Թագաւորութեան օրհնութիւնները կրնան ձերը ըլլալ
Թագաւորութեան օրհնութիւնները կրնան ձերը ըլլալ
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ Պօղոս առաքեալ, իր օրուան գլխաւոր լեզուներէն ոմանք սահունօրէն կը խօսէր։ Ան ներկայ համալսարանական ուսման համարժէք ուսում ստացած էր։ Ան հռովմէական քաղաքացիի մը բոլոր առաւելութիւններն ու իրաւունքները կը վայելէր։ (Գործք 21։37-40. 22։3, 28) Այս որակումները կրնային զինք հարուստ եւ անուանի մէկը դարձնել։ Սակայն, ան ըսաւ. «Ինչ որ ինծի շահ էր, զանիկա Քրիստոսին համար վնաս սեպեցի։ . . . Եւ [զանոնք] աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ»։ (Փիլիպպեցիս 3։7, 8) Պօղոս ինչո՞ւ այսպէս արտայայտուեցաւ։
Նախապէս ճանչցուած որպէս Տարսոնցի Սօղոս եւ «այն ճամբուն հետեւողներ»ը հալածող մը, Պօղոս յարուցեալ եւ փառաւորեալ Յիսուսի մասին տեսիլք մը ստանալէն ետք հաւատացեալ եղաւ։ (Գործք 9։1-19) Դամասկոսի ճամբուն վրայ իր ունեցած փորձառութիւնը, ամէն կասկածէ վեր Պօղոսի ապացուցանեց թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան՝ կամ Քրիստոսն էր, խոստացեալ Թագաւորութեան ապագայ իշխանը։ Անիկա Պօղոսի կենցաղին մէջ ալ շշմեցուցիչ փոփոխութիւն մը մտցուց, ինչպէս իր վերոյիշեալ խօսքերը ցոյց կու տան։ Ուրիշ խօսքով, անկեղծ եւ պարկեշտ ըլլալով՝ Պօղոս զղջաց։—Գաղատացիս 1։13-16
Գործք 3։19. Յայտնութիւն 2։5) Պօղոսի պարագային, ան թոյլ չտուաւ որ Դամասկոսի ճամբուն վրայ այդ նշանակալից միջադէպը, պարզապէս զգացական, կամ նոյնիսկ այդպէս կոչուած կրօնական փորձառութիւն մը մնայ։ Իրեն համար անիկա անդրադարձ մըն էր այն իրողութեան, թէ իր նախկին կեանքի ընթացքը՝ Քրիստոսէ անտեղեակ ըլլալը՝ ունայն էր։ Ան անդրադարձաւ նաեւ թէ Քրիստոսի մասին իր նորագիւտ գիտութենէն օգտուելու համար, բան մը պէտք էր ընէր իր կեանքի ընթացքը շտկելու համար։—Հռովմայեցիս 2։4. Եփեսացիս 4։24
Աստուածաշունչին մէջ, «զղջալ» բայը յաճախ թարգմանուած է Յունարէն բառէ մը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «յետոյ գիտնալ»՝ «նախապէս գիտնալ»ուն հակառակը։ Ուստի, զղջումը կը պարփակէ անհատին մտքին, կեցուածքին, կամ նպատակին մէջ փոփոխութիւն մը. անհատը կը մերժէ իր նախկին ճամբաները որպէս անգոհացուցիչ։ (Փոփոխութիւն մը՝ որ Օրհնութիւններ Բերաւ
Նախապէս, Աստուծոյ մասին Պօղոսի ունեցած գիտութիւնը մեծաւ մասամբ ձեռք ձգած էր Փարիսեցիներու աղանդէն, որու մէկ անդամը եղած էր։ Անոնց հաւատալիքներուն մէջ մարդկային փիլիսոփայութիւն եւ աւանդութիւն պարփակուած էր։ Կրօնական կանխադատողութիւններու պատճառաւ, Պօղոսի նախանձախնդրութիւնն ու ջանքերը սխալ ուղղուած էին։ Թէեւ ան կը խորհէր թէ Աստուծոյ կը ծառայէր, սակայն, խորքին մէջ Անոր դէմ կը կռուէր։—Փիլիպպեցիս 3։5, 6
Քրիստոսի եւ Աստուծոյ նպատակին մէջ անոր դերին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալէ ետք, Պօղոս տեսաւ թէ իր առջեւ ընտրութիւն մը դրուած էր. Փարիսեցի՞ մը մնալ եւ շարունակել դիրք ու համարում վայելել, թէ ոչ՝ իր կեանքի ընթացքը փոխել, եւ սկսիլ ընել ինչ որ անհրաժեշտ էր Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու համար։ Բարեբախտաբար, Պօղոս շիտակ ընտրութիւնը ըրաւ, քանի որ անիկա ըսաւ. «Ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար՝ առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին»։ (Հռովմայեցիս 1։16) Պօղոս՝ Քրիստոսի եւ Թագաւորութեան մասին եղած բարի լուրին նախանձախնդիր քարոզիչը եղաւ։
Տարիներ ետք, Պօղոս իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն ըսաւ. «Ես չեմ սեպեր թէ բռներ եմ։ Բայց յիշեցնեմ թէ ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը վազեմ»։ (Փիլիպպեցիս 3։13, 14) Պօղոս բարի լուրէն օգտուեցաւ, քանի որ յօժարութեամբ լքեց զինք Աստուծմէ հեռացնող բաները, եւ ամբողջ սրտով Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ եղող նպատակակէտեր հետապնդեց։
Դուք Ի՞նչ Պիտի Ընէիք
