Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը կը զօրանայ

Ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը կը զօրանայ

Ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը կը զօրանայ

«Այսպէս Տէրոջը խօսքը մեծապէս կ’աճէր եւ կը զօրանար»։—ԳՈՐԾՔ 19։20

1. Առաջին դարուն Քրիստոնէութեան աճը նկարագրեցէք։

ՍՈՒՐԲ հոգիին զօրութեամբ բոցավառուած, նախկին Քրիստոնեաները անմար եռանդով Աստուծոյ խօսքը ծանուցանեցին։ Պատմաբան մը գրեց. «Քրիստոնէութիւնը արտակարգ արագութեամբ տարածուեցաւ Հռովմէական աշխարհի տարածքին։ Հաւանաբար, 100 թուականին, Միջերկրականի շուրջը գտնուող ամէն նահանգ իր մէջ քրիստոնէական համայնք մը ունէր»։

2. Սատանան ի՞նչպէս փորձեց հակադարձել բարի լուրին, եւ ասիկա ի՛նչպէս նախագուշակուած էր։

2 Բանսարկու Սատանան չէր կրնար նախկին Քրիստոնեաներուն աճը կասեցնել։ Փոխարէն, ան բարի լուրի ազդեցութեան հակադարձեց, գործածելով ուրիշ միջոց մը՝ հաւատուրացութիւնը։ Յիսուս այս իրադարձութիւնը նախագուշակած էր ցորենի ու որոմի իր առակին մէջ։ (Մատթէոս 13։24-30, 36-43) Պետրոս առաքեալ ալ ազդարարած էր թէ ժողովքին մէջ սուտ ուսուցիչներ պիտի ելլէին, որոնք կորստաբեր աղանդներ պիտի մտցնէին։ (Բ. Պետրոս 2։1-3) Նոյնպէս, Պօղոս առաքեալ յատկապէս զգուշացուցած էր թէ Եհովայի օրուան պիտի կանխէր հաւատուրացութիւնը։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։1-3

3. Առաքեալներուն մահէն ետք ի՞նչ պատահեցաւ։

3 Առաքեալներուն մահէն ետք, հեթանոսական ուսուցումներ եւ փիլիսոփայութիւններ բարի լուրը շուքի մէջ ձգեցին։ Ինչպէս նախագուշակուած էր, սուտ ուսուցիչներ ճշմարտութեան մաքուր պատգամը խեղաթիւրեցին եւ ապականեցին։ Աստիճանաբար, ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը շուքի մէջ մնաց Քրիստոնեայ Աշխարհ կոչուած կեղծիքով։ Կղեր դասակարգ մը յառաջ եկաւ, որ ջանաց Աստուածաշունչը հասարակ ժողովուրդին անմատչելի դարձնել։ Թէեւ Քրիստոնէութիւն դաւանողներուն թիւը աւելցաւ, սակայն, անոնց պաշտամունքը մաքուր չէր։ Քրիստոնեայ Աշխարհը աշխարհագրականօրէն ծաւալեցաւ, եւ Արեւմտեան մշակոյթին մէջ հեղինակաւոր հաստատութիւն մը ու տիրական ոյժ մը դարձաւ, սակայն անիկա ո՛չ Աստուծոյ օրհնութիւնը ունէր, ոչ ալ՝ իր հոգին։

4. Աստուծոյ նպատակը ի դերեւ հանելու Սատանայի ծրագիրը ինչո՞ւ չյաջողեցաւ։

4 Սակայն, Եհովայի նպատակը ի դերեւ հանելու Սատանայի ծրագիրը ձախողութեան մատնուեցաւ։ Հաւատուրացութեան նոյնիսկ ամենէն խաւար օրերուն, ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը տակաւին կենդանի էր ոմանց մէջ։ Աստուածաշունչը ընդօրինակող անհատներ, ասիկա ճշգրտօրէն ընելու համար տքնաջան աշխատեցան։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչը ինքնին անեղծ մնաց, թէեւ անոր պատգամը աղաւաղուեցաւ զայն սորվեցնելու հեղինակութիւնը ունենալ դաւանողներէն շատերու կողմէ։ Դարերու ընթացքին, Յերոնիմոսի եւ Թինտէյլի նման ուսումնականներ, քաջաբար Աստուծոյ Խօսքը թարգմանեցին եւ բաշխեցին։ Միլիոնաւոր մարդիկ շփման մէջ եկան Աստուածաշունչին հետ, նաեւ Քրիստոնէութեան մէկ ձեւին հետ, որ կեղծ էր։

