Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քուրիլլոս եւ Մեթոտիուս. Այբուբեն մը հնարող Աստուածաշունչի թարգմանիչներ

Քուրիլլոս եւ Մեթոտիուս. Այբուբեն մը հնարող Աստուածաշունչի թարգմանիչներ

Քուրիլլոս եւ Մեթոտիուս. Այբուբեն մը հնարող Աստուածաշունչի թարգմանիչներ

«Մեր ազգը մկրտուած է, սակայն, տակաւին ուսուցիչ մը չունինք։ Ո՛չ Յունարէն կը հասկնանք, ոչ ալ Լատիներէն։ . . . Ո՛չ գրաւոր տառերը կը հասկնանք, ոչ ալ անոնց իմաստը. ուստի ուսուցիչներ ղրկեցէք, որպէսզի մեզի Աստուածաշունչին խօսքերը ու անոնց իմաստը գիտցնեն»։—Ռոսթիսլավ, Մօրավիայի իշխանը, Հ.Դ. 862։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ, Սլաւական ընտանիքին պատկանող լեզուները խօսող աւելի քան 435 միլիոն անհատներ, կրնան իրենց մայրենի լեզուով Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը ձեռք ձգել։ * Անոնցմէ 360 միլիոնը Քուրիլլոսական այբուբենը կը գործածէ։ Սակայն, 12 դար առաջ, անոնք իրենց նախահայրերուն բարբառներով ո՛չ գրաւոր լեզու մը ունէին, ոչ ալ այբուբեն մը։ Այս կացութիւնը բարեփոխող տղամարդիկը եղան Քուրիլլոսը եւ Մեթոտիուսը, երկու եղբայրներ։ Աստուծոյ Խօսքը սիրող անհատներ պիտի նկատեն թէ այս երկու եղբայրներուն խիզախ եւ նորարար ջանքերը, Աստուածաշունչի պահպանման ու տարածման պատմութեան մէջ հետաքրքրական էջ մը կը բանան։ Ո՞վ էին այս տղամարդիկը, եւ անոնք ի՞նչ խոչընդոտներ դիմագրաւեցին։

«Փիլիսոփան» եւ Կառավարիչը

Քուրիլլոս (Հ.Դ. 827-869, նախնական անունը Կոստանդին) եւ Մեթոտիուս (Հ.Դ. 825-885) ծնած են Թեսաղոնիկէ (Յունաստան) ազնուական ընտանիքի մը մէջ։ Այն ատեն Թեսաղոնիկէն երկլեզու քաղաք մըն էր. անոր բնակիչները Յունարէն եւ Սլաւերէնի մէկ ձեւը կը խօսէին։ Բազմաթիւ Սլաւներու ներկայութիւնը եւ անոր քաղաքացիներուն ու շրջակայ Սլաւ համայնքներուն միջեւ եղած սերտ շփումները, թերեւս պատեհութիւն տուին որ Քուրիլլոսը եւ Մեթոտիուսը մօտէն ծանօթանան հարաւի Սլաւներու լեզուին։ Իսկ Մեթոտիուսի մէկ կենսագիրը նոյնիսկ կը յիշէ թէ անոնց մայրը սլաւական ծագում ունէր։

Իր հօրը մահէն ետք, Քուրիլլոս Բիւզանդական Կայսրութեան մայրաքաղաքը՝ Կոստանդնուպոլիս փոխադրուեցաւ։ Հոն իր ուսումը ստացաւ կայսերական համալսարանին մէջ, եւ կարկառուն ուսուցիչներու հետ շփման մէջ եկաւ։ Ան Արեւելքի ամենէն անուանի եկեղեցական կառոյցին՝ Այա Սոֆիայի՝ գրադարանավարը եղաւ, իսկ հետագային իմաստասիրութեան ուսուցիչ եղաւ։ Իրականութեան մէջ, իր ակադեմական իրագործումներուն համար, Քուրիլլոս՝ Փիլիսոփայ ծածկանունը ստացաւ։

Մեթոտիուս միեւնոյն ատեն իր հօրը ասպարէզը հետապնդեց, որ էր՝ քաղաքական վարչութիւն։ Ան արքոն (կառավարիչ) դիրքին հասաւ սահմանամերձ բիւզանդական նահանգի մը մէջ, ուր բազմաթիւ Սլաւներ կ’ապրէին։ Այսուհանդերձ, ան Բիւթանիոյ (Փոքր Ասիա) մէկ վանքը քաշուեցաւ։ Հ.Դ. 855–ին, Քուրիլլոս հոն անոր միացաւ։

