Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Լծակիցներ էինք

Լծակիցներ էինք

Կենսագրութիւն

Լծակիցներ էինք

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՄԵԼՊԱ ՊԷՐԻ–Ի ԿՈՂՄԷ

2 Յուլիս 1999–ին, ամուսինս ու ես Եհովայի Վկաներու համաժողովի մը կը գտնուէինք, ինչպէս բազմիցս ըրած էինք մեր ամուսնութեան 57 տարիներու ընթացքին։ Լոյտը, Հաուայիի նահանգային համաժողովին Ուրբաթ օրուան վերջին դասախօսութիւնը կը ներկայացնէր։ Յանկարծ, ուշաթափ եղաւ։ Հակառակ զինք ուշքի բերելու բոլոր ջանքերուն՝ ան մահացաւ։ *

ՀԱՈՒԱՅԻԻ Քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը որքա՜ն թանկագին են ինծի համար, որոնք զիս շրջապատեցին եւ օգնեցին որ տոկամ այս ողբերգութեան։ Լոյտ այս եղբայրներէն շատերուն, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհի տարածքին բազմաթիւ ուրիշներու կեանքին ազդած էր։

Գրեթէ երկու տարի եղաւ իր մահուան եւ ես այս միջոցին իրարու հետ մեր անցուցած թանկագին տարիները վերաքաղ ընելու առիթ ունեցայ. երկար տարիներ միսիոնարական նշանակումի մէջ, իսկ մաս մըն ալ Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին՝ Պրուքլին, Նիւ Եորքի մէջ։ Նաեւ յիշեցի Սիտնիի մէջ, Աւստրալիա, անցուցած մանկութեան տարիներս, եւ այն դժուարութիւնները, զորս Լոյտը եւ ես դիմագրաւեցինք ամուսնանալու համար, Բ. Աշխարհամարտի սկիզբի շրջանին։ Սակայն, նախ թոյլ տուէք որ ձեզի պատմեմ թէ ի՛նչպէս Վկայ եղայ եւ 1939–ին ի՛նչպէս Լոյտին ծանօթացայ։

Ի՛նչպէս Վկայ Եղայ

Ճէյմս ու Հէնրիէթա Ճոնզը սիրելի ու հոգածու ծնողներս էին։ 1932–ին երբ դպրոցը աւարտեցի, հազիւ 14 տարեկան էի։ Այն ատեն աշխարհը Տնտեսական Մեծ Ձախորդութեան մէջ էր։ Ինծմէ պզտիկ երկու քոյր ունէի, եւ ընտանիքիս օգնելու համար սկսայ աշխատիլ։ Քանի մը տարի չանցած, լաւ վճարուած գործ մը եւ ձեռքիս տակ գործաւորուհիներ ունէի։

Այդ միջոցին, 1935–ին, մայրս Եհովայի Վկաներէն սուրբ գրային գրականութիւն մը ընդունեց եւ շուտով համոզուեցաւ թէ ճշմարտութիւնը գտած էր։ Ընտանիքին միւս անդամները, մէջը ըլլալով ես, խորհեցանք թէ մայրս կը խելագարէր։ Օր մը, սակայն, Ո՞ւր Են Մեռելները խորագրով գրքոյկը տեսայ, եւ անոր խորագիրը հետաքրքրութիւնս արթնցուց։ Ուստի, զայն գաղտնաբար կարդացի։ Աւելիին պէտք չկար։ Անմիջապէս սկսայ մօրս հետ Տիպար Ուսումնասիրութիւն կոչուող միջշաբաթային ժողովի մը երթալ։ Տիպար Ուսումնասիրութիւն խորագրով գրքոյկը՝ որմէ ի վերջոյ միայն երեք թիւ լոյս տեսաւ՝ կը պարունակէր հարցումներ ու պատասխաններ, ինչպէս նաեւ պատասխաններուն թիկունք կանգնող համարներ։

