Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Աստուծոյ Խօսքը կ’աճէր»

«Աստուծոյ Խօսքը կ’աճէր»

«Աստուծոյ Խօսքը կ’աճէր»

«Անիկա իր պատուէրը երկրին կը ղրկէ. իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ»։—ՍԱՂՄՈՍ 147։15

1, 2. Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ նշանակում տուաւ, եւ անիկա ի՞նչ կը պարփակէր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ամենէն ապշեցուցիչ մարգարէութիւններէն մէկը կը գտնուի Գործք Առաքելոց 1։8–ին մէջ։ Երկինք համբառնալէն քիչ առաջ, Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդներուն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք . . . մինչեւ երկրին ծայրերը»։ Ասիկա ի՜նչ հսկայ ծրագիր մը պիտի ըլլար։

2 Համայն աշխարհի մէջ Աստուծոյ խօսքը ծանուցանելը, զայն ստացող ափ մը աշակերտներուն համար ահագին նշանակում մը ըլլալու էր։ Նկատի առէք թէ ասոր մէջ ի՛նչ պարփակուած էր։ Անոնք մարդոց պէտք էր օգնէին որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը հասկնային։ (Մատթէոս 24։14) Յիսուսի համար վկայելը նաեւ կը պահանջէր՝ իր զօրաւոր ուսուցումները ուրիշներու հետ բաժնել եւ Եհովայի նպատակին մէջ իր դերը բացատրել։ Ասկէ զատ, այս գործունէութիւնը կը պարփակէր անհատներ աշակերտել եւ զանոնք մկրտել։ Իսկ ասիկա համայն աշխարհի մէջ պիտի ըլլար։—Մատթէոս 28։19, 20

3. Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ հաւաստիք տուաւ, եւ անոնք իրենց յանձնուած գործին ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

3 Այսուհանդերձ, Յիսուս իր աշակերտները հաւաստիացուց թէ սուրբ հոգին իրենց հետ պիտի ըլլար, իրենց յանձնուած այս գործը ամբողջացնելու համար։ Ուստի, հակառակ նշանակումին մեծութեան եւ զիրենք լռեցնելու հակառակորդներուն անողոք եւ վայրագ ջանքերուն, Յիսուսի նախկին աշակերտները իր պատուէրը յաջողութեամբ կատարեցին։ Ասիկա անհերքելի պատմական իրողութիւն մըն է։

4. Աստուծոյ սէրը ի՞նչպէս յայտնի է քարոզելու եւ ուրիշներուն սորվեցնելու յանձնարարութեան մէջ։

4 Համաշխարհային քարոզչութեան եւ ուսուցման արշաւը, զինք չճանչցողներուն հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն մէկ արտայայտութիւնն էր։ Անիկա Եհովայի մօտենալու եւ մեղքերու թողութիւն ստանալու պատեհութիւն տուաւ անոնց։ (Գործք 26։18) Քարոզելու եւ սորվեցնելու յանձնարարութիւնը, այս պատգամը կրողներուն հանդէպ ալ Աստուծոյ սէրը ցոյց կու տար, քանի որ անոր շնորհիւ Եհովայի հանդէպ իրենց նուիրումը կ’արտայայտէին եւ ընկեր արարածներուն հանդէպ իրենց սէրը կը ցուցաբերէին։ (Մատթէոս 22։37-39) Պօղոս առաքեալ քրիստոնէական ծառայութիւնը ա՛յնքան արժեւորեց որ անոր ակնարկեց որպէս «գանձ» մը։—Բ. Կորնթացիս 4։7

5. (ա) Նախկին Քրիստոնեաներուն մասին ամենէն վստահելի պատմութիւնը ո՞ւր կրնանք գտնել, եւ հոն ի՞նչ աճում նկարագրուած է։ (բ) Գործք Առաքելոց գիրքը ներկայիս ինչո՞ւ իմաստալից է Աստուծոյ ծառաներուն համար։

