Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդկային տկարութեան վրայ յաղթանակ տանիլ

Մարդկային տկարութեան վրայ յաղթանակ տանիլ

Մարդկային տկարութեան վրայ յաղթանակ տանիլ

«Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8։6

1. Ոմանք ի՞նչպէս կը դիտեն մարդկային մարմինը, եւ ո՞ր հարցումը նկատողութեան արժանի է։

«ԿԸ ԳՈՀԱՆԱՄ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ»։ (Սաղմոս 139։14) Սաղմոսերգու Դաւիթ այսպէս տաղերգեց, երբ Եհովայի մէկ ստեղծագործութեան՝ մարդկային մարմնին մասին կը խոկար։ Փոխանակ այսպիսի արդարացի փառաբանութիւն տալու, կարգ մը կրօնական ուսուցիչներ մարմինը մեղքի դարան եւ գործիք կը նկատեն։ Անիկա կոչուած է՝ «տգիտութեան վերարկու, անառակութեան հիմ, ապականութեան կապանքներ, մութ վանդակ, մեռած կեանք, ապրող դիակ, քալող գերեզման»։ Ճիշդ է որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր»։ (Հռովմայեցիս 7։18) Սակայն, ասիկա կը նշանակէ՞ որ ամբողջովին մեղաւոր մարմնի մը որոգայթին մէջ բռնուած ենք։

2. (ա) «Մարմնաւոր խորհուրդ» ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Աստուած հաճեցնել փափաքող մարդոց ներսիդին ‘մարմնին’ ու ‘հոգիին’ միջեւ ի՞նչ պայքար տեղի կ’ունենայ։

2 Սուրբ Գրութիւնները մարդկային մսեղէն մարմնին կ’ակնարկեն որպէս ‘մարմին’։ (Գ. Թագաւորաց 21։27) Անոնք ‘մարմին’ արտայայտութիւնը կը գործածեն նաեւ ներկայացնելու իր անկատար վիճակին մէջ եղող մարդը, որպէս ըմբոստ Ադամի մեղաւոր մէկ սերունդը։ (Եփեսացիս 2։3. Սաղմոս 51։5. Հռովմայեցիս 5։12) Իրմէ ստացած մեր ժառանգութիւնը մէջտեղ բերած է ‘մարմնի տկարութիւն’։ (Հռովմայեցիս 6։19) Իսկ Պօղոս զգուշացուց. «Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է»։ (Հռովմայեցիս 8։6) Այսպիսի «մարմնաւոր խորհուրդ» կը նշանակէ՝ ինկած մարմնին ցանկութիւններով ղեկավարուիլ եւ մղուիլ։ (Ա. Յովհաննու 2։16) Ուստի, եթէ կը ջանանք Աստուած հաճեցնել, յարատեւ պայքար կայ մեր հոգեւորականութեան եւ մեր մեղաւոր բնոյթին միջեւ, որ մեր վրայ անվերջ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի «մարմնին գործերը» կատարենք։ (Գաղատացիս 5։17-23. Ա. Պետրոս 2։11) Իր ներսիդին եղող այս ծանր ընդհարումը նկարագրելէ ետք, Պօղոս բացագանչեց. «Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն»։ (Հռովմայեցիս 7։24) Պօղոս փորձութեան դէմ անպաշտպան զո՞հ մըն էր։ Աստուածաշունչը վճռականօրէն ո՛չ կ’ըսէ։

Փորձութեան եւ Մեղքին Իրողութիւնը

3. Շատեր ի՞նչպէս կը նկատեն մեղքն ու փորձութիւնը, սակայն Աստուածաշունչը այսպիսի կեցուածքի դէմ ի՞նչ ազդարարութիւն կու տայ։

