Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպիսի մանկութիւն ալ ունեցած ըլլաք՝ կրնա՛ք յաջողիլ

Ինչպիսի մանկութիւն ալ ունեցած ըլլաք՝ կրնա՛ք յաջողիլ

Ինչպիսի մանկութիւն ալ ունեցած ըլլաք՝ կրնա՛ք յաջողիլ

ՆԻՔՈԼԱՍ իր մանկութենէն ի վեր ըմբոստութեան հակում մը ունէր։ * Ժամանակի ընթացքին, իր ներքին պայքարը զինք թմրեցուցիչի եւ խմիչքի մոլութեան առաջնորդեց։ Նիքոլաս կը բացատրէ. «Հայրս ալքոլամոլ էր, եւ ան քրոջս ու ինծի շատ տառապանք պատճառեց»։

Ըստ երեւոյթին, Մալինտայի ծնողքը իրենց համայնքին մէջ եկեղեցի յաճախող յարգուած անդամներ էին։ Սակայն անոնք աղանդի մըն ալ կը պատկանէին։ Մալինտան, որ այժմ 30–ական տարիքի մէջ է, ցաւ կը յայտնէ՝ ըսելով. «Անոնց աղանդին սովորութիւններէն ոմանք ինծի համար բիրտ էին եւ որպէս մանուկ իմ հոգիս ջախջախեցին»։ Ապա կ’աւելցնէ. «Իմ մէջս պատուաստուած յուսահատութեան եւ անարժէք ըլլալու զգացումները, ամենէն վաղ յիշատակներուս անբաժան մէկ մասը եղած են»։

Ո՞վ կրնայ ուրանալ թէ շատերու մանկութիւնը քայքայուած է բռնութեամբ, չարաշահումով, ծնողական զանցառութեամբ, եւ այլ բացասական ազդակներով։ Ապերջանիկ մանկութեան մը վէրքերը կրնան խոր ըլլալ։ Սակայն պէ՞տք է որ այսպիսի վէրքեր յաւերժ քանդեն Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը որդեգրելու եւ որոշ չափով ուրախութիւն գտնելու անհատի մը պատեհութիւնը։ Հակառակ իրենց դժբախտ մանկութեան, Նիքոլասը եւ Մալինտան կրնա՞ն որպէս ուղղամիտ անհատներ յաջողիլ։ Նախ՝ նկատի առէք Յուդայի Յովսիա Թագաւորին օրինակը։

Սուրբ Գրային Օրինակ մը

Յովսիա Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն Յուդայի վրայ 31 տարի իշխեց (Հ.Դ.Ա. 659-629)։ Իր հօր սպանութեան յաջորդող Յովսիայի գահակալութեան ժամանակ, Յուդայի մէջ կացութիւնը շատ վատ էր։ Յուդա եւ Երուսաղէմ Բահաղի երկրպագուներով եւ Ամմոնացիներու գլխաւոր չաստուծոյն՝ Մեղքոմով երդում ընողներով կը վխտային։ Այն ատենուան Աստուծոյ մարգարէներէն՝ Սոփոնիան, ըսաւ թէ Յուդայի իշխանները «մռնչող առիւծներ», իսկ դատաւորները՝ «երեկոյեան գայլեր» էին։ Հետեւաբար, բռնութիւնն ու խաբեբայութիւնը երկրին մէջ վերելքի մէջ էին։ Շատեր իրենց սրտին մէջ կ’ըսէին. «Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք»։—Սոփոնեայ 1։3–2։3. 3։1-5

Յովսիա ի՞նչպիսի թագաւոր մը եղաւ։ Աստուածաշունչի ժամանակագիրներէն՝ Եզրաս կը գրէ. «[Յովսիա] Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր հօրը Դաւիթին ճամբաներուն մէջ քալեց ու աջ ու ձախ կողմը չխոտորեցաւ»։ (Բ. Մնացորդաց 34։1, 2) Փաստօրէն, Յովսիա Աստուծոյ աչքին շիտակը ընելու մէջ յաջողութիւն գտաւ։ Սակայն, անոր ընտանեկան ենթահողը ի՞նչ էր։

