Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Հանրային առողջութեան սպառնացող թաքուն վտանգ մը»

«Հանրային առողջութեան սպառնացող թաքուն վտանգ մը»

«Հանրային առողջութեան սպառնացող թաքուն վտանգ մը»

ԻՆԹԸՐՆԷԹԻ սեռային վայրերուն մասին կատարուած փորձագիտանք մը երեւան հանած է, թէ զարմանալիօրէն, Միացեալ Նահանգներու մէջ Ինթըրնէթը գործածող չափահասներուն մէ՛կ երրորդը սեռային վայրեր այցելած է։ Ներկայիս, մեծ թիւով անհատներ իրենց սեռային կրքերը կը յագեցնեն Ինթըրնէթի միջոցաւ։ Փորձագիտանքը վարող հոգեբան՝ Տոքթ. Էլ Քուփըր կ’ըսէ. «Ասիկա հանրային առողջութեան սպառնացող թաքուն վտանգ մըն է որ կը պոռթկայ, մասամբ, քանի որ քիչեր կ’անդրադառնան անոր, կամ զայն լուրջի կ’առնեն»։

Գլխաւորաբար որո՞նք անպաշտպան են սայպըրսէքս–ի դէմ։ «Այն գործածողները, որոնց սեռայնութիւնը ամբողջ կեանքի ընթացքին հաւանաբար սանձուած եւ սահմանափակուած էր», եւ որոնք Ինթըրնէթի վրայ «յանկարծ սեռային պատեհութիւններու անսահման մթերք մը կը գտնեն», կ’ըսէ Տոքթ. Քուփըր։

Սակայն, սեռային վայրերը յաճախողներէն շատեր այս սովորութիւնը անվնաս կը նկատեն։ Արդեօք այդպէ՞ս է։ Ճիշդ ինչպէս որ թմրեցուցիչի մոլի մը իր գործածած թմրեցուցիչին հանդէպ վարժութիւն կը զարգացնէ, նոյնպէս ալ սայպըրսէքս–ի մոլիներէն շատեր սեռային նիւթերու մեծ «քանակութիւն» կը փնտռեն Ինթըրնէթի վրայ, իրենց ցանկութիւնները յագեցնելու համար։ Այո, անոնք նոյնիսկ իրենց գործը եւ իրենց կողակիցին հետ իրենց յարաբերութիւնը կրնան վտանգել։

Սակայն, Աստուած հաճեցնել ուզողները յաւելեալ պատճառ մը ունին, որ Ինթըրնէթի վրայ սեռային վայրեր այցելելէ խուսափին։ Աստուծոյ Խօսքը կը խրատէ. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է. որոնց համար Աստուծոյ բարկութիւնը անհնազանդութեան որդիներուն վրայ կու գայ»։ (Կողոսացիս 3։5, 6) Որպէսզի անհատ մը կարենայ անսանձ կրքի առնչութեամբ ‘իր անդամները սպաննել’, ան Եհովա Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր սէր պէտք է մշակէ։ (Սաղմոս 97։10) Եթէ ան նկատէ թէ հանրային առողջութեան վտանգ հանդիսացող սայպըրսէքս–ով հրապուրուած է, պէտք է Եհովայի հանդէպ իր սէրը զօրացնէ, Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով։ Թագաւորութեան Սրահին մէջ Եհովայի Վկաներուն հետ օգտակար ընկերակցութիւնը, անհատին կրնայ օգնել որ Աստուած հաճեցնելու իր վճռակամութիւնը զօրացնէ։