Եհովա՛ն փնտռեցէք՝ իր բարկութեան օրը չեկած
Եհովա՛ն փնտռեցէք՝ իր բարկութեան օրը չեկած
«Տէրը փնտռեցէ՛ք, . . . արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։—ՍՈՓՈՆԵԱՅ 2։3
1. Ի՞նչ էր Յուդայի հոգեւոր վիճակը, երբ Սոփոնիա իր մարգարէական գործունէութեան սկսաւ։
ՍՈՓՈՆԻԱ իր մարգարէական գործունէութեան սկսաւ Յուդայի պատմութեան ճակատագրական մէկ ժամանակին մէջ։ Ազգին հոգեւոր վիճակը ամենացած մակարդակի հասած էր։ Ժողովուրդը հեթանոս քուրմերու ու աստղաբաշխներու կը դիմէր առաջնորդութեան համար, փոխանակ իր վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնելու։ Բահաղի պաշտամունքը, իր բեղմնաւորութեան ծէսերով, ծաւալուն էր երկրին մէջ։ Քաղաքացի առաջնորդները՝ իշխանները, ազնուականները եւ դատաւորները, կը հարստահարէին բուն իրենց պաշտպանելիք անհատները։ (Սոփոնեայ 1։9. 3։3) Զարմանալի չէ որ Եհովա որոշեց ‘իր ձեռքը երկնցնել’ Յուդայի եւ Երուսաղէմի վրայ, որպէսզի զանոնք բնաջնջէ։—Սոփոնեայ 1։4
2. Յուդայի մէջ եղող Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն համար ի՞նչ յոյս կար։
2 Կացութիւնը թէեւ շատ գէշ էր, բայց յոյսի նշոյլ մը կար։ Ամոնի որդին Յովսիա գահ բարձրացած էր։ Թէեւ ան տակաւին պատանի մըն էր, բայց Եհովայի հանդէպ անկեղծ սէր ունէր։ Եթէ նոր թագաւորը մաքուր պաշտամունքը վերահաստատէր Յուդայի մէջ, անիկա որքա՜ն սրտապնդիչ պիտի ըլլար այն սակաւաթիւ անհատներուն համար, որոնք հաւատարմօրէն կը ծառայէին Աստուծոյ։ Թերեւս ուրիշներ ալ անոնց միանային եւ իրենք ալ խնայուէին Եհովայի բարկութեան օրուընէ։
Պահպանումի Համար Պահանջներ
3, 4. Ի՞նչ երեք պայմաններ պէտք է գոհացուին, անհատ մը «Տէրոջը բարկութեան օրը» խնայուելու համար։
3 Կարգ մը անհատներ իրապէս կրնայի՞ն խնայուիլ Եհովայի բարկութեան օրուընէ։ Այո, եթէ Սոփոնեայ –ի մէջ նշուած երեք պայմանները լեցնէին։ Մինչ կը կարդանք այս համարները, մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայենք այս պահանջներուն։ Սոփոնիա գրեց. «Դեռ մղեղի պէս մէկ կողմ չքշուած, դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։ 2։2, 3
4 Ուստի, պահպանուելու համար անհատ մը պէտք է (1) Եհովան փնտռէ, (2) արդարութիւն փնտռէ, եւ (3) խոնարհութիւն փնտռէ։ Այս պահանջները մեզ պէտք է մեծապէս հետաքրքրեն ներկայիս։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ճիշդ ինչպէս որ Յուդան եւ Երուսաղէմը Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն հաշուետուութեան օր մը դիմագրաւեցին, Քրիստոնեայ Աշխարհի ազգերը, իրականութեան մէջ բոլոր ամբարիշտները, Եհովա Աստուծոյ հետ բախում մը պիտի ունենան մօտալուտ ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին։ (Մատթէոս 24։21) Ոեւէ մէկը որ կ’ուզէ ծածկուիլ այդ ժամանակ, հի՛մա վճռական քայլեր պէտք է առնէ։ Ի՞նչպէս։ Եհովան փնտռելով, արդարութիւն փնտռելով եւ խոնարհութիւն փնտռելով՝ շատ ուշ ըլլալէ առաջ։