Խնամք Տարուա՞ծ թէ Անարգուած Մանկութիւն մը

Երբ Յովսիա ծնաւ Հ.Դ.Ա. 667–ին, իր հայրը՝ Ամոն, միայն 16 տարեկան էր, իսկ մեծ հայրը՝ Մանասէ, Յուդայի վրայ կ’իշխէր։ Մանասէ Յուդայի վրայ իշխող ամենէն ամբարիշտ թագաւորներէն մէկը եղաւ։ Բահաղի զոհասեղաններ կանգնելով, «Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ»։ Ան իր իսկ որդիները կրակէ անցուց, գուշակութիւն եւ հմայութիւն ըրաւ, ոգեհարցական սովորութիւններ քաջալերեց եւ շատ անմեղ արիւն թափեց։ Մանասէ նաեւ Եհովայի տան մէջ բերաւ իր քանդակած սրբազան ցիցը։ Ան Յուդան ու Երուսաղէմը մոլորեցուց «որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն» ընեն։—Բ. Մնացորդաց 33։1-9

Մանասէն ա՛յնքան չար էր որ Եհովա թոյլ տուաւ որ ան ոտնակապերով տարուի Բաբելոն՝ Ասորեստանի միապետին արքայական քաղաքներէն մէկը։ Գերութեան մէջ Մանասէ զղջաց, ինքզինք խոնարհեցուց եւ Եհովայէ ներողութիւն խնդրեց։ Աստուած լսեց իր աղերսանքը եւ զինք Երուսաղէմ՝ իր թագաւորութեան վերադարձուց։ Մանասէ բարեկարգութիւններ մտցուց, եւ որոշ չափով յաջողեցաւ։—Բ. Մնացորդաց 33։10-17

Մանասէի չարութիւնը, ապա իր զղջումը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ իր որդւոյն՝ Ամոնի վրայ։ Ան շատ ամբարիշտ մէկը եղաւ։ Երբ Մանասէ զղջաց եւ ջանաց ազգը մաքրել իր հաստատած պղծութիւններէն, Ամոն չընդառաջեց։ Երբ 22 տարեկանին գահը ժառանգեց, Ամոն «Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ իր հօրը Մանասէին ըրածին պէս»։ Փոխանակ Եհովայի առջեւ խոնարհելու, «Ամոն աւելի յանցանք գործեց»։ (Բ. Մնացորդաց 33։21-23) Յովսիա հազիւ վեց տարեկան էր երբ Ամոն Յուդայի թագաւորը եղաւ։ Յովսիա ի՜նչ ահաւոր մանկութիւն մը ունեցած ըլլալու էր։

Ամոնի ամբարիշտ իշխանութիւնը վերջ գտաւ երկու տարի ետք, երբ իր ծառաները իրեն դէմ դաւաճանութիւն ընելով զինք սպաննեցին։ Սակայն, երկրին ժողովուրդը Ամոնի դէմ դաւաճանութիւն ընողները մեռցուց եւ անոր որդին՝ Յովսիան թագաւոր դրաւ։—Բ. Մնացորդաց 33։24, 25

Հակառակ իր մանկութեան շրջանին տիրող բացասական պայմաններուն, Յովսիա շարունակեց Եհովայի աչքին շիտակ եղածը ընել։ Անոր իշխանութիւնը ա՛յնքան յաջող էր որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անկէ առաջ անոր նման թագաւոր մը եղած չէր, որ իր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը ու բոլոր զօրութիւնովը Տէրոջը դառնար՝ Մովսէսին բոլոր օրէնքին համեմատ. ո՛չ ալ անկէ ետքը անոր նմանը եղաւ»։—Դ. Թագաւորաց 23։19-25

