Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլոր օրերուս մէջ Եհովան ինծի ոյժ տուած է

Բոլոր օրերուս մէջ Եհովան ինծի ոյժ տուած է

Կենսագրութիւն

Բոլոր օրերուս մէջ Եհովան ինծի ոյժ տուած է

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՖՈՐԷՍԹ ԼԻ–Ի ԿՈՂՄԷ

Ոստիկանութիւնը տակաւին նոր գրաւած էր մեր ֆոնոկրաֆներն ու սուրբ գրային գրականութիւնները։ Բ. Համաշխարհային Պատերազմը հակառակորդներուն պատրուակ տուաւ, Քանատայի նոր ընդհանուր կառավարիչը համոզելու, որ Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնը ապօրինի յայտարարէ։ Ասիկա 4 Յուլիս 1940–ին տեղի ունեցաւ։

ԱՌԱՆՑ վախնալու՝ մթերանոցէն աւելի մեծ քանակով գրականութիւն առինք եւ շարունակեցինք մեր քարոզչութիւնը։ Երբեք պիտի չմոռնամ այս առթիւ հօրս խօսքերը. «Մենք այդքան դիւրաւ չենք կենար։ Եհովա մեզի հրահանգած է որ քարոզենք»։ Այն ատեն, ես տասը տարեկան վառվռուն դեռատի մըն էի։ Սակայն, նոյնիսկ ներկայիս, հօրս վճռակամութիւնն ու ծառայութեան հանդէպ իր նախանձախնդրութիւնը տակաւին ինծի յարատեւաբար կը յիշեցնեն թէ մեր Աստուածը՝ Եհովա ի՛նչպէս իր հաւատարիմներուն ոյժ կու տայ։

Երբ ոստիկանութիւնը երկրորդ անգամ մեզ կեցուց, ո՛չ միայն մեր գրականութիւնները գրաւեց, այլեւ՝ հայրս բանտ տարաւ, մայրս իր չորս զաւակներուն հետ առանձին ձգելով։ Ասիկա 1940–ի Սեպտեմբերին պատահեցաւ, Սասքաչուանի մէջ։ Անկէ քիչ ետք դպրոցէն վռնտուեցայ, սուրբ գրքով մարզուած խղճիս հետեւելուս, նաեւ դրօշակը չբարեւելուս կամ ազգային քայլերգը չերգելուս համար։ Ուսումս թղթակցութեամբ շարունակելը, դիւրաթեք յայտագիր մը ունենալու պատեհութիւն տուաւ, եւ քարոզչութեան աւելի լման կերպով մասնակցեցայ։

1948–ին, կոչ եղաւ որ ռահվիրաներ՝ Եհովայի Վկաներու լիաժամ քարոզիչներ՝ Քանատայի արեւելեան ծովափը փոխադրուին։ Ուստի, ռահվիրայութիւն ընելու համար գացի Հալիֆաքս՝ Նովա Սքոչիա, եւ Գէյփ Ուուլֆ՝ Փրինս Էտուարտ Կղզին։ Յաջորդ տարի, Եհովայի Վկաներու Թորոնթոյի մասնաճիւղի գրասենեակին մէջ երկու շաբաթ ծառայելու հրաւէրը ընդունեցի։ Այդ երկու շաբաթները, աւելի քան վարձահատոյց վեց տարուան ծառայութեան վերածուեցան։ Հետագային, ծանօթացայ Միրնային, որ Եհովայի հանդէպ ունեցած սէրս կը բաժնէր, եւ 1955–ի Դեկտեմբերին ամուսնացանք։ Հաստատուեցանք Միլթընի մէջ, Օնդէրիօ, եւ շատ չանցած նոր ժողովք մը հաստատուեցաւ հոն։ Մեր տան ներքնայարկը Թագաւորութեան Սրահը եղաւ։

