Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եկեղեցական հայրեր. Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ջատագովնե՞ր

Եկեղեցական հայրեր. Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ջատագովնե՞ր

Եկեղեցական հայրեր. Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ջատագովնե՞ր

Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանիք կամ ոչ, Աստուածաշունչի Աստուծոյն, Յիսուսի, եւ Քրիստոնէութեան մասին ձեր ըմբռնումը անոնց կողմէ ազդուած ըլլալու է։ Անոնցմէ մէկը կը կոչուէր՝ Ոսկեբերան. ուրիշ մը՝ Մեծն։ Խմբովին, անոնք նկարագրուած են որպէս՝ «Քրիստոսի կեանքին գերագոյն մարմնացումները»։ Որո՞նք են անոնք։ Անոնք վաղեմի Եկեղեցական Հայրերն են, կրօնական մտաւորականներ, գրողներ, աստուածաբաններ ու փիլիսոփաներ, որոնք մեծաւ մասամբ ներկայ «քրիստոնէական» մտածելակերպը ձեւաւորած են։

«ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Աստուծոյ խօսքին ամբողջութիւնը չէ», կ’ըսէ կրօնական ուսումնասիրութիւններու Յոյն Ուղղափառ ուսուցիչ Դեմետրիոս Ժ. Կոստանդելոս։ «Աստուծոյ խօսքը յայտնող Սուրբ Հոգին, միայն գրքի մը էջերուն չի կրնար սահմանափակուիլ»։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ աստուածային յայտնութեան վստահելի ուրիշ մէկ աղբիւրը։ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցին Հասկնալ խորագրով իր գրքին մէջ, Կոստանդելոս կը հաստատէ. «Սուրբ Աւանդութիւնը եւ Սուրբ Գրութիւնները կը նկատուին որպէս նոյն մետաղադրամին երկու երեսները»։

Այդ ‘Սուրբ Աւանդութեան’ կորիզը կը կազմեն Եկեղեցական Հայրերու ուսուցումները եւ գրութիւնները։ Անոնք կարկառուն աստուածաբաններ եւ «Քրիստոնեայ» փիլիսոփաներ էին, որոնք Հ.Դ. երկրորդ եւ հինգերորդ դարերուն միջեւ ապրեցան։ Անոնք ո՞ր աստիճան ազդած են արդի «քրիստոնէական» գաղափարներուն։ Անոնք իրենց ուսուցումներուն մէջ Աստուածաշունչին կառչած մնացի՞ն։ Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդի մը համար, քրիստոնէական ճշմարտութեան հաստատ հիմը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

Պատմական Ենթահող

Հ.Դ. երկրորդ դարու կիսուն, դաւանեալ Քրիստոնեաները իրենց հաւատքը կը պաշտպանէին թէ՛ Հռովմէացի հալածիչներուն եւ թէ հերետիկոսներուն դէմ։ Սակայն, անիկա նաեւ աստուածաբանական բազմաթիւ կարծիքներու դար մըն էր։ Յիսուսի «աստուածութեան» եւ սուրբ հոգիի բնոյթին եւ գործառնութիւններուն առնչութեամբ եղած բանավէճերը, միայն մտաւորական բաժանումներ պատճառելով չբաւականացան։ «Քրիստոնէական» վարդապետութեան շուրջ եղած բուռն տարակարծութիւններն ու անդարմանելի բաժանումները, քաղաքական եւ մշակութային շրջանակներէն ներս թափանցելով, երբեմն խռովութիւն, ըմբոստութիւն, քաղաքացիական կռիւ, եւ նոյնիսկ պատերազմ պատճառեցին։ Պատմաբան Փօլ Ճոնսըն կը գրէ. «[Հաւատուրաց] Քրիստոնէութիւնը սկսաւ շփոթութեամբ, հակաճառութեամբ ու հերձուածութեամբ եւ այնպէս ալ շարունակուեցաւ։ . . . Հ.Դ. առաջին եւ երկրորդ դարուն, կեդրոնական եւ արեւելեան Միջերկրականը կրօնական բազմաթիւ գաղափարներով կը վխտար, որոնց ծաւալման համար պայքար կը մղուէր։ . . . Հետեւաբար, սկիզբէն իսկ, Քրիստոնէութեան զանազան տեսակներ կային, որոնք իրարու միջեւ հասարակաց բան մը չունէին»։