5. «Ճշմարիտ գիտութեան» մասին Դանիէլ մարգարէն ի՞նչ նախագուշակեց։

5 Ի վերջոյ, ինչպէս Դանիէլի գրքին մէջ նախագուշակուած էր՝ ‘ճշմարիտ գիտութիւնը շատցաւ’։ Ասիկա «վերջին ժամանակ»ին տեղի ունեցաւ, այսինքն՝ մե՛ր ապրած ժամանակին։ (Դանիէլ 12։4, ՆԱ) Սուրբ հոգին համայն աշխարհի ճշմարտութիւն սիրողները առաջնորդած է, որպէսզի ճշմարիտ Աստուծոյ եւ իր նպատակին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգեն։ Նոյնիսկ դարերէ ի վեր հաւատուրաց ուսուցումներէ ետք, Աստուծոյ խօսքը յաղթակա՛ն է։ Ներկայիս, բարի լուրը ամէնուրեք կը ծանուցանուի, մարդոց ցոյց տալով ուրախ նոր աշխարհի մը յոյսը։ (Սաղմոս 37։11) Այժմ քննենք Աստուծոյ խօսքին այս ներկայ աճը։

Խօսքին Աճը՝ Ներկայիս

6. Մինչեւ 1914, Աստուածաշունչի Աշակերտները ո՞ր ճշմարտութիւնները հասկցած էին։

6 ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, ներկայիս որպէս Եհովայի Վկաներ ճանչցուած Աստուածաշունչի Աշակերտներու փոքր խումբը, Աստուածաշունչի ճշմարտութեամբ ոգեւորուեցաւ։ Մինչեւ 1914, Աստուածաշունչը անոնց համար կենդանի դարձած էր։ Անոնք Աստուծոյ նպատակին առնչութեամբ հոյակապ ճշմարտութիւններ հասկցած էին։ Եհովայի սէրը խորապէս յուզած էր զիրենք, որ Իր Որդին երկիր ղրկելով յաւիտենական կեանքի ճամբան բացած էր։ Անոնք նաեւ ճանչցած եւ գնահատած էին Աստուծոյ անունն ու անձնաւորութիւնը։ Ասկէ զատ, անոնք հասկցած էին թէ «ազգերուն ժամանակները» արդէն լրացած էին, նշելով թէ ժամանակը մօտեցած էր որ Աստուծոյ թագաւորական կառավարութիւնը մարդկութեան համար օրհնութիւններ բերէր։ (Ղուկաս 21։24) Ի՜նչ փառաւոր բարի լուր։ Այս զօրաւոր ճշմարտութիւնները պէտք էր բաժնուէին ամենուն եւ ամէնուրեք։ Կեանքեր վտանգի տակ էին։

7. Արդի ժամանակներուն, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ի՞նչպէս յաղթած է։

7 Եհովա օրհնեց հոգիէն օծուած այդ ափ մը Քրիստոնեաները։ Ներկայիս, ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը ողջունողներուն թիւը վեց միլիոնը անցած է։ Աստուծոյ խօսքը աշխարհագրականօրէն ալ տարածուած է, քանի որ Եհովայի Վկաները կը գտնուին 235 երկիրներու մէջ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը զօրութիւն բանեցուցած է, յաղթահարելով կրօնական եւ այլ բոլոր խոչընդոտները։ Այս երկրածաւալ քարոզչութեան գործունէութիւնը յաւելեալ անհերքելի ապացոյց մըն է, թէ Յիսուս թագաւորական զօրութեամբ ներկայ է։—Մատթէոս 24։3, 14