Գրեթէ այդ ատեն, Ապրիլ 1938–ին, Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիէն ներկայացուցիչ մը՝ Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ, Սիտնի այցելեց։ Իր հանրային դասախօսութիւնը առաջինն էր որ կը լսէի։ Անիկա պէտք էր Սիտնի Թաուն Հոլին մէջ տեղի ունենար, սակայն, հակառակորդները յաջողեցան արգելք ըլլալ այդ վայրի գործածութեան։ Փոխարէն, դասախօսութիւնը տրուեցաւ աւելի ընդարձակ տեղ մը՝ Սիտնի Սփորթց Կրաունտին մէջ։ Հակառակորդներուն ըրած յաւելեալ ծանուցումներուն պատճառաւ, շուրջ 10,000 հոգի ներկայ գտնուեցան. սքանչելի թիւ մը, երբ յիշենք թէ այդ ժամանակ միայն 1,300 Վկաներ կային Աւստրալիոյ մէջ։

Անկէ քիչ ետք, առաջին անգամ ըլլալով, դաշտի ծառայութեան մասնակցեցայ, առանց մարզում ստանալու։ Երբ մեր խումբը մեզի նշանակուած թաղամասը հասաւ, խումբին առաջնորդը ինծի դառնալով ըսաւ. «Ա՛յդ տունը քուկդ է»։ Ա՛յնքան ջղագրգիռ էի որ երբ կին մը բացաւ դուռը, անոր հարցուցի. «Կը ներէք, ժամը քանի՞ է»։ Ան ներս գնաց, ժամացոյցին նայեցաւ ապա վերադառնալով ժամը ըսաւ։ Միայն այսքան, ու ինքնաշարժ վերադարձայ։

Այսուհանդերձ, տեղի չտուի, եւ շատ չանցած Թագաւորութեան պատգամը կանոնաւորաբար ուրիշներուն հետ կը բաժնէի։ (Մատթէոս 24։14) Մարտ 1939–ին, Եհովայի ըրած նուիրումս խորհրդանշեցի մկրտուելով մեր դրացիին՝ Տորոթի Հաչինկզին՝ լոգարանին մէջ։ Քանի որ եղբայրներ չկային, մկրտութենէս անմիջապէս ետք, ինծի ժողովքային պատասխանատուութիւններ տրուեցան, որոնք սովորաբար Քրիստոնեայ տղամարդոց վերապահուած են։

Ընդհանրապէս մեր ժողովները անձնական տուներու մէջ կ’ընէինք, բայց երբեմն սրահ մը կը վարձէինք հանրային դասախօսութիւններուն համար։ Օր մը, մեր մասնաճիւղի գրասենեակէն՝ Պէթէլէն՝ վայելուչ երիտասարդ եղբայր մը մեր պզտիկ ժողովքը այցելեց, դասախօսութիւն մը ներկայացնելու համար։ Տեղեակ չէի որ անոր գալը ուրիշ պատճառ մըն ալ ունէր. իմ մասիս յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալ։ Այո՛, այս կերպով ծանօթացայ Լոյտին։

Լոյտին Ընտանիքին Ծանօթացայ

Շատ չանցած, Եհովայի լիաժամ ծառայելու փափաքը ունեցայ։ Սակայն, երբ ռահվիրայութեան դիմումնագիր լեցուցի (լիաժամ քարոզչութեան ձեռնարկելու), ինծի հարցուեցաւ որ արդեօք կը փափաքէի՞ Պէթէլի մէջ ծառայել։ Ուստի, Սեպտեմբեր 1939–ին, Բ. Աշխարհամարտին սկսած ամիսը, Սիտնիի արուարձաններէն՝ Սթրաթֆիլտի մէջ գտնուող Պէթէլի ընտանիքին մէկ անդամը եղայ։

Դեկտեմբեր 1939–ին, համաժողովի համար Նոր Զելանտա ճամբորդեցի։ Քանի որ Լոյտը Նոր Զելանտայէն էր, ինք ալ հոն կ’երթար։ Նոյն նաւով ճամբորդեցինք, եւ այսպէս իրարու աւելի մօտէն ծանօթացանք։ Լոյտը կարգադրեց որ իր մօր, հօր եւ քոյրերուն ծանօթանամ, նախ՝ Ուէլինկթընի համաժողովին, հետագային՝ Քրայսթչըրչ, իրենց տան մէջ։