Մեր Ծառայութիւնը Ընդլայնելու Փափաք

Յաջորդող տարիներուն, իրարու ետեւէ վեց զաւակ ունեցանք։ Մեր աղջիկը՝ Միրիըմը անդրանիկն էր։ Ապա բախտաւորուեցանք ուրիշ զաւակներով՝ Շարմէյն, Մարք, Անէթ, Կրէնթ եւ վերջաւորութեան՝ Կլէն։ Յաճախ, երբ գործէն տուն կը վերադառնայի, պզտիկները կրակարանին շուրջ գետին նստած կը տեսնէի, իսկ Միրիըմը անոնց Աստուածաշունչ կը կարդար, սուրբ գրային պատմութիւններ կը բացատրէր, եւ անոնց սրտին մէջ Եհովայի հանդէպ իսկական սէր կը քանդակէր։ Իր սիրալիր աջակցութեան շնորհիւ, մեր բոլոր զաւակները մատղաշ տարիքէն Աստուածաշունչէն բաւականին գիտութիւն ձեռք ձգեցին։

Ծառայութեան հանդէպ հօրս նախանձախնդրութիւնը մտքիս ու սրտիս վրայ անմոռանալի տպաւորութիւն ձգած էր։ (Առակաց 22։6) Ուստի 1968–ին, երբ Եհովայի Վկայ ընտանիքներ հրաւէր ստացան Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկա փոխադրուելու քարոզչութեան գործին աջակցելու համար, մեր ընտանիքը փափաքեցաւ այս կոչին ընդառաջել։ Այն ատեն մեր զաւակներուն տարիքները 5–էն 13–ի միջեւ էին, եւ ոեւէ մէկս բառ մը Սպաներէն չէինք գիտեր։ Տրուած ուղղութեան հետեւելով, տարբեր երկիրներ ճամբորդեցի, ապրուստի պայմանները ուսումնասիրելու համար։ Վերադառնալէս ետք, ընտանեօք աղօթքի միջոցաւ մեր ընտրութիւնները աչքէ անցուցինք եւ որոշեցինք Նիքարակուա փոխադրուիլ։

Նիքարակուայի Մէջ Ծառայել

1970–ի Հոկտեմբերին, մեր նոր տան մէջ հաստատուած էինք եւ երեք շաբաթ չանցած ժողովի յայտագրին մէջ պզտիկ բաժին մը նշանակուեցաւ ինծի։ Բաժինս շատ դժուարութեամբ եւ կոտրտուած Սպաներէնով ներկայացուցի, իսկ վերջաւորութեան, բոլոր ժողովքը Շաբաթ առաւօտ 9։30–ին սերվազա–ի համար մեր տունը հրաւիրեցի։ Ես կ’ուզէի սերվիսիօ՝ դաշտի ծառայութիւն ըսել, սակայն իրականութեան մէջ, բոլորն ալ գարեջուրի հրաւիրած էի։ Լեզուն սորվիլը իսկական մարտահրաւէր մըն էր։

Սկիզբը, ձեռքիս վրայ ներկայացում մը կը գրէի եւ մինչ դէպի դուռ կ’ուղղուէի, զայն վերաքաղ կ’ընէի։ Դրան առջեւ կ’ըսէի. «Այս գրքին կ’ընկերակցի ձրի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը»։ Առաջարկս ընդունող անհատ մը, հետագային ըսաւ թէ ստիպուած էր մեր ժողովներուն գալ, որպէսզի հասկնար թէ ի՛նչ կը փորձէի ըսել իրեն։ Այս մարդը Եհովայի Վկայ մը եղաւ։ Որքա՜ն բացայայտ է որ Աստուա՛ծ է հեզ սրտերուն մէջ ճշմարտութեան սերմը աճեցնողը, ինչպէս Պօղոս առաքեալ ընդունեց։—Ա. Կորնթացիս 3։7

Մանակուա մայրաքաղաքին մէջ շուրջ երկու տարի անցընելէ ետք, մեզմէ խնդրուեցաւ որ Նիքարակուայի հարաւը փոխադրուինք։ Հոն աշխատեցանք Ռիվասի ժողովքին, ինչպէս նաեւ՝ մեկուսացած մօտակայ խումբերու հետ, որոնք հետաքրքրուած անհատներէ կը բաղկանային։ Երբ այս խումբերը կ’այցելէինք, Փետրօ Բենիա անունով հաւատարիմ ու տարեց Վկայ մը կ’ընկերակցէր ինծի։ Այս խումբերէն մէկը կը գտնուէր Նիքարակուա Լիճի շրջանին մէջ, հրաբխային կղզիի մը վրայ, ուր միայն Եհովայի Վկայ մէկ ընտանիք կար։

