Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լոյսը ընտրողներուն փրկութիւնը

Լոյսը ընտրողներուն փրկութիւնը

Լոյսը ընտրողներուն փրկութիւնը

«Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, ես որմէ՞ պիտի վախնամ»։—ՍԱՂՄՈՍ 27։1

1. Եհովա ի՞նչ կենսատու հայթայթումներ կ’ընէ։

ԵՀՈՎԱ երկրի վրայ կեանքը կարելի դարձնող արեւի լոյսին Աղբիւրն է։ (Ծննդոց 1։2, 14) Ան նաեւ հոգեւոր լոյսի Ստեղծիչն է, որ Սատանայի աշխարհին մահացու խաւարը կը փարատէ։ (Եսայեայ 60։2. Բ. Կորնթացիս 4։6. Եփեսացիս 5։8-11. 6։12) Անոնք որոնք լոյսը կ’ընտրեն, կրնան սաղմոսերգուին հետ ըսել. «Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, ես որմէ՞ պիտի վախնամ»։ (Սաղմոս 27։1ա) Սակայն, ինչպէս Յիսուսի ժամանակ պատահեցաւ, խաւարը նախընտրողները միայն կրնան աննպաստ դատաստան մը ակնկալել։—Յովհաննու 1։9-11. 3։19-21, 36

2. Վաղեմի ժամանակներուն, ի՞նչ պատահեցաւ Եհովայի լոյսը մերժողներուն, եւ իր խօսքը մտիկ ընողներուն։

2 Եսայիի օրերուն, Եհովայի ուխտեալ ժողովուրդին մեծ մասը լոյսը մերժեց։ Որպէս արդիւնք, Եսայի տեսաւ որպէս ազգ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան կործանումը։ Իսկ Հ.Դ.Ա. 607–ին, Երուսաղէմն ու իր տաճարը կործանեցան եւ Յուդայի բնակիչները տարագրուեցան։ Սակայն, Եհովայի խօսքին մտիկ ընողները այն օրուան հաւատուրացութեան դէմ դնելու համար զօրութիւն ստացան։ Հ.Դ.Ա. 607–ին նկատմամբ, Եհովա խոստացաւ թէ իրեն մտիկ ընողները պիտի վերապրէին։ (Երեմեայ 21։8, 9) Ներկայիս, մենք՝ լոյսը սիրողներս, կրնանք շատ բան սորվիլ այն ատեն պատահած բաներէն։—Եփեսացիս 5։5

Լոյսին Մէջ Եղողներուն Ուրախութիւնը

3. Ներկայիս, ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ, ի՞նչ «արդար ազգ» մը կը սիրենք, եւ այդ «ազգը» ի՞նչ «զօրաւոր քաղաք մը» ունի։

3 «Մենք զօրաւոր քաղաք մը ունինք. [Աստուած] փրկութիւնը պարիսպներու ու պատնէշներու տեղ կը կանգնեցնէ։ Դռները բացէ՛ք, որպէս զի ճշմարտութիւն պահող արդար ազգը ներս մտնէ»։ (Եսայեայ 26։1, 2) Ասոնք Եհովայի ապաւինող ժողովուրդի մը ցնծալի խօսքերն են։ Եսայիի օրուան հաւատարիմ Հրեաները, ոչ թէ իրենց հայրենակիցներուն չաստուածներուն, այլ՝ Եհովայի կը նայէին որպէս ապահովութեան միակ իսկական Աղբիւրը։ Ներկայիս, մենք նոյն վստահութիւնը ունինք։ Ասկէ զատ, մենք կը սիրենք Եհովայի «արդար ազգը»՝ «Աստուծոյ Իսրայէլը»։ (Գաղատացիս 6։16. Մատթէոս 21։43) Եհովան ալ կը սիրէ այս ազգը, անոր հաւատարիմ վարքին համար։ Իր օրհնութեամբ, Աստուծոյ Իսրայէլը ունի «զօրաւոր քաղաք մը»՝ քաղաքանման կազմակերպութիւն մը, որ իրեն զօրավիգ կը կանգնի եւ կը պաշտպանէ։

