Պօղոս սուրբերուն համար նպաստ կը կազմակերպէ
Պօղոս սուրբերուն համար նպաստ կը կազմակերպէ
ՃՇՄԱՐԻՏ Քրիստոնեաներուն համար հոգեւոր հետաքրքրութիւնները մեծագոյն կարեւորութիւն ունին։ Այսուհանդերձ, ուրիշներուն ֆիզիքական բարօրութեամբ հետաքրքրուիլն ալ կարեւոր է անոնց համար։ Անոնք յաճախ դժուարութենէ անցնողներուն պէտք եղածը հայթայթած են։ Եղբայրական սէրը կը մղէ Քրիստոնեաները, որպէսզի կարիքաւոր հաւատացեալներուն օգնեն։—Յովհաննու 13։34, 35
Իր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէրը մղեց Պօղոս առաքեալը որ Աքայիայի, Գաղատիոյ, Մակեդոնիոյ եւ Ասիոյ նահանգի ժողովքներէն հանգանակութիւն մը կազմակերպէ։ Ի՞նչ բան ասոր կարիքը անհրաժեշտ դարձուց։ Նպաստի յայտագիրը ի՞նչպէս կազմակերպուեցաւ։ Ընդառաջումը ի՞նչ եղաւ։ Իսկ մենք ինչո՞ւ հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք եղած բաներով։
Երուսաղէմի Ժողովքին Կացութիւնը
Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, ուրիշ տեղերէ եկած Հրեաներ ու նորադարձներ, որոնք Պէնտէկոստէին աշակերտներ եղած էին, որոշ ժամանակ Երուսաղէմ մնացին, ճշմարիտ հաւատքին մասին աւելի տեղեկանալու համար։ Երբ անհրաժեշտութիւնը տեսան, հաւատակիցներ ուրախութեամբ օգնեցին, երկար կեցութեան առթած բեռը տանելու համար։ (Գործք 2։7-11, 41-44. 4։32-37) Մինչ Հրեայ ազգայնականներ ըմբոստութիւն եւ խուժանային վայրագութիւններ կը հրահրէին, հաւանաբար քաղաքացիական վերիվայրումները կարիքը բարդացուցին։ Սակայն, Քրիստոսի հետեւորդներէն ոեւէ մէկը անօթի չմնալու համար, կարիքաւոր այրիներուն օրական նպաստ կը մատակարարուէր։ (Գործք 6։1-6) Հերովդէս սկսաւ վայրագօրէն հալածել ժողովքը, եւ Հ.Դ. 40–ական թուականներուն կիսուն, սովը աւեր գործեց Հրէաստանի մէջ։ Ինչ կը վերաբերէր Յիսուսի հետեւորդներուն, այս բոլորը «չարչարանքներ», «վիշտեր» եւ ‘ստացուածքի կողոպուտ’ նշանակեց իրենց, ինչպէս Պօղոս կը նշէ։—Եբրայեցիս 10։32-34. Գործք 11։27–12։1
Հ.Դ. 49–ի ատենները, կացութիւնը տակաւին լուրջ էր։ Ուստի, համաձայնելէ ետք որ Պօղոս իր ուշադրութիւնը Հեթանոսներուն վրայ կեդրոնացնէր, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս պնդեցին որ ան ‘աղքատները յիշէ’։—Գաղատացիս 2։7-10
Հանգանակութիւնը Կազմակերպել
Պօղոս Հրէաստանի աղքատ Քրիստոնեաներուն համար հիմնադրամի մը վերատեսչութիւնը ստանձնեց։ Հ.Դ. 55–ի ատենները, ան Կորնթացիներուն ըսաւ. «Սուրբերուն համար նպաստ ժողվելու վրայով, ինչպէս պատուէր տուի Գաղատացիներուն [«Գաղատիայի», Անթիլիաս] եկեղեցիներուն, դուք ալ այնպէս ըրէք։ Ամէն մէկշաբթի օրերը ձեզմէ ամէն մէկը իր քով թող դիզէ ինչ որ կրնայ, . . . [յետոյ] որոնց որ դուք հաճիք, ես զանոնք թուղթերով պիտի ղրկեմ, որ ձեր պարգեւները Երուսաղէմ տանին»։ (Ա. Կորնթացիս 16։1-3) Տարի մը ետք, Պօղոս ըսաւ որ Մակեդոնիան եւ Աքայիան մասնակցած էին նպաստին։ Իսկ երբ հանգանակութիւնը Երուսաղէմ կը ղրկուէր, Ասիոյ նահանգէն եղող պատուիրակներուն ներկայութենէն յայտնի կ’ըլլար թէ այդ շրջանի ժողովքներն ալ մասնակցած էին ղրկուած նպաստին։—Գործք 20։4. Բ. Կորնթացիս 8։1-4. 9։1, 2
Ոեւէ մէկը ստիպուած չէր իր կարողութենէն աւելին տալ։ Ընդհակառակը, նպատակն էր հաւասարութիւն յառաջացնել, որպէսզի ոեւէ մէկուն աւելին, Երուսաղէմի ու Հրէաստանի սուրբերուն պակասը լեցնէր։ (Բ. Կորնթացիս 8։13-15) «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։—Բ. Կորնթացիս 9։7
