Թագաւորութեան բարի լուրը ի՞նչ է
Թագաւորութեան բարի լուրը ի՞նչ է
Անցեալ տարի աշխարհի տարածքին 235 երկիրներու մէջ, 6,035,564 անհատներ՝ երիտասարդ թէ ծեր, 1,171,270,425 ժամ տրամադրեցին, անոր մասին ուրիշներուն խօսելու համար։ Անոր մասին խօսելէ զատ, անոնք հանրութեան աւելի քան 700 միլիոն գրականութիւն բաշխեցին, զայն ծանուցանելու եւ բացատրելու համար։ Անոնք հազարաւոր ձայներիզներ ու պատկերիզներ ալ բաշխեցին, զայն ծանօթացնելու համար։ Արդ, ի՞նչ է անիկա։
«ԱՆԻԿԱ» Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրն է։ Արդարեւ, «թագաւորութեան այս բարի լուրը» մարդկային պատմութեան մէջ երբե՛ք այս տարողութեամբ քարոզուած չէ։—Մատթէոս 24։14, ՆԱ
Համաշխարհային այս քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը կատարող բոլոր անհատները կամաւորներ են։ Աշխարհիկ հայեցակէտով, թերեւս անոնք անորակելի թուին այս գործին համար։ Ուստի, անոնց քաջութիւնն ու յաջողութիւնը ի՞նչպէս կը բացատրուի։ Թագաւորութեան բարի լուրին զօրութիւնը գլխաւոր ազդակ մըն է, քանի որ անիկա մարդկութեան վրայ գալիք օրհնութիւններուն լուրն է։ Ասոնք այնպիսի օրհնութիւններ են, որոնց կարօտը ունին բոլոր մարդիկ. երջանկութիւն, տնտեսական դժուարութիւններէ ազատութիւն, լաւ կառավարութիւն, խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն, եւ բան մը եւս, որու մասին շատեր չեն համարձակիր նոյնիսկ խորհիլ՝ յաւիտենական կեանք։ Արդարեւ ասիկա բարի լուր է անոնց համար, որոնք կեանքի մէջ իմաստ եւ նպատակ կը փնտռեն։ Այո, այս բոլոր օրհնութիւններուն եւ աւելիին կրնաք տիրանալ, եթէ Թագաւորութեան բարի լուրի ծանուցման ընդառաջէք եւ բարեհաճութեամբ հակազդէք։
Ի՞նչ Է Թագաւորութիւնը
Արդ, որպէս բարի լուր ծանուցանուող Թագաւորութիւնը ի՞նչ է։ Այն Թագաւորութիւնն է, որու համար միլիոնաւորներ սորված են աղօթել այս ծանօթ բառերով՝ «Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։9, 10
Անիկա այն Թագաւորութիւնն է, որու մասին Եբրայեցի Դանիէլ մարգարէն խօսեցաւ աւելի քան 25 դարեր առաջ, երբ գրեց. «Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Դանիէլ 2։44
Ուստի, բարի լուրը Աստուծոյ թագաւորութեան՝ կամ կառավարութեան՝ մասին է, որ ամբողջ ամբարշտութիւնը պիտի վերացնէ ապա համայն երկրի վրայ խաղաղութեամբ պիտի իշխէ։ Անիկա մարդկութեան եւ երկրի նկատմամբ Ստեղծիչին սկզբնական նպատակը պիտի իրականացնէ։—Ծննդոց 1։28
«Երկնքի Թագաւորութիւնը Մօտեցած Է»
Շուրջ 2,000 տարիներ առաջ, Թագաւորութեան բարի լուրը առաջին անգամ հանրապէս ծանուցանուեցաւ նուիրուած մարդու մը կողմէ, որու տեսքն ու կերպարանքը շատ ուշագրաւ էր։ Այդ մարդը Յովհաննէս Մկրտիչն էր, Զաքարիա անունով Հրեայ քահանայի մը եւ անոր կնոջ՝ Եղիսաբէթի՝ որդին։ Յովհաննէսի հանդերձը ուղտի մազէ էր ու իր մէջքը կաշիէ գօտի ունէր. ան Եղիա մարգարէին կերպարանքը ունէր, որ զինք նախապատկերացուց։ Սակայն, անոր պատգամն էր որ շատերու ուշադրութիւնը գրաւեց։ Ան ծանուցանեց. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։—Մատթէոս 3։1-6
Յովհաննէսի ունկնդիրները Հրեաներ էին, որոնք կը դաւանէին ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի երկրպագուները ըլլալ։ Որպէս ազգ, անոնք շուրջ 1,500 տարիներ առաջ Մովսէսի միջոցաւ Օրէնքի ուխտը ստացած էին։ Տակաւին Երուսաղէմի սքանչելի տաճարը կանգուն էր, ուր Օրէնքին համաձայն զոհեր կը մատուցանուէին։ Հրեաները վստահ էին թէ իրենց պաշտամունքը Աստուծոյ աչքին շիտակ էր։