Նիւթական գետնի վրայ շատ քիչ ունենալով հանդերձ, այս ընտանիքը շատ մեծ ջանք թափեց որ մեր այցելութեան հանդէպ իր գնահատութիւնը ցոյց տայ։ Մեր ժամանած իրիկունը, մեզի համար ընթրիք մը պատրաստած էին։ Շաբաթ մը հոն կեցանք, եւ Աստուածաշունչը սիրողներէն շատեր իրենց ճաշը մեզի հետ բաժնեցին։ Շատ ուրախացանք երբ Կիրակի օրուան հանրային դասախօսութեան 101 ներկաներ ունեցանք։

Կը զգամ որ Եհովայի տուած զօրութիւնը բացայայտ էր, երբ ուրիշ առիթով մը, Գոսթա Ռիքայի սահմանին մօտ, լեռնային շրջանի մը մէջ հետաքրքրուած անհատներու խումբի մը պիտի այցելէինք։ Մեր մեկնելիք օրը, Փետրոն եկաւ զիս տանելու համար, բայց ես անկողինին մէջ էի՝ ջերմախտէ բռնուած։ «Փետրօ, չեմ կրնար երթալ», ըսի։ Ձեռքը ճակտիս դնելով, ան պատասխանեց. «Բարձր տենդ ունիս, բայց՝ պէ՛տք է գաս։ Եղբայրները կը սպասեն»։ Ապա այնպիսի սրտաբուխ աղօթք մը մատուցանեց, որուն նմանը չէի լսած։

Անկէ ետք, իրեն ըսի. «Գնա՛, ֆրէսքօ (պտուղի ջուր) մը խմէ։ Տասը վայրկեանէն պատրաստ կ’ըլլամ»։ Մեր այցելած շրջանին մէջ երկու Վկայ ընտանիք կ’ապրէին, եւ մեզի հոյակապ կերպով հոգ տարին։ Յաջորդ օրը, անոնց հետ քարոզելու գացինք, թէեւ տենդ ունենալով տակաւին տկար կը զգայի։ Որքա՜ն քաջալերական էր հարիւրէ աւելի անհատներ տեսնել Կիրակի օրուան ժողովին։

Դարձեալ կը Փոխադրուինք

1975–ին մեր եօթներորդ զաւակը՝ Վոնը ծնաւ։ Յաջորդ տարին, նիւթական պատճառներով ստիպուեցանք Քանատա վերադառնալ։ Նիքարակուայէն հեռանալը դիւրին չէր, քանի որ մեր կեցութեան ընթացքին իրապէս Եհովայի տուած զօրութիւնը զգացած էինք։ Երբ մեկնեցանք, մեր ժողովքի թաղամասին մէջ աւելի քան 500 անհատներ ժողովներու կը յաճախէին։

Սկիզբը, երբ աղջիկս՝ Միրիըմը ու ես Նիքարակուայի մէջ մասնաւոր ռահվիրաներ նշանակուեցանք, Միրիըմ ինծի հարցուցած էր. «Հայրիկ, եթէ երբեք ստիպուինք Քանատա վերադառնալ, թոյլ կու տա՞ս որ ես հոս մնամ»։ Այն ատեն երբեք միտք չունէի վերադառնալու, ուստի ըսի. «Անշո՜ւշտ»։ Հետեւաբար, երբ վերադարձանք, Միրիըմը հոն մնաց, իր լիաժամ ծառայութիւնը շարունակելու համար։ Հետագային, ան ամուսնացաւ Էնտրու Րիտին հետ։ 1984–ին անոնք Գաղաադու՝ Եհովայի Վկաներու միսիոնարական դպրոցի՝ 77–րդ դասարանը յաճախեցին, որ այն ժամանակ Պրուքլինի մէջ էր, Նիւ Եորք։ Ներկայիս, Միրիըմ եւ իր ամուսինը Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ կը ծառայեն, իրականացնելով այն փափաքը զոր Նիքարակուայի մէջ ծառայող հոյակապ միսիոնարներ իր մէջ զետեղած էին։