3 Ներկայիս, շատերու համար մեղքի գաղափարը անընդունելի է։ Ոմանք «մեղք» բառը հեգնանքով կը գործածեն՝ որպէս մարդկային տկարութիւնները նկարագրող հնամենի արտայայտութիւն մը։ Անոնք չեն գիտակցիր որ «ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ [պիտի] ներկայանանք, որպէս զի ամէն մէկը իր մարմնովը ըրածներուն փոխարէնը առնէ՝ ինչ որ գործեր է, թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար»։ (Բ. Կորնթացիս 5։10) Ուրիշներ շաղակրատելով կրնան ըսել. «Ես ամէ՛ն բանի դէմ կրնամ դնեմ, բացի՝ փորձութեան»։ Ոմանք կ’ապրին մշակոյթի մը մէջ, որ շեշտ կը դնէ անմիջական յագեցումի վրայ, անիկա ըլլայ ուտելիքի, սեռի, զուարճութեան կամ իրագործումի մէջ։ Անոնք ոչ միայն ամէ՛ն բան կ’ուզեն, այլեւ՝ հի՛մա կ’ուզեն։ (Ղուկաս 15։12) Անոնք անմիջական հաճոյքէն անդին եղող «ճշմարիտ կեանք»ին բերելիք ուրախութեան չեն նայիր։ (Ա. Տիմոթէոս 6։19) Սակայն, Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ որ զգուշութեամբ մտածենք եւ հեռատես ըլլանք, խուսափելով որե՛ւէ բանէ որ կրնայ մեզի հոգեւորապէս կամ այլ կերպով վնաս հասցնել։ Ներշնչեալ առակ մը կ’ըսէ. «Խորագէտը չարիք կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները յառաջ կ’անցնին ու վնաս կը կրեն»։—Առակաց 27։12

4. Ա. Կորնթացիս 10։12, 13–ի մէջ արձանագրուած ո՞ր խրատը տուաւ Պօղոս։

4 Երբ Պօղոս բարոյական ապականութեամբ հանրածանօթ եղող Կորնթոս քաղաքին մէջ ապրող Քրիստոնեաներուն գրեց, ան փորձութեան եւ մեղքի զօրութեան մասին իրապաշտօրէն կանխազգուշացուց։ Ան ըսաւ. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։ Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել»։ (Ա. Կորնթացիս 10։12, 13) Բոլորս ալ՝ ըլլանք երիտասարդ թէ տարեց, արու թէ էգ, շատ փորձութիւններու կը հանդիպինք, դպրոցի ու գործի մէջ, կամ այլուր։ Հետեւաբար, քննենք Պօղոսի խօսքերը եւ տեսնենք թէ անոնք մեզի համար ի՛նչ իմաստ կը կրեն։

Չափազանց Ինքնավստահ Մի՛ Ըլլաք

5. Ինչո՞ւ չափազանց ինքնավստահութիւնը վտանգաւոր է։

5 Պօղոս կ’ըսէ. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ»։ Մեր բարոյական զօրութեան նկատմամբ չափազանց ինքնավստահ ըլլալը վտանգաւոր է։ Անիկա մեղքի բնոյթին եւ զօրութեան մասին հասկացողութեան պակաս ցոյց կու տայ։ Քանի որ Մովսէսի, Դաւիթի, Սողոմոնի եւ Պետրոս առաքեալի նման անհատներ մեղքին մէջ ինկան, պէ՞տք է խորհինք թէ մենք հեշտօրէն անոր անձնատուր չենք ըլլար։ (Թուոց 20։2-13. Բ. Թագաւորաց 11։1-27. Գ. Թագաւորաց 11։1-6. Մատթէոս 26։69-75) Առակաց 14։16–ը կ’ըսէ. «Իմաստունը կը վախնայ ու չարութենէ կը փախչի, բայց անմիտը կը հպարտանայ ու յանձնապաստան կ’ըլլայ»։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ (Մատթէոս 26։41) Քանի որ անկատար մարդոցմէ ոեւէ մէկը ապականած ցանկութիւններէ զերծ չէ, պէտք է Պօղոսի կանխազգուշացումը լուրջի առնենք եւ փորձութեան դէմ դնենք, ապա թէ ոչ՝ իյնալու վտանգին ներքեւ կ’ըլլանք։—Երեմեայ 17։9

