Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեռեալ ծովու մագաղաթները ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրեն ձեզ

Մեռեալ ծովու մագաղաթները ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրեն ձեզ

Մեռեալ ծովու մագաղաթները ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրեն ձեզ

Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներուն յայտնաբերումէն առաջ, Եբրայերէն Գրութիւններու ամենահին ձեռագիրները Հ.Դ. շուրջ իններորդ եւ տասներորդ դարէն էին։ Իրապէս կարելի՞ էր այս ձեռագիրներուն վստահիլ որպէս Աստուծոյ Խօսքին հաւատարիմ փոխանցումները, մանաւանդ որ Եբրայերէն Գրութիւնները ամբողջացած էին անոնցմէ աւելի քան հազար տարիներ առաջ։ Ուսուցչապետ Խուլիօ Թրեպոյէ Պարրերա՝ Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներու հրատարակիչներու միջազգային խումբին մէկ անդամը, կ’ըսէ. «[Գումրանի] Եսայեայ Մագաղաթը անհերքելի ապացոյց մը կը հայթայթէ թէ աւելի քան հազար տարիներու միջոցին, Հրեայ արտագրողներու ձեռքով կատարուած սուրբ գրային ձեռագիրներու ընդօրինակութիւնը չափազանց հաւատարմութեամբ եւ բծախնդրութեամբ եղած է»։

ՊԱՐՐԵՐԱՅԻ ակնարկած մագաղաթը կը պարունակէ Եսայեայ գիրքը ամբողջութեամբ։ Մինչեւ օրս, Գումրանի մէջ գտնուած աւելի քան 200 սուրբ գրային ձեռագիրներուն մէջ, Եբրայերէն Գրութիւններու իւրաքանչիւր գրքէն հատուածներ բնորոշուած են, ի բացառեալ Եսթերայ գրքէն։ Ի տարբերութիւն Եսայեայ Մագաղաթին, անոնց մեծ մասը միայն պատառիկներով ներկայացուած է, եւ իւրաքանչիւր գրքին հազիւ մէկ տասանորդը կը պարունակեն։ Գումրանի մէջ շատ ժողովրդական եղած Աստուածաշունչի գրքերն էին՝ Սաղմոսաց (36 օրինակ), Բ. Օրինաց (29 օրինակ) եւ Եսայեայ (21 օրինակ)։ Ասոնք Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ ալ ամենէն շատ մէջբերուած գրքերն են։

Թէեւ մագաղաթները ցոյց կու տան թէ Աստուածաշունչը հիմնական փոփոխութիւններու չէ ենթարկուած, սակայն նաեւ կը յայտնեն թէ Երկրորդ Տաճարի ժամանակաշրջանին, Հրեաները որոշ տարողութեամբ Եբրայերէն Աստուածաշունչի զանազան թարգմանութիւններ կը գործածէին, ամէն մէկը իր իւրայատուկ տարբերակներով։ Բոլոր մագաղաթներն ալ ուղղագրութեան կամ բառերու գործածութեան մէջ Մազօրէթական բնագրին չեն նմանիր։ Ոմանք աւելի մօտ են Յունարէն Եօթանասնից–ին։ Նախապէս, ուսումնականներ կը խորհէին թէ Եօթանասնից–ին տարբերութիւնները սխալներու կամ նոյնիսկ թարգմանիչին կողմէ եղած դիտումնաւոր փոփոխութիւններու հետեւանքն էին։ Ներկայիս, մագաղաթները ի յայտ կը բերեն թէ այս տարբերութիւններէն շատեր, խորքին մէջ Եբրայերէն բնագրին մէջ եղած տարբերակներուն պատճառաւ էին։ Ասիկա կրնայ բացատրել այն կարգ մը պարագաները, երբ նախկին Քրիստոնեաներ Եբրայերէն Գրութիւններէն համարներ մէջբերած են, Մազօրէթական բնագրին գործածած բառերէն տարբեր բառեր գործածելով։—Ելից 1։5. Գործք 7։14

Հետեւաբար, սուրբ գրային մագաղաթներու եւ բեկորներու այս թանկարժէք յայտնաբերումը, Եբրայերէն Աստուածաշունչի բնագրին փոխանցումը ուսումնասիրելու հոյակապ հիմ մը կը հայթայթէ։ Մեռեալ Ծովու Մագաղաթները հաստատած են թէ՛ Եօթանասնից–ին եւ թէ Սամարացիներու Հնգամատեանին արժէքը, բնագրային բաղդատութեան համար։ Անոնք Աստուածաշունչի թարգմանիչներուն համար յաւելեալ աղբիւր մը կը հայթայթեն, որ Մազօրէթական բնագրին մէջ եղած հաւանական բարեփոխումները նկատի առնեն։ Շատ պարագաներու, անոնք կը հաստատեն՝ Մազօրէթական բնագրէն հանուած Եհովայի անունը իր տեղը վերադարձնելու, Աստուածաշունչի Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան Յանձնախումբին որոշումները։

Գումրանի աղանդին օրէնքներն ու հաւատալիքները նկարագրող մագաղաթները, շատ բացայայտ կը դարձնեն թէ Յիսուսի ժամանակ միայն մէկ տեսակ Հրէականութիւն չկար։ Գումրանի աղանդը Փարիսեցիներէն եւ Սադուկեցիներէն տարբեր աւանդութիւններ ունէր։ Հաւանաբար այս տարբերութիւնները պատճառ եղան որ աղանդի անդամները անապատ քաշուին։ Անոնք սխալ կերպով խորհած են որ Եսայեայ 40։3–ը իրենց աղանդին կը կիրարկուի, ուր կը խօսի անապատին մէջ ձայնի մը մասին, որ Եհովայի ճամբան կը շտկէ։ Մագաղաթի բեկորներէն շատեր կ’ակնարկեն Մեսիային, որուն գալուստը վերահաս էր, ըստ անոնց հեղինակներուն։ Ասիկա յատկապէս հետաքրքրական է ի տես Ղուկասի խօսքերուն, թէ՝ «ժողովուրդը կը սպասէր» Մեսիային գալը։—Ղուկաս 3։15

Մեռեալ Ծովու Մագաղաթները որոշ տարողութեամբ մեզի կ’օգնեն հասկնալու Հրեաներուն ապրելակերպը, Յիսուսի քարոզած ժամանակաշրջանին։ Անոնք հին Եբրայերէնի եւ Աստուածաշունչի բնագրի ուսումնասիրութեան համար բաղդատական տեղեկութիւններ կը հայթայթեն։ Սակայն, Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներէն շատերուն պարունակութիւնը տակաւին աւելի սերտ վերլուծման կը կարօտի։ Հետեւաբար, տակաւին նոր հասկացողութիւններ կարելի է ձեռք ձգել։ Այո՛, մինչ ԻԱ. դարուն մէջ կը յառաջանանք, Ի. դարու հնախուզական մեծագոյն յայտնաբերումը կը շարունակէ ոգեւորել թէ՛ ուսումնականները եւ թէ Աստուածաշունչի աշակերտները։

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 7]

Qumran excavations։ Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.; manuscript։ Courtesy of Shrine of the Book, Israel Museum, Jerusalem