Սակայն, Յովհաննէսի մտիկ ընելով, կարգ մը մարդիկ սկսան անդրադառնալ թէ իրենց կրօնքը իրենց կարծածին պէս չէր։ Յունական մշակոյթն ու փիլիսոփայութիւնը հրէական կրօնական ուսուցումներէն ներս թափանցած էին։ Մովսէսի միջոցաւ Աստուծոյ տուած օրէնքը, այժմ խեղաթիւրուած, նոյնիսկ՝ անվաւեր դարձած էր, մարդակերտ հաւատալիքներով եւ աւանդութիւններով։ (Մատթէոս 15։6) Իրենց կարծրասիրտ եւ անգութ կրօնական առաջնորդներուն կողմէ մոլորած ըլլալով, այլեւս մեծամասնութիւնը Աստուած ընդունելի կերպով չէր պաշտեր։ (Յակոբու 1։27) Անոնք Աստուծոյ եւ Օրէնքի ուխտին դէմ իրենց գործած մեղքերուն համար պէտք էր զղջային։
Այն ատեն, Հրեաներէն շատեր խոստացեալ Մեսիային, կամ Քրիստոսին երեւնալը կ’ակնկալէին, եւ ոմանք Յովհաննէսի մասին հարց կու տային թէ՝ «Ա՞ս է արդեօք Քրիստոսը»։ Սակայն, Յովհաննէս հերքեց իր Մեսիան ըլլալը եւ փոխարէն զիրենք ուրիշ մէկու մը ուղղեց, որու մասին ըսաւ. «[Անոր] կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ»։ (Ղուկաս 3։15, 16) Յիսուսը իր աշակերտներուն ներկայացնելով, Յովհաննէս ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»։—Յովհաննու 1։29
Արդարեւ, ասիկա բարի լուր էր, քանի որ իրականութեան մէջ Յովհաննէս բոլոր մարդոց ցոյց կու տար կեանքի եւ ուրախութեան տանող ճամբան՝ Յիսուսը, ան որ «աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»։ Ադամի ու Եւայի զաւակները ըլլալով, բոլոր մարդիկ մեղքի եւ մահուան բռնակալութեան ներքեւ ծնած են։ Հռովմայեցիս 5։19–ը կը բացատրէ. «Ինչպէս մէկ մարդու [Ադամի] անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն [Յիսուսի] հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան»։ Զոհուելիք գառնուկի մը նման, Յիսուս ‘մեղքը պիտի վերցնէր’ եւ մարդկային տխուր վիճակները պիտի յեղաշրջէր։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։—Հռովմայեցիս 6։23
Մարկոս 1։14, 15–ի մէջ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը մեզի կ’ըսէ. «Յովհաննէսին մատնուելէն յետոյ Յիսուս Գալիլիա գալով, Աստուծոյ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու կ’ըսէր. ‘Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէք ու աւետարանին [«բարի լուրին», ՆԱ] հաւատացէք’»։
Որպէս կատարեալ մարդ մը՝ իրականութեան մէջ, ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը՝ Յիսուս բարի լուրի քարոզչութեան ձեռնարկեց։Յիսուսի պատգամին ընդառաջողները եւ բարի լուրին հաւատք ընծայողները, մեծապէս օրհնուեցան։ Յովհաննու 1։12–ը կ’ըսէ. «Որոնք որ [Յիսուսը] ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, որոնք կը հաւատան իր անուանը»։ Աստուծոյ որդիներ ըլլալով, անոնք յաւիտենական կեանքի վարձատրութիւնը պիտի ստանային։—Ա. Յովհաննու 2։25
Սակայն, Թագաւորութեան օրհնութիւնները ստանալու առանձնաշնորհումը առաջին դարու մարդոց սահմանափակուած չէր։ Ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ներկայիս կը ծանուցանուի եւ կ’ուսուցուի համայն աշխարհի մէջ։ Հետեւաբար, Թագաւորութեան օրհնութիւնները տակաւին մատչելի են։ Այս օրհնութիւնները ստանալու համար ի՞նչ պէտք է ընէք։ Յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ։