Կը զգա՞ք թէ սխալ հասկցուած էք
Կը զգա՞ք թէ սխալ հասկցուած էք
ԱՆԹՈՆԻՈՆ վրդոված էր։ Յանկարծ եւ անբացատրելիօրէն իր սերտ բարեկամը՝ Լէոնարտոն՝ իրեն հետ պաղ կը վարուէր։ * Զանազան առիթներով, ան Անթոնիոյին բարեւը անտեսած էր, եւ երբ իրարու հետ ըլլային, կարծես թէ իրենց միջեւ պատ մը քաշուած ըլլար։ Անթոնիոն սկսաւ մտահոգուիլ, թէ անպայման բան մը ըրած կամ ըսած ըլլալու էր, զոր իր բարեկամը սխալ հասկցած էր։ Բայց ի՞նչ։
Թիւրիմացութիւնները սովորական են։ Անոնցմէ շատեր աննշան են եւ դիւրաւ կը պարզուին։ Իսկ ուրիշներ կրնան շատ ընդվզեցուցիչ ըլլալ, մանաւանդ, երբ սխալ տպաւորութիւնները կը յարատեւեն, զանոնք փարատելու ամէն ջանք թափելով հանդերձ։ Ինչո՞ւ թիւրիմացութիւններ տեղի կ’ունենան։ Անոնք ի՞նչպէս կ’ազդեն խնդրոյ առարկայ անհատներուն։ Ի՞նչ կրնաք ընել երբ ուրիշներ ձեր արարքը սխալ հասկնան։ Իրապէս կարեւո՞ր է թէ ուրիշներ ձեր մասին ի՛նչ կը խորհին։
Անխուսափելի Իրողութիւն մը
Քանի որ ուրիշներ մեր խորհուրդներն ու դիտաւորութիւնները չեն կրնար կարդալ, ուշ կամ կանուխ անհատ մը մեր խօսքերն ու արարքները սխալ պիտի մեկնաբանէ։ Թիւրիմացութիւններու հաւանականութիւնը մեծ է։ Երբեմն, պարզապէս կը թերանանք մեր գաղափարները պէտք եղած յստակութեամբ եւ ճշգրտութեամբ արտայայտել։ Ետեւէն եկող աղմուկ մը կամ այլ խանգարումներ կրնան պատճառ ըլլալ որ ուրիշներ չկարենան մեր ըսածին լման ուշադրութիւն ընծայել։
Որոշ կերպեր եւ վարմունքներ ալ թիւրիմացութեան դուռ կրնան բանալ։ Օրինակ, ամչկոտ անհատ մը կրնայ սխալ կերպով դատուիլ որպէս՝ պաղ, անտարբեր, կամ հպարտ։ Անհատի մը անցեալի փորձառութիւնները կրնան պատճառ ըլլալ որ ան կարգ մը պարագաներու զգացական կերպով հակազդէ, քան թէ՝ տրամաբանական։ Մշակութային եւ լեզուական տարբերութիւնները պատճառ կրնան ըլլալ որ մարդիկ զիրար չհասկնան։ Ասոր վրայ աւելցուցէք անճշգրիտ տեղեկութիւնները եւ բամբասանքը, եւ բնաւ պիտի չզարմանանք որ երբեմն, խօսքի մը կամ արարքի մը տարբեր իմաստներ կրնան վերագրուիլ։ Անշուշտ, այս բոլորը շատ չեն հանգստացներ այն անհատները, որոնք կը զգան թէ իրենց միտումները սխալ մեկնաբանուած են։
Օրինակի համար, Աննան բարեկամուհիի մը
ունեցած ժողովրդականութեան մասին անմեղ խօսք մը ըսած էր անոր բացակայութեան։ Այդ խօսքը իր բովանդակութենէն դուրս բերուած ու տարածուած էր, ուստի, Աննան անակնկալի եկաւ ու շուարած մնաց, երբ այդ բարեկամուհին ուրիշներու դիմաց զայրոյթով զինք ամբաստանեց թէ կը նախանձէր իրեն, քանի որ ինք երիտասարդի մը ուշադրութեան արժանացած էր։ Աննային խօսքը բոլորովին սխալ մեկնաբանուած էր, եւ ան ի զուր փորձեց իր բարեկամուհիին բացատրել թէ ինք չէր ուզած վնաս հասցնել։ Այս կացութիւնը շատ վիշտ պատճառեց, եւ երկար ժամանակ անցաւ մինչեւ որ Աննան կրցաւ եղած թիւրիմացութիւնը բոլորովին պարզել։Ձեզի հանդէպ ուրիշներու ունեցած գնահատութիւնը յաճախ ձեր դիտաւորութիւնները հասկնալէն կախեալ է։ Ուստի, բնական է որ գէշ զգաք, երբ ուրիշներ ձեր շարժառիթները սխալ մեկնաբանեն։ Թերեւս բարկանաք, խորհելով թէ պատճառ չկայ որ ուրիշներ ձեզ սխալ հասկնան։ Ձեզի համար՝ այսպիսի գնահատումներ, նախապաշարուած, քննադատական կամ բոլորովին սխալ են, եւ կրնան խորապէս վիրաւորել, մանաւանդ՝ երբ այդ անիրաւ արժեւորումները ընողներուն կարծիքը մեծապէս կը հետաքրքրէ ձեզ։
