Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրարու հոգ տանող համաշխարհային ընկերակցութիւն մը

Իրարու հոգ տանող համաշխարհային ընկերակցութիւն մը

Իրարու հոգ տանող համաշխարհային ընկերակցութիւն մը

ՈՒՐ որ նայիք կը տեսնէք մարդիկ։ Շատեր տարեց են, իսկ անոնցմէ ոմանք ա՛յնքան անկարող են որ դժուարութեամբ կը քալեն։ Կան յղի կիներ եւ երախաներու հոգատարութիւն ունեցող երիտասարդ ամոլներ։ Բոլորն ալ գաղթական են՝ տղամարդիկ, կիներ եւ երախաներ, որոնք քաղաքացիական պատերազմի, բնական աղէտներու եւ այլ պարագաներու պատճառաւ հարկադրուած են իրենց տուները լքել, որպէսզի դրացի երկրի մը մէջ ապաստան փնտռեն։ Անոնցմէ ոմանք ստիպուած են կրկին անգամ իրենց տուները ձգել։ Քաղաքացիական խռովութեան, կամ բնական աղէտի մը առաջին նշանը նշմարելով, անոնք առտնին քանի մը առարկաներ կ’առնեն, իրենց զաւակները կը հաւաքեն եւ աւելի ապահով ապաստանարան մը կ’ուղղուին։ Ետքը, երբ կացութիւնը բնականոն դառնայ, գաղթականներէն շատեր կը վերադառնան, իրենց տուները վերաշինելու եւ ամէն ինչ սկիզբէն սկսելու համար։

Տարիներու ընթացքին, Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւնը իր դռները լայն բացած է զանազան երկիրներէ եկած գաղթականներուն առջեւ։ Վերջերս, հազարաւորներ, մէջը ըլլալով բազմաթիւ Եհովայի Վկաներ, ստիպուեցան պատերազմով պառակտուած Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութենէն փախչիլ, դէպի յարաբերաբար ապահով Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւնը։

Եղբայրները Օգնութեան կը Փութան

Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ բնակող Վկաները, մարդասիրական օգնութիւններ կազմակերպելը առանձնաշնորհում մը նկատեցին։ Անոնք հոն հասնող Քրիստոնեայ եղբայրներուն համար իջեւաններ ապահովեցին։ Սկիզբը, անձնական տուներու մէջ սենեակներ տրամադրուեցան, սակայն երբ գաղթականներուն թիւը սկսաւ աւելնալ, բացայայտ դարձաւ թէ աւելի հիմնական կարգադրութիւններու հարկը կար։ Կարգ մը Թագաւորութեան Սրահներ ննջասրահներու վերածուեցան։ Հոն իջեւանելիք անհատներուն հանգստութեան համար, տեղւոյն Վկաները գործի լծուեցան, յաւելեալ լոյսեր զետեղելով, ջուրի խողովակներ սարքելով, եւ գետինը շաղախով ծեփելով։ Գաղթականները եւ տեղւոյն եղբայրները ուս ուսի աշխատեցան, այս առժամեայ ննջասրահները պատրաստելու համար։ Քրիստոնէական ժողովներու լման յայտագիր մը պատրաստուեցաւ Լինկալա լեզուով, որպէսզի գաղթականները սնուցանուին կենսապահ հոգեւոր սնունդով։ Տեղւոյն Վկաներուն եւ իրենց հիւրերուն միջեւ եղած սերտ համագործակցութիւնը ցոյց տուաւ թէ միջազգային եղբայրակցութիւնը իրողութիւն մըն է։

Գաղթական ընտանիքներ միշտ միասնաբար չէին հասներ։ Երբեմն, իրարմէ անջատուած ընտանիքի անդամներ գաղթակայան հասնելով կը վերամիանային։ Իւրաքանչիւր Թագաւորութեան Սրահի մէջ ապահովաբար հասնողներուն անուններու ցանկ մը կը պահուէր։ Կարգադրութիւններ եղան բացակայ անհատները գտնելու համար։ Այդ երկրին մէջ Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնը առաջնորդող մասնաճիւղի գրասենեակը, ամէն օր երեք վէն կը ղրկէր, տակաւին ճամբու վրայ եղող Վկաներուն օգնելու եւ թերեւս կորսուածները փնտռելու համար։ Այս վէն–երը բնորոշուած էին մեծ ցուցատախտակով մը, որու վրայ գրուած էր՝ «ԴԻՏԱՐԱՆ—Եհովայի Վկաներ»։

Երեւակայեցէք իրենց ծնողներէն բաժնուած եօթը գաղթական երախաներու ուրախութիւնը, երբ անոնք Եհովայի Վկաներու վէն–երէն մէկը տեսան։ Անոնք անմիջապէս դէպի վէն վազեցին եւ իրենց Վկայ ըլլալը յայտնեցին։ Եղբայրները զանոնք վէն–ին մէջ առին ու Թագաւորութեան Սրահ տարին, ուր վերջապէս իրենց ընտանիքներուն վերամիացան։

Ի՞նչ բան օգնած է այս անկեղծ Քրիստոնեաներուն որ այսպիսի պարագաներու հետ գլուխ ելլեն, ոչ թէ մէ՛կ անգամ, այլ՝ շատ անգամ։ Անոնք լիովին համոզուած են թէ մենք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ մարգարէացուած վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Յայտնութիւն 6։3-8

Հետեւաբար, անոնք գիտեն թէ շուտով Եհովա Աստուած վերջ պիտի դնէ պատերազմներուն, ատելութեան, բռնութեան եւ կռիւներուն։ Գաղթականութեան հարցը անցեալին պատկանող բան մը պիտի ըլլայ։ Մինչ այդ, Ա. Կորնթացիս 12։14-26–ի մէջ գտնուող Պօղոս առաքեալի խրատին համաձայն, Եհովայի Վկաները կը շարունակեն իրարու հոգ տանիլ։ Թէեւ գետերով, սահմաններով, լեզուներով եւ տարածութիւններով բաժնուած են, սակայն անոնք իրարմով հետաքրքրուած են. ուստի, երբ մէկը օգնութեան կարիքը ունենայ, արագօրէն գործի կը լծուին։—Յակոբու 1։22-27

[Քարտէս՝ էջ 30]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԱՓՐԻԿԷ

Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն

Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն

[Նկարին աղբիւրը]

Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.

[Նկարներ՝ էջ 30]

Երեք Թագաւորութեան սրահներ ընդունելութեան սրահներու վերածուեցան

[Նկար՝ էջ 31]

Անմիջապէս խոհանոցի սարքեր զետեղուեցան

[Նկար՝ էջ 31]

Հետզհետէ աւելի գաղթականներ կը հասնէին

[Նկարներ՝ էջ 31]

Նոր ծնած, սակայն արդէն՝ գաղթական