Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՛նչպէս գլուխ ելլել բացասական զգացումներու հետ

Ի՛նչպէս գլուխ ելլել բացասական զգացումներու հետ

Ի՛նչպէս գլուխ ելլել բացասական զգացումներու հետ

● Ասափ գանգատեցաւ. «Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի, որովհետեւ ամէն օր կը տանջուիմ ու ամէն առտու կը խրատուիմ»։—Սաղմոս 73։13, 14

● Բարուք հառաչեց. «Հիմա վա՜յ ինծի, վասն զի Տէրը իմ ցաւիս վրայ տրտմութիւն աւելցուց. իմ հեծութենէս յոգնեցայ ու հանգստութիւն չեմ գտներ»։—Երեմեայ 45։3

● Նոեմի ողբաց. «Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս։ Ես լեցուն գացի ու Տէրը զիս պարապ դարձուց։ Ինչո՞ւ զիս Նոեմի կը կոչէք. քանզի Տէրը ինծի դէմ վկայութիւն տուաւ ու Ամենակարողը զիս վշտացուց»։—Հռութայ 1։20, 21

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներու բազմաթիւ օրինակներ կը պարունակէ, որոնք երբեմն յուսահատութեան զգացումներով ընկճուեցան։ Իրողութիւնը այն է թէ, անկատար արարածներ ըլլալով, կը պատահի որ բոլորս ալ այսպիսի զգացումներ ունենանք։ Ոմանք ողբերգութեան հանդիպած ըլլալով յուսահատելու աւելի հակամէտ կրնան ըլլալ քան ուրիշներ, թերեւս նոյնիսկ որոշ չափով իրենց անձին վրայ խղճալով։

Սակայն, եթէ այս զգացումները չսանձուին, անոնք կրնան ուրիշներու եւ Եհովա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը քանդել։ Քրիստոնեայ կին մը որ իր անձին վրայ խղճալու հակամէտ է, կ’ըսէ. «Ընկերային գործունէութիւններու մասնակցելու բազմաթիւ հրաւէրներ մերժած եմ, քանի որ զգացած եմ թէ ժողովքի անդամներուն հետ ընկերակցելու արժանի չեմ»։ Այսպիսի զգացումներ անհատին կեանքին վրայ ի՜նչ ջախջախիչ ազդեցութիւն մը կրնան ունենալ։ Անոնց դէմ դնելու համար ի՞նչ կրնաք ընել։

Եհովայի Մօտեցէք

73–րդ Սաղմոսին մէջ, Ասափ իր շփոթութեան մասին անկեղծօրէն գրեց։ Երբ իր վիճակը ամբարիշտներուն բարգաւաճ վիճակին հետ բաղդատեց, իր նախանձը արթնցաւ։ Ան նկատեց թէ անաստուածները հպարտ եւ բռնաւոր էին, եւ երեւութապէս անպատիժ կը մնային։ Ապա Ասափ կեանքի մէջ ուղիղ ընթացք մը հետապնդելու արժէքին նկատմամբ կասկած արտայայտեց։—Սաղմոս 73։3-9, 13, 14

Դուք ալ Ասափի նման, ամբարիշտներուն երեւութական յաջողութիւնը նկատա՞ծ էք, որոնք իրենց յանցագործութեամբ կը պարծենան։ Ասափ ի՞նչպէս կրցաւ իր բացասական զգացումները յաղթահարել։ Ան կը շարունակէ. «Երբ խորհեցայ ասիկա իմանալու մասին, դժուար թուեցաւ իմ աչքերուս, մինչեւ որ Աստուծոյ սրբարանը մտայ, անոնց վախճանը իմացայ»։ (Սաղմոս 73։16, 17) Ասափ դրական քայլեր առաւ, աղօթքով Եհովայի դառնալով։ Հետագային Պօղոս առաքեալի գործածած բառերով, Ասափ իր մէջի «շնչաւոր մարդը» նուաճեց՝ «հոգեւոր»ը արթնցնելով։ Վերանորոգուած հոգեւոր հայեցողութեամբ, ան հասկցաւ թէ Եհովա չարութիւնը կ’ատէր, եւ թէ յարմար ժամանակին ամբարիշտները պիտի պատժուէին։—Ա. Կորնթացիս 2։14, 15

Որքա՜ն կենսական է որ Աստուածաշունչի օգնութեամբ կեանքը իրապաշտօրէն կարենանք դիտել։ Եհովա մեզի կը յիշեցնէ թէ ինք ամբարիշտներուն արարքներէն տեղեակ է։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չըլլար։ Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ . . . Բայց բարիք գործելէն չձանձրանանք»։ (Գաղատացիս 6։7-9) Եհովա ամբարիշտները «սահուն տեղեր» պիտի դնէ. ան «կործանման մէջ» պիտի իջեցնէ զանոնք։ (Սաղմոս 73։18) Վերջաւորութեան, աստուածային արդարութիւնը մի՛շտ պիտի յաղթէ։

