Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս պէտք է դիտեն առեւտրական սոֆթուէր–ի (համակարգիչի յայտագիրներու) կրկնօրինակներ ուրիշներուն տալու սովորութիւնը։
Ոմանք սխալ կերպով կը փորձեն այս սովորութիւնը արդարացնել, Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն ակնարկելով. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք»։ Անշուշտ, Յիսուս հոս չէր խօսեր հեղինակական իրաւունք վերապահուած գրականութիւններ կամ համակարգիչի յայտագիրներ (սոֆթուէր) ձրիօրէն բաժնելու մասին, որոնց գործածութեան համար սահմանուած օրէնքներ կան։ Ան ծառայութեան հետ առնչուած բաներ տալուն կ’ակնարկէր։ Զանազան քաղաքներ ու գիւղեր երթալու պատրաստուող առաքեալներուն Յիսուս ըսաւ որ Թագաւորութիւնը քարոզեն, հիւանդները բժշկեն եւ դեւերը հանեն։ Ասոր դիմաց փոխանակ հատուցում պահանջելու, առաքեալները ‘ձրի պէտք էր տային’։—Մատթէոս 10։7, 8
Անձնական եւ գործի համակարգիչներու թիւին մագլցումին ի տես, շատեր սոֆթուէր–ի կարիքը ունեցած են։ Սովորաբար ասիկա դրամով պէտք է գնուի։ Ճիշդ է որ շատեր
յայտագիրներ կը պատրաստեն եւ զանոնք ձրիաբար մատչելի կը դարձնեն եւ կ’ըսեն թէ կարելի է զանոնք ընդօրինակել եւ ուրիշներու տալ։ Սակայն համակարգիչի սոֆթուէր–ներուն մեծամասնութիւնը շուկայէն պէտք է գնուի։ Զայն տան մէջ գործածեն թէ՝ գործի մէջ, սոֆթուէր գործածողներէն կ’ակնկալուի որ զայն գնեն, անոր գինը վճարեն։ Եթէ անհատ մը առանց վճարելու՝ սոֆթուէր–ի ծրար մը առնէ կամ անոր կրկնօրինակը հանէ, ասիկա ապօրինի կը համարուի, ինչպէս՝ գրքերու ամբողջական պատճենահանումը, նոյնիսկ երբ ձրիաբար պիտի տրուին։Համակարգիչի շատ մը յայտագիրներ (ի ներառեալ խաղեր) արտօնագրով պաշտպանուած են, սեփականատէրէն եւ գործածողէն պահանջելով որ համակերպին անոր մասնայատուկ պայմաններուն եւ սահմանափակումներուն։ Այսպիսի արտօնագիրներէն շատեր կը նշեն թէ միայն մէկ անհատ կրնայ յայտագիրը զետեղել եւ գործածել, սովորաբար զայն զետեղելով միայն մէ՛կ համակարգիչի վրայ, անիկա ըլլայ տան, գործի կամ դպրոցի համակարգիչը։ Կարգ մը արտօնագրեր կը նշեն թէ գործածողը իր անձնական գործածութեան համար յաւելեալ կրկնօրինակ մը կրնայ պահել, սակայն պէտք չէ ուրիշներու համար պատճեններ ընէ։ Եթէ յայտագրին սեփականատէրը փափաքի լման յայտագիրը (արտօնագիրը եւ տեղեկանքը ներառեալ) ուրիշի մը տալ, կրնայ ասիկա ընել։ Սակայն այս կերպով ան զայն գործածելու իր իրաւունքէն կը հրաժարի։ Արտօնագրերը իրարմէ կը տարբերին, ուստի յայտագիր մը գնողը կամ ստացողը պէտք է քննէ թէ անոր մասնայատուկ արտօնագիրը ի՛նչ պայմաններ կը դնէ։
Շատ մը պետութիւններ մասնակից են իրաւունքի վերապահութեան համաձայնութիւններու, որոնք կը պաշտպանեն «մտաւորական սեփականութիւն»ը, ինչպէս՝ համակարգիչի յայտագիրներ՝ եւ կը ջանան իրաւունքի վերապահութեան օրէնքները պարտադրել։ Օրինակի համար, Տը Նիու Եորք Թայմզ–ի 14 Յունուար 2000–ի համարը տեղեկագրեց թէ «Գերմանացի եւ Դանիացի ոստիկաններ ձերբակալած են, ըստ իրենց նկարագրութեան, սոֆթուէր–յելուզակներու խումբ մը», որոնք համակարգիչի յայտագիրներու ու խաղերու կրկնօրինակներ կը պատրաստէին եւ կը բաշխէին, անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ Ինթըրնէթի վրայ ծախելով։
