Առանձին չէինք՝ երբ մեր հաւատքը փորձի կ’ենթարկուէր
Առանձին չէինք՝ երբ մեր հաւատքը փորձի կ’ենթարկուէր
Վիքին սիրուն մանկիկ մըն էր, առողջ, անուշիկ եւ կենսունակ։ Երբ ան ծնաւ 1993–ի գարնան, մեր ուրախութիւնը սահման չունէր։ Շուէտի հարաւը, պզտիկ գիւղաքաղաքի մը մէջ կ’ապրէինք, եւ կեանքը սքանչելի էր։
ՍԱԿԱՅՆ, երբ Վիքին մէկ ու կէս տարեկան եղաւ, կարծես թէ մեր աշխարհը փուլ եկաւ։ Ժամանակէ մը ի վեր ան անհանգիստ էր, ուստի զինք հիւանդանոց տարինք։ Երբեք պիտի չմոռնանք այն պահը, երբ բժիշկը մեզի ըսաւ թէ մեր աղջնակը արեան խլիրդէ (acute lymphoblastic leukemia) կը տառապէր, մանկական խլիրդի տեսակ մը, որ արեան ճերմակ գնդիկները կ’ախտահարէ։
Դժուար էր ընդունիլ որ մեր փոքրիկը այս ահաւոր հիւանդութեամբ բռնուած էր։ Ան նոր սկսած էր իր շուրջի աշխարհէն տեղեակ ըլլալ, եւ ահա՛, մահը կը սպառնար անոր։ Մեզ մխիթարել փորձելով, բժիշկը ըսաւ թէ կարելի է բաւական յաջող դարմանում մը մատակարարել, որ քիմիաբուժում եւ արեան ներարկումներ կը պարփակէր։ Ասիկա մեր երկրորդ ցնցումը եղաւ։
Մեր Հաւատքը Փորձի կ’Ենթարկուի
Վստահաբար կը սիրէինք մեր աղջնակը եւ կ’ուզէինք որ ան բժշկական լաւագոյն խնամքը ստանար։ Այսուհանդերձ, արեան ներարկումներու մասին խօսիլն անգամ աւելորդ էր։ Հաստատօրէն կը հաւատանք Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին, որ յստակօրէն կ’ըսէ թէ Քրիստոնեաները ‘ետ պէտք է կենան արիւնէ’։ (Գործք 15։28, 29) Նաեւ գիտէինք թէ արեան ներարկումները ինքնին վտանգաւոր էին։ Հազարաւոր անհատներ ներարկումներու պատճառաւ հիւանդութիւններէ բռնուած՝ եւ մահացած են։ Միակ փոխընտրութիւնը արեան ներարկումներ չպարունակող բարձրորակ դարմանումն էր։ Այս ուղղութեամբ, մեր հաւատքի պայքարը սկսաւ։
Ի՞նչ կրնայինք ընել։ Շուէտի մասնաճիւղի գրասենեակին Հիւանդանոցի Տեղեկատու Սպասարկութեան հետ շփման մէջ եկանք, օգնութիւն հայցելու համար։ * Անմիջապէս, Եւրոպայի տարածքին գտնուող զանազան հիւանդանոցներու հեռապատճեններ ղրկուեցան, գտնելու համար հիւանդանոց մը եւ բժիշկ մը, որ պատրաստ ըլլար քիմիաբուժում մատակարարել, առանց արեան ներարկումներու։ Մեզի օգնելու միտումով մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնն ու սէրը շա՛տ քաջալերական էր։ Հաւատքի համար մեր մղած պայքարին մէջ առանձին չէինք։