Այդ ժամանակաշրջանին ծաղկեցան գրողներ եւ մտաւորականներ, որոնք կը խորհէին թէ պայման էր «քրիստոնէական» ուսուցումները փիլիսոփայական արտայայտութիւններով մեկնաբանել։ «Քրիստոնէութիւնը» նոր ընդունած ուսեալ հեթանոսները գոհացնելու համար, այս կրօնական գրողները յունական եւ հրէական նախկին գրականութիւններու վրայ ծանրացան։ Յուստինոս Նահատակէն սկսեալ (շուրջ Հ.Դ. 100-165)՝ որ Յունարէնով գրեց՝ դաւանեալ Քրիստոնեաները յունական մշակոյթի փիլիսոփայական ժառանգութիւնը իւրացնելու մէջ հետզհետէ աւելի հմուտ դարձան։

Այս թեքումը պտղաբեր դարձաւ Աղեքսանդրացի Յոյն գրագէտի մը՝ Որոգինէսի գրութիւններուն մէջ (շուրջ Հ.Դ. 185-254)։ Որոգինէսի՝ Առաջին Սկզբունքներու Մասին քննախօսութիւնը, «քրիստոնէական» աստուածաբանութեան գլխաւոր վարդապետութիւնները յունական փիլիսոփայութեան բառերով բացատրելու հետեւողական առաջին փորձն էր։ Նիկիոյ Խորհրդաժողովը (Հ.Դ. 325–ին), Քրիստոսի «աստուածութիւնը» բացատրելու եւ հաստատելու իր փորձով, «քրիստոնէական» վարդապետութեան մեկնաբանութեան նոր թափ տուող մեկնակէտը եղաւ։ Այդ խորհրդաժողովը դարաշրջանի մը սկիզբը նշեց, որու ընթացքին եկեղեցական ընդհանուր խորհրդաժողովներ ջանացին այս վարդապետութիւնը աւելի ճշգրտօրէն սահմանել։

Գրագէտներ եւ Հռետորներ

Եւսեբիոս Կեսարացին, որ Նիկիոյ առաջին Խորհրդաժողովի ժամանակ գրեց, Կոստանդին Կայսրին կողմը դիրք բռնեց։ Նիկիայէն աւելի քան 100 տարի ետք, աստուածաբաններ, որոնք ընդհանրապէս Յունարէն կը գրէին, երկար եւ բուռն բանավէճերով զարգացուցին այն ինչ որ Քրիստոնեայ Աշխարհի յատկանշական վարդապետութիւնը պիտի ըլլար՝ Երրորդութիւնը։ Ասոնց մէջ ամենէն կարկառուններն էին Աղեքսանդրիոյ անյողդողդ եպիսկոպոսը՝ Աթանաս, եւ երեք այլ եկեղեցական առաջնորդներ, Փոքր Ասիոյ Կապադովկիայէն՝ Մեծն Բարսեղը, իր եղբայրը՝ Գրիգոր Նիւսացին, եւ իրենց բարեկամը՝ Գրիգոր Նազիանզացին։

Այդ դարաշրջանի գրողներն ու քարոզիչները պերճախօսութեան բարձր մակարդակներու հասան։ Գրիգոր Նազիանզացին եւ Յովհան Ոսկեբերանը՝ Յունարէնի, ինչպէս նաեւ Ամբրոսիոս Մեդիոլանացին եւ Հիպպոյի Օգոստինոսը՝ Լատիներէնի մէջ, չափազանց հմուտ հռետորներ՝ իրենց ժամանակուան ամենէն յարգալից եւ ժողովրդական արուեստի մը վարպետներն էին։ Այդ ժամանակաշրջանի ամենէն հեղինակաւոր գրողը Օգոստինոսն էր։ Անոր աստուածաբանական քննախօսութիւնները ամէն կողմ տարածուելով, արդի «քրիստոնէական» մտածելակերպը կոփեցին։ Այն ժամանակուան ամենէն կարկառուն ուսեալ մարդը՝ Յերոնիմոսն էր գլխաւորաբար պատասխանատուն, նախնական լեզուներէն Լատիներէնի թարգմանուած Աստուածաշունչի Վուլկաթա թարգմանութեան։

Սակայն, կարեւոր հարցումներ կը ծագին. Այդ Եկեղեցական Հայրերը Աստուածաշունչին սերտօրէն հաւատարիմ մնացի՞ն։ Իրենց ուսուցումներուն մէջ, ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւններուն զօրաւոր կերպով կառչած մնացի՞ն։ Անոնց գրութիւնները, Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալու համար, վստահելի ուղեցո՞յց մըն են։