Այս հարցին մէջ քրիստոնէական ժողովքին կեցուածքը ի՞նչ է։ Յիսուս ըսաւ. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ (Մարկոս 12։17) Ասիկա Քրիստոնեաներէն կը պահանջէ հնազանդիլ երկրին այն օրէնքներուն, որոնք Աստուծոյ օրէնքին չեն հակասեր։ Կառավարութիւններուն մասին Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. . . . ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ եւ անոնք որ դէմ կը կենան, անձերնուն դատապարտութիւն կ’ընդունին»։—Հռովմայեցիս 13։1, 2
Քրիստոնէական ժողովքի երէցներուն պատասխանատուութիւնը չէ ուրիշներու համակարգիչները ստուգել, որպէս թէ լիազօրութիւնը ունենային իրաւունքի վերապահութեան օրէնքները մեկնաբանելու եւ պարտադրելու։ Սակայն, անոնք կը հաւատան եւ կը սորվեցնեն թէ Քրիստոնեաները պէտք է խուսափին իրենց չպատկանող բան մը առնելէ, եւ ջանան օրինապահ քաղաքացիներ ըլլալ։ Ասիկա Քրիստոնեաները կը պաշտպանէ որպէս օրինազանցներ պատժուելէ, եւ կարելի կ’ընէ որ Աստուծոյ առջեւ մաքուր խղճմտանք մը ունենան։ Պօղոս գրեց. «Ասոր համար պէտք է հնազանդ ըլլալ, ոչ միայն բարկութեանը համար, հապա խղճմտանքի համար ալ»։ (Հռովմայեցիս 13։5) Նմանապէս, Պօղոս ճշմարիտ Քրիստոնեաներու փափաքը արտայայտեց հետեւեալ խօսքերով. «Մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ»։—Եբրայեցիս 13։18
[Շրջանակ՝ էջ 29]
Կարգ մը հաստատութիւններ եւ դպրոցներ այլազան գործածողներու արտօնագիր կը գնեն, որ յայտագիրը գործածելու արտօնութիւն ունեցողներու առաւելագոյն թիւը կը պայմանաւորէ։ 1995–ին, Եհովայի Վկաներու ժողովքները յօդուած մը ուսումնասիրեցին, որու մէջ հետեւեալ խրատը կար.
«Ընկերութիւններուն մեծամասնութիւնը իրենց պատրաստած ու ծախած համակարգիչի յայտագիրներուն համար ամէն իրաւունք կը վերապահեն, եւ արտօնագիր մը կը հայթայթեն որ ցոյց կու տայ թէ այս յայտագիրները օրինականօրէն ի՛նչպէս կարելի է գործածել։ Սովորաբար, արտօնագիրը կը նշէ թէ սեփականատէրը չի կրնար յայտագրէն պատճեններ ուրիշներու տալ. իրականութեան մէջ, միջազգային հրատարակութեան օրէնքն ալ զայն ապօրէն կը սեպէ։ . . . Կարգ մը մեծ ընկերութիւններ համակարգիչներ կը ծախեն, որոնք նախազետեղուած եւ արտօնագրուած յայտագիրներ կը պարունակեն։ Սակայն, համակարգիչի վաճառատուներէն ոմանք արտօնագիր չեն հայթայթեր, որովհետեւ իրենց նախազետեղած յայտագիրները ապօրէն պատճեններ են, ինչ որ կը նշանակէ թէ գնողը օրէնքը կը բեկանէ այդ յայտագիրները գործածելով։ Ասոր հետ կապակցաբար, Քրիստոնեաները պէտք է խուսափին ելեկտրոնական զեկոյցի ցուցատախտակին վրայ դնելէ, կամ անկէ առնելէ այնպիսի նիւթեր, որոնց համար ամէն իրաւունք վերապահուած է (ինչպէս որ է պարագան Ընկերութեան գրականութիւններուն) եւ որոնք ընդօրինակուած են առանց սեփականատէրերուն օրինաւոր արտօնութեան»։