Հ.Դ. 860–ին, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը այս երկու եղբայրները օտար երկիր մը ղրկեց առաքելութեան մը համար։ Անոնք Խազարներուն ղրկուեցան, Սեւ Ծովու հիւսիս–արեւելքը բնակող ժողովուրդ մը, որ տակաւին Իսլամութեան, Հրէականութեան եւ Քրիստոնէութեան միջեւ ընտրութիւն մը ընելու կը վարանէր։ Իր ճամբուն վրայ, Քուրիլլոս ժամանակ մը Քէրսոնիս մնաց՝ Խրիմի մէջ։ Կարգ մը ուսումնականներ կը խորհին թէ հոն ան Եբրայերէն եւ Սամարերէն սորվեցաւ, եւ Եբրայերէն քերականութիւնը Խազարներու լեզուով թարգմանեց։

Կոչ մը՝ Մօրավիայէն

Հ.Դ. 862–ին, Մօրավիայի (արդի՝ արեւելեան Չեխիա, արեւմտեան Սլովաքիա, եւ արեւմտեան Հունգարիա) Ռոսթիսլավ իշխանը, Մայքըլ Գ. Բիւզանդական Կայսրին ղրկեց այս յօդուածին սկիզբը յիշուած խնդրանքը՝ որ ան Աստուածաշունչի ուսուցիչներ ղրկէ։ Մօրավիայի սլաւախօս քաղաքացիները արդէն իսկ եկեղեցական ուսուցումներուն ծանօթացած էին, Արեւելեան Փրանկեան թագաւորութենէն (ներկայիս Գերմանիա եւ Աւստրիա) եկած միսիոնարներուն միջոցաւ։ Սակայն, Ռոսթիսլավ մտահոգուած էր գերմանական ցեղախումբերու քաղաքական եւ եկեղեցական ազդեցութեամբ։ Ան կը յուսար որ Կոստանդնուպոլսոյ հետ կրօնական կապեր հաստատելը, իր ազգը քաղաքական եւ կրօնական գետնի վրայ ինքնավար մնալուն պիտի նպաստէր։

Կայսրը որոշեց Մեթոտիուսը եւ Քուրիլլոսը Մօրավիա ղրկել։ Այս երկու եղբայրները այսպիսի առաքելութեան մը գլուխը անցնելու համար լաւ զինուած էին ակադեմական, ուսումնական եւ լեզուաբանական գետնի վրայ։ Իններորդ դարու կենսագիր մը մեզի կ’ըսէ թէ երբ կայսրը զանոնք կը յորդորէր որ Մօրավիա երթան, անոնց հետ պատճառաբանեց. «Երկուքդ ալ բնիկ Թեսաղոնիկեցիներ էք, եւ բոլոր Թեսաղոնիկեցիները զուտ Սլաւերէն կը խօսին»։

Այբուբեն մը եւ Աստուածաշունչի Թարգմանութիւն մը Ծնունդ կ’Առնեն

Իրենց մեկնումին կանխող ամիսներու ընթացքին, Քուրիլլոս այս առաքելութեան համար պատրաստութիւն տեսաւ, Սլաւներուն համար գիրեր մշակելով։ Կ’ըսուի թէ ան հնչիւնաբանութեան համար սուր ականջ ունէր։ Ուստի, Յունարէն եւ Եբրայերէն գիրերը գործածելով, ան ջանաց Սլաւոներէն իւրաքանչիւր հնչիւնին համար գիր մը հայթայթել։ * Կարգ մը հետազօտողներ կը խորհին թէ ան արդէն իսկ տարիներ յատկացուցած էր այսպիսի այբուբենի մը հիմը դնելու համար։ Տակաւին որոշ չէ թէ Քուրիլլոսի հնարած այբուբենին ճիշդ ձեւը ինչ էր։—Տես՝ «Քուրիլլոսակա՞ն թէ՝ Գլագոլիտական» խորագրով շրջագիծը։