8. Ոմանք ի՞նչ ըսած են Եհովայի Վկաներու աճման մասին։

8 Ճիշդ ինչպէս որ պատմաբանները առաջին դարու Քրիստոնէութեան ապշեցուցիչ աճին մասին դիտողութիւններ ըրին, ներկայիս ալ բազմաթիւ ուսումնականներ արդի ժամանակներուն Եհովայի ժողովուրդին աճին մասին խօսած են։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, երկու ուսումնականներ միասնաբար գրեցին. «Վերջին 75 տարիներու ընթացքին, Եհովայի Վկաները աճման արտակարգ համեմատութիւն մը պահած են, . . . եւ ասիկա ըրած են երկրածաւալ տարողութեամբ»։ Արեւելեան Ափրիկեան պարբերաթերթ մը Վկաներուն կ’ակնարկէ որպէս «աշխարհի ամենէն արագ աճող եւ մեծապէս յարգուած կրօնքներէն մէկը, որ միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած է որպէս ամբողջովին սուրբ գրային ուսուցումներուն կառչած կրօնք մը»։ Իսկ Եւրոպայի մէջ հրատարակուող պահպանողական Կաթողիկէ պարբերաթերթ մը, ակնարկութիւն կ’ընէ «Եհովայի Վկաներու արտակարգ աճման»։ Ի՞նչ բան սատարած է այս աճման։

Ներկայիս՝ Սուրբ Հոգին Գործի Վրայ

9. (ա) Ներկայիս Աստուծոյ խօսքին յաղթական ըլլալուն գլխաւոր պատճառներէն մէկը ի՞նչ է։ (բ) Եհովա մարդիկը ի՞նչպէս կը քաշէ իրեն։

9 Ներկայիս Աստուծոյ խօսքը յաղթական ըլլալուն գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է, թէ Եհովայի հոգին զօրաւոր կերպով կը գործէ, ճիշդ ինչպէս էր պարագան առաջին դարուն։ Յիսուս ըսաւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ (Յովհաննու 6։44) Այս խօսքերը կը թելադրեն թէ Աստուած արդարամիտ անհատները ազնիւ կերպով իրեն կը քաշէ, անոնց սրտին կոչ ընելով։ Իր Վկաներուն քարոզչական գործունէութեան միջոցաւ, Եհովա իր ծառայութեան համար իրեն կը մօտեցնէ «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները»՝ երկրին հեզ ու ոչխարանման մարդիկը։—Անգեայ 2։6, 7

10. Ի՞նչպիսի անհատներ ընդառաջած են Աստուծոյ խօսքին։

10 Սուրբ հոգին ո՛չ միայն Աստուծոյ խօսքը երկրի ծայրերը տանելու համար Աստուծոյ ժողովուրդը զօրացուցած է, այլեւ ամէն տեսակ մարդիկը մղած է որ բարի լուրին ընդառաջեն։ Արդարեւ, Աստուծոյ խօսքը ընդունողները «ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ» եկած են։ (Յայտնութիւն 5։9. 7։9, 10) Անոնց մէջ կը գտնուին հարուստ եւ աղքատ, բարձր ուսում ունեցող եւ անուս անհատներ։ Ոմանք խօսքը ընդունած են պատերազմի վիճակներու եւ բիրտ հալածանքի ներքեւ, մինչ ուրիշներ՝ խաղաղ ու բարգաւաճ պայմաններու ներքեւ։ Ամէն տեսակ կառավարութեան ներքեւ, բոլոր մշակոյթներու մէջ, կեդրոնացման ճամբարներէն մինչեւ պալատներու մէջ, տղամարդիկ ու կիներ նպաստաւոր կերպով ընդառաջած են բարի լուրին։

11. Սուրբ հոգին Աստուծոյ ժողովուրդին կեանքին մէջ ի՞նչպէս կը ներգործէ, եւ ի՞նչ տարբերութիւն բացայայտ է։

11 Հակառակ Աստուծոյ ժողովուրդին հոյակապ այլազանութեան, անոնք իրարու հետ խաղաղութեամբ կը բնակին։ (Սաղմոս 133։1-3) Ասիկա յաւելեալ ապացոյց մըն է թէ սուրբ հոգին կը գործէ Աստուծոյ ծառայողներուն կեանքին մէջ։ Եհովայի հոգին՝ բարիի նպաստող զօրաւոր ոյժ մըն է, որ իր ծառաները կարող կը դարձնէ որ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, քաղցրութիւն եւ այլ հրապուրիչ յատկութիւններ ցուցաբերեն։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ներկայիս, բացայայտօրէն կը տեսնենք այն ինչ որ Մաղաքիա մարգարէն ժամանակին նախագուշակեց. «Պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը պիտի տեսնէք»։—Մաղաքեայ 3։18

Աստուծոյ Խօսքը կը Զօրանայ Նախանձախնդիր Աշխատողներուն Մէջ

12. Եհովայի Վկաները աւետարանչութեան գործին հանդէպ ի՞նչ կը զգան, եւ իրենց քարոզչական գործունէութեան հանդէպ ի՞նչ հակազդեցութիւն կ’ակնկալեն։

