Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առիթ մը որ պէտք չէ փախցնէք

Առիթ մը որ պէտք չէ փախցնէք

Առիթ մը որ պէտք չէ փախցնէք

«Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Աստուծմէ՝ մեր երկնաւոր Հօրմէն կ’իջնէ։—Յակոբու 1։17

ՄԵԾԱԳՈՅՆ պարգեւը որ Աստուած ինկած մարդկութեան տուած է՝ իր միածին Որդւոյն, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իրենց ապաքինման համար ըրած կարգադրութիւնն է։ Որպէս մեր Փրկիչը Յիսուսի մահը, դրախտ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը կարելի կը դարձնէ։ Ղուկաս 22։19–ի մէջ, մեզի պատուէր կը տրուի որ իր մահը յիշատակենք։

Եհովայի Վկաները ջերմօրէն կը հրաւիրեն ձեզ, որպէսզի Յիսուսի այս պատուէրը կատարելու համար իրենց միանաք։ Այս տարեկան դէպքը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 8 Ապրիլ 2001–ին, արեւնամուտէն ետք։ Այս թուականը կը համապատասխանէ Աստուածաշունչի լուսնական օրացոյցի Նիսան 14–ին։ Այս թուականը ձեր քով նոթագրեցէք, որպէսզի զայն չմոռնաք։ Ձեր շրջանին մէջ գտնուող Եհովայի Վկաները կրնան ձեզի ըսել ժողովին ճշգրիտ վայրն ու ժամը։