Յովսիա ի՜նչ քաջալերական օրինակ մը պէտք է ըլլայ անոնց համար, որոնք թերեւս ահաւոր մանկութիւն մը ունեցած են։ Անոր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Ի՞նչ բան օգնեց Յովսիայի որ շիտակ ընթացքը ընտրէր եւ անոր մէջ մնար։

Ջանաց Եհովան Ճանչնալ

Յովսիայի մանկութեան շրջանին իր մեծ հօր՝ Մանասէի զղջումը, իր վրայ որոշ դրական ազդեցութիւն մը ունեցած էր։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ այս երկուքը ո՛րքան իրարու հետ շփման մէջ մնացին եւ թէ Յովսիա քանի՛ տարեկան էր երբ Մանասէ իր ճամբաները շտկեց։ Քանի որ Հրեայ ընտանիքները իրարու մօտիկ կ’ըլլային, Մանասէ հաւանաբար փորձած էր իր թոռնիկը ազատել շրջակայ ապականիչ ազդեցութիւններէն, անոր սրտին մէջ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի եւ իր խօսքին հանդէպ որոշ չափով յարգանք տեղաւորելով։ Յովսիայի սրտին մէջ Մանասէի ցանած ճշմարտութեան որեւէ սերմ՝, թերեւս ուրիշ դրական ազդեցութիւններու հետ միանալով, ի վերջոյ պտուղ տուին։ Յուդայի գահին վրայ բարձրանալուն ութերորդ տարին, 15 տարեկան Յովսիան ջանաց Եհովան ճանչնալ եւ իր կամքը կատարել։—Բ. Մնացորդաց 34։1-3

Իրենց մանկութեան շրջանին ոմանց ունեցած միակ հոգեւոր կապը, հեռաւոր ազգական մը, ծանօթ մը կամ դրացի մը եղած է։ Այսուհանդերձ, եթէ այս կերպով ցանուած սերմերուն խնամք տարուի, հետագային լաւ պտուղ կրնայ տալ։ Նախապէս յիշուած Մալինտան, ազնիւ տարեց դրացի մը ունէր, որ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար իրենց տունը կը բերէր։ Խանդաղատանքով զինք մտաբերելով, ան կ’ըսէ. «Դրացիիս տօներ չպահելը ամենէն շատ տպաւորած էր զիս։ Ասիկա ինծի համար կարեւոր էր, որովհետեւ Ամենայն Սրբոց Տօնը եւ կարգ մը ուրիշ տօներ, իմ ծնողքիս պատկանած աղանդին համար ծիսական սովորոյթներու առիթներ էին»։ Տասը տարի ետք, երբ բարեկամ մը Մալինտան հրաւիրեց Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահին մէջ քրիստոնէական ժողովի մը, ան մտաբերեց այդ դրացին եւ իսկոյն ընդունեց այս հրաւէրը։ Ասիկա իրեն օգնեց որ ճշմարտութիւնը փնտռէր։

Աստուծոյ Առջեւ Խոնարհեցէք

Յովսիայի իշխանութիւնը նշուեցաւ Յուդայի երկրին մէջ տեղի ունեցած կրօնական մեծ բարեկարգումներով։ Կռապաշտութեան դէմ վեց տարուան արշաւէ մը եւ Յուդայի երկիրը մաքրագործելէ ետք, Յովսիան սկսաւ Եհովայի տունը նորոգել։ Մինչ գործը կ’ընթանար, Քեղկիա Քահանայապետը ի՜նչ թանկարժէք յայտնաբերում մը ըրաւ։ Ան «Տէրոջը օրէնքներուն գիրք»ին բնագիրը գտաւ։ Քեղկիա այս հոյակապ յայտնաբերումը, Սափան դպիրին յանձնելով, ան թագաւորին տեղեկացուց երեւան հանուածը։ Արդեօք այսպիսի իրագործումներ 25 տարեկան Յովսիան հպարտացուցի՞ն։—Բ. Մնացորդաց 34։3-18