Թէեւ ձեզ դատելու մարդոց կերպը կրնայ ձեզ նեղացնել, բայց եւ այնպէս ուրիշներու կարծիքը յարգելը պատշաճ է։ Ուրիշներու խորհածը անտեսելը քրիստոնէավայել չէ, եւ երբեք պիտի չուզէինք մեր խօսքերով կամ արարքներով ուրիշներու վրայ բացասական ազդեցութիւն մը ունենալ։ (Մատթէոս 7։12. Ա. Կորնթացիս 8։12) Ուստի, երբեմն պէտք է ջանք թափէք, որպէսզի ձեր մասին անհատի մը ունեցած սխալ կարծիքը սրբագրուի։ Սակայն, ընդունելի ըլլալու չափազանց մտահոգութիւն մը կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ, արժանապատուութեան կորուստի կամ մերժուելու զգացումի առաջնորդելով։ Ի վերջոյ, ձեր իսկական արժէքը ուրիշներու կարծիքէն կախեալ չէ։
Միւս կողմէ, կրնաք նկատել թէ ձեր մասին եղած քննադատութիւնը անհիմն չէ։ Ասիկա ալ կրնայ նեղացնել, սակայն եթէ յօժարակամութեամբ եւ անկեղծութեամբ ձեր անկատարութիւնները ընդունիք, այսպիսի փորձառութիւններ կրնան օգտակար ըլլալ, ձեզ մղելով հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելու։
Բացասական Հետեւանքներ
Թիւրիմացութիւնները լուրջ հետեւանքներ կրնան ունենալ կամ չունենալ։ Օրինակ, երբ ճաշարանի մը մէջ բարձրաձայն խօսող մարդ մը տեսնէք, կրնաք եզրակացնել թէ կա՛մ շատ համարձակ եւ կամ ցուցամոլ անհատ մըն է։ Թերեւս կը սխալիք։ Կրնայ ըլլալ որ այն անհատը որու հետ կը խօսի, լսելու դժուարութիւն ունի։ Կամ թերեւս եզրակացնէք թէ վաճառատան մը պաշտօնեան անախորժ անհատ մըն է, մինչդեռ կրնայ ըլլալ որ ան անհանգիստ կը զգայ։ Թէեւ այսպիսի թիւրիմացութիւններ բացասական տպաւորութիւններ կը ձգեն, սակայն, հաւանաբար անոնք լուրջ կամ մնայուն հետեւանքներ չունենան։ Սակայն, երբեմն թիւրիմացութիւնները կրնան աղիտալի ըլլալ։ Նկատի առէք վաղեմի Իսրայէլի պատմութենէն առնուած երկու դրուագներ։
Երբ Ամմոնի թագաւորը՝ Նաաս մեռաւ, Դաւիթ պատգամաւորներ ղրկեց անոր որդին՝ Անոնը մխիթարելու համար, որ իր հօրը տեղ սկսած էր թագաւորել։ Սակայն, պատգամաւորներուն այցելութիւնը սխալ մեկնաբանուեցաւ որպէս Ամմոնի հողամասը լրտեսելու թշնամական քայլ մը, մղելով որ Անոն նախ պատգամաւորները անարգէ, ապա Իսրայէլի դէմ պատերազմի։ Առ ի հետեւանք, առնուազն 47,000 հոգիներ սպաննուեցան. այս բոլորը՝ լաւ դիտաւորութիւններու թիւրիմացութեան պատճառաւ։—Ա. Մնացորդաց 19։1-19
Իսրայէլի պատմութեան սկիզբի շրջանին, Յեսուայ 22։10-34
