Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հնդկաստան. «Միութիւն՝ այլազանութեան մէջ»

Հնդկաստան. «Միութիւն՝ այլազանութեան մէջ»

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Հնդկաստան. «Միութիւն՝ այլազանութեան մէջ»

«ՄԻՈՒԹԻՒՆ՝ Այլազանութեան Մէջ» խօսքը ժողովրդական նշանաբան մըն է, որ կը գործածուի նկարագրելու համար Հնդկաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող ազգային միաձուլումը։ Մշակոյթի, լեզուի, կրօնքի, ազգատոհմային ծագումներու, հագուստի եւ ուտելիքի մեծ այլազանութեամբ բնորոշուած այս ընդարձակ երկրին մէջ, միութիւն իրագործելը դիւրին գործ մը չէ։ Սակայն, այսպիսի միութիւն մը կը տեսնուի Հնդկաստանի Եհովայի Վկաներու վարչական գրասենեակին մէջ, հակառակ անոր որ հոն ապրող ու աշխատող կամաւորները եկած են բազմաթիւ նահանգներէ ու միութենական հողամասերէ եւ քանի մը լեզուներ կը խօսին։

• Ծանօթանանք Հնդկաստանի ծայրագոյն հիւսիս–արեւմուտքէն, Փունճապէն երիտասարդուհիի մը՝ Ռաժրանիի հետ։ Երբ Ռաժրանին դպրոց կը յաճախէր, իր դասընկերուհիներէն մէկը սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Այս աղջնակը փորձեց Աստուածաշունչին հանդէպ Ռաժրանիի հետաքրքրութիւնը արթնցնել։ Քանի որ այս դասընկերուհին լաւ Անգլերէն չէր գիտեր եւ Դիտարան–ը Փունճապի լեզուով մատչելի չէր այն ժամանակ, ան Ռաժրանիէն խնդրեց որ պարբերաթերթին բովանդակութիւնը թարգմանելու մէջ իրեն օգնէ։ Դիտարան–էն կարդացած բաները սկսան Ռաժրանիի վրայ այնքան խոր ազդեցութիւն ունենալ, որ ի հեճուկս իր ծնողքին հակառակութեան, ան յառաջդիմեց եւ իր կեանքը Եհովա Աստուծոյ նուիրելու քայլը առաւ։ Ներկայիս ան կը ծառայէ Հնդկաստանի Պէթէլին մէջ, եւ կ’ընէ այն նոյն բանը՝ որ իր աչքը բացաւ ճշմարտութեան նկատմամբ։ Ան քրիստոնէական գրականութիւնները Փունճապերէնի կը թարգմանէ։

• Նկատի առէք Պիժոն՝ որ Հնդկաստանի ուրիշ մէկ մասէն՝ հարաւ–արեւմտեան Գերալա նահանգէն է։ Պիժոն երկրորդական վարժարանէն վռնտուած էր, ազգայնական արարողութիւններու ընթացքին չէզոք դիրք մը բռնելուն համար։ Երկարատեւ դատ մը, մաքուր պաշտամունքին ի նպաստ պատմական յաղթանակով մը վերջ գտնելէ ետք, Պիժոն դպրոց վերադարձաւ։ * Ան նաեւ քոլէճ յաճախեց։ Սակայն, հոն եղած անբարոյ մթնոլորտը իր խղճմտանքը անհանգստացուց, հետեւաբար, ան կրթական տարուան առաջին շրջանէն իսկ դպրոցը ձգեց։ Ներկայիս, տասը տարի Պէթէլի մէջ անցընելէ ետք, ան կը զգայ թէ Պէթէլի այլազան, սակայն միացած ընտանիքին մէկ անդամը ըլլալով շա՛տ աւելի օգտուած է, քան ինչ որ պիտի օգտուէր եթէ բարձր ուսում հետապնդած ըլլար։

• Նորման եւ Լիլին 70 տարեկանէն վեր են եւ տարիներէ ի վեր որբեւարի են։ Իւրաքանչիւրը ամբողջացուցած է աւելի քան 40 տարուան լիաժամ ծառայութիւն մը։ Լիլին շուրջ 20 տարիէ մասնաճիւղին մէջ կ’աշխատի որպէս Թամուլերէն լեզուի թարգմանիչ։ Նորման Պէթէլ եկաւ 13 տարի առաջ, իր ամուսնոյն մահէն ետք։ Ժրաջան ու խղճամիտ աշխատանքի հոյակապ օրինակներ ըլլալու կողքին, անոնք Պէթէլի բոլոր ընտանիքին վրայ միացնող ազդեցութիւն մը ունին։ Անոնք կը սիրեն այցելուները հիւրասիրել, եւ հաճոյք կ’առնեն ընտանիքին երիտասարդ անդամներուն ընկերակցութենէն, անոնց հետ բաժնելով քրիստոնէական կենցաղի երկար տարիներու ուրախութիւնները։ Իսկ երիտասարդները ասիկա կը փոխադարձեն, զանոնք իրենց սենեակը հրաւիրելով ընկերակցութեան համար եւ անոնց օգնութեան ձեռք մը տալով երբ հարկ ըլլայ։ Արդարեւ հոյակապ տիպարներ։

Յաղթահարած ըլլալով այն տարբերութիւնները, որոնք շատ մը վայրերու մէջ կռիւ եւ աններդաշնակութիւն կը պատճառեն, այս կամաւորները որպէս Հնդկաստանի Պէթէլի միացեալ ընտանիքին անդամները, ուրախութեամբ միասնաբար կը գործեն, ուրիշներու ծառայելու համար։—Սաղմոս 133։1

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Տես՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1987, էջ 21 (Անգլերէն)։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 8]

Background։ Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.