6. Ե՞րբ եւ ինչպէս պէտք է պատրաստուինք փորձութեան համար։

6 Իմաստութիւն է պատրաստուիլ անսպասելի դժուարութիւններու համար։ Ասա Թագաւոր գիտակցեցաւ որ պէտք էր խաղաղ ժամանակին մէջ շինէր իր պաշտպանողական ամրութիւնները։ (Բ. Մնացորդաց 14։2, 6, 7) Ան գիտցաւ թէ յարձակումի պահուն պատրաստուիլը շատ ուշ պիտի ըլլար։ Նմանապէս, նախընտրելի է հանդարտ պահերուն եւ պաղարիւնութեամբ որոշել թէ փորձութիւններ ծագելու պարագային ի՛նչ պիտի ընենք։ (Սաղմոս 63։6) Դանիէլ եւ իր աստուածավախ ընկերները որոշեցին Եհովայի օրէնքին հաւատարիմ մնալ, թագաւորին համադամ կերակուրներէն ուտելու համար իրենց վրայ ճնշում բանեցուելէն առաջ։ Ուստի, անոնք իրենց համոզումներուն կառչելու եւ անմաքուր կերակուրներէն չուտելու չերկմտեցան։ (Դանիէլ 1։8) Փորձիչ պարագաներ ծագելէն առաջ, բարոյապէս մաքուր մնալու մեր վճռակամութիւնը զօրացնենք։ Այն ատեն մեղքին դէմ դնելու կարող պիտի ըլլանք։

7. Ինչո՞ւ մխիթարական է գիտնալ թէ ուրիշներ յաջողութեամբ դէմ դրած են փորձութեան։

7 Պօղոսի խօսքերը մեզ որքա՜ն կը մխիթարեն. «Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած»։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Պետրոս առաքեալ գրեց. «[Բանսարկուին] դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն»։ (Ա. Պետրոս 5։9) Այո՛, ուրիշներ նման փորձութիւններ դիմագրաւած եւ Աստուծոյ օգնութեամբ յաջողապէս դէմ դրած են անոնց, ուստի՝ մե՛նք ալ կրնանք։ Սակայն, որպէս ապականած աշխարհի մը մէջ ապրող ճշմարիտ Քրիստոնեաներ, բոլորս ալ կրնանք ակնկալել թէ ո՛ւշ կամ կանուխ պիտի փորձուինք։ Ուստի, ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ մարդկային տկարութեան եւ մեղանչելու փորձութեան կրնանք յաղթել։

Կրնա՛նք Փորձութեան Դէմ Դնել

8. Փորձութենէ խուսափելու հիմնական կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

8 ‘Մեղքին չծառայելու’ հիմնական կերպերէն մէկն է՝ փորձութիւններէ խուսափիլ, երբ կարելի է։ (Հռովմայեցիս 6։6) Առակաց 4։14, 15–ը մեզ կը յորդորէ. «Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր։ Անկէ զգուշացի՛ր, անոր քովէն մի՛ անցնիր, անկէ խոտորէ՛ ու անցի՛ր»։ Յաճախ, նախօրօք կրնանք գիտնալ թէ որոշ պարագաներ հաւանաբար մեղքի առաջնորդեն։ Հետեւաբար, որպէս Քրիստոնեաներ, շիտակ քայլն է՝ ‘անոր քովէն անցնիլ’, հեռու կենալ ոեւէ անհատէ, կամ որեւէ բանէ կամ վայրէ, որ կրնայ սխալ ցանկութիւններ արթնցնել եւ անմաքուր զգացումներ հրահրել։

9. Վարկաբեկիչ պարագաներէն փախչիլը ի՞նչպէս շեշտուած է Աստուածաշունչին մէջ։

9 Փորձութեան վրայ յաղթանակ տանելու ուրիշ հիմնական քայլ մըն է՝ փորձիչ պարագայէ մը փախչիլ։ Պօղոս խրատեց. «Պոռնկութենէն փախէք»։ (Ա. Կորնթացիս 6։18) Ան գրեց նաեւ. «Կռապաշտութենէ փախէք»։ (Ա. Կորնթացիս 10։14) Առաքեալը զգուշացուց Տիմոթէոսը որ նիւթական հարստութեան զօրաւոր տենչէն, ինչպէս նաեւ՝ «երիտասարդական ցանկութիւններէն» ալ փախչի։— Բ. Տիմոթէոս 2։22. Ա. Տիմոթէոս 6։9-11