5. Ներկայիս Եհովան փնտռելը ի՞նչ կը ներփակէ։
5 Կրնաք ըսել. ‘Ես Աստուծոյ նուիրուած, մկրտուած ծառայ մը՝ Եհովայի Վկայ մըն եմ։ Արդէն այս պահանջները լեցուցած չե՞մ’։ Իրականութեան մէջ, Եհովայի նուիրուելէն աւելին կը պահանջուի։ Իսրայէլ նուիրուած ազգ մըն էր, բայց Սոփոնիայի օրերուն, ժողովուրդը այդ նուիրումին համաձայն չէր ապրեր։ Որպէս հետեւանք, ի վերջոյ ազգը մերժուեցաւ։ Ներկայիս ‘Եհովան փնտռելը’ կը ներփակէ իր հետ անձնական ջերմ յարաբերութիւն մշակել ու պահպանել, իր երկրային կազմակերպութեան հետ ընկերակցելով։ Անիկա կը նշանակէ գիտնալ թէ Աստուած հարցերը ի՛նչպէս կը դիտէ եւ՝ իր զգացումները նկատի առնել։ Եհովան փնտռած կ’ըլլանք, երբ ուշադրութեամբ ուսումնասիրենք իր Խօսքը, անոր վրայ խոկանք եւ անոր խրատը մեր կեանքին մէջ գործադրենք։ Նաեւ մինչ Եհովայի ուղղութեան համար ջերմեռանդօրէն կ’աղօթենք եւ իր սուրբ հոգիին առաջնորդութեան կը հետեւինք, իր հետ մեր յարաբերութիւնը կը զօրանայ եւ կը մղուինք ‘բոլոր սրտով, հոգիով եւ զօրութիւնով’ իրեն ծառայելու։—Բ. Օրինաց 6։5. Գաղատացիս 5։22-25. Փիլիպպեցիս 4։6, 7. Յայտնութիւն 4։10բ
6. Ի՞նչպէս ‘արդարութիւն կը փնտռենք’, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարելի է նո՛յնիսկ այս աշխարհին մէջ։
Սոփոնեայ 2։3–ի մէջ յիշուած երկրորդ պահանջն է՝ ‘արդարութիւն փնտռել’։ Շատերս մեր կեանքին մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ ըրինք, որպէսզի կարենանք քրիստոնէական մկրտութեան համար որակելի ըլլալ։ Սակայն, պէտք է շարունակենք մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան Եհովայի արդար չափանիշներուն կառչիլ։ Այս մարզին մէջ լաւ սկսողներէն ոմանք թոյլ տուին որ աշխարհ զիրենք արատաւորէ։ Միշտ դիւրին չէ արդարութիւն փնտռել, քանի որ շրջապատուած ենք մարդոցմով, որոնք սեռային անբարոյութիւնը, ստելը եւ այլ մեղքերը բնական կը նկատեն։ Բայց Եհովայի հաճելի ըլլալու զօրաւոր ցանկութիւնը կը գերազանցէ աշխարհի հաճութիւնը փնտռելու որեւէ հակում՝ փորձելով անոր խառնուիլ։ Յուդան Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուց, քանի որ փորձեց իր անբարեպաշտ դրացիները միմոսել։ Հետեւաբար, փոխանակ աշխարհը ընդօրինակելու, «Աստուծոյ նմանող»ներ ըլլանք, մշակելով «նոր մարդը . . . որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է»։—Եփեսացիս 4։24. 5։1