5 Նախկին Քրիստոնեաներուն քարոզչական գործունէութեան մասին ամենէն վստահելի արձանագրութիւնը կը գտնուի Ղուկաս աշակերտին կողմէ գրուած ներշնչեալ Գործք Առաքելոց գրքին մէջ։ Անիկա ապշեցուցիչ ու արագ աճման մասին արձանագրութիւն մըն է։ Աստուծոյ Խօսքին գիտութեան այս աճումը մեզի կը յիշեցնէ Սաղմոս 147։15–ը, որ կ’ըսէ. «[Եհովա] իր պատուէրը երկրին կը ղրկէ. իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ»։ Նախկին Քրիստոնեաներուն պատմութիւնը, որոնք սուրբ հոգիով զօրացան, ներկայիս մեզի համար թէ՛ ոգեւորիչ եւ թէ մեծապէս իմաստալից է։ Մենք՝ Եհովայի Վկաներս ալ քարոզելու եւ աշակերտելու նոյն գործունէութեան կը մասնակցինք, սակայն աւելի մեծ տարողութեամբ։ Նաեւ՝ առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման խնդիրներ կը դիմագրաւենք։ Մինչ նկատի կ’առնենք թէ Եհովա ի՛նչպէս օրհնեց եւ զօրացուց նախկին Քրիստոնեաները, իր օգնութեան հանդէպ մեր հաւատքը կ’ամրապնդուի։

Աշակերտներու Թիւին Մէջ՝ Աճում

6. Գործք Առաքելոց գրքին մէջ աճման հետ կապ ունեցող ո՞ր արտայայտութիւնը երեք անգամ կը գտնուի, եւ անիկա ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։

6 «Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր» արտայայտութիւնը նկատի առնելը, Գործք Առաքելոց 1։8–ին կատարումը քննարկելու կերպերէն մէկն է. այս արտայայտութիւնը չնչին տարբերակներով Աստուածաշունչին մէջ միայն երեք անգամ կը գտնուի եւ ան ալ Գործք Առաքելոց գրքին մէջ։ (Գործք 6։7. 12։24. 19։20) Այս համարներուն մէջ «Աստուծոյ խօսքը» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ բարի լուրին՝ աստուածային ճշմարտութեան ոգեւորիչ պատգամին՝ կենդանի ու զօրաւոր պատգամ մը, որ զայն ընդունողներուն կեանքը փոխեց։—Եբրայեցիս 4։12

7. Գործք Առաքելոց 6։7–ի մէջ Աստուծոյ խօսքին աճը ի՞նչ բանի հետ առնչուած է, եւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին ի՞նչ պատահեցաւ։

7 Աստուծոյ խօսքին աճման մասին եղած առաջին ակնարկութիւնը կը գտնենք Գործք Առաքելոց 6։7–ին մէջ։ Հոն կը կարդանք. «Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին»։ Հոս, աճը աշակերտներու թիւին յաւելումին հետ առնչուած է։ Նախապէս, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Աստուծոյ սուրբ հոգին թափուեցաւ վերնատան մը մէջ հաւաքուած շուրջ 120 աշակերտներու վրայ։ Ապա, Պետրոս առաքեալ ոգեւորիչ դասախօսութիւն մը տուաւ, եւ զայն լսողներէն շուրջ 3,000 հոգիներ այդ օրը հաւատացեալներ եղան։ Ի՜նչ իրարանցում եղած ըլլալու էր, մինչ հազարաւորներ կ’ուղղուէին դէպի Երուսաղէմի, եւ անոր շուրջը գտնուող, աւազանը կամ աւազանները, մկրտուելու համար Յիսուսի անունով, այն մարդուն անունով՝ որ շուրջ 50 օր առաջ որպէս ոճրագործ ցցահանուած էր։—Գործք 2։41

8. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին յաջորդող տարիներուն, աշակերտներուն թիւը ի՞նչպէս աւելցաւ։

8 Անշուշտ, ասիկա միայն սկիզբն էր։ Քարոզչութեան գործունէութիւնը կասեցնելու Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն յարատեւ ջանքերը ի դերեւ ելան։ Ի յուսախաբութիւն այս առաջնորդներուն՝ «Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ’աւելցնէր եկեղեցիին»։ (Գործք 2։47) Շուտով, «[տղամարդոց] թիւը հինգ հազարի հասաւ»։ Անկէ ետք, «Տէրոջը հաւատացողները ա՛լ աւելի կը շատնային, այրեր եւ կիներ բազմութեամբ»։ (Գործք 4։4. 5։14) Հետագայ ժամանակի մը մասին կը կարդանք. «Այն ատեն եկեղեցիները բոլոր Հրէաստանի եւ Գալիլիայի ու Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն ունեցան եւ շինութիւն կ’ընդունէին ու Տէրոջը երկիւղովը եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնովը քալելով կ’աճէին»։ (Գործք 9։31) Քանի մը տարի ետք, հաւանաբար Հ.Դ. 58–ին, «բիւրաւոր հաւատացեալ»ներու ակնարկութիւն եղած էր։ (Գործք 21։20) Մինչեւ այն ատեն, հեթանոսութենէ եկած բազմաթիւ հաւատացեալներ ալ կային։

