Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հնազանդութիւն. մանկութեան շրջանին սորվելիք կարեւոր դա՞ս մը

Հնազանդութիւն. մանկութեան շրջանին սորվելիք կարեւոր դա՞ս մը

Հնազանդութիւն. մանկութեան շրջանին սորվելիք կարեւոր դա՞ս մը

«ԾՆՈՂՆԵՐ՝ Չափահասներ կ’Ուզեն ու Ո՛չ թէ՝ Հնազանդող Երախաներ»։ Այսպէս կ’ըսէր օրաթերթի մը խորագիրը։ Այս պզտիկ տեղեկագրութիւնը հիմնուած էր Նոր Զելանտայի մէջ կատարուած փորձագիտանքի մը արդիւնքներուն վրայ, որ ի յայտ բերաւ թէ «պատասխանողներուն միա՛յն 22 առ հարիւրը կը խորհէր թէ երախաները տան մէջ հնազանդութիւն պէտք է սորվին»։ Փորձագիտանքը նաեւ ի յայտ բերաւ թէ ներկայիս ծնողներ կը հաւատան թէ շա՛տ աւելի կարեւոր է զաւակներուն քաղաքավարութեան, անկախութեան, եւ պատասխանատուութեան նման բաներ սորվեցնել։

Անհատապաշտութեան եւ անձնական շահու այս դարուն, զարմանալի չէ որ մարդոցմէ շատեր հնազանդութեան ու զայն զաւակներուն սորվեցնելու նկատմամբ բացասական տեսակէտ մը ունին։ Սակայն, մանկական հնազանդութիւնը հնամենի ու ժամանակավրէպ բա՞ն մը պէտք է նկատուի։ Թէ ոչ անիկա այն կարեւոր դասերէն մէկն է, զոր երախաները կրնան սորվիլ եւ անկէ օգտուիլ։ Աւելի կարեւորը, ընտանեկան կարգադրութեան Ծագում Տուողը՝ Եհովա Աստուած ի՞նչպէս կը նկատէ ծնողներու հանդէպ հնազանդութիւնը, եւ ի՛նչ են այսպիսի հնազանդութեան օգուտները։—Գործք 17։28. Եփեսացիս 3։14, 15

«Ա՛յդ Է Շիտակը»

Առաջին դարուն Եփեսոսի մէջ գտնուող քրիստոնէական ժողովքին գրելով, Պօղոս ըսաւ. «Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազանդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը»։ (Եփեսացիս 6։1, Անթիլիաս) Հետեւաբար, այսպիսի հնազանդութեան գլխաւոր պատճառը այն է, թէ անիկա շիտակի նկատմամբ աստուածային չափանիշներուն հետ ներդաշնակ է։ Ինչպէս Պօղոս ըսաւ, «ա՛յդ է շիտակը»։

Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, կը նկատենք թէ Աստուծոյ Խօսքը ծնողական սիրալիր կրթութիւնը կը նկարագրէ որպէս գեղեցիկ զարդ մը՝ «գլխուդ՝ շնորհաց պսակ եւ քու պարանոցիդ մանեակներ», եւ որպէս «Տէրոջը առջեւ հաճելի» եղող բան մը։ (Առակաց 1։8, 9. Կողոսացիս 3։20) Ասոր ճի՛շդ հակառակը, ծնողներու անհնազանդութիւնը աստուածային տհաճութեան կ’արժանացնէ։—Հռովմայեցիս 1։30, 32

«Որպէս զի Քեզի Աղէկ Ըլլայ»

Պօղոս հնազանդութեան ուրիշ մէկ արժանիքին ակնարկեց, երբ գրեց. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով,) որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ»։ (Եփեսացիս 6։2, 3. Ելից 20։12) Ծնողներու հնազանդ ըլլալը ի՞նչ կերպերով կրնայ անհատին աղէկ ըլլալ։

Նախ եւ առաջ, ճիշդ չէ՞ թէ ծնողներ տարիքի եւ փորձառութեան առաւելութիւնը ունին։ Թէեւ կրնայ թուիլ թէ անոնք համակարգիչի կամ դպրոցին մէջ ուսուցուած բաներու մասին շատ բան չեն գիտեր, սակայն, կեանքի եւ անոր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու մասին իրապէս շա՛տ բան գիտեն։ Միւս կողմէ, դեռատիները չունին այդ հաւասարակշռուած մտածելակերպը որ հասունութեամբ ձեռք կը ձգուի։ Հետեւաբար, անոնք հակումը ունին հապճեպով որոշումներ տալու, յաճախ տեղի տալով ի վնաս իրենց եղող շրջապատի վնասակար ճնշումին։ Իրապաշտօրէն, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է»։ Ի՞նչ է ճարը։ «Խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ»։—Առակաց 22։15