12 Ներկայիս, Եհովայի Վկաները ձեռնածալ եկեղեցի–յաճախողներ չեն։ Անոնք աւետարանչութեան գործին մէջ գործունեայ մասնակցութիւն մը կը բերեն։ Նախկին Քրիստոնեաներուն նման, անոնք սիրայօժար կերպով Աստուծոյ կամքը ընելու կը նուիրուին , ջանալով ուրիշներուն օգնել որ Եհովայի Թագաւորութեան խոստումներուն մասին սորվին։ Անոնք Աստուծոյ գործակիցներ են, որոնք իր սուրբ հոգիին հետ համերաշխօրէն գործելով, ուրիշները Եհովայի ծառայութեան համար կը հաւաքեն։ Ասիկա ընելով, անոնք անհաւատ մարդկութեան հանդէպ Եհովայի ողորմութիւնն ու սէրը կ’արտացոլացնեն։ Անոնք ասիկա կ’ընեն ի հեճուկս անտարբերութեան, ծաղրանքի եւ հալածանքի։ Յիսուս իր հետեւորդները պատրաստեց որ բարի լուրին հանդէպ տարբեր հակազդեցութիւններ ակնկալեն։ Ան ըսաւ. «Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն։ Եթէ իմ խօսքս պահեցին, ձե՛րն ալ պիտի պահեն»։—Յովհաննու 15։20

13. Քրիստոնեայ Աշխարհին չունեցած ո՞ր կարեւոր յատկութիւնները Եհովայի Վկաները առատօրէն ունին։

13 Ներկայ Եհովայի Վկաներուն եւ առաջին դարուն ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը ընդունողներուն միջեւ եղած նմանութիւնը մեզ ուղղակի կը տպաւորէ։ Նոյնքան աչքի կը զարնէ Եհովայի Վկաներուն եւ ներկայ Քրիստոնեայ Աշխարհին միջեւ եղած տարբերութիւնը։ Նախկին Քրիստոնեաներուն աւետարանելու եռանդին մասին գրելէ ետք, ուսումնական մը կ’ողբայ. «Մինչեւ որ եկեղեցին իր ներկայ քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն չմտցնէ՝ որպէսզի աւետարանելու գործունէութիւնը անգամ մը եւս իւրաքանչիւր մկրտուած Քրիստոնեայի պարտականութիւնը նկատուի, եւ անոր նեցուկ կանգնուի որակաւոր կենցաղով մը, որ անհաւատներուն ունեցած կենցաղէն գերադաս է՝ անհաւանական է որ յառաջդիմութիւն մը արձանագրենք»։ Քրիստոնեայ Աշխարհին չունեցած յատկանիշները, Եհովայի Վկաներուն քով կը գտնուին։ Անոնց հաւատքը կենդանի ու հարազատ է, հաւատք մըն է որ հիմնուած է Աստուածաշունչի ճշմարտութեան վրայ, զոր բոլոր մտիկ ընողներուն հետ կ’ուզեն բաժնել։—Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4

14. Յիսուս իր ծառայութիւնը ի՞նչպէս նկատեց, իսկ իր աշակերտները ի՞նչպիսի կեցուածք կը ցուցաբերեն ներկայիս։

14 Յիսուս իր ծառայութիւնը շատ լուրջի առաւ, զայն իր գլխաւոր զբաղմունքը ընելով։ Ան Պիղատոսի ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ (Յովհաննու 18։37) Աստուծոյ ծառաները Յիսուսի զգացումը կը բաժնեն։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը իրենց սրտին մէջ ունենալով, անոնք կը ջանան կերպեր գտնել, զայն կարելի եղածին չափ մեծ թիւով անհատներու հետ բաժնելու համար։ Այս կերպերէն ոմանք արտակարգ հնարամտութիւն կ’արտացոլացնեն։