10. Ո՞ր երկու հակադիր օրինակներ ցոյց կու տան փորձութենէ փախչելուն արժէքը։

10 Նկատի առէք Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորին պարագան։ Մինչ ան իր պալատին տանիքէն կը դիտէր, գեղեցիկ կին մը տեսաւ որ կը լոգնար, եւ ասիկա իր սիրտը սխալ ցանկութիւններով պարուրեց։ Ան պէտք էր տանիքէն վար իջնէր ու փախչէր փորձութենէն։ Ընդհակառակը, ան այդ կնոջ՝ Բերսաբէի՝ մասին հարցուփորձ ըրաւ եւ հետեւանքը աղիտալի եղաւ։ (Բ. Թագաւորաց 11։1–12։23) Միւս կողմէ, Յովսէփ ի՞նչպէս վարուեցաւ երբ իր տիրոջ անբարոյ կինը ստիպեց զինք որ իր հետ պառկի։ Արձանագրութիւնը մեզի կ’ըսէ. «Թէեւ կինը օրէ օր Յովսէփին կ’ըսէր, բայց անիկա մտիկ չէր ըներ անոր՝ որ հետը պառկի կամ հետը ըլլայ»։ Նոյնիսկ առանց Մովսիսական Օրէնքին պատուէրները ունենալու՝ որոնք տակաւին տրուած չէին՝ Յովսէփ անոր պատասխանեց, ըսելով. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։ Օր մը կինը անոր հանդերձէն բռնելով՝ ըսաւ. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Արդեօք Յովսէփ փորձե՞ց հոն կենալով անոր հետ պատճառաբանել։ Ո՛չ։ Ան «դուրս փախաւ»։ Յովսէփ առիթ չտուաւ որ սեռային փորձութիւնը զինք նուաճէր։ Ան փախա՛ւ։—Ծննդոց 39։7-16

11. Եթէ կրկնուող փորձութիւն մը կը դիմագրաւենք, ի՞նչ կարելի է ընել։

11 Երբեմն փախչիլը վախկոտութիւն կը նկատուի, սակայն, կացութենէ մը ֆիզիքապէս հեռանալը յաճախ առնուելիք իմաստուն քայլն է։ Թերեւս աշխատավայրին մէջ կրկնուող փորձութիւն մը կը դիմագրաւենք։ Թերեւս մեր գործը փոխելու կարող չենք, սակայն մենք մեզ փորձիչ պարագաներէն հեռացնելու ուրիշ կերպեր կրնանք գտնել։ Պէտք է փախչինք որեւէ բանէ որ գիտենք թէ սխալ է, եւ պէտք է վճռած ըլլանք միա՛յն շիտակը ընել։ (Ամովսայ 5։15) Երբեմն, փորձութենէ փախչիլը կրնայ պահանջել որ խուսափինք Ինթըրնէթի պոռնկագրական բաժիններէն եւ զբօսանքի հարցական եղող վայրերէն։ Կրնայ նաեւ նշանակել պարբերաթերթ մը նետել կամ նոր բարեկամներ գտնել, որոնք Աստուած կը սիրեն եւ թերեւս կրնան մեզի օգնել։ (Առակաց 13։20) Մեզ մեղանչելու մղող որեւէ բանի վճռականօրէն կռնակ դարձնելը՝ իմաստութիւն է։—Հռովմայեցիս 12։9

Աղօթքը Ի՛նչպէս Կրնայ Օգնել

12. Աստուծմէ ի՞նչ խնդրած կ’ըլլանք երբ կ’աղօթենք՝ «Մեզ փորձութեան մի տանիր»։

12 Պօղոս այս սրտապնդիչ երաշխիքը կու տայ. «Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել»։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Փորձութեան հետ գլուխ ելլելու համար իր օգնութիւնը հայցող մեր աղօթքներուն պատասխանելը, ինքնին կերպ մըն է Եհովայի օգնութեան։ Յիսուս Քրիստոս սորվեցուց որ աղօթենք. «Մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ»։ (Մատթէոս 6։13) Այսպիսի սրտանց աղօթքի մը պատասխանելով, Եհովա մեզ փորձութեան մէջ պիտի չձգէ. ան Սատանայէն եւ իր նենգամիտ հնարքներէն մեզ պիտի ազատէ։ (Եփեսացիս 6։11) Աստուծմէ պէտք է խնդրենք որ մեզի օգնէ փորձութիւնները նշմարելու եւ անոնց դէմ դնելու զօրութիւն ունենալու։ Եթէ իրեն աղաչենք որ թոյլ չտայ որ փորձութեան դիմաց տեղի տանք, ինք պիտի օգնէ որպէսզի Սատանան՝ «չար»ը՝ մեզ իր ճիրաններուն մէջ չառնէ։