Մեր Գործը կ’Արգիլուի

Շաբաթ՝ 18 Յունուար 1941–ին, Հասարակապետական իշխանութիւնները շուրջ վեց սեւ լիմուզին–ներով մասնաճիւղի գրասենեակը եկան, ինչքերը գրաւելու համար։ Քանի որ Պէթէլի մուտքին գտնուող ընդունելութեան սրահին մէջ կ’աշխատէի, զանոնք առաջին տեսնողը ես եղայ։ Շուրջ 18 ժամ առաջ, արգելքին մասին տեղեկացած էինք, ուստի գրեթէ բոլոր գրականութիւններն ու թղթածրարները մասնաճիւղէն դուրս հանուած էին։ Յաջորդ շաբաթ, Պէթէլի ընտանիքէն հինգ անդամներ, մէջը ըլլալով Լոյտը, բանտարկուեցան։

Գիտէի թէ բանտին մէջ եղբայրներուն գլխաւոր կարիքը հոգեւոր սնունդն էր։ Լոյտը քաջալերելու համար, որոշեցի իրեն «սիրային նամակներ» գրել։ Նամակը կը սկսէի սիրային ոճով, ապա Դիտարան–ի լման յօդուածներ կ’ընդօրինակէի, իսկ զայն կը ստորագրէի որպէս իր սիրելին։ Չորսուկէս ամիս ետք, Լոյտը ազատ արձակուեցաւ։

Ամուսնութիւն եւ Լիաժամ Ծառայութեան Մէջ Յարատեւութիւն

1940–ին, Լոյտին մայրը Աւստրալիա այցելեց, եւ Լոյտը իրեն ըսաւ թէ կը մտածէինք ամուսնանալ։ Ան Լոյտի խրատ տուաւ որ հրաժարի այդ գաղափարէն, քանի որ իրերու դրութեան վախճանը մօտ կը թուէր։ (Մատթէոս 24։3-14) Լոյտ իր դիտաւորութիւնները իր բարեկամներուն ալ յայտնեց, սակայն ամէն անգամ զինք կը խրատէին որ ամուսնանալէ հրաժարէր։ Ի վերջոյ, 1942–ի Փետրուարին, օր մը Լոյտ զիս առաւ, ուրիշ չորս Վկաներու հետ՝ որոնք խոստացած էին հարցը գաղտնի պահել՝ եւ գաղտագողի գացինք պետական արձանագրութեան գրասենեակ եւ հոն ամուսնացանք։ Այն ատեն, Աւստրալիոյ մէջ Եհովայի Վկաները ամուսնացնելու իրաւասութիւն չունէին։

Թէեւ որպէս ամուսնացած զոյգ մեզի թոյլ չտրուեցաւ որ Պէթէլի մէջ մեր ծառայութիւնը շարունակենք, սակայն հարցուցին թէ կը փափաքէի՞նք մասնաւոր ռահվիրաներ ըլլալ։ Ուրախութեամբ ընդունեցինք նշանակում մը՝ Ուակա Ուակա կոչուած գիւղաքաղաքի մը մէջ։ Մեր քարոզչական գործը տակաւին արգելքի տակ էր եւ նիւթական օժանդակութիւն չունէինք, ուստի իրապէս ստիպուած էինք մեր բեռը Եհովայի վրայ ձգելու։—Սաղմոս 55։22

Երկաթոռ հեծանիւով մը գիւղական շրջաններ կ’երթայինք, ազնիւ մարդոց կը հանդիպէինք, որոնց հետ երկար խօսակցութիւններ կ’ունենայինք։ Քիչեր կ’ընդունէին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը։ Սակայն, խանութպան մը մեր ըրած գործը ա՛յնքան գնահատեց, որ ամէն շաբաթ մեզի պտուղ եւ բանջարեղէն կու տար։ Ուակա Ուակայի մէջ վեց ամիս մնալէ ետք, դարձեալ Պէթէլ հրաւիրուեցանք։

