Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ»

«Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ»

«Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ»

Երեւակայեցէք Յիսուսի աշակերտներուն կսկիծը, երբ իրենց Տէրը մահուան ենթարկուեցաւ։ Անոնց յոյսը նոյնքան անկենդան կը թուէր, որքան Արիմաթացի Յովսէփի զետեղած մարմինը գերեզմանին մէջ։ Մեռած էր նաեւ՝ Յիսուսի կողմէ հռովմէական լուծէն Հրեաներու ազատագրման ամէն ակնկալութիւն։

ԵԹԷ հարցը այս կերպով վերջացած ըլլար, Յիսուսի աշակերտները շատ հաւանաբար պիտի կորչէին, շատ մը այդպէս կոչուած մեսիաներու հետեւորդներուն նման։ Բայց Յիսուս ո՛ղջ էր։ Ըստ Սուրբ Գրքին, իր մահուընէ քիչ ետք, ան տարբեր առիթներով իր հետեւորդներէն շատերուն երեւցաւ։ Անոր համար, անոնցմէ ոմանք բացագանչեցին՝ «Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ»։—Ղուկաս 24։34

Աշակերտները՝ Յիսուսի Մեսիա ըլլալուն վրայ իրենց հաւատքը պէտք էր պաշտպանէին։ Ասիկա ընելով, անոնք մասնաւորաբար անոր մեռելներէն յարուցանուելուն մատնանշեցին, որպէս իր Մեսիականութիւնը ապացուցանող հաստատ փաստ մը։ Արդարեւ, «առաքեալները զօրաւոր կերպով կը վկայէին Տէր Յիսուսի յարութեան»։—Գործք 4։33, Անթիլիաս

Եթէ ոեւէ մէկը կարենար փաստել որ այս յարութիւնը խարդախութիւն մըն էր՝ թերեւս աշակերտներէն մէկուն ընդունիլ տալով ասիկա, կամ ցոյց տալով որ Յիսուսի մարմինը գերեզմանին մէջ մնացած էր՝ Քրիստոնէութիւնը առաջին օրէն իսկ ձախողած պիտի ըլլար։ Բայց պարագան այս չեղաւ։ Գիտնալով որ Քրիստոս կենդանի էր, Յիսուսի հետեւորդները ամէնուրեք ծանուցանեցին անոր յարութիւնը եւ մեծ թիւով անհատներ յարուցեալ Քրիստոսի հաւատացողներ եղան։

Ինչո՞ւ դո՛ւք ալ կրնաք հաւատալ Յիսուսի յարութեան։ Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ ասիկա իրողութիւն մըն էր։

Ինչո՞ւ Նկատի Առնել Ապացոյցը

Չորս Աւետարաններն ալ Յիսուսի յարութեան մասին կը տեղեկագրեն։ (Մատթէոս 28։1-10. Մարկոս 16։1-8. Ղուկաս 24։1-12. Յովհաննու 20։1-29) * Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն ուրիշ մասերն ալ աներկբայելիօրէն Քրիստոսի մեռելներէն յարուցանուած ըլլալուն մասին կը խօսին։

Զարմանալի չէ որ Յիսուսի հետեւորդները ծանուցանեցին իր յարութիւնը։ Եթէ ան իրապէս Աստուծոյ կողմէ ետ կեանքի բերուած էր, ասիկա ամենէն հոյակապ լուրն էր որ աշխարհ երբեւիցէ լսած էր։ Անիկա կը նշանակէ թէ Աստուած գոյութիւն ունի։ Մանաւանդ, կը նշանակէ որ Յիսուս այժմ կենդանի է։

Ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունի մեր վրայ։ Յիսուս աղօթեց. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան, քու՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Այո, Յիսուսի եւ իր Հօրը մասին կենսատու գիտութիւն կրնանք ձեռք ձգել։ Այս գիտութիւնը գործադրելով, եթէ նոյնիսկ մեռնինք, կրնանք յարուցանուիլ, քանի որ Յիսուս յարուցանուեցաւ։ (Յովհաննու 5։28, 29) Իր փառաւորեալ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի, թագաւորներուն Թագաւորին յանձնուած Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան ներքեւ, դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսը կրնանք ունենալ։—Եսայեայ 9։6, 7. Ղուկաս 23։43. Յայտնութիւն 17։14