Աստուծո՞յ՝ թէ Մարդոց Ուսուցումներ

Վերջերս, Պիսիդիայի Յոյն Ուղղափառ Մետրապոլիտը՝ Մեթոտիուս, գիրք մը գրեց՝ Քրիստոնէութեան Հելլենական Հիմը խորագրով, որպէսզի ցոյց տայ թէ յունական մշակոյթն ու փիլիսոփայութիւնը արդի «քրիստոնէական» մտածելակերպին ենթակառոյցը հայթայթած են։ Այդ գրքին մէջ, ան անվարանօրէն կը խոստովանի. «Գրեթէ բոլոր կարկառուն Եկեղեցական Հայրերը, յունական տարրական սկզբունքները շատ պիտանի նկատեցին եւ զանոնք փոխ առին յունական դասական հնութենէն, քրիստոնէական ճշմարտութիւնները հասկնալու ու զանոնք շիտակ կերպով արտայայտելու որպէս միջոց գործածելով»։

Օրինակ, նկատի առէք այն գաղափարը թէ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին Երրորդութիւն կը կազմեն։ Նիկիոյ Խորհրդաժողովէն ետք, Եկեղեցական Հայրերէն շատեր թունդ Երրորդութենականներ եղան։ Անոնց գրութիւններն ու բացատրութիւնները, Երրորդութիւնը Քրիստոնեայ Աշխարհի յատկանշական վարդապետութիւններէն մէկը դարձնելու մէջ կարեւոր դեր մը խաղցան։ Սակայն, Երրորդութիւնը Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուի՞։ Ո՛չ։ Արդ, Եկեղեցական Հայրերը ուրկէ՞ բերին զայն։ Կրօնական Գիտութեան Բառարան մը (Անգլերէն) կը նշէ թէ շատեր կ’ըսեն թէ Երրորդութիւնը «հեթանոսական կրօնքներէ փոխ առնուած եւ քրիստոնէական հաւատքին պատուաստուած՝ աղաւաղում մըն է»։ Իսկ՝ Հեթանոսութիւնը՝ Մեր Քրիստոնէութեան Մէջ գիրքը (Անգլերէն) կը հաստատէ. «[Երրորդութեան] ծագումը բոլորովին հեթանոսական է»։ *Յովհաննու 3։16. 14։28

Կամ նկատի առէք հոգիի անմահութեան ուսուցումը, ըստ որու մարմինը մեռնելէն ետք մարդէն մաս մը կը շարունակէ ապրիլ։ Դարձեալ, Եկեղեցական Հայրերը միջոց մը եղան այս գաղափարը կրօնքի մը մէջ մտցնելու, որ մահուընէ ետք գոյատեւող հոգիի մը մասին ուսուցում չունէր։ Աստուածաշունչը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ թէ հոգին կրնայ մեռնիլ. «Այն անձը [«հոգին», ՆԱ], որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի»։ (Եզեկիէլ 18։4) Եկեղեցական Հայրերուն անմահ հոգիի մը ուսուցումը ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած էր։ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը կ’ըսէ. «Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած եւ մարդը ապրող ամբողջութեան մը վերածելու համար անոր ձեւաւորման ատեն մարմնին մէջ ներմուծուած հոգեղէն հոգիի մը քրիստոնէական գաղափարը՝ քրիստոնէական փիլիսոփայութեան մէջ երկարատեւ փոփոխութեան մը արտադրութիւնն է։ Արեւելքի մէջ՝ Որոգինէսի, իսկ Արեւմուտքի մէջ՝ Սբ. Օգոստինոսի միջոցաւ է որ հոգին հաստատուեցաւ որպէս՝ հոգեւոր նիւթ մը, եւ անոր բնոյթին մասին փիլիսոփայական գաղափար մը կազմուեցաւ . . . [Օգոստինոսի վարդապետութիւնը] . . . շատ բան (ի ներառեալ կարգ մը թերութիւններ) կը պարտի Նոր–պղատոնականութեան»։ Իսկ Փրէզպիթըրիըն Լայֆ պարբերաթերթը կ’ըսէ. «Հոգիի անմահութիւնը յունական գաղափար մըն է, ձեւաւորուած՝ վաղեմի խորհրդաւոր աղանդներուն մէջ եւ խնամքով մշակուած՝ Պղատոն փիլիսոփային կողմէ»։ *

Քրիստոնէական Ճշմարտութեան Հաստատ Հիմը

Եկեղեցական Հայրերու պատմական ենթահողին, ինչպէս նաեւ անոնց ուսուցումներու ծագումին մասին այս հակիրճ քննութենէն ետք իսկ, տեղին է որ հարց տանք՝ Անկեղծ Քրիստոնեայ մը պէ՞տք է իր հաւատալիքները հիմնէ Եկեղեցական Հայրերու ուսուցումներուն վրայ։ Թոյլ տանք որ Աստուածաշունչը պատասխանէ։