Հնազանդութեան օգուտները ծնողք–զաւկի յարաբերութենէն շատ անդին կ’երթան։ Որպէսզի մարդկային ընկերութիւնը դիւրասահ եւ արդիւնաբեր կերպով ընթանայ, համագործակցութեան կարիքը կայ, որ իր կարգին որոշ չափով հնազանդութիւն կը պահանջէ։ Օրինակ, ամուսնութեան մէջ, փոխանակ պահանջկոտ եւ ուրիշներու իրաւունքներուն եւ զգացումներուն հանդէպ անզգայ ըլլալու, ենթարկուելու յօժարակամութիւնն է որ խաղաղութեան, ներդաշնակութեան եւ ուրախութեան կ’առաջնորդէ։ Աշխատավայրին մէջ, որեւէ գործ կամ ծրագիր յաջողելու համար, գործաւորին հպատակութիւնը անհրաժեշտ բան մըն է։ Կառավարական օրէնքներուն ու կանոններուն հնազանդիլը ո՛չ միայն անհատը պատիժէ զերծ կ’ընէ, այլեւ որոշ տարողութեամբ՝ ապահովութիւն եւ պաշտպանութիւն կու տայ։—Հռովմայեցիս 13։1-7. Եփեսացիս 5։21-25. 6։5-8

Հեղինակութեան չհնազանդող դեռատիներ, յաճախ ընկերութեան մէջ անփափաքելի անհատներ կը դառնան։ Միւս կողմէ, մանկութեան շրջանին ուսուցուած հնազանդութեան դասը կրնայ անհատին ամբողջ կեանքի տեւողութեան վարձահատոյց ըլլալ։ Այս դասը մանկութեան շրջանին սորվիլը ի՜նչ առաւելութիւն մըն է։

Հնազանդութեան Հոյակապ Վարձատրութիւնը

Հնազանդութիւնը ո՛չ միայն ընտանեկան ուրախ յարաբերութիւններ ու այլ կենսատեւ օգուտներ յառաջ կը բերէ, այլեւ կը հայթայթէ այն հիմը, որու վրայ կրնայ կառուցուիլ ամենէն կենսական յարաբերութիւնը՝ անհատին եւ իր Ստեղծիչին միջեւ եղած յարաբերութիւնը։ Որպէս «Մեծ Ստեղծիչ»ը որու քով է «կեանքի աղբիւրը», Եհովա Աստուած իրաւացիօրէն մեր կատարեալ հնազանդութեան արժանի է։—Ժողովողի 12։1, ՆԱ. Սաղմոս 36։9

Աստուածաշունչին մէջ «հնազանդիլ» բառը իր տարբեր ձեւերով բազմաթիւ անգամներ կ’անցնի։ Ասկէ զատ, հարիւրաւոր անգամ ակնարկում եղած է Աստուծոյ օրէնքներուն, հրամաններուն, պատուիրաններուն, դատաստաններուն եւ կանոններուն, որոնք բոլորն ալ հնազանդութիւն կը պահանջեն։ Մեզի համար բացայայտ է թէ Աստուած հնազանդութիւնը պահանջ մը կը նկատէ, իր հաճութիւնը տալու համար։ Այո՛, Եհովայի հետ յարաբերութիւն մը կերտելու համար, հնազանդութիւնը անհրաժեշտ ազդակ մըն է։ (Ա. Թագաւորաց 15։22) Դժբախտաբար, մարդուն բնածին հակումը հնազանդութիւն չէ, այլ՝ անհնազանդութիւն։ «Մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ծննդոց 8։21) Հետեւաբար, հնազանդութեան դասը պէտք է ուսուցուի, ո՛չ միայն մանկութեան շրջանին, այլեւ ամբողջ կեանքի տեւողութեան։ Ասիկա մեծապէս վարձահատոյց է։

Յիշեցէք թէ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըսաւ, ծնողներու հնազանդ ըլլալու պատուէրը կրկնակի խոստում մը կը պարփակէ, որ է՝ «որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ»։ Այս խոստումին մէկ հաստատումը կը գտնուի Առակաց 3։1, 2–ին մէջ. «Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ. վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն»։ Հնազանդ եղողներուն հոյակապ վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ՝ Եհովայի հետ անձնական յարաբերութիւն մը հիմա՛, եւ խաղաղ նոր աշխարհի մը մէջ՝ յաւիտենական կեանք։—Յայտնութիւն 21։3, 4

[Նկարներ՝ էջ 30, 31]

Հնազանդութիւնը՝ ընտանիքին մէջ, աշխատավայրին մէջ եւ Եհովայի հետ, ուրախ յարաբերութիւններ կը բերէ