Ուստի, Յիսուսի իրապէս մեռելներէն յարուցանուած ըլլալուն հարցը խիստ կարեւոր է։ Անիկա կ’ազդէ մեր ներկայ կեանքին, ինչպէս նաեւ՝ մեր ապագայ ակնկալութիւններուն։ Անոր համար կը հրաւիրենք ձեզ որ Յիսուսի մեռած ու յարութիւն առած ըլլալուն ապացոյցի չորս եզրեր քննէք։

Յիսուս Ցիցին Վրայ Իսկապէ՛ս Մեռաւ

Կարգ մը սկեպտիկներ կ’ըսեն որ Յիսուս թէեւ ցցահանուեցաւ, բայց իսկապէս չմեռաւ ցիցին վրայ։ Անոնք կը պատճառաբանեն որ ան մահամերձ էր եւ գերեզմանին զովութենէն ուշքի եկաւ։ Սակայն, մատչելի բոլոր աղբիւրներ կը փաստեն որ Յիսուսի անկենդան մարմինն էր որ զետեղուեցաւ գերեզմանին մէջ։

Քանի որ Յիսուս հանրապէս մահուան ենթարկուեցաւ, ցիցին վրայ իր մեռած ըլլալուն ականատեսներ կային։ Անոր մահը հաստատուեցաւ հարիւրապետին կողմէ, որ պատասխանատու դրուած էր անոր մահապատիժի գործադրութեան։ Այդ զինուորական պաշտօնեան արհեստավարժ մըն էր, որու պարտականութեան մէկ մասն էր որոշել թէ Յիսուս իսկապէս մեռած էր։ Ասկէ զատ, Յիսուսի մեռած ըլլալը հաստատելէն ետք էր միայն որ Հռովմէացի Կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոս Յիսուսի մարմինը Արիմաթացի Յովսէփի յանձնեց թաղումի համար։—Մարկոս 15։39-46

Գերեզմանը Դատարկ Էր

Դատարկ գերեզմանը Յիսուսի յարութեան համար աշակերտներուն տրուած առաջին փաստն էր եւ այս ապացոյցը անվիճելի կը մնայ։ Յիսուս թաղուեցաւ նոր եւ բնաւ չգործածուած գերեզմանի մը մէջ։ Անիկա ցցահանութեան վայրին մօտ էր, եւ այն ատեն բացայայտօրէն եւ շատ դիւրաւ կարելի էր տեղը գտնել։ (Յովհաննու 19։41, 42) Աւետարանի բոլոր պատմութիւնները կը համաձայնին որ երբ Յիսուսի բարեկամները գերեզման եկան իր մահուընէ երկու առաւօտ ետք, իր մարմինը հոն չէր։—Մատթէոս 28։1-7. Մարկոս 16։1-7. Ղուկաս 24։1-3. Յովհաննու 20։1-10

Դատարկ գերեզմանը ապշութեան մատնեց Յիսուսի թշնամիները, ինչպէս նաեւ՝ իր բարեկամները։ Իր թշնամիները երկար ատենէ կ’աշխատէին զինք մեռած եւ թաղուած տեսնել։ Իրենց նպատակին հասած ըլլալով, նախազգուշութիւններ ձեռք առին պահակ մը դնելով եւ գերեզմանը կնքելով։ Այսուհանդերձ, շաբթուան առաջին օրուան առաւօտուն՝ գերեզմանը դատարկ էր։

Արդեօք Յիսուսի բարեկամնե՞րը առած էին մարմինը գերեզմանէն։ Ասիկա հաւանական չէր, քանի որ Աւետարանները ցոյց կու տան որ անոնք շատ մեծ կսկիծի մէջ էին իր սպանութենէն ետք։ Ասկէ զատ, իր աշակերտները վստահաբար հալածանքի ու մահուան պիտի չենթարկուէին բանի մը համար, որ գիտէին թէ խարդախութիւն էր։

Ո՞վ դատարկած էր գերեզմանը։ Բնաւ հաւանական չէր որ Յիսուսի թշնամիները առած ըլլային մարմինը։ Եթէ նոյնիսկ առած ըլլային զայն, վստահաբար հետագային պիտի վերադարձնէին, հերքելու համար Յիսուսի յարութիւն առած եւ կենդանի ըլլալուն մասին աշակերտներուն դաւանութիւնը։ Բայց այսպիսի բան մը չպատահեցաւ, քանի որ Աստուա՛ծ ըրած էր այս բանը։

Շաբաթներ ետք, Յիսուսի թշնամիները խստօրէն չհերքեցին, երբ Պետրոս վկայեց. «Ո՛վ Իսրայելացի մարդիկ, լսեցէ՛ք այս խօսքերը, Յիսուս Նազովրեցին, Աստուծմէ ձեզի ցուցուած մարդ մը զօրութիւններով ու հրաշքներով եւ նշաններով, որոնք Աստուած անոր ձեռքով ըրաւ ձեր մէջ, ինչպէս դուք ալ գիտէք, անիկա Աստուծոյ որոշած խորհրդովը եւ կանխագիտութիւնովը մատնուած ըլլալով՝ առիք եւ անօրէններու ձեռքով փայտի վրայ գամելով սպաննեցիք. բայց Աստուած յարուցանեց զայն, մահուան ցաւերը քակելով, քանզի հնարաւոր չէր որ ինք անկէ բռնուի։ Վասն զի Դաւիթ անոր համար կ’ըսէ. ‘Ամէն ատեն Տէրը կը տեսնեմ իմ առջեւս, . . . նաեւ իմ մարմինս ալ յուսով պիտի հանգստանայ, վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու Սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս’»։—Գործք 2։22-27

Շատեր Տեսան Յարուցանուած Յիսուսը

Գործք Առաքելոց գրքին մէջ, Աւետարանիչ Ղուկաս կը նշէ. «Որոնց [առաքեալներուն] [Յիսուս] ինքզինք ցուցուց՝ կենդանի, իր չարչարանքներէն յետոյ շատ ապացոյցներով, քառասուն օրուան մէջ անոնց երեւնալով ու Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայ խօսելով»։ (Գործք 1։2, 3) Բազմաթիւ աշակերտներ յարուցանուած Յիսուսը տեսան տարբեր առիթներով՝ պարտէզի մը մէջ, ճամբու մը վրայ, ճաշի մը ընթացքին, Տիբերիոյ ծովուն ափին։—Մատթէոս 28։8-10. Ղուկաս 24։13-43. Յովհաննու 21։1-23

Քննադատներ հարցի տակ կը դնեն այս երեւոյթներուն ստուգութիւնը։ Անոնք կ’ըսեն թէ գրողները իրե՛նք հնարած են այս պատմութիւնները, կամ՝ անոնց մէջ եղող կարծեցեալ հակասութիւններուն ակնարկում կ’ընեն։ Իրականութեան մէջ, Աւետարաններու պատմութիւններուն մէջ եղած չնչին տարբերակները կը փաստեն որ անոնց միջեւ գաղտնի համաձայնութիւն մը չկար։ Յիսուսի մասին մեր գիտութիւնը կ’ընդարձակուի, երբ գրող մը Յիսուսի երկրային կեանքի կարգ մը դէպքերուն մասին մանրամասնութիւններ կու տայ, որոնք կ’ամբողջացնեն միւս պատմութիւնները։

Յիսուսի յետ–յարութեան երեւոյթները պատրա՞նք էին։ Այս մասին որեւէ առարկութիւն անհաւանական է, քանի որ ան շատերու կողմէ տեսնուեցաւ։ Անոնց մէջ կային ձկնորսներ, կիներ, պաշտօնեայ մը, եւ նոյնիսկ կասկածամիտ Թովմասը, որ համոզուեցաւ միայն՝ երբ Յիսուսի յարուցանուած ըլլալուն անհերքելի փաստը տեսաւ։ (Յովհաննու 20։24-29) Շատ անգամ, Յիսուսի աշակերտները սկիզբը չճանչցան իրենց յարուցանուած Տէրը։ Անգամ մը 500–է աւելի անհատներ տեսան զինք, որոնց մեծամասնութիւնը ողջ էր, երբ Պօղոս առաքեալ այս միջադէպը յարութեան որպէս ապացոյց գործածեց։—Ա. Կորնթացիս 15։6