4. Ի՞նչպիսի տրամադրութիւն պէտք է մշակենք։

4 Այս «քաղաք»ին մէջ եղողները քաջատեղեակ են թէ ‘Եհովա հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահէ, վասն զի անիկա Իրեն կը յուսայ’։ Եհովա նեցուկ կը կանգնի անոնց, որոնք հակամէտ են իրեն վստահելու եւ իր արդար սկզբունքներուն ենթարկուելու։ Հետեւաբար, Յուդայի հաւատարիմները Եսայիի յորդորին անսացին. «Յաւիտեան Տէրոջը յուսացէք, քանզի Տէր Եհովան յաւիտենական վէմ է»։ (Եսայեայ 26։3, 4. Սաղմոս 9։10. 37։3. Առակաց 3։5) Այսպիսի տրամադրութիւն ունեցողները Տէր Եհովայի կը նային որպէս իրենց ապահովութեան միակ Վէմը։ Անոնք իր հետ ‘կատարեալ խաղաղութիւն’ կը վայելեն։—Փիլիպպեցիս 1։2. 4։6, 7

Աստուծոյ Թշնամիներուն Նուաստացումը

5, 6. (ա) Վաղեմի Բաբելոնը ի՞նչպէս նուաստացուեցաւ։ (բ) «Մեծ Բաբելոն»ը ի՞նչ կերպով նուաստացուեցաւ։

5 Իսկ՝ եթէ Եհովայի ապաւինողները նեղութիւն կրե՞ն։ Անոնք պէտք չէ վախնան։ Եհովան այսպիսի բաներ ժամանակաւորապէս կ’արտօնէ, սակայն, ի վերջոյ ան հանգստութիւն կու տայ, եւ նեղութիւն պատճառողները իր դատաստանին հետ դէմ յանդիման կու գան։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։4-7. Բ. Տիմոթէոս 1։8-10) Նկատի առէք «բարձր քաղաք»ի մը պարագան։ Եսայի կ’ըսէ. «[Եհովա] բարձր տեղեր բնակողները կը խոնարհեցնէ, բարձր քաղաքը կը ցածցնէ, զանիկա հողի հետ հաւասար կ’ընէ։ Ոտքը զանիկա պիտի կոխկռտէ, աղքատին ոտքն ու չքաւորներուն գարշապարը»։ (Եսայեայ 26։5, 6) Հոս յիշուած բարձր քաղաքը կրնայ Բաբելոնը ըլլալ։ Այդ քաղաքը վստահաբար Աստուծոյ ժողովուրդին տառապանք պատճառեց։ Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ Բաբելոնի։ Հ.Դ.Ա. 539–ին, անիկա Մարերու եւ Պարսիկներու ձեռքը ինկաւ։ Ի՜նչ նուաստացում։

6 Մեր օրերուն, Եսայիի մարգարէական խօսքը լաւ կը յարմարի 1919–էն ի վեր «Մեծ Բաբելոն»ի պատահածին։ Այդ տարին, այդ բարձր քաղաքը նուաստացուցիչ անկում մը կրեց, երբ հարկադրուեցաւ Եհովայի ժողովուրդը հոգեւոր գերութենէն ազատ արձակել։ (Յայտնութիւն 14։8) Յաջորդիւ պատահածը տակաւին աւելի նուաստացուցիչ էր։ Քրիստոնեաներու այս պզտիկ խումբը սկսաւ իր նախկին գերեվարողները ‘կոխկռտել’։ 1922–ին, անոնք սկսան ծանուցանել Քրիստոնեայ Աշխարհին մօտալուտ վախճանը, Յայտնութիւն 8։7-12–ի հրեշտակներուն հնչեցուցած չորս փողերուն պատգամները եւ Յայտնութիւն 9։1–11։15–ի մէջ նախագուշակուած երեք վայերը հրապարակելով։

«Արդարին Ճամբան Շիտակ Է»