ուրիշ թիւրիմացութիւն մը շատ տարբեր կերպով լուծուեցաւ։ Ռուբէնեանները, Գադեանները եւ Մանասէի կէս ցեղը Յորդանան Գետին մօտ ուշագրաւ զոհասեղան մը շինեցին։ Իսրայէլի մնացեալ ցեղերը ասիկա անհաւատարմութեան արարք, Եհովայի դէմ ապստամբութիւն նկատեցին։ Ուստի, անոնք հաւաքուեցան, որպէսզի պատերազմի երթան։ Սակայն, լուրջ քայլ մը չառած, պատգամաւորներ ղրկեցին, այս բացայայտ անհաւատարմութեան արարքին հանդէպ իրենց զայրոյթը արտայայտելու համար։ Լաւ որ այսպէս վարուեցան, քանի որ զոհասեղանը շինողները պատասխանեցին թէ մաքուր պաշտամունքէն հեռանալու ո՛չ մէկ միտում ունէին։ Ընդհակառակը, զոհասեղանը Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատարմութեան որպէս վկայութիւն պիտի ծառայէր։ Այս թիւրիմացութիւնը արիւնահեղութեան պատճառ կրնար ըլլալ, սակայն, իմաստութիւնը այս ծանր հետեւանքին արգելք հանդիսացաւ։—Հարցերը Յստակացուցէք Սիրոյ Հոգիով
Այս դրուագները համեմատելով բան մը կը սորվինք։ Բացայայտօրէն, հարցը պարզելը իմաստուն բանն է։ Ո՛վ գիտէ քանի՜ հոգիներ խնայուեցան վերոյիշեալ երկրորդ միջադէպին մէջ, պարզապէս անոր համար որ երկու կողմերը խօսակցեցան։ Շատ մը պարագաներուն, եթէ անհատի մը իսկական միտումները չհասկնաք կեանքեր պիտի չվտանգուին, սակայն բարեկամութիւններ՝ կրնա՛ն վտանգուիլ։ Ուստի եթէ զգաք թէ մէկը ձեզի հետ անպատշաճօրէն վարուած է, վստա՞հ էք որ հարցերը շիտակ կերպով հասկցած էք, թէ ոչ զանոնք սխալ կը մեկնաբանէք։ Ի՞նչ էին միւս անհատին շարժառիթները։ Հարցուցէ՛ք իրեն։ Կը զգա՞ք թէ սխալ հասկցուած էք։ Այս մասին խօսեցէ՛ք։ Թոյլ մի՛ տաք որ հպարտութիւնը արգելք հանդիսանայ։
Յիսուս թիւրիմացութիւնները լուծելու համար հոյակապ դրդապատճառ մը տուաւ. «Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես»։ (Մատթէոս 5։23, 24) Ուստի պատշաճ քայլն է անհատին առանձին մօտենալ, առանց ուրիշները հարցին մէջ խառնելու։ Հարցը պիտի բարդանայ եթէ ձեզ վիրաւորողը ձեր գանգատը նախ ուրիշէ մը լսէ։ (Առակաց 17։9) Ձեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ սիրոյ հոգիով խաղաղութիւն ընել։ Յստակ, պարզ եւ ոչ–մեղադրական խօսքերով խնդիրը հանդարտօրէն պարզեցէք։ Բացատրեցէք թէ այս կացութիւնը ձեզի ի՛նչպէս կ’ազդէ։ Ապա առարկայականօրէն դիմացինին տեսակէտը մտիկ ըրէք։ Շուտով սխալ շարժառիթներ մի՛ վերագրէք։ Մտածեցէք թէ թերեւս հարցը ձեր կարծածին պէս չէ։ Մի՛ մոռնաք՝ սէրը «ամէն բանի կը հաւատայ»։—Ա. Կորնթացիս 13։7
Անշուշտ, նոյնիսկ երբ թիւրիմացութիւններ պարզուին, թերեւս տակաւին վիրաւորուած զգացումները կամ բացասական հետեւանքները տեւեն։ Ի՞նչ կարելի է ընել։ Երբ հարկ ըլլայ, անկեղծօրէն ներողամտութիւն խնդրելը, եւ հարցերը լուծելու համար տրամաբանական այլ քայլեր առնելը՝ տեղին է։ Այս բոլոր պարագաներուն, վիրաւորուած անհատը լաւ կ’ընէ հետեւեալ ներշնչուած խրատին հետեւելով. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։—Կողոսացիս 3։13, 14. Ա. Պետրոս 4։8
