Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրօնքը համաշխարհային խաղաղութիւն պիտի բերէ՞

Կրօնքը համաշխարհային խաղաղութիւն պիտի բերէ՞

Կրօնքը համաշխարհային խաղաղութիւն պիտի բերէ՞

ՕԳՈՍՏՈՍ 28-31 2000–ին, 73 երկիրներէ աւելի քան 500 ներկայացուցիչներ հաւաքուեցան Նիւ Եորք Սիթիի մէջ։ Անոնք Միացեալ Ազգերու մէջ համախմբուեցան, «Կրօնական եւ Հոգեւոր Առաջնորդներու Հազարամեակի Համաշխարհային Խաղաղութեան Վեհաժողով»ին համար։ Առաջնորդները՝ շատերը գլխափաթթոցներով, դեղնաւուն հագուստներով, փետրաւոր գլխանոցներով, կամ երկար սեւ թիկնոցներով՝ բազմազան դաւանանքներ կը ներկայացնէին։ Անոնց մէջ կային Զրադաշտական, Թաոյական, Իսլամական, Հրէական, Ճէնական, Շինթոյական, Պահայական, Պուտտայական, Պրահմանական, Սիխական, ու Քրիստոնեայ Աշխարհի պատկանող կրօնքներ։

Պատուիրակները չորս օրուան համագումարին առաջին երկու օրերը Միացեալ Ազգերու հիմնարկին մէջ հանդիպում ունեցան։ Սակայն այս համագումարը Միացեալ Ազգերու կողմէ կազմակերպուած կամ ֆինանսաւորուած չէր, հապա՝ տարբեր հիմնարկներու կողմէ։ Այսուհանդերձ, թէ՛ ՄԱԿ–ը եւ թէ կրօնական առաջնորդները խօսեցան աղքատութեան, ցեղապաշտութեան, կենսոլորտային խնդիրներուն, պատերազմին եւ զանգուածային կործանումի զէնքերուն վերջ դնելու համար միասնաբար աշխատելու կարեւորութեան մասին։

Պատուիրակները վաւերագիր մը ստորագրեցին, որու խորագիրն էր՝ «Համերկրային Խաղաղութեան Յանձնառութիւն»։ Ընդունելով հանդերձ որ բռնարարքներն ու պատերազմը «երբեմն կրօնքի անունով կը գործուին», վաւերագիրը կը ծանուցանէր թէ ստորագրողները պիտի «համագործակցին Միացեալ Ազգերուն հետ . . . խաղաղութիւն հետապնդելու համար»։ Սակայն մասնայատուկ որոշում մը չկար թէ ասիկա ի՛նչպէս պիտի կատարուէր։

Երկրորդ օրը, վեհաժողովի ընդհանուր քարտուղարը՝ Պաուա Ճէյն՝ իր ներածական դիտողութիւնները եզրափակեց, բացատրելով թէ քանի մը տարի առաջ ինք Միացեալ Ազգերու մէջ գեղանկարչութիւն մը նշմարած էր։ Անիկա կը ներկայացնէր Միացեալ Ազգերու քարտուղարական շէնքէ՛ն բարձր տղամարդ մը։ Ան շէնքին կը զարնէր, որպէս թէ անիկա դուռ մը ըլլար։ Պատկերին ներքեւ կար գրութիւն մը՝ «Խաղաղութեան Իշխան»։ Պր. Ճէյն ըսաւ. «Տեսած վայրկեանիս [պատկերը] խոր ազդեցութիւն մը ունեցաւ իմ վրաս։ Տարբեր անհատներու հարցուցի [անոր] իմաստը։ Կը խորհիմ որ այսօր պատասխանը ունիմ։ Ձեր բոլորին՝ աշխարհի հոգեւոր եւ կրօնական առաջնորդներուդ՝ հոս հաւաքուիլը, ինծի կ’ապացուցանէ թէ [ասիկա] խաղաղութեան իշխանն է որ Միացեալ Ազգերուն դուռը կը զարնէ»։

Աստուածաշունչը տարբեր տեսակէտ մը կը ներկայացնէ։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ Յիսուս Քրիստոս է Խաղաղութեան Իշխանը։ Ի՛նքն է որ համերկրային խաղաղութիւն պիտի բերէ. եւ ասիկա ո՛չ թէ այս աշխարհի քաղաքական կամ կրօնական առաջնորդներու ջանքերով, այլ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ։ Ա՛յս Թագաւորութիւնը՝ Աստուծոյ երկնային կառավարութիւնն է որ յաջող կերպով հնազանդ մարդկութիւնը պիտի միացնէ, եւ պատճառ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ երկրի վրայ։—Եսայեայ 9։6. Մատթէոս 6։9, 10