9. Ի՞նչպէս կրնաք նկարագրել նախկին Քրիստոնեաները։

9 Մեծաւ մասամբ նորադարձներն էին որ այս թիւերը կը բարձրացնէին։ Կրօնքը նոր էր, սակայն՝ փութաջան։ Փոխանակ եկեղեցիի անգործունեայ անդամներ ըլլալու, աշակերտները լիովին Եհովայի ու իր Խօսքին նուիրուած էին, եւ երբեմն ճշմարտութիւնը սորված էին զայն նախապէս բրտօրէն հալածող անհատներէ։ (Գործք 16։23, 26-33) Քրիստոնէութիւնը ընդունող անհատները այս քայլը առին, տրամաբանական ու խղճամիտ որոշումի մը հիման վրայ։ (Հռովմայեցիս 12։1) Անոնք Աստուծոյ ճամբաներուն համաձայն դաստիարակուած էին. ճշմարտութիւնը անոնց մտքին ու սրտին մէջ էր։ (Եբրայեցիս 8։10, 11) Անոնք իրենց հաւատքին համար յօժար էին մեռնելու։—Գործք 7։51-59

10. Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ընդունեցին, իսկ ներկայիս ի՞նչ զուգահեռ կը գտնենք։

10 Քրիստոնէական ուսուցումը որդեգրողները, ճշմարտութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու իրենց պատասխանատուութեան գիտակցեցան։ Ասիկա ուղղակիօրէն նպաստեց յաւելեալ աճման։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը ըսաւ. «Հաւատքը բաժնեկցիլը, շատ նախանձախնդիր կամ պաշտօնականօրէն նշանակուած անհատներու վերապահուած բան մը չէր նկատուեր։ Աւետարանչութիւնը Եկեղեցիի իւրաքանչիւր անդամին մասնայատուկ առանձնաշնորհումն ու պարտականութիւնն էր։ . . . Քրիստոնէական ընդհանուր համայնքին նախաձեռնութիւնը, սկիզբէն իսկ զօրաւոր թափ տուաւ այս շարժումին»։ Շարունակելով ան ըսաւ. «Աւետարանչութիւնը նախկին Քրիստոնեաներուն կենսաղբիւրն էր»։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ ներկայ հարազատ Քրիստոնեաներուն մասին։

Աշխարհագրական Աճ

11. Գործք Առաքելոց 12։24–ի մէջ, ի՞նչ տեսակի աճ մը նկարագրուած է, եւ ասիկա ի՛նչպէս տեղի ունեցաւ։

11 Աստուծոյ խօսքին աճման մասին երկրորդ ակնարկում մը կը գտնենք Գործք Առաքելոց 12։24–ին մէջ. «Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու կը շատնար»։ Հոս նախադասութիւնը աշխարհագրական աճին հետ առնչուած է։ Ի հեճուկս կառավարական հակառակութեան, գործը շարունակեց բարգաւաճիլ։ Սուրբ հոգին նախ Երուսաղէմի մէջ թափուեցաւ, եւ այնտեղէն խօսքը արագօրէն տարածուեցաւ։ Երուսաղէմի հալածանքը աշակերտները ցիրուցան ըրաւ Հրէաստանի ու Սամարիայի բոլոր շրջաններուն մէջ։ Ի՞նչ արդիւնք տալով։ «Ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին»։ (Գործք 8։1, 4) Փիլիպպոս ուղղութիւն ստացաւ վկայելու մարդու մը, որ մկրտուելէ ետք պատգամը Եթովպիա տարաւ։ (Գործք 8։26-28, 38, 39) Շուտով ճշմարտութիւնը արմատ կապեց Լիւդդիայի, Սարօնի Դաշտին, եւ Յոպպէի մէջ։ (Գործք 9։35, 42) Հետագային, Պօղոս առաքեալ ծովու ու ցամաքի վրայ հազարաւոր քիլոմեթրներ ճամբորդեց, ժողովքներ հաստատելով Միջերկրականի շատ մը երկիրներու մէջ։ Պետրոս առաքեալ Բաբելոն գնաց։ (Ա. Պետրոս 5։13) Պէնտէկոստէին, սուրբ հոգին թափուելէն 30 տարի ետք, Պօղոս գրեց թէ բարի լուրը ‘երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուած էր’, հաւանաբար ակնարկելով այն ատեն գիտցուած աշխարհին։—Կողոսացիս 1։23

