Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուշադրութիւն ընծայեցէք Աստուծոյ սքանչելի գործերուն

Ուշադրութիւն ընծայեցէք Աստուծոյ սքանչելի գործերուն

Ուշադրութիւն ընծայեցէք Աստուծոյ սքանչելի գործերուն

«Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ»։—ՍԱՂՄՈՍ 40։5

1, 2. Աստուծոյ սքանչելի գործերուն մասին ի՞նչ ապացոյց ունինք, եւ ասիկա մեզ ի՛նչ բան ընելու պէտք է մղէ։

ԵՐԲ Աստուածաշունչ կը կարդաք, իսկոյն կը տեսնէք թէ Աստուած իր վաղեմի ժողովուրդին համար սքանչելի բաներ ըրաւ։ (Յեսուայ 3։5. Սաղմոս 106։7, 21, 22) Նոյնիսկ եթէ ներկայիս Եհովա մարդկային հարցերուն մէջ այս կերպով չի միջամտեր, իր սքանչելի գործերը ապացուցանող բազմաթիւ փաստեր կը գտնենք մեր շուրջը։ Ուստի պատճառ ունինք սաղմոսերգուին միանալու, ըսելով. «Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ»։—Սաղմոս 104։24. 148։1-5

2 Ներկայիս շատեր կ’անտեսեն կամ կը մերժեն Ստեղծիչին գործունէութիւններուն բացայայտ ապացոյցները։ (Հռովմայեցիս 1։20) Սակայն, լաւ կ’ընենք եթէ անոնց մասին խորհինք եւ մեր Արարիչին առջեւ մեր ունեցած դիրքին եւ իր հանդէպ մեր պարտաւորութեան կապակցաբար որոշ եզրակացութեան հասնինք։ Յոբայ 38–էն մինչեւ 41–րդ գլուխները ասիկա ընելու համար հոյակապ օգնութիւն մըն են, քանի որ հոն Եհովա Յոբի ուշադրութեան յանձնեց Իր սքանչելի գործերուն կարգ մը երեսակները։ Նկատի առէք Աստուծոյ յարուցած կարգ մը վաւերական հարցերը։

Զօրաւոր եւ Սքանչելի Գործեր

3. Յոբայ 38։22, 23, 25-29–ի համաձայն, Աստուած ի՞նչ բաներու մասին հարցուց։

3 Աստուած Յոբին հարցուց. «Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես ու կարկուտին գանձերը տեսե՞ր ես, որոնք ես կը պահեմ նեղութեան ժամանակի ու կռիւի եւ պատերազմի օրերուն համար»։ Երկրի շատ մը մասերուն մէջ, ձիւնն ու կարկուտը կեանքի առօրեային մաս կը կազմեն։ Աստուած շարունակեց. «Հեղեղներուն համար՝ անցք ու որոտումներուն փայլակին համար ճամբայ ո՞վ բացաւ, որպէս զի անձրեւ տայ այն երկրին, ուր մարդ չկայ, անապատին՝ ուր մէ՛կը չի բնակիր, որպէս զի անապատներն ու անշէն տեղերը կշտացնէ ու կանանչ խոտ բուսցնէ։ Անձրեւը հայր ունի՞, կամ թէ ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները։ Սառը որո՞ւն արգանդէն կ’ելլէ ու ո՞վ ծնաւ երկնքի եղեամը»։—Յոբայ 38։22, 23, 25-29

4-6. Ձիւնի մասին մարդուն գիտութիւնը ի՞նչ առումով կիսատ է։

4 Արագ ընթացող ընկերութեան մը մէջ ապրող եւ ճամբորդելու կարիք ունեցողներէն ոմանց համար ձիւնը կրնայ խոչընդոտ մը ըլլալ։ Անհամար ուրիշներ սակայն, ձիւնը կը համարեն հաճոյքի արժէքաւոր աղբիւր մը, որ ձմրան յատուկ գործունէութիւններու պատեհութիւն տուող վայրեր մէջտեղ կը բերէ։ Աստուծոյ հարցումը ի մտի ունենալով, արդեօք ձիւնին՝ նոյնիսկ անոր երեւոյթին մասին լաւ տեղեկութիւն ունի՞ք։ Այո, ճիշդ է որ ձիւնի զանգուածներուն մասին գաղափար մը ունինք, թերեւս ձիւնակոյտերու պատկերներ եւ կամ անձնապէս զանոնք տեսած ենք։ Սակայն ձիւնի անջատ փաթիլի մը մասին ի՞նչ գիտէք։ Գիտէ՞ք անիկա ինչի կը նմանի. արդեօք զայն մօտէն հետազօտա՞ծ էք։