«Թագաւորը օրէնքներու խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց», կը գրէ Եզրաս։ Ասիկա վշտի անկեղծ արտայայտութիւն մըն էր, քանի որ ան անդրադարձաւ թէ իր նախահայրերը Աստուծոյ բոլոր պատուիրանները չէին պահած։ Արդարե՛ւ խոնարհութեան նշան մը։ Թագաւորը անմիջապէս հինգ մարդոցմէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ղրկեց, Ողդան մարգարէուհիին միջոցաւ Եհովայի հարցնելու համար։ Պատուիրակութիւնը հետեւեալ բովանդակութեամբ տեղեկագրութիւն մը բերաւ. ‘Եհովայի Օրէնքին չհնազանդելուն պատճառաւ, աղէտ մը պիտի գար։ Բայց որովհետեւ դուն, ո՛վ Յովսիա Թագաւոր, խոնարհեցար, խաղաղութեամբ քու գերեզմանդ պիտի իջնես ու չարիքը պիտի չտեսնես’։ (Բ. Մնացորդաց 34։19-28) Յովսիայի կեցուածքը հաճելի թուեցաւ Եհովայի։

Հակառակ մեր ենթահողին, մենք ալ կրնանք ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի առջեւ խոնարհիլ, եւ իրեն ու իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հանդէպ յարգալից կեցուածք մը ցուցաբերել։ Սկիզբը յիշուած Նիքոլասը ճի՛շդ ասիկա ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Թէեւ թմրեցուցիչի ու խմիչքի մոլութեան պատճառաւ կեանքս կնճռոտ վիճակ մը ունէր, սակայն, Աստուածաշունչին հանդէպ հետաքրքրութիւն ունէի եւ կեանքի մէջ նպատակ մը ունենալու կարօտը կը քաշէի։ Ի վերջոյ, Եհովայի Վկաներու հետ շփման մէջ գալով, ապրելակերպս փոխեցի եւ ճշմարտութիւնը ընդունեցի»։ Այո, կրնա՛նք Աստուծոյ ու իր Խօսքին հանդէպ յարգալից կեցուածք մը ունենալ, հոգ չէ թէ ի՛նչ միջավայրէ կու գանք։

Եհովայի Կարգադրութիւններէն Օգտուեցէք

Յովսիա Եհովայի մարգարէներուն հանդէպ ալ խոր յարգանք ունէր։ Ան ոչ միայն Ողդա մարգարէուհիին գաղափարը հարցուց, այլեւ մեծապէս ազդուեցաւ իր օրուան ուրիշ մարգարէներէն։ Օրինակի համար, Երեմիան եւ Սոփոնիան, Յուդայի մէջ եղած կռապաշտութեան դէմ դատապարտութիւններ յայտարարելով զբաղած էին։ Անոնց պատգամին մտիկ ընելը որքա՜ն խրախուսած ըլլալու էր Յովսիան, երբ ան սուտ պաշտամունքի դէմ իր արշաւը կը մղէր։—Երեմեայ 1։1, 2. 3։6-10. Սոփոնեայ 1։1-6