15. Ոմանք բարի լուրը քարոզելու համար, ի՞նչպէս հնարամտութիւն ցոյց տուած են։

15 Հարաւ Ամերիկեան երկրի մը մէջ, Վկաները ճշմարտութիւնը մարդոց հասցնելու համար, Ամազոն Գետի հարկատուներէն մէկուն վրայ կը նաւարկէին։ Սակայն, 1995–ին երբ քաղաքացիական կռիւ ծագեցաւ, քաղաքացիներուն արգիլուեցաւ գետին վրայ երթեւեկել։ Հետաքրքրուած անհատներուն սուրբ գրային գրականութիւններ հասցնելու վճռակամութեամբ, Վկաները որոշեցին պատգամը հոսանքն ի վար ղրկել։ Անոնք նամակներ կը գրէին եւ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերու հետ, բլասթիքէ պարապ շիշերու մէջ կը դնէին։ Ապա շիշերը գետը կը նետէին։ Ասիկա չորսուկէս տարի շարունակուեցաւ, մինչեւ որ քաղաքացիներուն դարձեալ արտօնութիւն տրուեցաւ գետին վրայ նաւարկել։ Գետեզերքի երկայնքին բնակող անհատները, Վկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեցին գրականութիւններուն համար։ Կին մը, որ Աստուածաշունչի աշակերտ մըն էր, արցունքոտ աչքերով զանոնք ողջագուրեց եւ ըսաւ. «Կարծեցի որ անգամ մըն ալ ձեզ պիտի չտեսնեմ։ Սակայն, երբ շիշերուն մէջ զետեղուած գրականութիւնները սկսայ ստանալ, գիտցայ որ զիս չէք մոռցած»։ Գետեզերքի բնակիչներէն ոմանք ըսին թէ պարբերաթերթերը կրկին անգամ կարդացած էին։ Շատ մը գիւղեր «նամակատուն» մը, այսինքն ջրապտոյտ մը ունէին, ուր ծփացող առարկաները ժամանակաւորապէս կը հաւաքուէին։ Հետաքրքրուած անհատներ յաճախ հոն կը նայէին հակառակ հոսանքէն եկած որեւէ «նամակ»ի համար։

16. Դիւրամատոյց ըլլալը երբեմն ի՞նչպէս աշակերտելու ճամբայ կը բանայ։

16 Եհովա Աստուած եւ իր հզօր հրեշտակներն են որ բարի լուրի քարոզչութիւնը կ’առաջնորդեն եւ անոր զօրավիգ կը կանգնին։ (Յայտնութիւն 14։6) Պարզապէս մենք մեզ ձեռնտու ընելով, երբեմն աշակերտելու անակնկալ պատեհութիւններ կրնան ծագիլ։ Նայրոպիի մէջ, Քենիա, դաշտի ծառայութեան մասնակցող երկու Քրիստոնեայ կիներ, իրենց նշանակուած թաղամասը տակաւին նոր լրացուցած էին, երբ յանկարծ երիտասարդուհի մը անոնց մօտենալով, խանդավառութեամբ ըսաւ. «Կ’աղօթէի որ ձեզի պէս անհատներու հանդիպիմ»։ Ան Վկաներէն խնդրեց որ անմիջապէս իր տունը գան խօսակցելու համար եւ նոյն օրն իսկ իր հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ Այս երիտասարդուհին ինչո՞ւ այսպիսի շտապ կերպով մօտեցած էր այս երկու Քրիստոնեաներուն։ Շուրջ երկու շաբաթ առաջ, անոր նորածին մանուկը մահացած էր։ Ուստի, երբ պատանիի մը ձեռքը տեսաւ՝ «Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար» թերթիկը, շատ փափաքեցաւ ունենալ եւ պատանիէն խնդրեց որ զայն իրեն տայ։ Պատանին մերժեց, բայց այդ թերթիկը իրեն տուող Վկաներուն մատնանշեց։ Շատ չանցած, կինը հոգեւորապէս յառաջդիմեց եւ կրցաւ իր զաւկին ցաւալի կորուստին տոկալ։

Աստուծոյ Սէրը Պէտք Է Յաղթէ

17-19. Փրկանքին միջոցաւ Եհովա մարդկութեան հանդէպ ի՞նչպիսի սէր մը ցոյց տուած է։

17 Համայն աշխարհի մէջ Աստուծոյ խօսքին աճը սերտօրէն առնչուած է Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հետ։ Փրկանքին նման, քարոզչութիւնը ամէնուրեք մարդոց հանդէպ Եհովայի սիրոյն մէկ արտայայտութիւնն է։ Յովհաննէս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։—Յովհաննու 3։16