12. Քրիստոնէութեան հակառակորդները Աստուծոյ խօսքին աշխարհագրական աճը ի՞նչպէս ընդունեցին։

12 Նոյնիսկ Քրիստոնէութեան հակառակորդները ընդունեցին թէ Աստուծոյ խօսքը արմատ կապած էր Հռովմէական Կայսրութեան ամբողջ տարածքին։ Օրինակի համար, Գործք Առաքելոց 17։6–ը կը յիշէ թէ, հիւսիսային Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ, հակառակորդները բացագանչեցին. «Անոնք որ աշխարհը տակնուվրայ ըրին՝ հոս ալ հասեր են»։ Ասկէ զատ, երկրորդ դարու սկիզբը, Բիւթանիոյ մէջ գտնուող Պլինիոս Կրտսերը, Հռովմի Տրայանոս Կայսրին գրեց Քրիստոնէութեան նկատմամբ։ Ան գանգատելով, ըսաւ. «[Անիկա] միայն քաղաքներուն չէ սահմանուած, այլ՝ իր վարակումը տարածած է շրջակայ գիւղերուն եւ աւաններուն մէջ»։

13. Աշխարհագրական աճը ի՞նչ կերպով մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սէրը կ’արտացոլացնէ։

13 Այս աշխարհագրական աճը, փրկուելու արժանի եղող մարդկութեան հանդէպ Եհովայի խոր սիրոյն մէկ արտայայտութիւնն էր։ Երբ Պետրոս նկատեց որ սուրբ հոգին հեթանոս Կոռնելիոսի մէջ պարզորոշ կերպով յայտնի է, ան ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35) Այո, բարի լուրը բոլո՛ր մարդոց համար պատգամ մըն էր եւ տակաւին է, իսկ Աստուծոյ խօսքին աշխարհագրական աճը ամէնուրեք մարդոց պատեհութիւն տուաւ որ Աստուծոյ սիրոյն ընդառաջեն։ Այս ԻԱ. դարուն, Աստուծոյ խօսքը բառացիօրէն աշխարհի բոլոր կողմերը տարածուած է։

Զօրացող Աճը

14. Գործք Առաքելոց 19։20–ին մէջ ի՞նչ տեսակ աճ մը նկարագրուած է, եւ Աստուծոյ խօսքը ի՞նչ բանի յաղթեց։

14 Աստուծոյ խօսքին աճման մասին եղած երրորդ ակնարկումը կը գտնուի Գործք Առաքելոց 19։20–ին մէջ. «Տէրոջը խօսքը մեծապէս կ’աճէր եւ կը զօրանար»։ «Կը զօրանար» թարգմանուած Յունարէն բառը «զօրութիւն բանեցնել» գաղափարը կը հաղորդէ։ Նախորդ համարները կ’ըսեն թէ Եփեսոսի մէջ շատեր հաւատացեալներ եղան, եւ կախարդութեան հետեւողներէն շատեր իրենց գրքերը ամենուն առջեւ այրեցին։ Ուստի, Աստուծոյ խօսքը կրօնական սուտ հաւատալիքներուն վրայ յաղթանակ տարաւ։ Բարի լուրը ուրիշ խոչընդոտներ ալ նուաճեց, ինչպէս՝ հալածանքը։ Ո՛չ մէկ բան կրնար զայն կասեցնել։ Ասոր մէջ դարձեալ մերօրեայ ճշմարիտ Քրիստոնէութեան հետ յատկանշական զուգահեռ մը կը գտնենք։