Առատաձեռն ըլլալու համար առաքեալը Կորնթացիներուն լաւ պատճառ մը տուաւ. Յիսուս ‘իրենց համար աղքատացած էր, որպէսզի իրենք հարստանային’ հոգեւորապէս։ (Բ. Կորնթացիս 8։9) Վստահաբար անոնք պիտի փափաքէին անոր տալու հոգին ընդօրինակել։ Ասկէ զատ, քանի որ Աստուած զիրենք կը հարստացնէր «ամէն կերպ առատութիւնով», տեղին էր որ իրենք ալ սուրբերուն կարիքները հայթայթելու նպաստէին։—Բ. Կորնթացիս 9։10-12
Մասնակցողներուն Կեցուածքը
Առաջին դարու սուրբերուն համար նպաստի յայտագրին մասնակցողներուն մտավիճակը նկատի առնելով, շատ բան կրնանք սորվիլ սիրայօժարօրէն տալու մասին։ Հանգանակութիւնը՝ Եհովայի աղքատ երկրպագուներուն հանդէպ հետաքրքրութենէն շատ աւելին ցոյց տուաւ։ Անիկա յայտնեց որ եղբայրական կապ մը գոյութիւն ունէր Հրեայ ու հեթանոսութենէ եկած Քրիստոնեաներուն միջեւ։ Նուիրատուութիւններ ընելը եւ զանոնք ընդունիլը, Հեթանոսներուն ու Հրեաներուն միջեւ միութիւն ու բարեկամութիւն կը նշէր։ Անոնք իրենց միջեւ նիւթական, ինչպէս նաեւ հոգեւոր բաներ կը բաժնէին։—Հռովմայեցիս 15։26, 27
Թերեւս Պօղոս սկիզբը Մակեդոնիայի Քրիստոնեաներուն չառաջարկեց որ իրենք ալ մասնակցին, քանի որ արդէն խոր աղքատութեան մէջ էին։ Բայց անոնք ‘աղաչեցին որ եղած օգնութեան մասնակցին’։ Հակառա՛կ որ անոնք «նեղութեան մեծ փորձին մէջ» էին, բայց ուրախութեամբ իրենց «կարողութենէն ալ աւելի» տուին։ (Բ. Կորնթացիս 8։1-4) Ակներեւաբար, անոնց մեծ փորձին մաս կը կազմէր այն զրպարտութիւնը թէ անոնք Հռովմայեցիներուն համար անօրէն նկատուած կրօնքի մը կը հետեւէին։ Ուստի, հասկնալի է որ անոնք կարեկցէին իրենց Հրեայ եղբայրներուն, որոնք նման դժուարութիւններէ կ’անցնէին։—Գործք 16։20, 21. 17։5-9. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։14
Թէեւ Պօղոս հանգանակութեան համար Կորնթացիներուն սկիզբի եռանդը որպէս օրինակ գործածած էր Մակեդոնացիները քաջալերելու համար, բայց Կորնթոսի մէջ այս եռանդը նուազած էր։ Այժմ, առաքեալը Մակեդոնացիներուն առատաձեռնութիւնը կը յիշէ, Կորնթացիները խթանելու համար։ Ան անհրաժեշտ տեսաւ անոնց վերյիշեցնելու որ վերջացնեն այն ինչ որ տարի մը առաջ սկսած էին։ Ի՞նչ պատահած էր։—Բ. Կորնթացիս 8։10, 11. 9։1-5
Տիտոս ինքն էր որ սկսած էր Կորնթոսի մէջ հանգանակութեան, բայց յարուցուած խնդիրներ իր ջանքերը խանգարած էին։ Մակեդոնիայի մէջ Պօղոսի հետ խորհրդակցելէ ետք, Տիտոս երկու ուրիշներու հետ վերադարձաւ, Կորնթոսի ժողովքը խրախուսելու եւ հանգանակութիւնը աւարտելու համար։ Թերեւս ոմանք թելադրած էին թէ Պօղոս կը փորձէր շահագործել Կորնթացիները։ Հաւանաբար ասոր համար է որ ան երեք մարդ ղրկեց հանգանակութիւնը ամբողջացնելու՝ իւրաքանչիւրին յանձնարարութիւններ տալով։ «Բայց այս մասին զգուշութիւն կ’ընէինք, որ չըլլայ թէ մէկը արատ մը դնէ մեր վրայ այս առատութեանը մէջ, որուն մենք կը ծառայենք [«այս մեծ գումարին մատակարարման վերաբերմամբ, որ մեզի յանձնուեցաւ», Անթիլիաս]», Բ. Կորնթացիս 8։6, 18-23. 12։18
ըսաւ Պօղոս։ «Քանզի ո՛չ միայն Տէրոջը առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ բարի բաներ ընելու հոգ կը տանինք»։—Նուիրատուութեան Յանձնումը