1942–ի Մայիսին Պէթէլի ընտանիքը Սթրաթֆիլտի գրասենեակը պարպած եւ անձնական տուներ փոխադրուած էր։ Անոնք քանի մը շաբաթը անգամ մը, մէկ տունէն միւսը կը փոխադրուէին, իրենց հետքը կորսնցնելու համար։ Երբ Լոյտը եւ ես Օգոստոսին Պէթէլ վերադարձանք, անոնց միացանք այս վայրերէն մէկուն մէջ։ Օրուան ընթացքին, մեր նշանակումն էր ստորերկրեայ տպարաններէն մէկուն մէջ աշխատիլ։ Ի վերջոյ, 1943–ի Յունիսին, մեր գործին վրայէն արգելքը վերցուեցաւ։

Միսիոնարական Ծառայութեան Համար Պատրաստութիւն

1947–ի Ապրիլին, սկզբնական դիմումնագիրներ ստացանք, Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցը յաճախելու համար, Հարաւային Լէնսինկի մէջ, Նիւ Եորք (Ա.Մ.Ն.)։ Մինչ այդ, Աւստրալիոյ ժողովքները այցելելու նշանակում ստացանք, զանոնք հոգեւորապէս զօրացնելու համար։ Քանի մը ամիս ետք, Գաղաադու 11–րդ դասարանը յաճախելու հրաւէր ստացանք։ Մեր գործերը լրացնելու եւ մեր պիտոյքները հաւաքելու համար երեք շաբաթ ունէինք։ 1947–ի Դեկտեմբերին, մեր ընտանիքներն ու բարեկամները ետին ձգելով, նոյն դասարանը հրաւիրուած ուրիշ 15 հոգիներու հետ ուղղուեցանք դէպի Նիւ Եորք։

Գաղաադու Դպրոցին մէջ մեր անցուցած քանի մը ամիսները շուտով վերջացան եւ Ճափոն միսիոնար նշանակուեցանք։ Քանի որ Ճափոն երթալու համար մեր թուղթերը պատրաստելը ժամանակ պիտի առնէր, Լոյտը դարձեալ Եհովայի Վկաներու ճամբորդող տեսուչ նշանակուեցաւ։ Մեզի նշանակուած ժողովքները Լոս Անճէլոս քաղաքէն մինչեւ մեքսիկական սահմանը կ’ընդգրկէր։ Ինքնաշարժ չունէինք, ուստի ամէն շաբաթ Վկաները սիրով մեզ մէկ ժողովքէն միւսը կը փոխադրէին։ Այդ ընդարձակ շրջանը, ներկայիս երեք անգլիախօս ու երեք սպանախօս նահանգներէ կազմուած է, որոնց իւրաքանչիւրը շուրջ տասը շրջաններէ կը բաղկանայ։

Յանկարծ, եկաւ 1949–ի Հոկտեմբերը, եւ նախապէս զինուորներ փոխադրող նաւակով մը Ճափոն ուղղուեցանք։ Նաւուն մէկ կողմը տղամարդոց, իսկ միւս կողմը կիներուն ու երախաներուն յատկացուած էր։ Եոքոհամա հասնելէն ճիշդ մէկ օր առաջ, ուժեղ փոթորիկի մը հանդիպեցանք։ Երեւութապէս, անիկա օդը մաքրած էր, քանի որ երբ յաջորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 31–ին՝ արեւը ծագեցաւ, կրցանք Ֆուճի Լեռը տեսնել իր ամբողջ շքեղութեամբ։ Ի՜նչ հոյակապ բարի գալուստ՝ մեր նոր նշանակումին համար։