67. Ի՞նչպէս ‘խոնարհութիւն կը փնտռենք’։
7 Սոփոնեայ 2։3–ի մէջ յիշուած երրորդ կէտը այն է թէ, եթէ կ’ուզենք Եհովայի բարկութեան օրը ծածկուիլ, պէտք է ‘խոնարհութիւն փնտռենք’։ Ամէն օր շփում կ’ունենանք տղամարդոց, կիներու եւ պատանիներու հետ, որոնք խոնարհ ըլլալէ շա՜տ հեռու են։ Անոնց համար հեզ ըլլալը թերութիւն մըն է։ Ենթակայ ըլլալը լուրջ տկարութիւն մը կը սեպուի։ Անոնք պահանջկոտ, անձնասէր եւ ինքնահաւան են, խորհելով որ իրենց անձնական «իրաւունք»ն ու նախընտրութիւնները ամէն գնով պէտք է ձեռք ձգեն։ Որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլար որ այսպիսի կեցուածքներէն ոմանք մեզի փոխանցուէին։ Հիմա ‘խոնարհութիւն փնտռելու’ ժամանակն է։ Ի՞նչպէս։ Աստուծոյ ենթարկուելով, խոնարհութեամբ իր կրթութիւնը ընդունելով եւ իր կամքին համակերպելով։
Ինչո՞ւ՝ «Թերեւս» Ծածկուիք
8. Սոփոնեայ 2։3–ի մէջ «թերեւս» բառով ի՞նչ ըսել կ’ուզուի։
8 Նկատի առէք որ Սոփոնեայ 2։3–ը կ’ըսէ՝ «Թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։ Ինչո՞ւ «թերեւս» բառը գործածուած է, երբ ‘երկրի խոնարհներուն’ ուղղուած է խօսքը։ Քանի որ այդ խոնարհ անհատները դրական քայլեր առած էին, բայց ինքնավստահ պէտք չէր ըլլային։ Այդ խոնարհները իրենց կեանքի ընթացքը հաւատարմաբար վերջացուցած չէին։ Հասկնալի էր որ ոմանք կրնային մեղքի մէջ իյնալ։ Մեր պարագան ալ նոյնն է։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Այո, Եհովայի բարկութեան օրուընէ փրկուիլը իր աչքին շիտակը ընելու մէջ յարատեւելէն կախեալ է։ Դուք վճռա՞ծ էք ասիկա ընել։
9. Պատանի Յովսիա Թագաւորը ի՞նչ շիտակ քայլեր առաւ։
9 Այնպէս կ’երեւի թէ Յովսիա Թագաւորը Սոփոնիայի խօսքերուն ընդառաջելով, մղուեցաւ ‘Եհովան փնտռել’։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իր թագաւորութեան ութերորդ տարին, երբ դեռ ինք [Յովսիան] պատանի էր [մօտ 16 տարեկան], իր հօրը Դաւիթին Աստուածը փնտռել սկսաւ»։ (Բ. Մնացորդաց 34։3) Յովսիա շարունակեց նաեւ ‘արդարութիւն փնտռել’, քանի որ կը կարդանք. «Տասնըերկրորդ տարին՝ [երբ Յովսիա մօտաւորապէս 20 տարեկան էր] Յուդան ու Երուսաղէմը բարձր տեղերէն, Աստարովթի կուռքերէն եւ քանդակուած ու ձուլածոյ կուռքերէն մաքրեց։ Բահաղիմին սեղանները անոր առջեւ կործանեց»։ (Բ. Մնացորդաց 34։3, 4) Յովսիա նաեւ ‘խոնարհութիւն փնտռեց’, խոնարհութեամբ Եհովան հաճեցնելու համար քայլեր առնելով, երկիրը կռապաշտութենէ ու սուտ կրօնքի սովորութիւններէն մաքրելով։ Միւս խոնարհ անհատները որքա՜ն ուրախացած ըլլալու էին այս փոփոխութիւններուն համար։