7. Եհովայի լոյսին դիմողները ի՞նչ ուղղութիւն կը ստանան, որո՞ւն կը սպասեն, եւ ի՞նչ բան կը սիրեն։

7 Եհովա՝ իր լոյսին եկող անհատներուն փրկութիւն կը հայթայթէ, եւ անոնց ճամբան կ’ուղղէ, ինչպէս Եսայի յաջորդիւ ցոյց կու տայ. «Արդարին ճամբան շիտակ է։ Դո՛ւն, որ ուղիղ ես, արդարին ճամբան դուն կ’ուղղես։ Քու դատաստաններուդ ճամբուն մէջ քեզի կը սպասենք, ո՛վ Տէր. մեր հոգիին ցանկութիւնը քու անուանդ եւ քու յիշատակիդ համար է»։ (Եսայեայ 26։7, 8) Եհովա արդար Աստուած է, եւ զինք պաշտողները պէտք է իր արդար չափանիշները պահեն։ Երբ այսպէս ընեն, Եհովա զանոնք կ’ուղղէ, անոնց ճամբան հարթելով։ Իր ուղղութեան անսալով, այս հեզ անհատները ցոյց կու տան թէ Եհովայի կը սպասեն եւ բոլոր սրտով իր անունը՝ իր «յիշատակ»ը՝ կը սիրեն։—Ելից 3։15

8. Եսայի ի՞նչ օրինակելի կեցուածք մը ցուցաբերեց։

8 Եսային շատ կը սիրէր Եհովայի անունը։ Ասիկա բացայայտ է իր յաջորդ խօսքերուն մէջ. «Գիշերը հոգիով քեզի ցանկացի ու առաւօտուն քեզ փնտռեցի բոլոր սրտովս. քանզի, երբ քու դատաստաններդ երկրի վրայ ըլլան, աշխարհի բնակիչները արդարութիւն կը սորվին»։ (Եսայեայ 26։9) Եսայի իր «հոգիով», իր ամբողջ էութեամբ Եհովայի կը ցանկար։ Երեւակայեցէք որ մարգարէն գիշերուան հանդարտ պահերուն Եհովայի կ’աղօթէր, իր ամենէն խորունկ մտածումները անոր կը յայտնէր եւ ջերմեռանդօրէն Եհովայի առաջնորդութիւնը կը փնտռէր։ Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։ Աւելին ըլլալով, Եսայի արդարութիւն սորվեցաւ Եհովայի դատաստանական արարքներէն։ Ասոր մէջ, ան մեզի կը յիշեցնէ յարատեւ արթուն մնալու, Եհովայի կամքը իսկոյն ըմբռնելու կարիքը։

Ոմանք Խաւարը կը Նախընտրեն

9, 10. Եհովա իր անհաւատարիմ ազգին համար ի՞նչ ազնիւ արարքներ կատարեց, սակայն անոնք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

9 Եհովա Յուդայի հանդէպ մեծ ողորմութիւն ցուցաբերեց, սակայն, դժբախտաբար, քիչեր ընդառաջեցին։ Շատ յաճախ, մեծամասնութիւնը նախընտրեց ըմբոստութիւնը եւ հաւատուրացութիւնը, քան թէ՝ Եհովայի ճշմարտութեան լոյսը։ Եսային ըսաւ. «Ամբարշտին ողորմութիւն ալ ըլլայ՝ արդարութիւն չի սորվիր։ Անիկա ուղղութեան երկրին մէջ անօրէնութիւն կը գործէ ու Տէրոջը մեծափառութիւնը չի տեսներ»։—Եսայեայ 26։10

10 Եսայիի օրերուն, երբ Եհովայի ձեռքը Յուդան պաշտպանեց իր թշնամիներէն, մեծամասնութիւնը մերժեց ասիկա ընդունիլ։ Երբ զանոնք իր խաղաղութեամբ օրհնեց, ազգը երախտագիտութիւն ցոյց չտուաւ։ Ուստի, Եհովա ձգեց որ անոնք «ուրիշ տէրեր»ու ծառայեն, եւ ի վերջոյ թոյլ տուաւ որ Հրեաները Բաբելոն գերութեան երթան Հ.Դ.Ա. 607–ին։ (Եսայեայ 26։11-13) Այսուհանդերձ, ի վերջոյ, ազգէն մնացորդ մը իր հայրենիքը վերադարձաւ՝ սրբագրուած։