15. (ա) Աստուածաշունչի պատմաբան մը նախկին Քրիստոնեաներուն մասին ի՞նչ գրեց։ (բ) Աշակերտները իրենց յաջողութեան վարկը որո՞ւ վերագրեցին։

15 Առաքեալները եւ նախկին Քրիստոնեաներէն ուրիշներ Աստուծոյ խօսքը եռանդով ծանուցանեցին։ Անոնց մասին, Աստուածաշունչի պատմաբան մը դիտել տուաւ. «Երբ մարդիկ իրենց Տիրոջ մասին խօսելու կամեցողութիւնը ունենան, անոնց համար ասիկա ընելու կերպերը անպակաս կ’ըլլան։ Արդարեւ, այս տղամարդոց ու կիներուն շարժառիթն է որ մեզ աւելի կը տպաւորէ, քան թէ իրենց գործածած մեթոտները»։ Այսուհանդերձ, այդ նախկին Քրիստոնեաները կը գիտակցէին թէ իրենց ծառայութեան յաջողութիւնը միա՛յն իրենց անձնական ջանքերէն կախեալ չէր։ Անոնք իրենց գործը շարունակելու աստուածային յանձնարարութիւն մը ունէին, եւ զայն կատարելու համար աստուածային օգնութիւնը ունէին։ Հոգեւոր աճը Աստուած կու տայ։ Պօղոս առաքեալ ասիկա ընդունեց Կորնթոսի ժողովքին գրած իր նամակին մէջ։ Ան գրեց. «Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ Վասն զի մենք Աստուծոյ գործակից ենք»։—Ա. Կորնթացիս 3։6, 9

Սուրբ Հոգին Գործի Վրայ

16. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ սուրբ հոգին աշակերտները զօրացուց որ համարձակութեամբ խօսին։

16 Յիշեցէք թէ Յիսուս իր աշակերտները հաւաստեցուց թէ սուրբ հոգին Աստուծոյ խօսքին աճման մէջ դեր մը պիտի խաղար եւ թէ սուրբ հոգին աշակերտները պիտի զօրացնէր իրենց քարոզչական գործունէութեան մէջ։ (Գործք 1։8) Ասիկա ի՞նչպէս տեղի ունեցաւ։ Պէնտէկոստէին սուրբ հոգին աշակերտներուն վրայ թափուելէն կարճ ժամանակ ետք, Պետրոս եւ Յովհաննէս բերուեցան Հրէաստանի բարձրագոյն ատեանին՝ հրէական Սենետրիոնին առջեւ, որու դատաւորները Յիսուս Քրիստոսի սպանութեան պատասխանատուներն էին։ Այսպիսի տպաւորիչ երեւոյթ եւ թշնամական կեցուածք ունեցող խումբի մը առջեւ, առաքեալները իրենց վախէն պիտի դողայի՞ն։ Բնա՛ւ երբեք։ Սուրբ հոգին Պետրոսն ու Յովհաննէսը զօրացուց այնպիսի համարձակութեամբ մը խօսելու, որ իրենց հակառակորդները զարմացան, եւ «իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին»։ (Գործք 4։8, 13) Սուրբ հոգին պատճառ եղաւ որ Ստեփանոսն ալ համարձակօրէն Սենետրիոնին վկայէ։ (Գործք 6։12. 7։55) Նախապէս, սուրբ հոգին աշակերտները մղած էր խիզախօրէն քարոզելու։ Ղուկաս կը տեղեկագրէ. «Երբ անոնք աղօթք ըրին, շարժեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին եւ ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին»։—Գործք 4։31

17. Սուրբ հոգին ուրիշ ի՞նչ կերպերով աշակերտներուն օգնեց իրենց ծառայութեան մէջ։

17 Եհովա, իր զօրաւոր սուրբ հոգիին եւ յարուցեալ Յիսուսին միջոցաւ, քարոզչութեան գործունէութիւնը ուղղեց։ (Յովհաննու 14։28. 15։26) Երբ սուրբ հոգին Կոռնելիոսի, իր ազգականներուն եւ բարեկամներուն վրայ թափուեցաւ, Պետրոս առաքեալ ընդունեց որ անթլփատ հեթանոսները Յիսուս Քրիստոսի անունով մկրտուելու որակելի կրնային ըլլալ։ (Գործք 10։24, 44-48) Հետագային, հոգին կարեւոր դեր մը խաղցաւ Բառնաբասն ու Սօղոսը (Պօղոս առաքեալը) միսիոնարական գործունէութեան նշանակելու եւ ուր երթալու ու չերթալու նկատմամբ անոնց ուղղութիւն տալու մէջ։ (Գործք 13։2, 4. 16։6, 7) Անիկա Երուսաղէմի մէջ գտնուող առաքեալներուն եւ երէցներուն որոշումի յանգելու գործընթացը ուղղեց։ (Գործք 15։23, 28, 29) Սուրբ հոգին քրիստոնէական ժողովքին մէջ տեսուչներու նշանակումն ալ առաջնորդեց։—Գործք 20։28

18. Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով սէր ցոյց տուին։

18 Ասկէ զատ, սուրբ հոգին յայտնաբերուեցաւ Քրիստոնեաներուն մէջ, անոնց մէջ յառաջ բերելով աստուածային յատկութիւններ, ինչպէս՝ սէրը։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Սէրը մղեց աշակերտները որ իրենց ունեցածը իրարու միջեւ բաժնեն։ Օրինակ, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, Երուսաղէմի աշակերտներուն ֆիզիքական կարիքներուն հոգ տանելու համար հասարակաց հիմնադրամ մը հաստատուեցաւ։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Անոնց մէջ կարօտութիւն քաշող մը չկար, վասն զի անոնք որ ագարակներու կամ տուներու տէր էին, կը ծախէին եւ ծախուածներուն գիները կը բերէին ու առաքեալներուն ոտքը կը դնէին եւ ամէն մէկուն իր կարօտութեանը նայելով կը բաժնուէր»։ (Գործք 4։34, 35) Այս սէրը միա՛յն հաւատակիցներու հանդէպ չէր, այլեւ ուրիշներու՝ թէ՛ անոնց հետ բարի լուրը բաժնելով եւ թէ ուրիշ ազնիւ արարքներով։ (Գործք 28։8, 9) Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները պիտի բնորոշուէին անձնուրաց սիրով։ (Յովհաննու 13։34, 35) Վստահաբար, սիրոյ կենսական յատկութիւնը, մարդիկը Աստուծոյ մօտեցուց եւ առաջին դարուն աճման սատարեց, ճիշդ ինչպէս որ կ’ընէ ներկայիս։—Մատթէոս 5։14, 16

19. (ա) Եհովայի խօսքը ո՞ր երեք կերպերով աճեցաւ առաջին դարուն։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

19 Գործք Առաքելոց գրքին մէջ «սուրբ հոգի» արտայայտութիւնը ընդամէնը 41 անգամ կ’անցնի։ Բացայայտօրէն, առաջին դարուն ճշմարիտ Քրիստոնէութեան աճը սերտօրէն առնչուած էր սուրբ հոգիին զօրութեան եւ առաջնորդութեան հետ։ Աշակերտներուն թիւին աւելնալով, Աստուծոյ խօսքը հեռու շրջաններ տարածուեցաւ եւ այդ ժամանակաշրջանի կրօնքներուն եւ փիլիսոփայութիւններուն վրայ յաղթանակ տարաւ։ Առաջին դարու այս աճը, իր զուգահեռը ունի Եհովայի Վկաներու ներկայ գործունէութեան մէջ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք արդի ժամանակներուն Աստուծոյ խօսքին նոյնքան տպաւորիչ աճը։

Կը յիշէ՞ք

• Նախկին աշակերտներուն թիւը ի՞նչպիսի աճ մը արձանագրեց։

• Աստուծոյ խօսքը ի՞նչ կերպով աշխարհագրականօրէն տարածուեցաւ։

• Առաջին դարուն Աստուծոյ խօսքը ի՞նչպէս զօրութիւն բանեցուց։

• Սուրբ հոգին Աստուծոյ խօսքին աճման մէջ ի՞նչ դեր խաղցաւ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 12]

Փիլիպպոս Եթովպիացիին քարոզեց, բարի լուրը աշխարհագրականօրէն տարածելով

[Նկար՝ էջ 13]

Սուրբ հոգին Երուսաղէմի մէջ գտնուող առաքեալներն ու երէցները ուղղեց

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 10]

Upper right corner։ Reproduction of the City of Jerusalem at the time of the Second Temple - located on the grounds of the Holyland Hotel, Jerusalem