10. Հ.Դ.Ա. 607–ին ի՞նչ պատահեցաւ Յուդայի մէջ, սակայն որո՞նք խնայուեցան։
10 Յովսիայի իշխանութեան ընթացքին, շատ Հրեաներ ետ Եհովայի դարձան։ Սակայն, թագաւորին մահուընէ ետք, շատեր իրենց հին ճամբաներուն՝ Եհովայի կողմէ բոլորովին անընդունելի սովորութիւններու՝ վերադարձան։ Եհովայի արձակած վճիռին համաձայն, Հ.Դ.Ա. 607–ին, Բաբելոնացիները տապալեցին Յուդան եւ կործանեցին անոր մայրաքաղաքը՝ Երեմեայ 35։18, 19. 39։11, 12, 15-18
Երուսաղէմը։ Բայց կացութիւնը բոլորովին անյոյս չէր։ Երեմիա մարգարէն, Եթովպիացի Աբդեմելէք, Յովնադաբի սերունդէն անհատներ եւ Աստուծոյ հաւատարիմ ուրիշ անհատներ, Եհովայի բարկութեան օրը ծածկուեցան։—Ո՛վ Աստուծոյ Թշնամիներ՝ Զգուշացէ՛ք
11. Ներկայիս Աստուծոյ հաւատարիմ մնալը ինչո՞ւ դժուար է, սակայն Եհովայի ժողովուրդին թշնամիները ի՞նչ բան նկատի պէտք է ունենան։
11 Մինչ այս ամբարիշտ դրութեան վրայ Եհովայի բարկութեան թափուիլը կը սպասենք, ‘կերպ կերպ փորձանքներու մէջ կ’իյնանք’։ (Յակոբու 1։2) Պաշտամունքի ազատութիւն դաւանող շատ երկիրներու մէջ, նենգամիտ կղերներ աշխարհիկ հեղինակութիւններու քով իրենց ունեցած ազդեցութիւնը գործածած են, Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ բիրտ հալածանք բերելու համար։ Անպատկառ մարդիկ կը զրպարտեն Եհովայի Վկաները, զանոնք «վտանգաւոր աղանդ մը» պիտակելով։ Աստուած քաջատեղեակ է իրենց արարքներէն, որոնք անպատիժ պիտի չմնան։ Աստուծոյ թշնամիները պէտք է նկատի ունենան թէ ի՛նչ պատահեցաւ իր վաղեմի ժողովուրդին թշնամիներուն, ինչպէս՝ Փղշտացիներուն։ Մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Քանզի Գազան պիտի լքուի, Ասկաղոնը պիտի ամայանայ, Ազովտոսը կէսօրուան ատեն պիտի վռնտուի եւ Ակկարոնը արմատէն պիտի խլուի»։ Փղշտացիներու քաղաքներ՝ Գազան, Ասկաղոնը, Ազովտոսը եւ Ակկարոնը ամբողջովին պիտի կործանուէին։—Սոփոնեայ 2։4-7
12. Ի՞նչ պատահեցաւ Փղշտիայի, Մովաբի եւ Ամմոնի։
12 Մարգարէութիւնը կը շարունակէ. «Մովաբին նախատինքը ու Ամմոնին որդիներուն հայհոյութիւնները լսեցի, որոնք իմ ժողովուրդս նախատեցին ու անոնց սահմանին դէմ հպարտացան»։ (Սոփոնեայ 2։8) Ճիշդ է որ Եգիպտոս եւ Եթովպիա Բաբելոնացի ներխուժողներուն կողմէ տառապեցան։ Սակայն, Աբրահամի զարմիկէն՝ Ղովտէն սերած Մովաբի ու Ամմոնի դէմ Եհովայի դատաստանը ի՞նչ էր։ Եհովա նախագուշակեց. «Մովաբը Սոդոմին պէս ու Ամմոնին որդիները Գոմորին պէս» պիտի ըլլան։ Իրենց նախամայրերուն՝ Ղովտի երկու աղջիկներուն հակառակը, որոնք վերապրեցան Սոդոմի ու Գոմորի կործանումէն, հպարտ Մովաբն ու Ամմոնը պիտի չծածկուէին Աստուծոյ դատաստանէն։ (Սոփոնեայ 2։9-12. Ծննդոց 19։16, 23-26, 36-38) Ներկայիս ո՞ւր են Փղշտացիներն ու իրենց քաղաքները։ Իսկ՝ վաղեմի հպարտ Մովաբն ու Ամմոնը ո՞ւր են։ Որքան որ փնտռէք, պիտի չկարենաք զանոնք գտնել։