Ճափոնցիներուն Հետ Աշխատիլ

Մինչ նաւահանգիստ մօտեցանք, սեւահեր հարիւրաւոր մարդիկ տեսանք։ Երբ ժխորը մեր ականջին հասաւ, մեր մտքէն ըսինք. ‘Ի՜նչ աղմկարար ամբոխ մը’։ Ամէնքն ալ փայտէ ոտնամաններ հագած էին, որոնք տախտակէ քարափներուն վրայ կը թխկացնէին։ Եոքոհամայի մէջ գիշեր մը անցընելէ ետք, շոգեկառքը առնելով Գոպէ գացինք՝ ուր նշանակուած էինք։ Հոն՝ քանի մը շաբաթ առաջ Ճափոն ժամանած Գաղաադու դասընկեր մը՝ Տոն Հէսլէթ, միսիոնարական տուն մը վարձած էր։ Անիկա գեղեցիկ, մեծ, արեւմտեան ոճով երկյարկանի տուն մըն էր, բայց չէր կահաւորուած։

Պարտէզին երկար խոտերը կտրեցինք եւ զանոնք գետինը դնելով անկողին շինեցինք։ Այսպէս սկսաւ մեր միսիոնարական կեանքը. մեր պայուսակներուն մէջ եղածէն զատ ուրիշ ոչինչ ունէինք։ Հիպաչի կոչուող՝ փայտածուխի վառարաններ ձեռք ձգեցինք, որոնք թէ՛ տաքցնելու եւ թէ եփելու կը ծառայէին։ Գիշեր մը, Լոյտը մեր հետ բնակող միսիոնարներէն երկուքը՝ Փըրսի եւ Իլմա Իզլոփը՝ ուշակորոյս գտաւ։ Ան կրցաւ ուշքի բերել զանոնք պատուհանները բանալով, որպէսզի մաքուր ու պաղ օդ մտնէր։ Անգամ մը ես ալ ուշակորոյս եղայ, մինչ փայտածուխի վառարանին վրայ ճաշ կ’եփէի։ Կարգ մը բաներու վարժուիլը ժամանակ առաւ։

Լեզուն սորվիլը նախապատուութիւն մըն էր, եւ լման ամիս մը, օրական 11 ժամ Ճափոներէն սորվեցանք։ Անկէ ետք, ծառայութեան սկսանք, մեր հետ ունենալով մէկ կամ երկու գրաւոր նախադասութիւններ։ Ծառայութեան առաջին օրը, Միյօ Թաքակի անունով սիրուն տիկնոջ մը հանդիպեցայ, որ զիս ազնուօրէն ընդունեց։ Վերայցելութիւններու ընթացքին, Ճափոներէն–Անգլերէն բառարաններու օգնութեամբ շատ ճիգ թափեցինք, մինչեւ որ Աստուածաշունչի յարատեւող ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ 1999–ին, երբ Ճափոնի մէջ մասնաճիւղի ընդարձակուած համալիրին բացման ներկայ գտնուեցայ, դարձեալ հանդիպեցայ Միյոյին, ինչպէս նաեւ շատ մը ուրիշ սիրելիներու, որոնց հետ ուսումնասիրած էի։ Յիսուն տարի անցած է, սակայն անոնք տակաւին նախանձախնդրաբար Թագաւորութիւնը կը ծանուցանեն, Եհովայի ծառայելու համար իրենց կարելին ընելով։

1 Ապրիլ 1950–ին, շուրջ 180 հոգի Գոպէի մէջ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցաւ։ Յաջորդ առաւօտ անակնկալի եկանք, երբ 35 հոգի դաշտի ծառայութեան մասնակցելու եկան։ Իւրաքանչիւր միսիոնար այս նորեկներէն երեք կամ չորս հոգի իր հետ տարաւ ծառայութեան։ Ես Ճափոներէն քիչ գիտցող օտարական մը ըլլալուս համար, տանտէրները հետս չխօսեցան, այլ՝ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուող Ճափոնցի նորեկներուն հետ կը խօսէին, որոնք ինծի կ’ընկերակցէին։ Խօսակցութիւնները երկարեցան, բայց ես անոնց խօսածէն բան մը չէի հասկնար։ Ուրախ եմ ըսելու թէ այդ նորեկներէն ոմանք գիտութեան մէջ յառաջդիմեցին եւ կը շարունակեն քարոզել մինչեւ օրս։