11, 12. (ա) Յուդան գերեվարողները ի՞նչ ապագայ ունեցան։ (բ) 1919–ին, Եհովայի օծեալ ծառաներուն նախկին գերեվարողին ի՞նչ ապագայ կը սպասէր։

11 Ի՞նչ կրնանք ըսել Յուդան գերեվարողներուն մասին։ Եսայի մարգարէականօրէն կը պատասխանէ. «Անոնք մեռած են, պիտի չողջննան, ուրուականներ [«մահուան մէջ անօգնական», ՆԱ] են, չեն կրնար ելլել, վասն զի դուն այցելութիւն ընելով՝ զանոնք բնաջինջ ըրիր ու անոնց յիշատակը կորսնցուցիր»։ (Եսայեայ 26։14) Այո, Հ.Դ.Ա. 539–ին իր անկումէն ետք, Բաբելոն ապագայ չունէր։ Ժամանակի ընթացքին, քաղաքը գոյութենէ պիտի դադրէր։ Ան «մահուան մէջ անօգնական» պիտի ըլլար, եւ իր հսկայ կայսրութիւնը լոկ պատմութիւն մը պիտի ըլլար։ Ի՜նչ զօրաւոր ազդարարութիւն մը անոնց համար՝ որոնք այս աշխարհի հզօրներուն վրայ կը դնեն իրենց յոյսը։

12 Այս մարգարէութեան երեսակները կատարում մը ունեցան, երբ Աստուած թոյլ տուաւ որ երկրի վրայ իր օծեալ ծառաները հոգեւոր գերութեան երթան 1918–ին, ապա զանոնք ազատագրեց 1919–ին։ Անկէ սկսեալ, իրենց նախկին գերեվարողներուն՝ գլխաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի՝ ապագան մռայլ էր։ Սակայն, Եհովայի ժողովուրդին վերապահուած օրհնութիւնները արդարեւ ճոխ էին։

«Դուն Այս Ազգը Աւելցուցիր»

13, 14. Եհովայի օծեալ ծառաները 1919–էն ի վեր ի՞նչ ճոխ օրհնութիւններ վայելած են։

13 Աստուած իր օծեալ ծառաներուն զղջացող հոգին օրհնեց 1919–ին, եւ անոնց յաւելում տուաւ։ Նախ, ուշադրութիւն ընծայուեցաւ Աստուծոյ Իսրայէլին վերջին անդամներուն հաւաքումին, ապա «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն» մը սկսաւ հաւաքուիլ։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16) Այս օրհնութիւնները Եսայիի մարգարէութեան մէջ նախագուշակուած էին. «Դուն այս ազգը աւելցուցիր, ո՛վ Տէր, այս ազգը աւելցնելով՝ փառաւորուեցար, երկրին բոլոր ծայրերը ընդարձակեցիր։ Ո՛վ Տէր, նեղութեան մէջ քեզ փնտռեցին, քու պատիժդ անոնց վրայ եղած ատեն հառաչանք թափեցին»։—Եսայեայ 26։15, 16, ստորանիշ։

14 Ներկայիս, Աստուծոյ Իսրայէլին սահմանները համայն երկրի մէջ ընդարձակուած են, եւ անոր վրայ աւելցած մեծ բազմութիւնը ներկայիս մօտաւորապէս վեց միլիոնի կը հասնի, որոնք եռանդով կը մասնակցին բարի լուրի քարոզչութեան։ (Մատթէոս 24։14) Եհովայէ ի՜նչ օրհնութիւն։ Իսկ ասիկա ի՜նչ փառաբանութիւն կը բերէ իր անուան։ Ներկայիս այդ անուան մասին կը լսուի 235 երկիրներու մէջ։ Իր խոստումը ի՜նչ սքանչելի կերպով կատարուած է։