13. Նինուէի մէջ հնագիտական ի՞նչ յայտնագործութիւններ եղան։
13 Սոփոնիայի օրերուն, Ասորեստանի Կայսրութիւնը իր զօրութեան բարձունքին մէջ կը գտնուէր։ Ասորեստանի մայրաքաղաքին՝ Նինուէի մէջ իր գտած պալատի մը մէկ մասը նկարագրելով, հնագէտ Օսթին Լէյըրտ գրեց. «Առաստաղները . . . քառակուսի բաժանմունքներու բաժնուած էին, ծաղիկներու կամ անասուններու պատկերներ նկարուած։ Անոնցմէ ոմանք փղոսկրով ներզարդուած էին, իւրաքանչիւր բաժանմունք գեղեցիկ եզրագծերով եւ թափծուներով շրջապատուած։ Գերանները, ինչպէս նաեւ սենեակներուն կողմերը, ոսկեզօծ էին, կամ նոյնիսկ ոսկիով ու արծաթով պատուած էին. իսկ ատաղձագործութեան համար ամենէն ընտիր ատաղձը գործածուած էր, որու մէջ աչքի կը զարնէր մայրին»։ Սակայն, ինչպէս նախագուշակուած էր Սոփոնիայի մարգարէութեան մէջ, Ասորեստան պիտի կործանուէր իսկ անոր մայրաքաղաքը՝ Նինուէն, «աւերակ» պիտի ըլլար։—Սոփոնեայ 2։13
14. Սոփոնիայի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ Նինուէի վրայ։
14 Սոփոնիա այս մարգարէութիւնը արտասանելէն միայն 15 տարի ետք, հզօր Նինուէն կործանեցաւ, անոր պալատը աւերակներու կոյտի վերածուելով։ Այո, այն հպարտ քաղաքը փոշիի վերածուեցաւ։ Աւերումին տարողութիւնը վառ կերպով նախագուշակուած էր հետեւեալ խօսքերով. «Հաւալուսն ու ոզնին ալ անոր [ինկած] խոյակներուն մէջտեղերը գիշերը պիտի անցընեն։ Պատուհաններէն ձայն պիտի լսուի, սեմերուն մէջ աւերում պիտի ըլլայ»։ (Սոփոնեայ 2։14, 15) Նինուէի փառահեղ կառոյցները միայն ոզնիներու ու հաւալուսերու բնակավայր պիտի ըլլային։ Քաղաքի փողոցներէն վերցուած պիտի ըլլային վաճառականներուն աղմուկները, ռազմիկներուն ձայները եւ քահանաներուն երգերը։ Ատենօք եռուզեռով վխտացող գլխաւոր պողոտաներուն մէջ, պատուհանէն պիտի լսուէր միայն մռայլ երգի ձայն մը, թերեւս թռչունի մը կամ քամիի լալագին երգը։ Թո՛ղ որ Աստուծոյ բոլոր թշնամիներն ալ նոյն կերպով իրենց վախճանին հասնին։
15. Փղշտիայի, Մովաբի, Ամմոնի եւ Ասորեստանի պատահածներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