Այնքան ատեն որ անկատար ենք, թիւրիմացութիւններ եւ վիրաւորանքներ պիտի ըլլան։ Ոեւէ անհատ կրնայ սխալ մը գործել կամ այնպիսի կերպով մը խօսիլ որ անփափկանկատ կամ անազնիւ կրնայ թուիլ։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել»։ (Յակոբու 3։2) Քանի որ Եհովա Աստուած ասկէ լաւ տեղեակ է, ան մեզի հետեւեալ հրահանգները հայթայթած է. «Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի։ Արդ քու սիրտդ ամէն խօսուած խօսքերուն մի՛ տար, որպէս զի քու ծառայիդ անէծք տալը չլսես. վասն զի քու սիրտդ գիտէ թէ դուն ալ շատ անգամ ուրիշներուն անէծք տուած ես»։—Ժողովողի 7։9, 21, 22
«Տէրը Սրտերը կը Կշռէ»
Ի՞նչ ընել երբ ձեր մասին անհատի մը ունեցած սխալ տպաւորութիւնը սրբագրելը անկարելի ըլլայ։ Մի՛ յուսահատիք։ Կարելի եղածին չափ շարունակեցէք քրիստոնէական յատկութիւններ մշակել եւ ցուցաբերել։ Եհովայէ խնդրեցէք որ ձեր տկար կողմերը բարելաւելու օգնէ ձեզի։ Ի վերջոյ, ուրիշներ չեն որ կ’որոշեն ձեր իսկական արժէքը։ Միայն Եհովա կրնայ ‘սրտերը [ճշգրտօրէն] կշռել’։ (Առակաց 21։2) Մարդիկ նոյնիսկ Յիսուսի արժէք չտուին եւ զինք արհամարհեցին, սակայն ասիկա իրեն հանդէպ Եհովայի տեսակէտին չազդեց։ (Եսայեայ 53։3) Թէեւ ոմանք կրնան ձեզ սխալ դատել, բայց կրնաք Եհովայի ‘առջեւ սրտերնիդ բանալ’, վստահ ըլլալով թէ ան կը հասկնայ, «որովհետեւ Աստուած մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ (Սաղմոս 62։8. Ա. Թագաւորաց 16։7) Եթէ շիտակը ընելու մէջ յարատեւէք, ձեր մասին սխալ տպաւորութիւն ունեցողները ժամանակի ընթացքին կրնան իրենց սխալին անդրադառնալ եւ իրենց կարծիքը փոխել։—Գաղատացիս 6։9. Բ. Տիմոթէոս 2։15
Կը յիշէք յօդուածին սկիզբը յիշուած Անթոնիոն։ Ան քաջութիւն հաւաքեց սուրբ գրային խրատին հետեւելու համար, եւ իր բարեկամին՝ Լէոնարտոյին հետ խօսեցաւ, իրեն հարցնելով թէ ի՛նչ ըրած էր որ իրմէ նեղացած էր։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Լէոնարտոն երկինքէն ինկածի պէս եղաւ։ Ան ըսաւ թէ Անթոնիոն զինք ոչ մէկ կերպով նեղացուցած էր, եւ զինք վստահեցուց որ բնաւ իրեն հանդէպ տարբեր վերաբերմունք մը ունեցած չէր։ Եթէ պաղ երեւցած էր, թերեւս պարզապէս մտազբաղ էր։ Լէոնարտոն ներողութիւն խնդրեց անգիտակցաբար իր ընկերոջ զգացումները վիրաւորած ըլլալուն համար, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց որ ան այս հարցը իր ուշադրութեան յանձնեց։ Ան աւելցուց թէ ապագային աւելի զգոյշ պիտի ըլլար, որպէսզի ուրիշներուն ալ նոյն տպաւորութիւնը չտար։ Լարուածութիւնը անհետացաւ եւ երկու բարեկամները աւելի մտերիմ եղան։
Սխալ հասկցուելու զգացումը երբեք հաճելի չէ։ Սակայն, երբ հարցը լուծելու համար կարելի եղած բոլոր քայլերը առնէք եւ սիրելու ու ներելու սուրբ գրային սկզբունքները կիրարկէք, շատ հաւանական է որ դուք ալ նոյն լաւ արդիւնքները ձեռք ձգէք։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 2 Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։
[Նկարներ՝ էջ 23]
Սիրոյ եւ ներողամտութեան հոգիով հարցերը պարզելը, ուրախ հետեւանքներ կրնայ ունենալ