Նախ՝ Յիսուս Քրիստոս ինք արգիլեց կրօնական «Հայր» տիտղոսին գործածութիւնը, երբ ըսաւ. «Երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է»։ (Մատթէոս 23։9) Կրօնական ոեւէ անձնաւորութիւն անուանելու համար «Հայր» տիտղոսը գործածելը, քրիստոնէական եւ սուրբ գրային չէ։ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը ամբողջացաւ շուրջ Հ.Դ. 98–ին, Յովհաննէս առաքեալի գրութիւններով։ Հետեւաբար, ճշմարիտ Քրիստոնեաները պէտք չունին ոեւէ մարդու դիմելու, որպէս ներշնչեալ յայտնութեան աղբիւր։ Անոնք զգոյշ են որ մարդկային աւանդութեան պատճառաւ ‘Աստուծոյ պատուիրանը չխափանեն’։ Երբ թոյլ տրուի որ մարդկային աւանդութիւնը Աստուծոյ Խօսքին տեղը առնէ, ասիկա հոգեւորապէս մահացու կ’ըլլայ։ Յիսուս զգուշացուց. «Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»։—Մատթէոս 15։6, 14

Քրիստոնեայ մը Աստուածաշունչի պարունակած Աստուծոյ խօսքէն զատ ուրիշ յայտնութեան մը կարիքը ունի՞։ Ո՛չ։ Յայտնութիւն գիրքը այս ներշնչեալ արձանագրութեան վրայ բան մը աւելցնելու դէմ կը զգուշացնէ. «Եթէ մէկը ասոնց վրայ բան մը աւելցնէ, Աստուած ալ անոր վրայ պիտի աւելցնէ այն հարուածները, որոնք այս գրքին մէջ գրուած են»։—Յայտնութիւն 22։18

Քրիստոնէական ճշմարտութիւնը արտայայտուած է Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։ (Յովհաննու 17։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16. Բ. Յովհաննու 1-4) Անոր շիտակ հասկացողութիւնը, աշխարհիկ փիլիսոփայութենէն կախեալ չէ։ Աստուածային յայտնութիւնը բացատրելու համար մարդկային իմաստութիւնը գործածել փորձող մարդոց, յարմար է Պօղոս առաքեալի հարցումները կրկնել. «Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհին քննողը. չէ՞ որ Աստուած յիմարացուց այս աշխարհին իմաստութիւնը»։—Ա. Կորնթացիս 1։20

Ասկէ զատ, քրիստոնէական ճշմարիտ ժողովքը «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւն»ն է։ (Ա. Տիմոթէոս 3։15) Անոր տեսուչները, ժողովքին մէջ իրենց ուսուցումին մաքրութեան վրայ կը հսկեն, եւ արգելք կը հանդիսանան որ վարդապետական որեւէ աղաւաղում անկէ ներս սպրդի։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15-18, 25) Անոնք ժողովքէն դուրս կը ձգեն ‘սուտ մարգարէները, սուտ վարդապետները, եւ կորստաբեր հերձուածները’։ (Բ. Պետրոս 2։1) Առաքեալներուն մահէն ետք, Եկեղեցական Հայրերը թոյլ տուին որ «մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներ» քրիստոնէական ժողովքին մէջ արմատաւորուին։—Ա. Տիմոթէոս 4։1

Այս հաւատուրացութեան հետեւանքները բացայայտ են ներկայ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ։ Անոր հաւատալիքները եւ սովորութիւնները Աստուածաշունչի ճշմարտութենէն շա՜տ տարբեր են։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 15 Երրորդութեան վարդապետութեան մասին խոր ուսումնասիրութիւն մը կրնաք գտնել, Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան գրքոյկին մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 16 Հոգիի մասին Աստուածաշունչի ուսուցման մասին մանրամասն ուսումնասիրութեան մը համար, տես՝ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գիրքը էջ 98-104 եւ 375-380, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 18]