Միեւնոյն ժամանակ, Քուրիլլոս Աստուածաշունչի թարգմանութեան արագ յայտագրի մը ձեռնարկեց։ Ըստ աւանդութեան, ասիկա ընելու սկսաւ, իր նոր մշակած այբուբենով, Յունարէնէն Սլաւոներէնի թարգմանելով Յովհաննու Աւետարանին առաջին նախադասութիւնը. «Սկիզբէն էր Բանը . . .»։ Քուրիլլոս շարունակեց թարգմանել չորս Աւետարանները, Պօղոսի նամակները, եւ Սաղմոսաց գիրքը։

Արդեօք ան առանձի՞ն աշխատեցաւ։ Շատ հաւանաբար Մեթոտիուս այս գործին մէջ իրեն օգնեց։ Ասկէ զատ, Քէմպրիճի Միջնադարեան Պատմութիւնը գիրքը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Դժուար չէ երեւակայել որ Քուրիլլոսին օգնողներ եղան, որոնք նախ եւ առաջ Յունարէն ուսում ունեցող, ծագումով բնիկ Սլաւներ ըլլալու էին։ Եթէ հնագոյն թարգմանութիւնները քննենք, . . . շատ լաւ մշակուած Սլաւոներէն լեզուի մը ըմբռնումին մեծագոյն ապացոյցը կ’ունենանք, զոր պէտք է վերագրել Սլաւ աշխատակիցներու»։ Աստուածաշունչի մնացեալ մասը հետագային Մեթոտիուսը ամբողջացուց, ինչպէս պիտի տեսնենք։

«Բազէի մը Վրայ Յարձակող Ճեղագռաւներու Նման»

Հ.Դ. 863–ին, Քուրիլլոս եւ Մեթոտիուս Մօրավիայի մէջ իրենց առաքելութեան սկսան, ուր ջերմ ընդունելութիւն գտան։ Սուրբ գրային եւ եկեղեցական գրութիւններ թարգմանելու կողքին, անոնց գործը կը պարփակէր Սլաւոներէն նորագիւտ գիրերը սորվեցնել խումբ մը տեղացիներու։

Սակայն, ամէն բան դիւրասահ չընթացաւ։ Մօրավիայի Փրանկեան կղերները բուռն կերպով հակառակեցան Սլաւոներէնի գործածութեան։ Անոնք եռալեզուապաշտ տեսութեան կառչեցան, պնդելով թէ միայն Լատիներէնը, Յունարէնը եւ Եբրայերէնը պաշտամունքի մէջ գործածուելու համար ընդունելի են։ Իրենց նոր մշակած գրաւոր լեզուին համար պապին աջակցութիւնը ունենալու յոյսով, երկու եղբայրները Հ.Դ. 867–ին Հռովմ ճամբորդեցին։

Ճամբորդութեան ընթացքին, Վենետիկի մէջ, Քուրիլլոսը եւ Մեթոտիուսը եռալեզուապաշտ Լատին կղերներու խումբի մը հետ անգամ մը եւս բախում ունեցան։ Քուրիլլոսի միջնադարեան կենսագիր մը մեզի կ’ըսէ, թէ տեղւոյն եպիսկոպոսները, վարդապետներն ու վանականները անոր վրայ յարձակեցան՝ «բազէի մը վրայ յարձակող ճեղագռաւներու նման»։ Ըստ արձանագրութեան, Քուրիլլոս անոնց պատասխանեց, Ա. Կորնթացիս 14։8, 9–ը մէջբերելով. «Եթէ փողն ալ անորոշ ձայն հանէ, ո՞վ պիտի պատրաստուի պատերազմի։ Նոյնպէս դուք ալ եթէ լեզուով բացայայտ խօսք չխօսիք, խօսուածը ի՞նչպէս պիտի հասկցուի. վասն զի օդին խօսողներ պիտի ըլլաք»։

Երբ այս եղբայրները վերջապէս Հռովմ հասան, Ադրիանոս Բ. Պապը Սլաւոներէնը գործածելու արտօնութիւն շնորհեց անոնց։ Քանի մը ամիս ետք, երբ տակաւին Հռովմի մէջ էին, Քուրիլլոսը ծանրօրէն հիւանդացաւ։ Երկու ամիս չանցած, ան մահացաւ՝ 42 տարեկանին։