Թերեւս Թագաւորութեան բարի լուրը վերջերս լսած էք։ Կատարեալ դրախտի մը մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը ձեզ կը հրապուրէ՞։ Պէտք է հրապուրէ, քանի որ բոլորս ալ ապրելու եւ խաղաղ ու ապահով կեանք վայելելու բնածին փափաք մը ունինք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած մեր սրտին մէջ «յաւիտենականութիւնը» դրած է։ (Ժողովողի 3։11) Ուստի բնական է որ յոյսով սպասենք այն ժամանակին, երբ մարդիկ պիտի կարենան խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ յաւիտեան ապրիլ։ Իսկ Թագաւորութեան բարի լուրը ա՛յս է որ կը հրամցնէ։
Սակայն, այս յոյսը իրականութիւն մը դարձնելու համար, պէտք է հետազօտէք եւ գտնէք թէ բարի լուրը ի՛նչ բանի մասին է։ Պօղոս առաքեալ յորդորեց. ‘Քննեցէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է’։ (Հռովմայեցիս 12։2) Ուստի, Պօղոսի նման գիտութիւն եւ հասկացողութիւն ձեռք ձգելէ ետք, ընտրութիւն մը պէտք է ընէք։
Միւս կողմէ, ձեր ապագային նկատմամբ արդէն իսկ որոշ համոզումներ կրնաք ունենալ։ Յիշեցէք թէ Սօղոս Աստուծոյ կամքին մասին իր անձնական գաղափարները ունէր Պօղոս առաքեալը ըլլալէն առաջ։ Սակայն, փոխանակ Աստուծմէ հրաշալի յայտնութիւն մը ակնկալելու, ինչո՞ւ հարցը առարկայօրէն չդիտէք։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Իրապէս գիտե՞մ թէ մարդկութեան եւ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է։ Իմ հաւատալիքներս ապացուցանելու համար ի՞նչ փաստ կրնամ ներկայացնել։ Երբ ապացոյցներս Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին լոյսին տակ քննուին, կրնա՞ն կանգուն մնալ’։ Ձեր կրօնական հաւատալիքները այս կերպով քննելով, բան մը չէք կորսնցներ։ Իրականութեան մէջ, պէ՛տք է փափաքիք ասիկա ընել, քանի որ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Ամէն բան փորձեցէ՛ք, բարին Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21) Ի վերջոյ, մեզի համար կարեւորը Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ չէ՞։—Յովհաննու 17։3. Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4
ամուր բռնեցէ՛ք»։ (Կրօնական առաջնորդները թերեւս յաւիտենական ապագայ մը խոստանան մեզի։ Սակայն, եթէ այդ խոստումը Աստուածաշունչի ուսուցումներուն վրայ հիմնուած չէ, անիկա մեզի պիտի չօգնէ որ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւնները ձեռք ձգենք։ Իր համբաւաւոր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ուժգնութեամբ ազդարարեց. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ»։—Մատթէոս 7։21
Նկատեցէք թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւնները ստանալու համար Յիսուսի դրած պայմանն էր՝ իր Հօրը կամքը կատարել։ Ուրիշ խօսքով, աստուածապաշտութեան կերպարանքը ունեցող բան մը անպայմանօրէն Աստուծոյ հաճութեան չ’արժանանար։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս շարունակեց ըսել. «Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’։ Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք»։ (Մատթէոս 7։22, 23) Բացայայտօրէն, կարեւորը այն է թէ վստահ ըլլանք որ ճշգրիտ կերպով կը հասկնանք Թագաւորութեան բարի լուրին ի՛նչ ըլլալը, ապա անոր համաձայն գործենք։—Մատթէոս 7։24, 25
Օգնութիւնը Մատչելի Է
Աւելի քան 100 տարիներէ ի վեր, Եհովայի Վկաները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն։ Տպագրուած էջերով եւ բերանացի կերպով անոնք համայն աշխարհի մարդոց կ’օգնեն որ ճշգրիտ գիտութիւն ստանան Թագաւորութեան ի՛նչ ըլլալուն, անոր բերելիք օրհնութիւններուն, եւ այսպիսի օրհնութիւններ ձեռք ձգելու համար անհատէ մը ի՛նչ պահանջուած ըլլալուն մասին։
Ձեզ կը քաջալերենք որ Եհովայի Վկաներու քարոզած պատգամին ընդառաջէք։ Բարի լուրը ընդունելով եւ անոր համաձայն գործելով, հոյակապ օրհնութիւններ կրնաք վայելել, ո՛չ միայն ներկայիս, այլեւ՝ ապագային, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ երկրի վրայ իշխէ։—Ա. Տիմոթէոս 4։8
Հիմա՛ գործի լծուեցէք, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւնները մօ՛տ են։
[Նկարներ՝ էջ 7]
Տպագրուած էջերով եւ բերանացի կերպով Եհովայի Վկաները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն