ Իսկ Ճշմարիտ պաշտամունքին հետեւողներս՝ «յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր [«Եհովա», ՆԱ] Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք»։
13, 14. Այս աշխարհը ե՞րբ «վերջին օրեր»ուն մէջ մտաւ, եւ անկէ ի վեր ճշմարիտ պաշտամունքին առնչութեամբ ի՞նչ կը պատահի։
13 Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կատարող իրադարձութիւնները ցոյց կու տան որ այս աշխարհը իր «վերջին օրեր»ուն մէջ մտաւ 1914–ին։ (Մարկոս 13։4-10) Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ Եհովա սկսաւ ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ վերահաւաքել երկնային յոյս ունեցող օծեալներու հաւատարիմ մնացորդ մը։ Ասոր յաջորդած է «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» յաւիտեան երկրի վրայ ապրելու յոյսը ունեցող ‘մեծ բազմութեան մը’ հաւաքումը։—Յայտնութիւն 7։9
14 Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն մինչեւ օրս, իր անունը կրողներուն կողմէ Եհովայի պաշտամունքը մեծաքայլ յառաջացած է, իր առաջնորդութեան ներքեւ։ Եհովան պաշտողներուն թիւը Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան քանի մը հազարէն, հիմա հասած է շուրջ վեց միլիոնի, 235 երկիրներու մէջ, գրեթէ 91,000 ժողովքներու մէջ հաւաքուած։ Ամէն տարի, այս Թագաւորութեան հրատարակիչները հանրապէս Աստուած փառաբանելու համար աւելի քան մէկ միլիառ ժամեր կը տրամադրեն։ Բացայայտ է որ Եհովայի այս Վկանե՛րն են որ Յիսուսի մարգարէական խօսքը կը կատարեն. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14
15. Սոփոնեայ 2։3–ը ներկայիս ի՞նչպէս կը կատարուի։
15 Սոփոնեայ 3։17–ն կը նշէ. «Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ»։ Այս վերջին օրերուն Եհովայի ծառաներուն վայելած հոգեւոր բարգաւաճութիւնը, ‘իրենց մէջ’ զինք որպէս իրենց ամենազօր Աստուածը ունենալուն բացայայտ արդիւնքն է։ Անիկա Հ.Դ.Ա. 537–ին վաղեմի Յուդայի վերահաստատման պարագային ճշմարիտ էր, եւ ներկայիս ալ ճշմարիտ է։ Ուստի, կրնանք տեսնել թէ Սոփոնեայ 2։3–ը ի՛նչպէս գլխաւորաբար մեր օրերուն կը կատարուի, երբ կ’ըսէ. «Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհները»։ Հ.Դ.Ա. 537–ին, «բոլոր»ին մէջ պարփակուած էր բաբելոնական գերութենէն վերադարձած Հրեաներուն մնացորդը։ Այժմ, անիկա կը ներկայացնէ համայն երկրի մէջ ապրող բոլոր ազգերուն խոնարհ անհատները, որոնք լաւ կերպով կ’ընդառաջեն համերկրային քարոզչութեան եւ կը խուժեն ‘Եհովայի տանը լեռը’։
Ճշմարիտ Պաշտամունքը կը Բարգաւաճի
16. Հաւանաբար մեր թշնամիները ներկայիս ի՞նչպէս կը հակազդեն, երբ կը տեսնեն արդի ժամանակներու Եհովայի ծառաներուն բարգաւաճումը։
16 Հ.Դ.Ա. 537–էն ետք, շրջակայ ազգերէն շատեր զարմացան, իրենց հայրենիքը վերադարձած եւ ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ վերահաստատուած Աստուծոյ ծառաներուն վրայ։ Բայց այդ վերահաստատումը յարաբերաբար պզտիկ տարողութեամբ եղաւ։ Կրնա՞ք երեւակայել թէ ոմանք՝ նոյնիսկ Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամիները, ներկայիս ի՛նչ կ’ըսեն, երբ կը տեսնեն արդի ժամանակներու Եհովայի ծառաներուն ապշեցուցիչ բարգաւաճումը, ծաղկումը եւ յառաջխաղացքը։ Անկասկած, այս թշնամիներէն ոմանք Յիսուսի քով խուժող մարդիկը տեսնող Փարիսեցիներուն ունեցած զգացումը կը բաժնեն։ Անոնք բացագանչեցին. «Ահա բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց»։—Յովհաննու 12։19