18 Պահ մը խորհեցէք փրկանքը հայթայթելով Եհովայի ցուցաբերած սիրոյն մասին։ Անհաշուելի ժամանակներ, Աստուած սերտ յարաբերութիւն մը ունէր իր շատ սիրած միածին Որդւոյն հետ, որ «Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբ»ն էր։ (Յայտնութիւն 3։14) Յիսուս խոր կերպով կը սիրէ իր Հայրը, իսկ Եհովա իր Որդին սիրեց «աշխարհի սկիզբէն առաջ»։ (Յովհաննու 14։31. 17։24) Եհովա թոյլ տուաւ որ իր սիրելի Որդին մահ ճաշակէ, որպէսզի մարդիկ կարենան յաւիտենական կեանք ստանալ։ Մարդկութեան հանդէպ ի՜նչ երկիւղ ներշնչող սիրոյ արտայայտութիւն մը։

19 Յովհաննու 3։17–ն կ’ըսէ. «Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէս զի աշխարհը դատէ, հապա՝ որպէս զի աշխարհ անով փրկուի»։ Հետեւաբար, Եհովա իր Որդին փրկութեան սիրալիր առաքելութեամբ մը ղրկեց եւ ո՛չ թէ՝ դատաստանի կամ դատապարտութեան առաքելութեամբ մը։ Ասիկա Պետրոսի խօսքերուն հետ ներդաշնակ է. «[Եհովա] չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։—Բ. Պետրոս 3։9

20. Փրկութիւնը ի՞նչ կերպով առնչուած է բարի լուրի քարոզչութեան հետ։

20 Եհովա փրկութեան օրինական հիմ մը հայթայթելու համար շատ սուղ գին մը վճարած ըլլալով, ան կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ շատ անհատներ անկէ օգտուին։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «‘Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի’։ Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն»։—Հռովմայեցիս 10։13, 14

21. Քարոզչութեան մասնակցելու պատեհութեան հանդէպ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր զգացումը։

21 Քարոզելու եւ աշակերտելու այս երկրածաւալ գործին մասնակցիլը ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է։ Անիկա դիւրին գործ մը չէ, սակայն, Եհովա կ’ուրախանայ երբ տեսնէ որ իր ժողովուրդը ճշմարտութիւնը հաւատարմօրէն կ’ապրի եւ բարի լուրը ուրիշներուն հետ կը բաժնէ։ Ուստի ձեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, թող որ Աստուծոյ հոգին եւ ձեր սրտին մէջ եղած սէրը մղեն ձեզ այս գործին մասնակցելու։ Իսկ յիշեցէք թէ համայն աշխարհ մէջ տեղի ունեցող բաները համոզիչ ապացոյց մըն են, թէ Եհովա Աստուած շուտով պիտի կատարէ իր խոստումը՝ բերելով փառաւոր ‘նոր երկինք ու նոր երկիր մը, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի’։—Բ. Պետրոս 3։13

Կը յիշէ՞ք

• Հաւատուրացութիւնը ինչո՞ւ չէր կրնար բարի լուրի քարոզիչները լռեցնել։

• Աստուծոյ խօսքը ի՞նչպէս յաղթած է մեր օրերուն։

• Ներկայիս Աստուծոյ հոգին ի՞նչ կերպերով գործունեայ է։

• Փրկանքը ի՞նչ կերպով առնչուած է բարի լուրի քարոզչութեան հետ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցագիծ/Նկար՝ էջ 16]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

20–րդ դարուն Թագաւորութեան հրատարակիչներու թիւին աճը

Հրատարակիչներու միջին (միլիոններով)

6.0

5.5

5.0

4.5

4.0

3.5

3.0

2.5

2.0

1.5

1.0

0.5

1900 1910 1920 1930 1940 1950 1960 1970 1980 1990 2000

[Նկարներ՝ էջ 15]

ՅԵՐՈՆԻՄՈՍ

ԹԻՆՏԷՅԼ

ԿԻՒԹԷՆՊԷՐԿ

ՀՈՒՍ

[Նկարին աղբիւրը]

Gutenberg and Hus։ From the book The Story of Liberty, 1878

[Նկար՝ էջ 15]

Աստուածաշունչի Աշակերտներ բարի լուրը կը ծանուցանեն 1920–ական թուականներուն

[Նկարներ՝ էջ 16, 17]

Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ կ’ընդառաջեն բարի լուրին

[Նկար՝ էջ 18]

Ինչպէս Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհը՝ քարոզչութիւնն ալ Աստուծոյ սէրը կը մեծարէ