Բազմաթիւ Առանձնաշնորհումներ եւ Նշանակումներ

Գոպէի մէջ մեր միսիոնարական աշխատանքը շարունակեցինք մինչեւ 1952, անկէ ետք նշանակուեցանք Թոքիօ, ուր Լոյտին վստահուեցաւ մասնաճիւղի գրասենեակին վերատեսչութիւնը։ Ժամանակի ընթացքին, իր նշանակումներուն պատճառաւ այցելեց Ճափոնի բոլոր շրջանները, նաեւ՝ այլ երկիրներ։ Հետագային, համաշխարհային կեդրոնատեղիէն Նաթան Հ. Նորը, Թոքիօ տուած իր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին ինծի ըսաւ. «Գիտե՞ս թէ որպէս գօտիի տեսուչ ամուսինդ յաջորդիւ ո՛ւր պիտի երթայ։ Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա»։ Ան աւելցուց. «Դուն ալ կրնաս իր հետ երթալ, բայց քո՛ւ հաշւոյդ»։ Շա՛տ ուրախացայ։ Ինը տարիէ օտարութեան մէջ էինք։

Անմիջապէս հաղորդակցութեան մէջ մտանք մեր ընտանիքներուն հետ։ Մայրս ինծի օգնեց որ օդանաւի տոմս մը գնեմ։ Լոյտը եւ ես մեր նշանակումներուն մէջ շատ զբաղած էինք, եւ մեր ընտանիքներուն այցելելու համար նիւթական միջոցներ չէինք ունեցած։ Հետեւաբար, ասիկա աղօթքներուս պատասխանն էր։ Դժուար չէ երեւակայել, թէ մայրս մեզ տեսնելով շատ ուրախացաւ։ Ան ըսաւ. «Ձեզի համար խնայողութիւն պիտի ընեմ, որպէսզի երեք տարի ետք դարձեալ գաք»։ Ասիկա ի մտի ունենալով իրարմէ բաժնուեցանք, սակայն դժբախտաբար, յաջորդ Յուլիսին մահացաւ։ Նոր աշխարհին մէջ ի՜նչ հոյակապ վերամիացում մը կ’ակնկալեմ։

Մինչեւ 1960, միսիոնարութիւնը միակ նշանակումս էր, սակայն, այդ տարին նամակ մը ստացայ, որ կը բացատրէր. «Այս թուականէն սկսեալ կարգադրութիւն եղած է որ ամբողջ Պէթէլի ընտանիքին լուացքը եւ արդուկը ընես»։ Այն ատեն մեր ընտանիքը մօտաւորապէս 12 հոգիներէ կը բաղկանար, ուստի միսիոնարական նշանակումիս կողքին, կրցայ այս գործն ալ ընել։

1962–ին, ճափոնական ոճով եղող մեր տունը փլեցին, եւ նոյն վայրին մէջ յաջորդ տարի վեց յարկանի Պէթէլի Տուն մը ամբողջացուցին։ Նշանակումս էր երիտասարդ եւ նորեկ Պէթէլական եղբայրներուն օգնել, որ իրենց սենեակները կոկիկ պահեն եւ իրենց առտնին գործերը կատարեն։ Սովորաբար, Ճափոնի մէջ տղաքը չէին սորված իրենց տան մէջ որեւէ բան ընել։ Աշխարհիկ ուսման կարեւորութիւն տրուած էր, եւ անոնց մայրերը ամէն բան կ’ընէին իրենց համար։ Շուտով սորվեցան թէ ես իրենց մայրը չէի։ Ժամանակի ընթացքին, անոնցմէ շատեր յառաջդիմեցին եւ կազմակերպութեան մէջ նոր ու պատասխանատու նշանակումներ ստացան։