Կենդանի Յիսուսը Մարդոց Վրայ Ազդեցութիւն Ունի

Յիսուսի յարութիւնը պարզ հետաքրքրութեան ու վիճաբանութեան հարց մը չէ։ Իր կենդանի ըլլալուն իրողութիւնը ամէնուրեք մարդոց վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցած է։ Առաջին դարէն ի վեր, անհամար անհատներ անտարբերութենէ կամ ուղղակի հակառակութենէ՝ Քրիստոնէութեան դարձած են, բացարձակապէս վստահ ըլլալով որ անիկա ճշմարիտ կրօնքն է։ Ի՞նչ բան փոխած է զիրենք։ Սուրբ Գրքի սերտողութիւն մը անոնց փաստած է որ Աստուած յարուցանած է Յիսուսը, որպէս փառահեղ հոգեղէն արարած մը՝ երկնքի մէջ։ (Փիլիպպեցիս 2։7բ-11) Անոնք հաւատք ընծայած են Յիսուսի եւ՝ Քրիստոսի փրկանքին միջոցաւ Եհովա Աստուծոյ փրկութեան կարգադրութեան։ (Հռովմայեցիս 5։8, 9) Այսպիսի անհատներ հարազատ ուրախութիւն գտած են Աստուծոյ կամքը կատարելով եւ Յիսուսի ուսուցումներուն համաձայն կեանք մը վարելով։

Նկատի առէք թէ առաջին դարուն Քրիստոնեայ մը ըլլալ ի՛նչ կը նշանակէր։ Անիկա վարկ, հեղինակութիւն կամ հարստութիւն չէր ապահովեր իրենց։ Ճիշդ հակառակը, նախկին Քրիստոնեաներէն շատեր իրենց հաւատքին համար, ‘իրենց ստացուածքին կողոպտուիլը ուրախութեամբ ընդունեցին’։ (Եբրայեցիս 10։34) Քրիստոնէութիւնը զոհողութիւն պահանջող կեանք մըն էր եւ հալածանքը յաճախ նահատակութեամբ վերջ կը գտնէր։

Քրիստոսի հետեւորդներ ըլլալէ առաջ, ոմանք վարկի ու հարստութեան վերաբերեալ լաւ հեռանկարներ ունէին։ Տարսոնցի Սօղոս վաստակաւոր Օրէնքի ուսուցիչ՝ Գամաղիէլի ձեռքին տակ ուսում ստացած էր եւ սկսած էր Հրեաներուն աչքին կարկառուն տեղ մը գրաւել։ (Գործք 9։1, 2. 22։3. Գաղատացիս 1։14) Սակայն, Սօղոս՝ Պօղոս առաքեալը եղաւ։ Ինք եւ շատ ուրիշներ կռնակ դարձուցին աշխարհի մատուցած վարկին ու հեղինակութեան։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի Աստուծոյ խոստումներուն վրայ հիմնուած իրական յոյսի պատգամ մը, եւ Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարուցանուած ըլլալուն իրողութիւնը տարածեն։ (Կողոսացիս 1։28) Անոնք յօժար էին տառապելու բանի մը համար, որ գիտէին թէ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած էր։

Ներկայիս միլիոնաւոր անհատներու պարագան ալ նոյնն է։ Կրնաք անոնց հանդիպիլ Եհովայի Վկաներու աշխարհածաւալ ժողովքներուն մէջ։ Վկաները ջերմօրէն կը հրաւիրեն ձեզ Քրիստոսի մահուան տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 8 Ապրիլ 2001–ի արեւնամուտէն ետք։ Անոնց համար հաճոյք է ձեր ներկայութիւնը այդ առթիւ, ինչպէս նաեւ՝ Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ իրենց ունեցած Սուրբ Գրքի ուսումնասիրութեան բոլոր հանդիպումներուն։

Չէ՞ք ուզեր աւելին սորվիլ ոչ միայն Յիսուսի մահուան ու յարութեան, այլ նաեւ իր կեանքին եւ ուսուցումներուն մասին։ Ան ձեզ կը հրաւիրէ որ իրեն գաք։ (Մատթէոս 11։28-30) Հիմա գործի անցէք Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելու համար։ Ասիկա ընելը կեանք պիտի նշանակէ՝ իր սիրելի Որդւոյն յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Աւետարաններու պատմութիւններուն վաւերական ըլլալուն մասին, տես՝ «Աւետարանները. պատմութի՞ւն՝ թէ առասպել», Դիտարան 15 Մայիս 2000 համարին մէջ։

[Նկարներ՝ էջ 7]

Միլիոնաւորներ իսկական ուրախութիւն կը գտնեն որպէս Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներ

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 6]

From the Self-Pronouncing Edition of the Holy Bible, containing the King James and the Revised versions