13. Երբ յարատեւող փորձութիւն մը դիմագրաւենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

13 Յատկապէս ջերմեռանդօրէն աղօթելու պէտք ունինք, երբ յարատեւող փորձութիւն դիմագրաւենք։ Կարգ մը փորձութիւններ կրնան խորհուրդներու եւ զգացումներու ներքին զօրաւոր պայքարներ յառաջացնել, որոնք շշմեցուցիչ կերպով ցոյց կու տան թէ որքա՜ն տկար ենք։ (Սաղմոս 51։5) Օրինակ, ի՞նչ կրնանք ընել եթէ նախկին անբարոյ սովորութեան մը յիշատակներէն կը տառապինք. կամ՝ անոր վերադառնալու փորձութեան առջեւ կը գտնուինք։ Փոխանակ այսպիսի զգացումներ պարզապէս սանձելու, հարցը աղօթքով Եհովայի ներկայացուցէք, կրկին անգամ՝ եթէ անհրաժեշտ ըլլայ։ (Սաղմոս 55։22) Իր Խօսքին եւ սուրբ հոգիին զօրութեամբ, ան կրնայ մեզի օգնել որ մեր միտքը անմաքուր հակումներէ մաքրենք։—Սաղմոս 19։8, 9

14. Փորձութեան հետ գլուխ ելլելու համար աղօթքը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։

14 Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ իր առաքեալներուն քնածութիւնը նշմարելով, Յիսուս յորդորեց. «Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք։ Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ (Մատթէոս 26։41) Փորձութիւնը յաղթահարելու կերպերէն մէկն է, անոր զանազան կերպերուն նկատմամբ արթուն ըլլալ ու անոր խորամանկ կերպերը զգալ։ Նաեւ՝ կենսական է փորձութեան մասին անյապաղ աղօթել, որպէսզի կարենանք անոր դէմ կռուելու համար հոգեւորապէս զինուիլ։ Քանի որ փորձութիւնը մեր ամենատկար կողմէն կը հարուածէ, չենք կրնար առանձին դիմադրել անոր։ Աղօթքը կենսական է, քանի որ Աստուծոյ տուած զօրութիւնը մեզի նեցուկ կը կանգնի Սատանայի դէմ մեզ պաշտպանելու համար։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Կրնանք «ժողովքի երէցներ»ուն հոգեւոր աջակցութեան եւ աղօթքներուն կարիքն ալ ունենալ։—Յակոբու 5։13-18ՆԱ

Բուռն Կերպով Փորձութեան Դէմ Դրէք

15. Փորձութեան դէմ դնելը ի՞նչ կը ներառէ։

15 Փորձութենէ մը խուսափելէ զատ՝ երբ կարելի ըլլայ՝ պէտք է բուռն կերպով անոր դէմ դնենք, մինչեւ որ անիկա անցնի կամ պարագան փոխուի։ Երբ Յիսուս փորձուեցաւ Սատանայի կողմէ, ան դէմ դրաւ մինչեւ որ Բանսարկուն հեռանայ։ (Մատթէոս 4։1-11) Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։ (Յակոբու 4։7) Դիմադրելը կը սկսի՝ մեր միտքը Աստուծոյ Խօսքով ամրացնելով եւ վճռելով որ իր չափանիշներուն կառչած պիտի մնանք։ Լաւ է գոց սորվիլ ու մտածել այն բանալի համարներուն մասին, որոնք մեր մասնայատուկ տկարութեան հետ առնչուած են։ Խոհեմութիւն պիտի ըլլար հասուն Քրիստոնեայ մը՝ թերեւս երէց մը՝ գտնել, որու հետ կրնանք բաժնել մեր մտահոգութիւնները եւ որու օգնութեան կրնանք դիմել՝ երբ փորձութեան մը առջեւ գտնուինք։—Առակաց 22։17

16. Ի՞նչպէս կրնանք բարոյապէս մաքուր մնալ։

16 Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ որ նոր անձնաւորութիւնը հագնինք։ (Եփեսացիս 4։24) Ասիկա կը նշանակէ թոյլ տալ որ Եհովա մեզ կաղապարէ եւ փոխէ։ Իր գործակիցին՝ Տիմոթէոսի գրելով, Պօղոս ըսաւ. «Գնա՛ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն։ Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը՝ որուն կանչուեցար»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11, 12) Կրնանք ‘արդարութեան ետեւէ’ երթալ ժրաջանօրէն ուսումնասիրելով Աստուծոյ Խօսքը՝ իր անձնաւորութեան մասին խոր գիտութիւն ստանալու համար, ապա իր պահանջներուն համաձայն վարուելով։ Քրիստոնէական գործունէութեան լման յայտագիր մը ունենալն ալ կենսական է, ինչպէս՝ բարի լուրը քարոզել եւ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Աստուծոյ մօտենալը եւ իր հոգեւոր հայթայթումներէն լիովին օգտուիլը մեզի պիտի օգնէ որ հոգեւորապէս աճինք եւ բարոյապէս մաքուր մնանք։—Յակոբու 4։8

17. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Աստուած մեզ երեսէ պիտի չձգէ փորձութեան ընթացքին։

17 Պօղոս կը վստահեցնէ մեզ թէ որեւէ փորձութիւն որ կը կրենք, անոր հետ գլուխ ելլելու մեր աստուածատուր կարողութենէն երբեք աւելի պիտի չըլլայ։ Եհովա «ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլանք համբերել»։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Արդարեւ, եթէ շարունակենք Աստուծոյ ապաւինիլ, ան թոյլ չի տար որ փորձութիւն մը ա՛յնքան զօրանայ որ այլեւս բաւարար հոգեւոր զօրութիւն չունենանք մեր ուղղամտութիւնը պահելու։ Ան կ’ուզէ որ իր աչքին սխալ եղածը ընելու փորձութեան բուռն կերպով ընդդիմանանք։ Ասկէ զատ, կրնանք իր խոստումին հաւատալ. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։—Եբրայեցիս 13։5

18. Ինչո՞ւ վստահ ենք որ կրնանք մարդկային տկարութիւններուն վրայ յաղթանակ տանիլ։

18 Պօղոս մարդկային տկարութեան դէմ իր մղած անձնական պայքարին արդիւնքէն վստահ էր։ Ան ինքզինք իր մարմնաւոր ցանկութիւններուն խղճալի եւ անօգնական զոհը չէր նկատեր։ Ընդհակառակը, ան ըսաւ. «Ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով. բայց իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէս զի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։26, 27) Մենք ալ կրնանք մեր անկատար մարմնին դէմ յաջող պատերազմ մը մղել։ Մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը, Սուրբ Գրութիւններուն, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններուն, քրիստոնէական ժողովներուն եւ հասուն Քրիստոնեայ հաւատակիցներու միջոցաւ յարատեւ վերյիշեցումներ կը հայթայթէ, որոնք մեզի կ’օգնեն ուղիղ ընթացք մը հետապնդելու։ Ի՛ր օգնութեամբ, կրնանք մարդկային տկարութեան վրայ յաղթանակ տանիլ։

Կը յիշէ՞ք

• Ի՞նչ կը նշանակէ «մարմնաւոր խորհուրդ»։

• Ի՞նչպէս կրնանք փորձութեան համար պատրաստուիլ։

• Ի՞նչ կրնանք ընել փորձութեան հետ գլուխ ելլելու համար։

• Աղօթքը ի՞նչ դեր կը խաղայ փորձութեան հետ գլուխ ելլելու մէջ։

• Ի՞նչպէս գիտենք թէ մարդկային տկարութիւններու վրայ յաղթանակ տանիլը կարելի է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 10]

Աստուածաշունչը չի սորվեցներ որ մենք մեր մարմնաւոր ցանկութիւններուն անօգնական զոհերն ենք

[Նկար՝ էջ 12]

Փորձութենէն փախչիլը մեղքէն խուսափելու հիմնական կերպերէն մէկն է