Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրապէս ուրախ կրնա՞ք ըլլալ

Իրապէս ուրախ կրնա՞ք ըլլալ

Իրապէս ուրախ կրնա՞ք ըլլալ

ՃՈՐՃԸ բոլորը կ’ողջունէր՝ ժպիտով։ Իրեն համար կեանքը թանկարժէք եւ հաճելի պարգեւ մըն էր։ Իր ուրախութիւնն ու լաւատեսութիւնը իր առանձնայատկութիւններն էին, նոյնիսկ երբ ծերութեան ցաւերէն սկսաւ տառապիլ։ Մինչեւ իր մահուան օրը, Ճորճ ճանչցուած էր որպէս ուրախ անհատ մը։ Դուք ալ Ճորճին նման ուրա՞խ էք։ Իւրաքանչիւր նոր օր հաճելի պարգեւ մը կը նկատէ՞ք։ Թէ ոչ, նոր օրուան մը հեռանկարը ձեզ անտարբեր կը դարձնէ կամ նոյնիսկ՝ կը վախցնէ։ Կա՞յ բան մը որ ձեր ուրախութիւնը կը խլէ։

Ուրախութիւնը սահմանուած է որպէս բարօր վիճակ մը, որ յարաբերաբար մնայուն է։ Անիկա կը յատկանշուի յոյզերով, սկսելով գոհունակութեան զգացումէն մինչեւ խոր եւ սաստիկ բերկրանք, եւ այդ վիճակի յարատեւման բնական փափաքով մը։ Այսպիսի ուրախութիւն մը իսկապէս գոյութիւն ունի՞։

Ներկայիս, մարդկային ընկերութիւնը այն տեսակէտը յառաջ կը քշէ թէ՝ մարդիկ ուրախ կ’ըլլան միա՛յն երբ բաւարար հարստութիւն ունենան։ Միլիոնաւոր անհատներ հարստանալու խօլ ջանքերու հեւքին մէջ են։ Ասոր համար, շատեր սերտ յարաբերութիւններ եւ կեանքի մէջ այլ կարեւոր բաներ կը զոհեն։ Մրջնաբոյնի մը մրջիւններուն նման, անոնք վազվզուքի մէջ են, եւ իրենց ըրածին անդրադառնալու, կամ իրարու համար՝ շատ քիչ ժամանակ ունին։ Հասկնալիօրէն, Լոս Անճէլոս Թայմզ–ի մէկ տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ. «Յուսալքումէ տառապող անհատներուն թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ, իսկ մարդիկ հետզհետէ աւելի փոքր տարիքի մէջ կը սկսին յուսալքումէ տառապիլ։ . . . Հակայուսալքման դեղերը՝ դեղի ընկերութեան ամենաշատ ծախուած դեղերուն շարքին են»։ Միլիոնաւորներ ապօրէն թմրեցուցիչներ գործածելով, կամ ոգելից ըմպելիներով կը փորձեն իրենց խնդիրները խեղդել։ Ոմանք երբ յուսալքուած զգան, անսանձօրէն գնում կ’ընեն։ Փորձագիտանքի մը համաձայն, «կիները ամենէն աւելի հակամէտ են գնումը որպէս դարման նկատելու», կ’ըսէ բրիտանական Տը Կարտիըն օրաթերթը։ «Երբ յուսալքուած ըլլան, հաւանական է որ անոնք տղամարդոցմէ երեք անգամ աւելի գնում ընեն»։

Սակայն, իսկական ուրախութիւնը խանութի մը, շիշի մը, դեղահատի մը, սրսկիչի մը, կամ դրամատան հաշիւի մը մէջ չի գտնուիր։ Ուրախութիւնը դրամով չի գնուիր. անիկա ձրի է։ Այսպիսի թանկարժէք պարգեւ մը ո՞ւր կրնանք գտնել։ Ասիկա պիտի քննարկուի յաջորդ յօդուածին մէջ։