17. Գրող մը Եհովայի Վկաներուն մասին ի՞նչ ըսաւ, եւ անկէ ի վեր անոնք ի՞նչ յաւելում ունեցած են։
17 Անո՛նք Ալ կը Հաւատան գրքին մէջ (Անգլերէն), Փրոֆէսէօր Չարլզ Ս. Պրէյտըն ըսաւ. ‘Եհովայի Վկաները բառացիօրէն երկիրը ծածկած են իրենց վկայութեամբ։ Իրապէս կարելի է ըսել որ աշխարհի մէջ կրօնական ո՛չ մէկ խմբակցութիւն Թագաւորութեան բարի լուրը տարածելու համար աւելի նախանձախնդրութիւն եւ յարատեւութիւն ցուցաբերած է, քան Եհովայի Վկաները։ Շատ հաւանական է որ այս շարժումը հետզհետէ զօրանայ’։ Ան որքա՜ն իրաւունք ունէր, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք որ այս խօսքերը 50 տարի առաջ գրած էր, երբ համայն աշխարհի մէջ միա՛յն մօտ 300,000 Վկաներ կը քարոզէին։ Ան ի՞նչ պիտի ըսէր ներկայիս մեր գործին տարողութեան մասին, երբ այդ թիւին 20 անգամը աւելի՝ մօտ վեց միլիոն անհատներ, կը քարոզեն։
18. Ի՞նչ է մաքուր լեզուն, եւ Աստուած զայն որո՞նց տուած է։
18 Աստուած իր մարգարէին միջոցաւ խոստացած է. «Ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ, որպէս զի ամէնքը Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] անունը կանչեն ու մէկ սրտով [«ուս ուսի», ՆԱ] անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Սոփոնեայ 3։9) Այս վերջին օրերուն, Եհովայի Վկաներն են որ Եհովայի անունը կը կանչեն, որոնք իրեն կը ծառայեն սիրոյ անբեկանելի կապով միացած, այո՝ «ուս ուսի»։ Եհովա անոնց է որ տուած է մաքուր լեզուն։ Այս մաքուր լեզուն՝ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը լաւ կերպով հասկնալ ու գնահատել կը ներառէ։ Միայն Եհովա՛ն կրնայ այս հասկացողութիւնը հայթայթել իր սուրբ հոգիին միջոցաւ։ (Ա. Կորնթացիս 2։10) Ան իր սուրբ հոգին որո՞նց տուած է։ Միա՛յն «որպէս իշխան իրեն հնազանդ եղողներուն»։ (Գործք 5։32, ՆԱ) Միայն Եհովայի Վկաներն են որ կը յօժարին ամէ՛ն բանի մէջ Աստուծոյ հնազանդիլ՝ որպէս Իշխան։ Անոր համար անոնց տրուած է Աստուծոյ հոգին եւ մաքուր լեզուն եւ Եհովայի ու իր հոյակապ նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը։ Անոնք այս մաքուր լեզուն կը գործածեն համայն երկրի մէջ Եհովան փառաբանելու համար՝ հսկայական եւ հետզհետէ ընդլայնող տարողութեամբ։
19. Մաքուր լեզուն խօսիլը ի՞նչ կը պարփակէ։
19 Մաքուր լեզուն խօսիլը ո՛չ միայն ճշմարտութեան հաւատալ եւ զայն ուրիշներուն սորվեցնել կը պարփակէ, այլ նաեւ՝ վարմունքը ներդաշնակութեան մէջ բերել Աստուծոյ օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հետ։ Օծեալ Քրիստոնեաները Եհովան փնտռելու եւ մաքուր լեզուն խօսելու մէջ նախաձեռնութիւն առած են։ Պահ մը խորհեցէք թէ ի՛նչ իրագործուած է։ Թէեւ օծեալներուն թիւը 8,700–էն նուազ է, բայց գրեթէ վեց միլիոն ուրիշներ անոնց հաւատքը կ’ընդօրինակեն, Եհովան փնտռելով ու մաքուր լեզուն խօսելով։ Ասոնք բոլոր ազգերէն եկած հետզհետէ աճող մեծ բազմութիւնն են, որոնք Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատք կ’ընծայեն, Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթին մէջ սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն. անոնք այս ամբարիշտ աշխարհին Յայտնութիւն 7։9, 14, 15
վրայ շուտով գալիք «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրին։—20. Հաւատարիմ օծեալներուն եւ մեծ բազմութեան անդամներուն ի՞նչ վերապահուած է։