Մինչ այս բոլորը, «մենք այդքան դիւրաւ չենք կենար» հօրս խօսքը, տակաւին սրտիս մէջ կը բոցավառէր։ Ուստի Կեդրոնական Ամերիկա վերադառնալու համար բաւական դրամ խնայած ըլլալով, 1981–ին դարձեալ փոխադրուեցանք, բայց այս անգամ Գոսթա Ռիքա։ Մինչ հոն կը ծառայէինք, հրաւէր ստացանք որ այդտեղի նոր մասնաճիւղի համալիրի կառուցման մասնակցինք։ 1985–ին, սակայն, մեր տղան՝ Կրէնթը, բժշկական խնամքի կարիքը ունեցաւ, ուստի Քանատա վերադարձանք։ Մասնաճիւղի շինարարութեան ծրագրին վրայ աշխատելու համար Կլէնը Գոսթա Ռիքա մնաց, մինչ Անէթը եւ Շարմէյնը որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ ծառայեցին։ Իսկ մենք որ Գոսթա Ռիքան ձգեցին, երբեք չերեւակայեցին թէ պիտի չվերադառնայինք հոն։

Ձախորդութիւններու Հետ Գլուխ Ելլել

17 Սեպտեմբեր 1993–ը պայծառ օր մըն էր։ Մեր ամենամեծ տղան՝ Մարքը եւ ես երդիք մը կը կաւարէինք։ Քով քովի կ’աշխատէինք եւ, ըստ մեր սովորութեան, հոգեւոր բաներու մասին կը զրուցէինք։ Ձեւով մը հաւասարակշռութիւնս կորսնցնելով տանիքէն ինկայ։ Երբ ուշքի եկայ, շուրջս փայլուն լոյսեր եւ ճերմակ հագած մարդիկ տեսայ։ Հիւանդանոցի անմիջական խնամքի սենեակին մէջ էի։

Աստուածաշունչին ըսածը ի մտի ունենալով, առաջին հակազդեցութիւնս եղաւ. «Արիւն չե՛մ ուզեր, արիւն չե՛մ ուզեր»։ (Գործք 15։28, 29) Շարմէյնի խօսքերը որքա՜ն վստահութիւն ներշնչեցին. «Հոգ մի՛ ըներ, հայրիկ։ Բոլո՛րս ալ հոս ենք»։ Հետագային տեղեկացայ թէ բժիշկները բժշկական քարտս տեսած էին եւ արեան գործածութիւնը որեւէ հարց չյարուց։ Վզիս ոսկորը կոտրած էր եւ բոլորովին անդամալուծուած էի, նոյնիսկ անկարող էի առանց օգնութեան շնչելու։

Շարժելու անկարող ըլլալով, որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովայի օգնութեան կարիքը ունէի։ Շնչելու խողովակ մը զետեղելու նպատակաւ շնչափողի հատում մը ըրին, եւ ասիկա արգելք հանդիսացաւ որ օդը ձայնային լարերուս մէջէն անցնի։ Ուստի չէի կրնար խօսիլ։ Մարդիկ շրթունքներս պէտք էր կարդային, որպէսզի հասկնային թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէի։

Ծախսերը շուտով կուտակուեցան։ Կինս եւ զաւակներուս մեծ մասը լիաժամ ծառայութեան մէջ ըլլալով, ես ինծի հարց կու տայի թէ արդեօք անոնք այս ծառայութիւնը ձգելու պիտի ստիպուէի՞ն, այս նիւթական պատասխանատուութիւններուն հոգ տանելու համար։ Սակայն, Մարքը կրցաւ գործ մը գտնել, որ միայն երեք ամսուան մէջ, այս ծախսերուն մեծ մասը ծածկեց։ Որպէս հետեւանք, բոլորն ալ կրցան լիաժամ ծառայութեան մէջ մնալ, բացի ինծմէ ու կնոջմէս։