Ամրան կիզիչ օր մը, երբ Աստուածաշունչի աշակերտուհի մը մեր Պէթէլին մէջ շրջապտոյտ կը կատարէր, տեսաւ որ բաղնիքը կը մաքրէի։ Ան ըսաւ. «Այստեղի պատասխանատուն ո՛վ որ է, հաճիս անոր ըսէ թէ, կ’ուզեմ իմ հաշւոյս սպասուհի մը բերել, որ քու տեղդ այս գործը ընէ»։ Իրեն բացատրեցի որ թէեւ իր ազնիւ գաղափարը կը գնահատէի, սակայն իմ փափաքս էր սիրայօժար կերպով ընել որեւէ բան որ Եհովայի կազմակերպութիւնը կը նշանակէր ինծի։

Այդ ժամանակներն էր որ Լոյտը եւ ես Գաղաադու 39–րդ դասարանը յաճախելու հրաւէր ստացանք։ Ի՜նչ հաճելի էր 46 տարեկանիս, դարձեալ դպրոց երթալ։ Ասիկա 1964–ին էր եւ այս դասընթացքը յատկապէս պատրաստուած էր մասնաճիւղի գրասենեակներուն մէջ ծառայողներուն օգնելու, որ իրենց պատասխանատուութիւններուն հոգ տանին։ Տասը ամսուան դասընթացքէն ետք, դարձեալ Ճափոն նշանակուեցանք։ Այդ ատեն, Ճափոնի մէջ աւելի քան 3,000 Թագաւորութեան հրատարակիչներ ունէինք։

Աճը ա՛յնքան թափ ստացաւ որ, 1972–ին, Վկաներուն թիւը 14,000–ը անցաւ, եւ Թոքիոյի հարաւը՝ Նումազուի մէջ, հինգ յարկանի մասնաճիւղի նոր գրասենեակ մը կառուցուեցաւ։ Մեր շէնքերէն, Ֆուճի Լերան շքեղ տեսարանը կը տեսնուէր։ Մեծ ու նոր թաւալուն տպագրամեքենաները սկսան Ճափոներէն լեզուով ամիսը աւելի քան մէկ միլիոն պարբերաթերթեր տպել։ Սակայն, հորիզոնին վրայ փոփոխութիւն մը կը սպասէր մեզի։

1974–ի վերջաւորութեան, Լոյտը Եհովայի Վկաներու Պրուքլինի կեդրոնատեղիէն նամակ մը ստացաւ, որ զինք կը հրաւիրէր Կառավարիչ Մարմինին մէջ ծառայելու։ Սկիզբը խորհեցայ. ‘Ասիկա մեր կեանքին դարձակէտը ըլլալու է։ Քանի որ Լոյտը երկնային յոյս ունի, իսկ ես՝ երկրային, արդէն ուշ կամ կանուխ պէտք է որ բաժնուինք։ Թերեւս Լոյտը առանց ինծի պէտք է երթայ Պրուքլին’։ Սակայն, շուտով մտածելակերպս սրբագրեցի եւ 1975–ի Մարտին, Լոյտին հետ յօժարութեամբ փոխադրուեցայ։

Օրհնութիւններ՝ Կեդրոնատեղիին Մէջ

Նոյնիսկ երբ Պրուքլին էինք, Լոյտի սիրտը Ճափոնի դաշտին մէջ էր, եւ ան միշտ կը խօսէր հոն մեր ունեցած փորձառութիւններուն մասին։ Բայց հիմա, աւելի լայննալու պատեհութիւններ կային։ Իր կեանքին վերջին 24 տարիներուն, Լոյտ ընդհանրապէս ծառայեց որպէս գօտիի տեսուչ, ճամբորդելով աշխարհի չորս կողմը։ Շատ անգամ իր շրջապտոյտներուն ընթացքին իրեն ընկերակցեցայ։

