Յիսուսի յարութիւնը առարկուած
Յիսուսի յարութիւնը առարկուած
«Անկեղծօրէն կրնամ ձեզի ըսել, որ թէեւ բացարձակապէս վստահ ենք որ Յիսուս ապրեցաւ . . . բայց նո՛յնքան վստահութեամբ չենք կրնար ըսել թէ Ան Աստուծոյ կողմէ մեռելներէն յարուցանուեցաւ»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Անգլիոյ Եկեղեցիին բարձրաստիճան հոգեւորականը՝ Գէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը։
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ Պօղոս առաքեալը յարութեան նկատմամբ այսպիսի վերապահութիւններ չունէր։ Վաղեմի Կորնթոսի Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն գրած իր ներշնչեալ առաջին նամակին 15–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս գրեց. «Ամենէն առաջ ես ձեզի աւանդեցի զանիկա, որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ»։—Ա. Կորնթացիս 15։3, 4
Յիսուս Քրիստոսի յարութեան վրայ աշակերտներուն ունեցած հաւատքն էր որ զիրենք մղեց աւետարանը քարոզելու Յունա–Հռովմէական ամբողջ աշխարհին՝ «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն»։ (Կողոսացիս 1։23) Արդարեւ, Յիսուսի յարութիւնը քրիստոնէական հաւատքին բուն հիմը կը կազմէ։
Սակայն սկիզբէն իսկ, Յիսուսի յարութիւնը կասկածի ու թերահաւատութեան հանդիպեցաւ։ Ընդհանուր առմամբ, Հրեաներուն համար նախատական էր Յիսուսի հետեւորդներուն դաւանութիւնը թէ այս ցցահանուած մարդը Մեսիան էր։ Իսկ հոգիի անմահութեան հաւատացող շատ մը զարգացած Յոյներու համար, յարութեան գաղափարն իսկ վանողական էր։—Գործք 17։32-34
Արդի Կասկածամիտներ
Վերջերս, Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանող կարգ մը ուսումնականներ գիրքեր ու յօդուածներ հրատարակած են, Յիսուսի յարութիւնը վանելով որպէս կեղծիք, եւ այս նիւթին շուրջ բուռն բանավէճի ձեռնարկած են։ «Պատմական Յիսուս» մը որոնելու ջանքով, բազմաթիւ ուսումնականներ կ’առարկեն, ըսելով թէ պարապ գերեզմանի եւ յետ–յարութեան Յիսուսի երեւումներուն շուրջ Աւետարանին պատմութիւնները զուտ յերիւրանքներ են, որոնք իր մահուընէ ետք հնարուած են, երկնային զօրութեան մասին իր դաւանութիւնը հաստատելու համար։
Օրինակ, նկատի առէք Նոր Կտակարանի ուսուցչապետ եւ՝ Իրապէս Ի՛նչ Պատահեցաւ Յիսուսի—Պատմական Մերձեցում մը Յարութեան, գրքի հեղինակ՝ Գերմանացի ուսումնական Կէրդ Լիւտըմանի տեսակէտները։ Ան կ’առարկէ թէ Յիսուսի յարութիւնը «սին բանաձեւ» մըն է, զոր պէտք է մերժէ ոեւէ անհատ որ «աշխարհի մասին գիտական հայեացք» մը ունի։
Ա. Կորնթացիս 15։5, 6) Կարճ խօսքով, ուսումնականներէն շատեր Յիսուսի յարութեան պատմութիւնը կը վերածեն անձնական կարծիքներու վրայ հիմնուած փորձառութիւններու, որոնք աշակերտներուն հոգեւոր ինքնավստահութեան եւ միսիոնարական եռանդի վերանորոգուած զգացում մը տուին։
Ուսուցչապետ Լիւտըման կը հաստատէ թէ Պետրոս առաքեալի երեւցած յարուցեալ Քրիստոսը տեսիլք մըն էր, որ հետեւանքն էր Յիսուսը մերժած ըլլալէն առթած Պետրոսի վշտի ու յանցապարտութեան զգացումին։ Իսկ՝ ըստ Լիւտըմանի, առիթով մը 500–է աւելի հաւատացեալներու Յիսուսի երեւումը՝ «զանգուածային պատրանք» մըն էր։ (Անշուշտ շատեր շատ կարեւորութիւն չեն տար ակադեմական վէճերու։ Բայց Յիսուսի յարութեան մասին քննարկութիւն մը բոլորս պէտք է հետաքրքրէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ ան յարուցանուած չէ, ուրեմն, Քրիստոնէութիւնը կեղծ հիմերու վրայ դրուած է։ Միւս կողմէ, եթէ Յիսուսի յարութիւնը իրապէս պատմական իրողութիւն մըն է, ուրեմն Քրիստոնէութիւնը ճշմարտութեան վրայ հիմնուած է։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, ո՛չ միայն Քրիստոսի դաւանութիւնները, այլ նաեւ իր խոստումները արդարացի կ’ըլլան։ Ասկէ զատ, եթէ յարութիւն մը գոյութիւն ունի, ուրեմն մահը մեծ յաղթողը չէ, այլ՝ թշնամի մը, որ կրնայ պարտութեան մատնուիլ։—Ա. Կորնթացիս 15։55
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]
From the Self-Pronouncing Edition of the Holy Bible, containing the King James and the Revised versions