Վեց երկիրներէ եկած հարիւրաւոր բացիկներ եւ նամակներ, հիւանդանոցի սենեակիս պատերը ծածկեցին։ Եհովա իրապէս ինծի ոյժ կու տար։ Ժողովքն ալ ընտանիքիս օգտակար կ’ըլլար, շատ անգամ անոնց ուտելիք ապահովելով, այդ հինգուկէս ամսուան ժամանակաշրջանին, որ ես բժշկական խիստ հսկողութեան ներքեւ էի։ Ամէն օր Քրիստոնեայ երէց մը յետմիջօրէն իմ հետս կ’անցընէր, եւ ինծի Աստուածաշունչը եւ սուրբ գրային գրականութիւններ կը կարդար, ինչպէս նաեւ քաջալերական փորձառութիւններ կը պատմէր։ Ընտանիքէս երկու անդամ իւրաքանչիւր ժողով հետս կը պատրաստէր, հետեւաբար կենսական եղող հոգեւոր սնունդէ երբեք չզրկուեցայ։

Երբ տակաւին հիւանդանոցն էի, կարգադրութիւն մը ըրին որպէսզի Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի յայտագրին ներկայ գտնուիմ։ Հիւանդանոցի անձնակազմը կարգադրութիւն ըրաւ որ վկայեալ հիւանդապահուհի մը եւ շնչառութեան մասնագէտ մը ամբողջ օրը ինծի ընկերակցին։ Ի՜նչ ուրախութիւն էր անգամ մը եւս Քրիստոնեայ եղբայրներուս ու քոյրերուս հետ ըլլալ։ Երբե՛ք պիտի չմոռնամ այդ տեսարանը՝ հարիւրաւոր անհատներ ինծի բարեւելու համար շարքի կեցած էին։

Հոգեւորականութեան Պահպանումը

Արկածէն շուրջ տարի մը ետք, կրցայ տուն վերադառնալ ընտանիքիս հետ, թէեւ տակաւին օրական 24 ժամ հիւանդապահուհիի մը խնամքին կը կարօտիմ։ Մասնայատուկ կերպով պատրաստուած վէն–ով մը ժողովներու կրնամ երթալ, որոնցմէ շատ քիչ կը բացակայիմ։ Սակայն, պէտք է խոստովանիմ թէ ժողովի երթալը վճռակամութիւն կը պահանջէ։ Տուն գալէս ի վեր, կրցած եմ նահանգային բոլոր համաժողովներուն ներկայ գտնուիլ։

Ի վերջոյ, 1997–ի Փետրուարին, խօսելու կարողութիւնս որոշ չափով վերագտայ։ Հիւանդապահուհիներէս ոմանք գնահատութեամբ մտիկ կ’ընեն, երբ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած յոյսս անոնց հետ կը բաժնեմ։ Հիւանդապահուհիներէն մէկը ամբողջութեամբ ինծի կարդաց՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ խորագրով գիրքը, ինչպէս նաեւ՝ Դիտարանի Ընկերութեան այլ գրականութիւններ։ Անհատներու հետ կը նամակցիմ, համակարգիչը աշխատցնելու համար ցպիկ մը գործածելով։ Թէեւ այս կերպով մեքենագրելը շատ տաղտկալի է, սակայն, ծառայութեան մէջ զբաղած մնալը վարձահատոյց է։

Չափազանց կը տառապիմ ջիղերու ցաւէ։ Սակայն, կը զգամ որ երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ուրիշներու հետ բաժնեմ, կամ երբ ուրիշներ զանոնք ինծի կարդան, որոշ չափով կը հանգստանամ։ Երբեմն, ինծի նեցուկ կանգնող կնոջս հետ փողոցի վկայութեան կը մասնակցիմ. ան ըսածներս կը մեկնէ երբ օգնութեան կարիքը ունենամ։ Բազմիցս, կրցած եմ օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։ Որպէս Քրիստոնեայ երէց մը ծառայելը ուրախութեան զգացում կու տայ ինծի, մանաւանդ երբ եղբայրները ժողովներուն քովս գան կամ տանս մէջ ինծի այցելեն, եւ կարող ըլլամ անոնց օգնել եւ զիրենք քաջալերել։