15. 1919–ին, ի՞նչ այլաբանական յարութիւն տեղի ունեցաւ։

15 Յուդան Բաբելոնի գերութենէն ազատագրուելու համար Եհովայի օգնութեան կարիքը ունեցաւ։ Առանց օգնութեան ասիկա չէին կրնար ընել։ (Եսայեայ 26։17, 18) Նմանապէս, 1919–ին Աստուծոյ Իսրայէլին ազատագրումը, Եհովայի օգնութեան ապացոյցն էր։ Առանց իրեն ասիկա չէր կրնար կատարուիլ։ Իսկ անոնց վիճակին մէջ կատարուած փոփոխութիւնը ա՛յնքան ապշեցուցիչ էր որ Եսայի զայն կը նմանցնէ յարութեան. «Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։ Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ»։ (Եսայեայ 26։19. Յայտնութիւն 11։7-11) Այո՛, կարծես թէ մեռելները վերանորոգուած գործունէութեան մը համար պիտի վերածնին։

Պաշտպանութիւն՝ Վտանգաւոր Ժամանակներուն

16, 17. (ա) Հ.Դ.Ա. 539–ին, Հրեաները ի՞նչ ընելու կարիքը ունէին, Բաբելոնի անկումէն վերապրելու համար։ (բ) Ներկայիս, հաւանաբար ի՞նչ են «սենեակներ»ը, եւ անոնք մեզի ի՛նչպէս օգտակար կ’ըլլան։

16 Եհովայի ծառաները միշտ իր պաշտպանութեան կարիքը ունին։ Սակայն, շուտով ան իր ձեռքը վերջին անգամ ըլլալով պիտի երկարէ Սատանայի աշխարհին դէմ, եւ իր երկրպագուները որեւէ ժամանակէ աւելի իր օգնութեան կարիքը պիտի ունենան։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Այդ վտանգաւոր ժամանակին մասին խօսելով, Եհովա մեզ կ’ազդարարէ. «Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, մինչեւ բարկութիւնը անցնի։ Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ, որպէս զի երկրի բնակիչներուն այցելութիւն ընէ իրենց անօրէնութեանը համար։ Եւ երկիր իր արիւնները պիտի յայտնէ եւ սպաննուածներն ալ պիտի չծածկէ»։ (Եսայեայ 26։20, 21. Սոփոնեայ 1։14) Այս ազդարարութիւնը Հրեաներուն ցոյց տուաւ Հ.Դ.Ա. 539–ին Բաբելոնի անկումէն վերապրելու կերպը։ Անոնք որոնք հնազանդեցան ասոր, իրենց տուներուն մէջ մնացին, եւ փողոցներուն մէջ նուաճող զինուորներէն պաշտպանուեցան։

17 Ներկայիս, մարգարէութեան «սենեակներ»ը հաւանաբար կը պատկերացնեն համայն աշխարհի մէջ Եհովայի ժողովուրդին տասնեակ հազարաւոր ժողովքները։ Այսպիսի ժողովքներ հիմա իսկ պաշտպանութիւն մըն են, վայր մը՝ ուր Քրիստոնեաները իրենց եղբայրներուն մէջ ապահովութիւն կը գտնեն, երէցներուն սիրալիր հոգատարութեան ներքեւ։ (Եսայեայ 32։1, 2. Եբրայեցիս 10։24, 25) Ասիկա մասնաւորապէս ճշմարիտ է, իրերու այս դրութեան վախճանին մօտ ըլլալուն ի տես, երբ վերապրումը հնազանդութենէն կախեալ պիտի ըլլայ։—Սոփոնեայ 2։3