Ադրիանոս Բ. Պապը քաջալերեց Մեթոտիուսը որ աշխատանքի վերադառնայ Մօրավիայի մէջ եւ Նիթրա գիւղաքաղաքին մօտերը, որ այժմ՝ Սլովաքիայի մէջ է։ Այդ շրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը զօրացնել փափաքելով, պապը Սլաւոներէնի գործածութիւնը վաւերացնող կոնդակներ տուաւ Մեթոտիուսին, եւ զինք արքեպիսկոպոս նշանակեց։ Սակայն, Հ.Դ. 870–ին, Փրանկեան եպիսկոպոսը՝ Հերմանրիք, Նիթրայի Սվաթոբլուք Իշխանին օգնութեամբ, Մեթոտիուսը ձերբակալել տուաւ։ Ան երկուքուկէս տարի հարաւ–արեւելեան Գերմանիոյ վանքի մը մէջ բանտարկուեցաւ։ Ի վերջոյ, Ադրիանոս Բ.–ի յաջորդը՝ Յովհաննէս Ը. Պապը հրամայեց որ Մեթոտիուս բանտէն արձակուի, զայն իր թեմին մէջ վերահաստատեց, եւ պաշտամունքի մէջ Սլաւոներէնի գործածութեան համար պապական աջակցութիւնը վերահաստատեց։

Սակայն, Փրանկեան կղերներուն հակառակութիւնը շարունակուեցաւ։ Մեթոտիուս յաջողեցաւ իրեն դէմ ուղղուած հերետիկոսութեան ամբաստանութիւնները հերքել, եւ ի վերջոյ Յովհաննէս Ը. Պապէն կոնդակ մը ձեռք ձգեց, որ բացայայտօրէն կ’արտօնէր եկեղեցիին մէջ Սլաւոներէնի գործածութիւնը։ Ինչպէս ներկայ պապը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. ընդունեց, Մեթոտիուս իր կեանքը անցուց «ճամբորդութիւններով, զրկանքներով, տառապանքներով, թշնամութիւններով եւ հալածանքով, . . . նոյնիսկ՝ ատեն մը անգթօրէն բանտարկուելով»։ Ծիծաղելին այն էր որ ասիկա Հռովմի համակիր եպիսկոպոսներու եւ իշխաններու ձեռքով եղաւ։

Ամբողջ Աստուածաշունչը կը Թարգմանուի

Ի հեճուկս անվերջ հակառակութեան, քանի մը սղագրողներու օգնութեամբ, Մեթոտիուս Աստուածաշունչի մնացեալ մասը Սլաւոներէնի թարգմանելու գործը ամբողջացուց։ Ըստ աւանդութեան, ան այս հսկայ աշխատանքը ամբողջացուց միայն ութ ամսուան մէջ։ Սակայն, ան Մակաբայեցւոց պարականոն գրքերը չթարգմանեց։

Ներկայիս, Քուրիլլոսի եւ Մեթոտիուսի կատարած թարգմանութեան որակը ճշգրտօրէն արժեւորելը դիւրին չէ։ Սկզբնական թարգմանութեան ժամանակին մօտ եղող միայն քանի մը ձեռագիր կրկնօրինակներ գոյութիւն ունին։ Այդ սակաւաթիւ նմուշները քննելով, լեզուագէտներ կը նշեն թէ թարգմանութիւնը ճշգրիտ եւ սահուն էր։ Մեր Սլաւերէն Աստուածաշունչը աշխատասիրութիւնը կ’ըսէ թէ երկու եղբայրները «ստիպուեցան շատ մը նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ կազմել։ . . . Իսկ այս բոլորը ըրին սքանչելի բծախնդրութեամբ [եւ] Սլաւերէն լեզուին տուին աննախընթաց ճոխ բառամթերք մը»։

Մնայուն Ժառանգ մը

Հ.Դ. 885–ին Մեթոտիուսի մահուընէ ետք, անոր աշակերտները Մօրավիայէն վռնտուեցան, Փրանկեան հակառակորդներուն կողմէ։ Անոնք ապաստանեցան Պոհեմիոյ (հարաւային Լեհաստան) եւ Պուլկարիոյ մէջ։ Այսպիսով Քուրիլլոսի եւ Մեթոտիուսի գործը շարունակուեցաւ եւ իրականութեան մէջ՝ տարածուեցաւ։ Այս երկու եղբայրներուն կողմէ գրաւոր եւ աւելի մնայուն ձեւ մը ստացած Սլաւոներէն լեզուն բարգաւաճեցաւ, զարգացաւ եւ հետագային ճիւղաւորուեցաւ։ Ներկայիս, Սլաւական լեզուական ընտանիքը կը պարփակէ 13 լեզուներ եւ բազմաթիւ բարբառներ։

Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը թարգմանելու Քուրիլլոսի եւ Մեթոտիուսի խիզախ ջանքերը արդիւնք տուած են. ներկայիս Աստուածաշունչի այլազան թարգմանութիւններ մատչելի են Սլաւերէնով։ Այս լեզուները խօսող միլիոնաւոր անհատներ կ’օգտուին, Աստուծոյ Խօսքը իրենց մայրենի լեզուով ունենալով։ Ի հեճուկս սաստիկ հակառակութեան, հետեւեալ խօսքերը որքա՜ն շիտակ են. «Մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ»։—Եսայեայ 40։8

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Սլաւական լեզուները կը խօսուին Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ, եւ կը պարփակեն Ռուսերէնը, Ուքրաներէնը, Սերպերէնը, Լեհերէնը, Չեխերէնը, Պուլկարերէնը, եւ այս շարքի լեզուներ։

^ պարբ. 13 Այս յօդուածին մէջ գործածուած «Սլաւոներէն» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ այն Սլաւերէն բարբառին, զոր Քուրիլլոս եւ Մեթոտիուս գործածեցին իրենց առաքելութեան եւ գրական երկերուն համար։ Ոմանք ներկայիս «Հին Սլաւոներէն» կամ «Եկեղեցական Հին Սլաւոներէն» արտայայտութիւնները կը գործածեն։ Լեզուագէտներ համաձայն են թէ Հ.Դ. իններորդ դարուն, Սլաւները հասարակաց մէկ լեզու չէին խօսեր։

[Շրջանակ՝ էջ 29]

Քուրիլլոսակա՞ն թէ՝ Գլագոլիտական

Քուրիլլոսի հնարած այբուբենին կառոյցը հակաճառութեան մեծ դուռ բացած է, քանի որ լեզուագէտներ վստահ չեն թէ անիկա ի՛նչ այբուբեն էր։ Քուրիլլոսական կոչուած այբուբենը սերտօրէն հիմնուած է Յունարէն այբուբենին վրայ, եւ կը պարունակէ առնուազն 12 յաւելեալ գիրեր, որոնք հնարուած են Յունարէնի մէջ գոյութիւն չունեցող Սլաւոներէն հնչիւններ ներկայացնելու համար։ Սակայն, Սլաւոներէն ամենահին ձեռագիրներէն ոմանք, շատ տարբեր գիրեր կը գործածեն, որոնք ծանօթ են որպէս Գլագոլիտական, եւ բազմաթիւ ուսումնականներ կը հաւատան թէ ասո՛նք են Քուրիլլոսի հնարած գիրերը։ Գլագոլիտական գիրերուն քանի մը հատը ձեռագիր Յունարէնէ կամ Եբրայերէնէ եկած կը թուին ըլլալ։ Ոմանք ալ միջնադարեան տրոհութեան նշաններէ ծագում առած ըլլալու են, սակայն մեծամասնութիւնը նոր եւ բարդ ստեղծագործութիւններ են։ Ըստ երեւոյթին, Գլագոլիտականը բոլորովին անջատ եւ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւն մըն է։ Սակայն, Քուրիլլոսականը եղած է հիմքը արդի Ռուսերէն, Ուքրաներէն, Սերպերէն, Պուլկարերէն եւ Մակեդոներէն գիրերուն եւ 22 այլ լեզուներուն, որոնցմէ քանի մը հատը Սլաւոներէն չէ։

[Քարտէս՝ էջ 31]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Պալթեան Ծով

(Լեհաստան)

Պոհեմիա (Չեխիա)

Մօրավիա (Արւլ. Չեխիա, Արւմտ. Սլովաքիա, Արւմտ. Հունգարիա)

Նիթրա

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՓՐԱՆԿԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ (Գերմանիա եւ Աւստրիա)

ԻՏԱԼԻԱ

Վենետիկ

Հռովմ

Միջերկրական Ծով

ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Թեսաղոնիկէ

(Խրիմ)

Սեւ Ծով

Բիւթանիա

Կոստանդնուպոլիս (Իսթամպուլ)

[Նկար՝ էջ 31]

Սլաւոներէն Աստուածաշունչ մը Քուրիլլոսական գիրերով, 1581–էն

[Նկարին աղբիւրը]

Bible։ Narodna in univerzitetna knjiz̆nica-Slovenija-Ljubljana