ԿԱՊԱԴՈՎԿԵԱՆ ՀԱՅՐԵՐ

«Ուղղափառ Եկեղեցին . . . չորրորդ դարու գրողներուն հանդէպ մասնայատուկ ու խոր յարգանք մը ունի, մանաւանդ, անոնց հանդէպ՝ զորս կը կոչէ ‘երեք Մեծ Կրօնապետեր’, Գրիգոր Նազիանզացին, Մեծն Բարսեղը, եւ Յովհան Ոսկեբերանը», գրեց Գալիսթոս անունով վանական մը։ Այս Եկեղեցական Հայրերը իրենց ուսուցումները ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւններուն վրա՞յ հիմնած են։ Մեծն Բարսեղին մասին խօսելով, Յոյն Եկեղեցւոյ Հայրերը խորագրով գիրքը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Անոր գրութիւնները ցոյց կու տան, թէ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան ան խոր կերպով ազդուած էր Պղատոնէն, Հոմերոսէն, նաեւ պատմաբաններէն եւ հռետորներէն, եւ անոնք վստահօրէն իր ոճին ազդեցին։ . . . Բարսեղ ‘Յոյն’ մնաց»։ Նոյնն էր պարագան Գրիգոր Նազիանզացիին։ «Իր կարծիքով Եկեղեցիին յաղթանակը եւ գերակայութիւնը լաւագոյն կերպով կարելի էր ցոյց տալ, դասական մշակոյթի աւանդութիւններուն ամբողջական որդեգրումով»։

Այս երեքին առնչութեամբ, Փրոֆէսէօր Փանայոդիս Ք. Խրիսթու կը գրէ. «Մինչ անոնք երբեմն կը զգուշացնեն ‘փիլիսոփայութեան եւ փուճ խաբէութեան’ դէմ [Կողոսացիս 2։8]՝ Նոր Կտակարանի պատուիրանքին հետ ներդաշնակ ըլլալու համար, սակայն, միեւնոյն ատեն ժրաջանութեամբ կ’ուսումնասիրեն փիլիսոփայութիւնը եւ անոր առնչակից ճիւղերը, եւ նոյնիսկ կը յանձնարարեն որ ուրիշներն ալ ուսումնասիրեն զայն»։ Բացայայտօրէն, այսպիսի եկեղեցական ուսուցիչներ կը խորհէին թէ Աստուածաշունչը իրենց գաղափարներուն թիկունք կանգնելու համար բաւարար չէր։ Կրնա՞յ ըլլալ որ հեղինակութեան այլ հիմեր փնտռելը, կը նշանակէր թէ իրենց ուսուցումները Աստուածաշունչին հետ առնչուած չէին։ Պօղոս առաքեալ Եբրայեցի Քրիստոնեաները ազդարարեց, ըսելով. «Կերպ կերպ եւ օտարաձայն ուսմունքներով մի՛ տարուբերիք»։—Եբրայեցիս 13։9

[Նկարին աղբիւրը]

© Archivo Iconografico, S.A./CORBIS

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 20]

ԿԻՒՐԵՂ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԱՑԻ՝ ՀԱԿԱՃԱՌԵԼԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՅՐ ՄԸ

Եկեղեցական Հայրերուն մէջ ամենէն հակաճառելի անձնաւորութիւններէն մէկն է՝ Աղեքսանդրիոյ Կիւրեղը (շուրջ Հ.Դ. 375-444)։ Եկեղեցական պատմաբան Հէնզ վոն Քամբընհաուզըն զինք կը նկարագրէ որպէս «բռնակալ, վայրագ, եւ խորամանկ, իր կոչումին մեծութեամբ եւ իր պաշտօնին վեհաշուքութեամբ յագեցած», ապա կ’աւելցնէ թէ «ան ո՛չ մէկ բան շիտակ կը նկատէր, բացի երբ անիկա իր զօրութիւնը եւ հեղինակութիւնը աւելցնելու նպաստէր։ . . . Իր մեթոտներուն դաժան եւ անպատկառ ըլլալը երբեք զինք չէր անհանգստացներ»։ Աղեքսանդրիոյ եպիսկոպոսը եղած միջոցին, Կիւրեղ կաշառակերութիւն, անուանարկութիւն եւ զրպարտութիւն գործածեց, Կոստանդնուպոլսոյ եպիսկոպոսը պաշտօնանկ ընելու համար։ Ան պատասխանատու կը նկատուի Հիւպատիա անունով անուանի իմաստասէր կնոջ մը անգութ սպանութեան, Հ.Դ. 415–ին։ Կիւրեղի աստուածաբանական գրութիւններուն մասին, Քամբընհաուզըն կ’ըսէ. «Իրմով սկսաւ հաւատքի հարցերը լուծել ո՛չ թէ միմիայն Աստուածաշունչին վրայ հիմնուելով, այլ՝ ճանչցուած հեղինակութիւններէ յարմար մէջբերումներու եւ մէջբերումներու հաւաքածոներու օգնութեան դիմելու սովորութիւնը»։

[Նկար՝ էջ 19]

Յերոնիմոս

[Նկարին աղբիւրը]

Garo Nalbandian