Պէտք է խոստովանիմ թէ դիւրին է յուսալքուիլ։ Ուստի երբ յուսալքուած զգամ, անմիջապէս կ’աղօթեմ որ ուրախութիւնս վերագտնեմ։ Գիշեր ցերեկ կ’աղօթեմ որ Եհովա շարունակէ ինծի ոյժ տալ։ Նամակ մը կամ այցելութիւն մը, միշտ կ’ուրախացնէ զիս։ Դիտարան կամ Զարթի՛ր պարբերաթերթը կարդալն ալ միտքս շինիչ գաղափարներով կը լեցնէ։ Տարբեր հիւանդապահուհիներ յաճախ այս պարբերաթերթերը կը կարդան ինծի համար։ Արկածէն ի վեր, ամբողջ Աստուածաշունչը եօթը անգամ ձայներիզի վրայ ունկնդրած եմ։ Այս կարգ մը կերպերով Եհովա ինծի ոյժ տուած է։—Սաղմոս 41։3

Կեանքիս մէջ պարագաներու փոփոխութիւնը ինծի բաւարար ժամանակ տուած է խոկալու թէ մեր Մեծ Ուսուցիչը՝ Եհովա, կեանքի մէջ մեզ ի՛նչպէս կը դաստիարակէ։ Ան մեզի կու տայ իր կամքին եւ նպատակին մասին ճշգրիտ գիտութիւն, իմաստալից ծառայութիւն, եւ ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքին մասին խրատ, նաեւ՝ ձախորդութիւններու ատեն ի՛նչ ընելու մասին ներատեսութիւն։ Եհովա ինծի հաւատարիմ եւ հոյակապ կին մը տալով օրհնած է զիս։ Զաւակներս ալ հաւատարմօրէն կողքիս կանգնած են, եւ ինծի համար ուրախութիւն է որ բոլորն ալ լիաժամ ծառայութեան մասնակցած են։ Իրականութեան մէջ, 11 Մարտ 2000–ին, մեր տղան Մարքը եւ իր կինը՝ Ալիսընը, Գաղաադու Դպրոցի 108–րդ դասարանէն շրջանաւարտ եղան, եւ Նիքարակուա նշանակուեցան։ Կինս ու ես կրցանք անոնց շրջանաւարտութեան հանդէսին ներկայ գտնուիլ։ Ճշմարտապէս կրնամ ըսել թէ ձախորդութիւնները կեանքս փոխած են, բայց՝ ո՛չ սիրտս։—Սաղմոս 127։3, 4

Եհովայի շնորհակալ եմ իր տուած իմաստութեան համար, որպէսզի կարողանամ ստացած հոգեւոր ժառանգութիւնս ընտանիքիս փոխանցել։ Զօրացած ու քաջալերուած կը զգամ, երբ կը տեսնեմ զաւակներս, որոնք իրենց Ստեղծիչին կը ծառայեն այն նոյն կեցուածքով, զոր հայրս ունէր, որ ըսաւ. «Մենք այդքան դիւրաւ չենք կենար։ Եհովա մեզի հրահանգած է որ քարոզենք»։ Արդարեւ, մեր բոլոր օրերուն մէջ Եհովա ինծի ու ընտանիքիս ոյժ տուած է։

[Նկար՝ էջ 24]

Հօրս, եղբայրներուս եւ քրոջս հետ, ռահվիրայական օրերուն մեր գործածած յետսակառքին կողքին։ Աջին՝ ես եմ

[Նկար՝ էջ 26]

Կնոջս՝ Միրնային հետ

[Նկար՝ էջ 26]

Ընտանեկան նոր պատկեր մը

[Նկար՝ էջ 27]

Տակաւին կը վկայեմ նամակներով