15 Փղշտիայի, Մովաբի, Ամմոնի եւ Ասորեստանի պատահածները նկատի առնելով ի՞նչ կը սորվինք։ Հետեւեալը. Որպէս Եհովայի ծառաներ մեր թշնամիներէն վախնալու պատճառ չունի՛նք։ Աստուած աչք չի խփեր իր ժողովուրդը հալածողներուն վրայ։ Անցեալին՝ Եհովա անոնց դէմ քայլեր առաւ, իսկ ներկայիս՝ իր դատաստանները նոյն կերպով պիտի գան երկրի բոլոր բնակիչներուն վրայ։ Բայց վերապրողներ պիտի ըլլան՝ ‘մեծ բազմութիւն մը, բոլոր ազգերէն’։ (Յայտնութիւն 7։9) Դո՛ւք ալ կրնաք անոնց մէջ գտնուիլ, բայց պայմանաւ որ շարունակէք Եհովան փնտռել, արդարութիւնը փնտռել ու խոնարհութիւնը փնտռել։
Վա՜յ Ամբարտաւան Յանցագործներուն
16. Սոփոնիայի մարգարէութիւնը ի՞նչ կ’ըսէ Յուդայի իշխաններուն եւ կրօնական առաջնորդներուն մասին, եւ այս խօսքերը ինչո՞ւ կը յարմարին Քրիստոնեայ Աշխարհին։
16 Սոփոնիայի մարգարէութիւնը անգամ մը եւս կը կեդրոնանայ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ։ Սոփոնեայ 3։1, 2–ը կ’ըսէ. «Վա՜յ ապստամբ ու պիղծ քաղաքին, հարստահարութիւն ընող քաղաքին։ Խօսք մտիկ չըրաւ, խրատ չընդունեց, Տէրոջը չապաւինեցաւ, իր Աստուծոյն չմօտեցաւ»։ Ի՜նչ ցաւալի է որ իր ժողովուրդը կրթելու Եհովայի ջանքերուն ուշադրութիւն չընծայուեցաւ։ Արդարեւ, իշխաններուն, ազնուականներուն ու դատաւորներուն անգթութիւնը ողբալի էր։ Սոփոնիա կրօնական առաջնորդներուն անամօթութեան վրայ ողբաց, ըսելով. «Անոր մարգարէները սնապարծ ու նենգաւոր մարդիկ են, անոր քահանաները սրբարանը պղծեցին ու օրէնքը բռնադատեցին»։ (Սոփոնեայ 3։3, 4) Այս խօսքերը որքա՜ն լաւ կը նկարագրեն Քրիստոնեայ Աշխարհի ներկայ մարգարէներն ու քահանաները։ Ամբարտաւանութեամբ աստուածային անունը իրենց Աստուածաշունչի թարգմանութիւններէն հանած են եւ վարդապետութիւններ սորվեցուցած են, որոնք սխալ կերպով կը ներկայացնեն Ան, զոր պաշտել կը դաւանին։
17. Մարդիկ մտիկ ընեն կամ ոչ, ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք բարի լուրը ծանուցանել։
17 Եհովա՝ նկատառու գտնուելով, իր առնելիք քայլին մասին նախազգուշացուց իր վաղեմի ժողովուրդը։ Ան, իր ծառաները՝ մարգարէները ղրկեց, ի միջի այլոց, Սոփոնիան եւ Երեմիան, յորդորելով որ ժողովուրդը զղջայ։ Այո, «Տէրը . . . անօրէնութիւն չի գործեր. առաւօտէ առաւօտ իր իրաւունքը կը ցուցադրէ ու ետ չի մնար»։ Ի՞նչ եղաւ ընդառաջումը։ Սոփոնիա ըսաւ. «Բայց անիրաւը ամչնալ չի գիտեր»։ (Սոփոնեայ 3։5) Ներկայիս ալ նոյնանման ազդարարութիւն մը կը հնչուի։ Եթէ դուք բարի լուրի հրատարակիչ մըն էք, այս ազդարարական գործին մէջ բաժին մը ունիք։ Ուստի, առա՛նց դանդաղելու շարունակեցէք բարի լուրը ծանուցանել։ Մարդիկ մտիկ ընեն կամ ոչ, Աստուծոյ աչքին ձեր ծառայութիւնը յաջողութիւն մըն է, այնքան ատեն որ դուք հաւատարմօրէն կը կատարէք զայն. երբ Աստուծոյ գործը եռանդով կը կատարէք՝ ամչնալու պատճառ չունիք։
18. Սոփոնեայ 3։6–ը ի՞նչպէս պիտի կատարուի։