Քանի մը ժամուան մէջ, հիւանդանոց մը եւ բժիշկ մը գտնուեցաւ Հոմպուրկ/Սաարի մէջ, Գերմանիա։ Կարգադրութիւններ եղան որ յաջորդ օրը օդանաւով հոն երթանք, որպէսզի Վիքին քննութիւններու ենթարկուի։ Երբ Հոմպուրկ հասանք, Եհովայի Վկաներու տեղական ժողովքէն մեր Քրիստոնեայ եղբայրները եւ կարգ մը ազգականներ, մեզ դիմաւորելու եկած էին։ Իսկ Հիւանդանոցի Յարակցութեան տեղական Յանձնախումբին ներկայացուցիչներէն մէկը մեզի ջերմ բարի գալուստ մաղթեց։ Ան մեր հետ հիւանդանոց գնաց եւ կարելի եղածին չափ մեզի նեցուկ կանգնեցաւ։ Մխիթարուեցանք, տեսնելով թէ նոյնիսկ օտար երկրի մը մէջ, մեր կողքին կանգնող հոգեւոր եղբայրներ ունէինք։
Երբ հիւանդանոցը Տոքթ. Կրաֆին ծանօթացանք, դարձեալ մխիթարուեցանք։ Ան շատ կարեկից էր, եւ մեզ վստահեցուց թէ իր ամէն կարելին պիտի ընէր, որպէսզի Վիքիին դարմանումը առանց արեան ներարկումներու ըլլար։ Նոյնիսկ եթէ Վիքիին հեմոգլոբինի մակարդակը 5 կ/100մլ–ի իջնէր, ան յօժար էր դարմանումը շարունակել, առանց արեան ներարկումներու։ Ան նաեւ ըսաւ թէ կանուխ ախտաճանաչումը եւ Վիքին հիւանդանոց հասցնելու համար առնուած արագ քայլերը, յաջող դարմանումի հնարաւորութիւնը կ’աւելցնէին։ Ան ըսաւ թէ ասիկա առաջին անգամն էր որ Վիքիին պարագային նման պարագայի մը մէջ, առանց արեան ներարկումներու քիմիաբուժում պիտի մատակարարէր։ Շատ երախտապարտ եղանք, եւ հիացանք Տոքթ. Կրաֆի քաջութեան եւ օգնելու իր վճռակամութեան վրայ։
Նիւթական Դժուարութիւններ
Այժմ հարցը այն էր թէ ի՞նչպէս պիտի կարենայինք Վիքիին դարմանումի ծախսերը վճարել։ Շշմեցանք երբ մեզի տեղեկացուցին թէ երկու տարուան դարմանումները շուրջ 150,000 գերմանական մարք պիտի արժէին։ Այդ գումարին քառորդն իսկ չունէինք, բայց եւ այնպէս կարեւոր էր որ Վիքիին դարմանումները անմիջապէս սկսէին։ Գերմանիոյ մէջ դարմանուելու համար Շուէտէն դուրս ելած ըլլալով, հիւանդանոցային ապահովագրութեան ո՛չ մէկ իրաւասութիւն ունէինք։ Արդ, հոն էինք մեր շատ հիւանդ աղջնակին եւ բժշկական մասնագէտներու հետ, որոնք պատրաստ էին օգնելու, սակայն բաւարար դրամ չունէինք։
Հիւանդանոցը մեր օգնութեան հասաւ եւ մեզի տեղեկացուց թէ դարմանումները անմիջապէս կրնային սկսիլ, եթէ 20,000 մարք կանխավճար մը ընէինք, իսկ մնացեալ գումարին համար ալ երաշխաւորութեան փաստաթուղթ մը ստորագրէինք։ Քիչ մը խնայողութիւն ունէինք եւ բարեկամներու ու ազգականներու սիրալիր օգնութեամբ, կրցանք 20,000 մարքը վճարել։ Սակայն, մնացեա՞լը։
Անգամ մը եւս մեր ուշադրութեան յանձնուեցաւ թէ հաւատքի համար մեր մղած պատերազմին մէջ առանձին չէինք։ Այն ատեն մեզի անծանօթ եղող հոգեւոր եղբայր մը, պատրաստ էր մնացեալ գումարը ինք վճարելու։ Սակայն, պէտք չունեցանք իր առատաձեռն առաջարկին, քանի որ կրցանք ուրիշ կարգադրութիւններ ընել։