Հ.Դ. 56–ի գարնան, ընծայուած դրամը պատրաստ էր Երուսաղէմ տարուելու։ Պօղոս նուիրատուներուն կողմէ ընտրուած պատուիրակութեամբ մը ուզեց երթալ։ Գործք Առաքելոց 20։4–ը կ’ըսէ. «Մինչեւ Ասիա իրեն հետ կ’երթային Բերիացի [Պիռոսի որդին] Սոպատրոսը եւ Թեսաղոնիկեցիներէն Արիստարքոսն ու Սեկունդոսը եւ Գայիոս Դերբացին ու Տիմոթէոսը եւ Ասիացի՝ Տիւքիկոսն ու Տրոփիմոսը»։ Ակներեւաբար, անոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ Ղուկասը, Փիլիպպէի ժողովքը ներկայացնելու համար։ Այս կերպով, առնուազն ինը տղամարդիկ գացին այս առաքելութեան համար։
Ուսումնական Տիթըր Եորկի կ’ըսէ. «Հանգանակութեան համար հաւաքուած գումարը բաւական մեծ ըլլալու է, ապա թէ ոչ Պօղոսի ու այսքան շատ անհատներու թափած վերջնական ջանքերը՝ անոնց յոգնութիւնն ու ըրած ծախսերը՝ անիմաստ պիտի ըլլային»։ Պատուիրակութիւնը ո՛չ միայն ապահովութիւն երաշխաւորեց, այլ նաեւ Պօղոսը պահպանեց անպարկեշտութեան որեւէ մեղադրանքէ։ Ճանապարհ դրուածները՝ Երուսաղէմի սուրբերուն քով կը ներկայացնէին ոչ–Հրեայ ժողովքները։
Ծովու ճամբով Կորնթոսէն Սուրիա երթալով, պատուիրակութիւնը Պասեքի ատենները Երուսաղէմ հասած պէտք էր ըլլար։ Սակայն Պօղոսը սպաննելու դաւադրութեան մը մասին տեղեկութիւնը՝ ծրագիրները փոխեց։ (Գործք 20։3) Թերեւս իր թշնամիները մտադրած էին ծովուն մէջ իր հաշիւը մաքրել։
Պօղոս ուրիշ մտահոգութիւններ ունէր։ Մեկնելէ առաջ, ան Հռովմի Քրիստոնեաներուն գրեց որ աղօթեն՝ ‘որպէս զի Հրէաստանի մէջ հաւատքի չհնազանդողներէն ազատուի ու իր Երուսաղէմ ընելու սպասաւորութիւնը սուրբերուն ընդունելի ըլլայ’։ (Հռովմայեցիս 15։30, 31) Թէեւ սուրբերը անկասկած նուիրատուութիւնը խոր երախտագիտութեամբ պիտի ընդունէին, բայց թերեւս ընդհանուր Հրեաներուն մէջ իր ժամանումին պատճառելիք տակնուվրայութիւնը կը մտահոգէր Պօղոսը։
Առաքեալը վստահաբար ի մտի ունէր աղքատները։ Թէեւ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ նուիրատուութիւնը ե՛րբ յանձնուեցաւ, բայց անիկա միութիւն յառաջացուց եւ կարելի ըրաւ որ հեթանոսութենէ եկած Քրիստոնեաները երախտագիտութիւն ցոյց տան անոնցմէ ստացած հոգեւոր հարստութեան համար։ Երուսաղէմ հասնելէն քիչ ետք, տաճարին մէջ Պօղոսի ժամանումը խռովութիւն յառաջացուց եւ իր ձերբակալութեան պատճառ եղաւ։ Բայց ի վերջոյ ասիկա առիթ տուաւ որ ան կառավարիչներու ու թագաւորներու առջեւ վկայէ։—Գործք 9։15. 21։17-36. 23։11. 24։1–26։32
Մեր Նպաստները՝ Այսօր
Առաջին դարէն ի վեր շատ բան փոխուած է, բայց հիմնական սկզբունքները նոյնը մնացած են։ Քրիստոնեաներուն ուշադրութեան կը յանձնուին նիւթական կարիքներ։ Կարիքաւորներուն համար իրենց ըրած որեւէ նպաստ պէտք է սիրայօժար ըլլայ, Աստուծոյ ու ընկեր արարածի հանդէպ սէրէ մղուած։—Մարկոս 12։28-31
Առաջին դարուն, սուրբերուն համար առնուած նպաստի քայլերը ցոյց կու տան որ այսպիսի նուիրատուութիւններ լաւ կազմակերպուած եւ չափազանց պարկեշտ կերպով պէտք է ձեռք առնուին։ Անշուշտ, Եհովա Աստուած տեղեակ է կարիքներէն եւ իր ծառաներուն հայթայթումներ կ’ընէ, որպէսզի անոնք շարունակեն Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներուն հետ բաժնել, հակառակ դժուարութիւններու։ (Մատթէոս 6։25-34) Սակայն, բոլորս ալ կրնանք մեզի ինկած բաժինը ընել, մեր տնտեսական կացութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ։ Այդ կերպով, ‘ան որ շատ ունի, պիտի չաւելնայ ու ան որ քիչ ունի, պիտի չպակսի’։—Բ. Կորնթացիս 8։15