18 Եհովայի դատաստանին գործադրութիւնը միայն Քրիստոնեայ Աշխարհի կործանումով պիտի չվերջանայ։ Եհովա իր դատապարտութիւնը կը տարածէ երկրի բոլոր ազգերուն վրայ. «Ազգերը բնաջինջ ըրի, անոնց աշտարակները կործանուեցան։ Անոնց փողոցները աւերեցի, որպէս զի անոնցմէ անցնող չըլլայ։ Անոնց քաղաքները ամայացան»։ (Սոփոնեայ 3։6) Այս խօսքերը այնքա՛ն վստահելի են որ Եհովա կործանումին մասին կը խօսի որպէս արդէն կատարուած բան մը։ Ի՞նչ պատահեցաւ Փղշտիայի, Մովաբի ու Ամմոնի քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Ասորեստանի մայրաքաղաքին՝ Նինուէին։ Անոնց կործանումը ներկայ ազգերուն որպէս ազդարարութիւն կը ծառայէ։ Աստուած ծաղր չ’ը՛լլար։
Շարունակեցէք Եհովան Փնտռել
19. Միտք գրգռող ի՞նչ հարցումներ կրնանք հարցնել։
19 Սոփոնիայի օրերուն, Աստուծոյ բարկութիւնը թափուեցաւ չարութեամբ ‘իրենց գործերը ապականողներուն’ վրայ։ (Սոփոնեայ 3։7) Նոյնը պիտի պատահի մեր օրերուն։ Եհովայի բարկութեան օրը մօտ ըլլալուն ապացոյցը կը տեսնէ՞ք։ Կը շարունակէ՞ք ‘Եհովան փնտռել’, իր Խօսքը կանոնաւորաբար՝ ամէն օր, կարդալով։ Արդարութիւն կը փնտռէ՞ք, Աստուծոյ չափանիշներուն հետ ներդաշնակ բարոյական մաքուր կեանք մը վարելով։ Իսկ ‘խոնարհութիւն կը փնտռէ՞ք’, հեզ բնաւորութիւն մը ցուցաբերելով եւ Աստուծոյ ու իր փրկութեան կարգադրութիւններուն ենթարկուելով։
20. Սոփոնիայի մարգարէութեան մասին այս յօդուածաշարքին վերջին նիւթին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
20 Եթէ շարունակենք հաւատարմօրէն Եհովան, արդարութիւնը եւ խոնարհութիւնը փնտռել, հիմա իսկ բազմաթիւ օրհնութիւններ կրնանք վայելել, այո՛, նոյնիսկ այս հաւատք փորձող «վերջին օրեր»ուն մէջ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Առակաց 10։22) Սակայն, կրնանք հարց տալ. ‘Որպէս Եհովայի արդի ծառաներ, ի՞նչ կերպերով կ’օրհնուինք ներկայիս, եւ Սոփոնիայի մարգարէութիւնը ապագայ ի՞նչ օրհնութիւններ կը խոստանայ անոնց, որոնք պիտի ծածկուին Եհովայի արագօրէն մօտեցող բարկութեան օրը’։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Մարդիկ ի՞նչպէս ‘Եհովան կը փնտռեն’։
• ‘Արդարութիւն փնտռելը’ ի՞նչ կը պարփակէ։
• Ի՞նչպէս կրնանք ‘խոնարհութիւն փնտռել’։
• Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք Եհովան, արդարութիւնը եւ խոնարհութիւնը փնտռել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 18]
Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով եւ ջերմեռանդօրէն աղօթելով Եհովան կը փնտռէ՞ք
[Նկար՝ էջ 21]
Քանի որ կը շարունակեն Եհովան փնտռել, մեծ բազմութիւն մը պիտի վերապրի Իր բարկութեան օրէն