18. Եհովա ի՞նչպէս շուտով «ծովուն մէջ եղող վիշապը պիտի մեռցնէ»։

18 Այդ ժամանակին մասին խօսելով, Եսայի կը մարգարէանայ. «Այն օրը Տէրը իր ամրակուռ, մեծ ու զօրաւոր սուրով պիտի պատժէ Լեւիաթանը, փախչող օձը, այսինքն այն Լեւիաթանը՝ գալարուող օձը ու ծովուն մէջ եղող վիշապը պիտի մեռցնէ»։ (Եսայեայ 27։1) Ի՞նչ է արդի «Լեւիաթանը»։ Ըստ երեւոյթին, անիկա «այն առաջուան օձն» է, բուն Սատանան, իր իրերու դրութեան հետ միասին, զոր ան կը գործածէ Աստուծոյ Իսրայէլին դէմ պատերազմելու համար։ (Յայտնութիւն 12։9, 10, 17. 13։14, 16, 17) 1919–ին, Լեւիաթանը Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ իր ունեցած հեղինակութիւնը կորսնցուց։ Ժամանակին, անիկա բոլորովին պիտի չքանայ։ (Յայտնութիւն 19։19-21. 20։1-3, 10) Այս կերպով, Եհովա «ծովուն մէջ եղող վիշապը պիտի մեռցնէ»։ Մինչ այդ, Եհովայի ժողովուրդին դէմ Լեւիաթանի կատարած որեւէ փորձ մնայուն յաջողութիւն պիտի չունենայ։ (Եսայեայ 54։17) Ի՜նչ մխիթարական է այս վստահութիւնը ունենալ։

«Գինիի Այգի» մը

19. Ներկայիս, մնացորդին վիճակը ի՞նչ է։

19 Արդարեւ, Եհովայէ եկած այս ամբողջ լոյսին համար ուրախ ըլլալու ամէ՛ն պատճառ ունինք։ Եսայի գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ Եհովայի ժողովուրդին ուրախութիւնը, երբ կը գրէ. «Այն օրը գինիի այգիին վրայ երգեցէք. Ես՝ Տէրս՝ կը պահեմ զանիկա, ամէն վայրկեան պիտի ոռոգեմ զանիկա, գիշեր ու ցորեկ անոր պահպանութիւն պիտի ընեմ, որպէս զի չըլլայ թէ մարդ մը անոր վնասէ»։ (Եսայեայ 27։2, 3) Եհովա իր «այգի»ն՝ Աստուծոյ Իսրայէլին մնացորդը՝ եւ անոնց ժրաջանօրէն գործող ընկերակիցները խնամած է։ (Յովհաննու 15։1-8) Ասոր պտղաբեր արդիւնքը իր անուան փառք կը բերէ եւ երկրի վրայ իր ծառաներուն մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։

20. Եհովա ի՞նչպէս կը պաշտպանէ քրիստոնէական ժողովքը։

20 Կրնանք հրճուիլ որ իր օծեալ ծառաներուն դէմ Եհովայի ունեցած նախկին բարկութիւնը՝ որու պատճառաւ ան թոյլ տուաւ որ անոնք 1918–ին հոգեւոր գերութեան երթան՝ վերջ գտած է։ Եհովա անձամբ կ’ըսէ. «Ես բարկութիւն չունիմ. երանի՜ թէ ցախերն ու փուշերը ինծի դէմ պատերազմէին։ Ես անոնց վրայ պիտի քալէի ու զանոնք մէկէն պիտի այրէի։ Եթէ ոչ՝ թող իմ զօրութեանս ապաւինին, թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն. թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն»։ (Եսայեայ 27։4, 5) Որպէսզի իր այգին շարունակէ առատ «գինի» արտադրել, Եհովա կը ճզմէ եւ կը սպառէ որեւէ փշանման ազդեցութիւն, որ կրնայ զայն ապականել։ Ուստի, թող ո՛չ ոք համարձակի քրիստոնէական ժողովքին բարօրութիւնը վտանգել։ Թող որ բոլորն ալ ‘Եհովայի զօրութեան ապաւինին’, իր հաճութիւնն ու պաշտպանութիւնը փնտռելով։ Այսպէս ընելով, Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն կ’ընենք, այնքան կարեւոր բան մը, որ Եսայի երկու անգամ կը յիշէ։—Սաղմոս 85։1, 2, 8. Հռովմայեցիս 5։1