Ուրիշ երկիրներու մէջ եղող մեր Քրիստոնեայ եղբայրները այցելելը, ինծի օգնեց հասկնալու այն պայմանները որոնց ներքեւ անոնցմէ շատեր կ’ապրին ու կ’աշխատին։ Երբեք պիտի չմոռնամ Էնթէլլիային դէմքը, տասը տարեկան աղջնակ մը, որուն հանդիպեցայ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ։ Ան Աստուծոյ անունը կը սիրէր եւ քրիստոնէական ժողովներուն երթալ–գալու համար երեք ժամ կը քալէր։ Հակառակ իր ծնողքին բիրտ հալածանքին, Էնթէլլիան ինքզինք Եհովայի նուիրած էր։ Երբ իր ժողովքը այցելեցինք, միայն տկար լամբ մը կը լուսաւորէր դասախօսին նոթերը, իսկ ժողովի վայրը բոլորովին խաւարի մէջ էր։ Այդ ընդհանուր խաւարին մէջ, ի՜նչ ոգեւորիչ էր լսել եղբայրներուն ու քոյրերուն գեղեցիկ երգեցողութիւնը։

Մեր կեանքին ուշագրաւ դէպքերէն մէկը տեղի ունեցաւ 1998–ի Դեկտեմբերին, երբ Լոյտը եւ ես Քուպայի մէջ տեղի ունեցող «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» Նահանգային Համաժողովին պատուիրակներուն մաս կազմեցինք։ Պրուքլինի կեդրոնատեղիէն իրենց այցելողներուն հանդէպ այնտեղի եղբայրներուն ու քոյրերուն արտայայտած երախտագիտութիւնը եւ ուրախութիւնը տեսնելը, շա՛տ տպաւորիչ էր։ Գուրգուրանքով կը պահեմ յիշատակները այն բազմաթիւ սիրելիներուն, որոնք նախանձախնդրաբար ու բարձրաձայն Եհովան կը փառաբանեն։

Աստուծոյ Ժողովուրդին Հետ Հանգիստ կը Զգամ

Թէեւ Աւստրալիան է ծննդավայրս, սակայն, Եհովայի կազմակերպութիւնը զիս ուր որ ալ ղրկեց, հոն ապրող ժողովուրդը սիրեցի։ Այս էր պարագան երբ Ճափոնի մէջ էի, եւ հիմա որ աւելի քան 25 տարիէ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակիմ, նոյնը կը զգամ։ Երբ ամուսինս կորսնցուցի, չորոշեցի Աւստրալիա վերադառնալ, այլ՝ մնալ Պրուքլինի Պէթէլին մէջ, ուր Եհովան զիս նշանակած է։

Այժմ 80–ական տարիքիս մէջ եմ։ 61 տարի լիաժամ ծառայութեան մէջ անցընելէ ետք, տակաւին պատրաստ եմ ծառայելու ուր որ Եհովա յարմար կը տեսնէ։ Ան ի՛րապէս ինծի լաւ հոգ տարած է։ Կը գնահատեմ այն աւելի քան 57 տարիները, որոնց ընթացքին կրցայ կեանքս բաժնել Եհովան սիրող սիրելի ընկերակիցի մը հետ։ Վստահ եմ որ Եհովա պիտի շարունակէ մեզ օրհնել, եւ գիտեմ թէ ան պիտի չմոռնայ մեր գործը եւ այն սէրը որ իր անուանը համար ցուցուցինք։—Եբրայեցիս 6։10

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Տես՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1999, էջ 16 եւ 17։

[Նկար՝ էջ 25]

Մօրս հետ՝ 1956–ին

[Նկար՝ էջ 26]

Լոյտին եւ Ճափոնցի հրատարակիչներու խումբի մը հետ՝ 1950–ական թուականներու սկիզբը

[Նկարներ՝ էջ 26]

Առաջին Աստուածաշունչի աշակերտուհիիս՝ Միյօ Թաքակիի հետ, Ճափոնի մէջ, 1950–ական թուականներու սկիզբը, ապա՝ 1999–ին

[Նկար՝ էջ 28]

Լոյտին հետ Ճափոնի մէջ պարբերաթերթով վկայելու ընթացքին