«Տէրը»՝ Յիսուս Քրիստոս, իր օծեալ հետեւորդներու մարմինը՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» նշանակած է, ատենին հոգեւոր սնունդ տալու համար։ (Մատթէոս 24։45-47) Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած գրականութիւններու եւ ժողովքային կարգադրութիւններու միջոցաւ, ծառայ դասակարգը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Աստուածաշունչի խրատին անսալու օգուտներուն վրայ, եւ զայն մեր կեանքին մէջ կիրարկելու նկատմամբ գործնական թելադրութիւններ կը մատուցանէ։ Որքա՜ն պատշաճ է որ Եհովայի կարգադրութիւնը գործածենք, որեւէ խոր արմատ կապած վնասակար վարմունք յաղթահարելու համար։ Իր մանկութենէն, Նիքոլասը կ’ատէր հեղինակութիւնը։ Նոյնիսկ երբ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սորվեցաւ, այս տկարութիւնը զինք ետ պահեց Եհովայի լիովին ծառայելէ։ Այս կեցուածքը փոխելը իրեն համար դիւրին մարտահրաւէր մը չէր։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին ան յաջողեցաւ։ Ի՞նչպէս։ Նիքոլասը կը բացատրէ. «Երկու հասկացող երէցներու օգնութեամբ, ընդունեցի խնդիրս եւ սկսայ անոնց տուած սիրալիր սուրբ գրային խրատը կիրարկել»։ Ան կ’աւելցնէ. «Թէեւ երբեմն քիչ մը կ’ընդվզիմ, բայց այժմ ըմբոստ բնաւորութիւնս հակակշռի տակ առած եմ»։

Մալինտան ալ երէցներէն խրատ կը հայցէ, երբ իր կեանքին մէջ կարեւոր որոշումներու դիմաց գտնուի։ Մանկութենէն ի վեր իր մէջ արմատ կապած յուսահատութեան եւ անարժէք ըլլալու զգացումներուն հետ գլուխ ելլելու համար, ան յատկապէս արժէքաւոր գտած է Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն զանազան յօդուածները։ Ան կ’ըսէ. «Երբեմն յօդուածի մը մէջ պզտիկ բան մը՝ պարբերութիւն մը, կամ նախադասութիւն մը ուղղակի սրտիս կը դպչի։ Շուրջ ինը տարի առաջ, սկսայ այսպիսի յօդուածներու հաւաքածոյ մը պահել թղթածրարի մը մէջ, որպէսզի կարենամ արագօրէն անոնց դիմել»։ Ներկայիս, իր երեք թղթածրարները շուրջ 400 յօդուածներ կը բովանդակեն։

Ո՛չ, մարդիկ ընտանեկան գէշ կեանքի մը մնայուն զոհերը ըլլալու պէտքը չունին։ Եհովայի օգնութեամբ անոնք կրնա՛ն հոգեւորապէս յաջողիլ։ Ճիշդ ինչպէս որ լաւ մանկութիւն մը անհատի մը ուղղամիտ ըլլալը չ’երաշխաւորեր, նմանապէս գէշ մանկութիւն մը արգելք չի հանդիսանար որ անհատ մը աստուածավախ դառնայ։

Տաճարի նորոգութեան ընթացքին Օրէնքի գիրքը գտնելէ ետք, Յովսիա «Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրաւ, որպէս զի այն գրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը կատարելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանքներն ու վկայութիւնները եւ կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ»։ (Բ. Մնացորդաց 34։31) Մինչեւ իր վերջին շունչը ան այս որոշումէն չշեղեցաւ։ Մալինտան եւ Նիքոլասը նոյնպէս վճռած են Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ եւ իրենց ուղղամտութեան մէջ յաջողիլ։ Կը մաղթենք որ դուք ալ վճռէք Աստուծոյ մօտիկ մնալ եւ հաւատարմօրէն իրեն ծառայել։ Կասկած մի՛ ունենաք յաջողութեան վրայ, քանի որ Եհովա կը խոստանայ. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ»։—Եսայեայ 41։10, 13

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

[Նկարներ՝ էջ 26]

Հակառակ ահաւոր մանկութիւն մը ունենալուն, Յովսիա ջանաց Եհովան ճանչնալ եւ կեանքին մէջ յաջողութիւն գտաւ

[Նկար՝ էջ 28]

Երէցները կրնան ձեզի օգնել որ խոր արմատ կապած նկարագրի գծերը յաղթահարէք

[Նկար՝ էջ 28]

«Դիտարան»ը եւ «Զարթի՛ր»ը կրնան ձեզի օգնել որ ուղղամտութիւն պահէք