21. Աշխարհի երեսը ի՞նչպէս «պտուղով» լեցուած է։

21 Օրհնութիւնները կը շարունակուին. «Ապագային Յակոբ պիտի արմատանայ, Իսրայէլ պիտի ծաղկի ու պիտի ընձիւղի եւ պտուղով աշխարհի երեսը պիտի լեցնեն»։ (Եսայեայ 27։6) Այս համարը 1919–էն ի վեր կը կատարուի, Եհովայի զօրութեան հոյակապ ապացոյց մը հայթայթելով։ Օծեալ Քրիստոնեաները երկիրը լեցուցած են «պտուղով»՝ սննդարար հոգեւոր կերակուրով։ Փճացած աշխարհի մը մէջ, անոնք Աստուծոյ բարձր չափանիշները ուրախութեամբ կը պահեն։ Իսկ Եհովա կը շարունակէ զանոնք օրհնել՝ յաւելում տալով։ Որպէս արդիւնք, անոնց միլիոնաւոր ընկերակիցները՝ ուրիշ ոչխարները՝ ‘ցորեկ ու գիշեր սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն Աստուծոյ’։ (Յայտնութիւն 7։15, ՆԱ) Թող որ երբեք չանտեսենք «պտուղ»ին մասնակցելու եւ զայն ուրիշներու հետ բաժնելու հոյակապ առանձնաշնորհումը։

22. Լոյսը ընդունողները ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանան։

22 Այս դժուարին ժամանակներուն, երբ խաւարը կը պատէ երկիրը եւ մառախուղը՝ ազգերը, երախտապարտ չե՞նք որ Եհովա իր ժողովուրդը հոգեւորապէս կը լուսաւորէ։ (Եսայեայ 60։2. Հռովմայեցիս 2։19. 13։12) Այն բոլորը որ կ’ընդունին զայն, այս լոյսը հիմա՛ մտքի խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը նշանակէ, իսկ յաւիտենական կեանք՝ ապագային։ Ուստի, լաւ պատճառով մը, մենք որ լոյսը կը սիրենք, մեր սրտերով Եհովան փառաբանենք եւ սաղմոսերգուին հետ ըսենք. «Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, ես որմէ՞ պիտի դողամ։ Տէրոջը սպասէ՛։ Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։ Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ»։—Սաղմոս 27։1բ, 14

Կը յիշէ՞ք

• Եհովայի ժողովուրդը հարստահարողներուն ի՞նչ ապագայ կը սպասէ։

• Եսայեայ գրքին մէջ ի՞նչ յաւելում մարգարէացուած է։

• Ո՞ր «սենեակներ»ուն մէջ պէտք է մնանք, եւ ինչո՛ւ։

• Եհովայի ժողովուրդին վիճակը ինչո՞ւ զինք կը փառաբանէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 22]

ՆՈՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ուսումնասիրութեան այս երկու յօդուածներուն մէջ քննարկուած տեղեկութեան մեծ մասը, որպէս դասախօսութիւն ներկայացուեցաւ 2000/2001–ի նահանգային համաժողովի յայտագրին մէջ։ Դասախօսութեան վերջաւորութեան, նոր գրականութիւն մը լոյս տեսաւ, որու խորագիրն էր՝ Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.։ 416 էջերէ բաղկացած այս գիրքը, համար առ համար նկատի կ’առնէ Եսայեայ գրքին առաջին 40 գլուխները։

[Նկար՝ էջ 18]

Միայն արդարներուն արտօնուած է Եհովայի «զօրաւոր քաղաք»ին՝ իր կազմակերպութեան մէջ մտնել

[Նկար՝ էջ 19]

Եսայի «գիշեր»ը Եհովան փնտռեց

[Նկար՝ էջ 21]

Եհովա իր «այգի»ն կը պաշտպանէ եւ զայն պտղաբեր կը դարձնէ