Կանոնաւորաբար Եհովայի սեղանէն հոգեւորապէս սնուցանուիլը եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ օգտակար ընկերակցութիւնը, պիտի օգնեն որ ձեր հաւատքը զօրացնէք եւ յուսահատութիւնը կամ բացասական այլ զգացումներ յաղթահարէք։ (Եբրայեցիս 10։25) Ասափի նման, Աստուծոյ մօտիկ մնալով, կրնաք իր սիրալիր օգնութիւնը վայելել։ Ասափ կը շարունակէ. «Ես միշտ քեզի հետ եմ, դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։ Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս»։ (Սաղմոս 73։23, 24) Իր մանկութեան շրջանին չարաշահուած Քրիստոնեայ մը այս խօսքերուն իմաստուն ըլլալը սորվեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ժողովքին հետ սերտօրէն ընկերակցիլը, կեանքին միւս երեսակը ցոյց տուաւ։ Շատ բացայայտօրէն տեսայ թէ Քրիստոնեայ երէցները սիրալիր են, եւ թէ անոնք ոստիկաններ չեն, այլ՝ հովիւներ»։ Այո, կարեկից Քրիստոնեայ երէցներ վնասակար զգացումներ վանելու մէջ կենսական դեր մը կը խաղան։—Եսայեայ 32։1, 2. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8

Եհովայի Խրատը Ընդունեցէք

Երեմիա մարգարէին քարտուղարը՝ Բարուք, իր նշանակումին պատճառած զգացական ճնշուածութեան պատճառաւ ողբաց։ Սակայն, Եհովա ազնուօրէն Բարուքին ուշադրութիւնը իրողութեան վրայ դարձուց։ «Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր, քանզի ահա ես ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը, բայց քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ քու ամէն երթալու տեղերդ»։—Երեմեայ 45։2-5

Եհովա անկեղծօրէն բացատրեց թէ Բարուքի յուսախաբութեան աղբիւրը իր անձնական հետապնդումներն էին։ Բարուք չէր կրնար իր աստուածատուր նշանակումին մէջ ուրախութիւն գտնել, երբ միեւնոյն ատեն իրեն համար մեծ բաներ կը փնտռէր։ Դուք ալ կրնաք նկատել թէ անձնական զբաղմունքներէ խուսափիլը եւ աստուածային գոհունակութենէն յառաջ եկող մտքի խաղաղութիւնը ողջունելը, յուսահատութիւնը յաղթահարելու ի՛րապէս ազդու քայլ մըն է։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7

Երբ Նոեմիին ամուսինն ու երկու տղաքը մահացան, ան թոյլ չտուաւ որ նեղութիւնը զինք մեկուսացնէր Մովաբի մէջ։ Սակայն, ակներեւաբար որոշ ատեն մը դառն զգացումներ ունեցաւ իրեն եւ իր երկու հարսերուն նկատմամբ։ Երբ զանոնք իր քովէն կը ղրկէր, Նոեմի ըսաւ. «Ձեզի համար շատ կը ցաւիմ. որովհետեւ Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս ծանրացաւ»։ Դարձեալ, երբ Բեթլէհէմ հասաւ, ան պնդեց. «Զիս Նոեմի [«Հաճելի»] մի կոչէք, զիս Մարա [«Դառն»] կոչեցէք. քանզի Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս»։—Հռութայ 1։13, 20

Սակայն, Նոեմի իր սուգին մէջ թաղուելով, ինքզինք չմեկուսացուց, Եհովայէ եւ Իր ժողովուրդէն հեռու մնալով։ Երբ Մովաբի մէջ էր, ան լսած էր թէ «Տէրը իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրեր է՝ անոնց հաց տալով»։ (Հռութայ 1։6) Ան հասկցաւ որ իրեն համար լաւագոյն տեղը՝ Եհովայի ժողովուրդին մէջ էր։ Անկէ ետք իր հարսին՝ Հռութին հետ, Նոեմի Յուդայի երկիրը վերադարձաւ եւ հմտօրէն Հռութի ուղղութիւն տուաւ թէ ի՛նչպէս պէտք էր վարուէր իրենց ազգականին ու վերագնողին՝ Բոոսի հետ։

Նմանապէս ներկայիս, իրենց կողակիցները կորսնցուցած հաւատարիմ անհատներ, զգացական ճնշուածութեան հետ յաջողութեամբ գլուխ կ’ելլեն, քրիստոնէական ժողովքին մէջ զբաղած մնալով։ Նոեմիի նման, անոնք հոգեւոր բաներով զբաղած կը մնան, ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալով։

Աստուածային Իմաստութիւնը Կիրարկելուն Օգուտներ

Աստուածաշունչի այս դրուագները, բացասական զգացումներու ազդեցութիւններուն տոկալու համար ներատեսութիւն կը հայթայթեն։ Ասափ Եհովայի սրբարանը երթալով օգնութիւն խնդրեց եւ համբերութեամբ Եհովայի սպասեց։ Բարուք խրատը լսեց եւ խուսափեցաւ նիւթական հետապնդումներէ։ Նոեմի Եհովայի ժողովուրդին մէջ գործունեայ մնաց, երիտասարդուհի Հռութը պատրաստելով ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ իր առանձնաշնորհումներուն համար։—Ա. Կորնթացիս 4։7. Գաղատացիս 5։26. 6։4

Կրնա՛ք յուսահատութիւնը եւ բացասական այլ զգացումներ յաղթահարել, մտածելով աստուածային յաղթանակներուն մասին, զորս Եհովա իր ժողովուրդին տուած է, անհատապէս եւ խմբովին։ Այս ուղղութեամբ, խոկացէք ձեզի ի նպաստ փրկանքը հայթայթելու համար Եհովայի սիրոյ մեծագոյն արարքին մասին։ Քրիստոնէական եղբայրակցութեան հարազատ սէրը գնահատեցէք։ Աստուծոյ մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ ձեր վայելելիք կեանքին վրայ կեդրոնացէք։ Իսկ թող որ դուք ալ Ասափի նման ընդառաջէք. «Բայց Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ, որպէս զի քու բոլոր գործերդ պատմեմ»։—Սաղմոս 73։28