Բժշկական Մասնագէտներ Գործի կը Լծուին
Քիմիաբուժումը սկսաւ։ Օրեր եւ շաբաթներ անցան։ Երբեմն պարագան շատ դժուար ու ճնշիչ էր, թէ՛ մեր փոքրիկ աղջկան եւ թէ մեզի համար։ Միւս կողմէ, չափազանց կ’ուրախանայինք եւ շնորհապարտ կ’ըլլայինք, ամէն անգամ որ ան բարելաւման նշոյլներ ցոյց տար։ Քիմիաբուժումը ութ ամիս տեւեց։ Վիքիին հեմոգլոբինի ամենէն ցած մակարդակը 6 կ/100մլ եղաւ, եւ Տոքթ. Կրաֆ իր խոստումը յարգեց։
Այս դէպքէն աւելի քան վեց տարի անցած է, եւ Վիքիի ողնայարի հեղուկին վերջնական
քննութիւնը ցոյց տուաւ թէ արեան խլիրդի հետքեր չկան։ Ներկայիս, ան ուրախ աղջնակ մըն է եւ հիւանդութեան ոչ մէկ նշան ունի։ Այո, Վիքիին բոլորովին առողջանալը հրաշքի մը պէս է։ Գիտենք որ այս հիւանդութիւնը ունեցող բազմաթիւ երախաներ կը մահանան, հակառակ անոր որ քիմիաբուժում եւ արեան ներարկումներ կը ստանան։Հաւատքի համար մեր պայքարէն յաղթական դուրս եկանք, բայց՝ մեր ազգականներուն, Քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ բժշկական մասնագէտներուն օգնութեամբ։ Հիւանդանոցի Տեղեկատու Սպասարկութիւնը օրական 24 ժամ մեզի լիովին զօրավիգ կանգնեցաւ։ Տոքթ. Կրաֆը եւ իր պաշտօնակիցները իրենց հմտութիւնները ի գործ դրին, Վիքիին ապաքինման օգնելու համար։ Այս բոլորին համար, իրապէս երախտապարտ ենք։
Մեր Հաւատքը Զօրացաւ
Սակայն, ամենէն շատ մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի շնորհակալ ենք, իր սիրալիր հոգածութեան եւ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ մեր ստացած զօրութեան համար։ Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք, կ’անդրադառնանք թէ որքա՜ն բաներ սորվեցանք եւ այս դաժան փորձառութիւնը մեր հաւատքը որքա՜ն զօրացուց։
Այժմ, սրտանց կը փափաքինք որ Եհովա Աստուծոյ հետ մեր սերտ յարաբերութիւնը պահպանենք եւ մեր աղջկան սորվեցնենք Իր պահանջներուն հետ ներդաշնակ կեանք մը վարելուն արժէքը։ Այո, կ’ուզենք անոր տալ հոգեւոր լաւ ժառանգութիւն մը, որպէսզի յաւիտենական կեանքը վայելէ մօտալուտ Դրախտին մէջ, հո՛ս երկրի վրայ։—Նուիրուած
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 7 Հիւանդանոցի Տեղեկատու Սպասարկութիւնը Հիւանդանոցի Յարակցութեան Յանձնախումբերու միջազգային ցանցը կը տնօրինէ։ Իրենց կարգին, այս յանձնախումբերը կազմուած են Քրիստոնեայ կամաւորներէ, որոնք մարզուած են բժիշկներու եւ իրենց Վկայ հիւանդներու միջեւ համագործակցութիւն քաջալերելու համար։ Աւելի քան 1,400 Հիւանդանոցի Յարակցութեան Յանձնախումբեր կան, որոնք հիւանդներուն կ’աջակցին 200–է աւելի երկիրներու մէջ։