20 Մեծ բազմութիւնը Աստուծոյ արդար նոր աշխարհը պիտի մտնէ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Յիսուս Քրիստոս եւ որպէս թագաւորներ ու քահանաներ ծառայելու համար երկնային կեանքի յարուցանուած 144,000 օծեալները՝ երկրին նոր վարչաձեւը պիտի կազմեն։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17. Յայտնութիւն 7։4. 20։6) Մեծ նեղութենէն վերապրողները պիտի սկսին երկիրը դրախտի մը վերածել եւ պիտի շարունակեն աստուածատուր մաքուր լեզուն խօսիլ։ Հետեւեալ խօսքերը սկզբունքով իրենց կը կիրարկուին. «Քու բոլոր որդիներդ [եւ աղջիկներդ՝ անշուշտ] Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ։ Դուն արդարութեամբ պիտի հաստատուիս»։—Եսայեայ 54։13, 14
Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Ուսուցումի Գործը
21, 22. (ա) Ինչպէս Գործք Առաքելոց 24։15–ին մէջ նշուած է, որո՞նք մաքուր լեզուն սորվելու կարիքը պիտի ունենան։ (բ) Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ երկրի վրայ ուսուցումի ի՞նչ եզակի գործ մը պիտի կատարուի։
21 Նոր աշխարհին մէջ մաքուր լեզուն սորվելու պատեհութիւնը ունենալիք ուրիշ շատ մեծ խումբի մը մասին խօսուած է Գործք Առաքելոց 24։15–ի մէջ, ուր կ’ըսէ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ Անցեալին, միլիառաւոր մարդիկ ապրած ու մեռած են, առանց Եհովայի մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենալու։ Ան կարգապահօրէն զանոնք ետ կեանքի պիտի բերէ։ Իսկ այս յարուցեալները մաքուր լեզուն սորվելու կարիքը պիտի ունենան։
22 Ի՜նչ գեղեցիկ առանձնաշնորհում մը պիտի ըլլայ ուսուցումի այդ հոյակապ գործին մասնակցիլը։ Արդարեւ, անիկա մարդկային պատմութեան մէջ ուսուցումի մեծագոյն գործը պիտի ըլլայ։ Անիկա թագաւորական հեղինակութեան մէջ եղող Քրիստոս Յիսուսի բարեգործ իշխանութեան ներքեւ պիտի կատարուի։ Որպէս արդիւնք, մարդկութիւնը վերջապէս Եսայեայ 11։9–ի կատարումը պիտի տեսնէ, որ կ’ըսէ. «Երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։
23. Ինչո՞ւ պիտի ըսէիք թէ որպէս Եհովայի ժողովուրդ շատ առանձնաշնորհեալ ենք։
23 Այս վերջին օրերուն, մեզի համար ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է այս հոյակապ ժամանակին համար պատրաստուիլ, երբ Եհովայի գիտութիւնը իրապէս երկիրը պիտի լեցնէ։ Իսկ որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ Աստուծոյ ժողովուրդն ենք եւ հիմա իսկ Սոփոնեայ 3։20–ի մէջ արձանագրուած մարգարէական խօսքերուն հոյակապ կատարումը կը վայելենք։ Հոն Եհովայի երաշխիքը կը գտնենք. «Երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ»։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Սոփոնիայի վերահաստատման մարգարէութիւնը ի՞նչ կատարումներ ունեցաւ։
• Այս վերջին օրերուն, ճշմարիտ պաշտամունքը ի՞նչպէս բարգաւաճած է։
• Նոր աշխարհին մէջ ուսուցումի ի՞նչ հոյակապ գործ մը տեղի պիտի ունենայ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 25]
Եհովայի ժողովուրդը իր հայրենիքը վերադարձաւ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատելու համար։ Ներկայիս ասոր իմաստը գիտէ՞ք
[Նկարներ՝ էջ 26]
«Մաքուր Լեզուն» խօսելով, Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչի մխիթարական պատգամը կը ներկայացնեն մարդոց