5 Ոմանք տասնեակ տարիներ ձիւնի փաթիլները ուսումնասիրելով եւ նկարելով անցուցած են։ Ձիւնի մէկ փաթիլը 100 նուրբ սառի բիւրեղներէ կրնայ բաղկանալ. անիկա գեղեցիկ է ու բազմաձեւ։ Էթմոսֆիր (Անգլերէն) գրքին մէջ կը կարդանք. «Ձիւնի փաթիլներուն անվերջ այլազանութիւնը առասպելական է եւ, թէեւ գիտնականներ կը պնդեն որ բնութեան ո՛չ մէկ օրէնք կ’արգիլէ անոնց նմանօրինակութիւնը, սակայն բնա՛ւ երկու նոյնանման փաթիլներ չեն գտնուած։ Ուիլսըն Է. Պէնթլիի կողմէ ղեկավարուած հսկայական հետախուզութիւն մը . . . աւելի քան 40 տարիներ անցուց մանրադիտակի միջոցաւ ձիւնափաթիլներ զննելով եւ նկարահանելով, առանց գտնելու երկու փաթիլ որ ճիշդ իրարու կը նմանին»։ Նոյնիսկ եթէ հազուագիւտ պարագայի մը, պատահի որ երկու փաթիլներ իրարու նմանին, ասիկա իրապէս կը նսեմացնէ՞ ձիւնի փաթիլներու հսկայ այլազանութեան հրաշքը։

6 Յիշեցէք Աստուծոյ հարցումը՝ «Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես»։ Շատեր կը խորհին որ ձիւնին շտեմարանները ամպերն են։ Կրնա՞ք երեւակայել այսպիսի շտեմարան մը երթալ, ձիւնի բազմաձեւի փաթիլները հաշուելու համար, եւ՝ ուսումնասիրել թէ անոնք ի՛նչպէս կազմուած են։ Գիտական համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Տակաւին յստակ չէ սառոյցի կորիզներուն բնոյթը եւ ծագումը, որոնք անհրաժեշտ են ամպի կաթիլները սառեցնելու շուրջ −40 աստիճանի ներքեւ»։—Սաղմոս 147։16, 17. Եսայեայ 55։9, 10

7. Անձրեւի մասին մարդուն գիտութիւնը որքա՞ն ամբողջական է։

7 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել անձրեւին մասին։ Աստուած Յոբին հարցուց. «Անձրեւը հայր ունի՞, կամ թէ ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները»։ Գիտական նոյն համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Մթնոլորտային շարժումներու բարդութեան եւ օդին մէջ գտնուող մասնիկներու ու գոլորշիի հսկայական փոփոխականութեան պատճառաւ, անկարելի կը թուի մանրամասնուած, ընդհանուր տեսութիւն մը կազմել ամպերու ու տեղատարափի զարգացման կերպին մասին»։ Պարզ բառերով, գիտնականները մանրամասնուած վարկածներ ներկայացուցած են, սակայն անոնք իրապէս չեն կրնար լիովին բացատրել անձրեւը։ Այսուհանդերձ, գիտէք թէ կենսական եղող անձրեւը կ’իջնէ, մեր երկիրը կը ջրէ, բոյսերուն կեանք կու տայ եւ կեանքը կարելի ու հաճելի կը դարձնէ։

8. Գործք Առաքելոց 14։16–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը ինչո՞ւ պատշաճ են։

8 Չէ՞ք համաձայնիր այն եզրակացութեան հետ, որու յանգեցաւ Պօղոս առաքեալ։ Ան ուրիշները յորդորեց որ այս հրաշալի գործերուն մէջ զանոնք Ընողին մասին վկայութիւնը տեսնեն։ Պօղոս Եհովա Աստուծոյ մասին ըսաւ. «Ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով»։—Գործք 14։16. Սաղմոս 147։8

9. Աստուծոյ սքանչելի գործերը ի՞նչպէս կը ցուցադրեն իր մեծ զօրութիւնը։

9 Կասկած չի վերցներ որ այսպիսի հոյակապ ու օգտակար բաներ Ընողը անհուն իմաստութիւն եւ զօրութիւն ունի։ Ինչ կը վերաբերի իր զօրութեան, հետեւեալը նկատի առէք. Կ’ըսուի որ ամէն օր շուրջ 45,000 որոտումներ կ’ըլլան. տարին աւելի քան 16 միլիոն։ Ասիկա կը նշանակէ թէ այս պահուս, համայն աշխարհի մէջ շուրջ 2,000 որոտումներ տեղի կ’ունենան։ Միայն մէկ որոտախառն անձրեւ պատճառելու համար կուտակուած ամպերը Բ. Աշխարհամարտին նետուած կորիզային ռումբերուն տասը անգամը, կամ աւելի, ոյժ կ’արտադրեն։ Դուք այս ուժին պզտիկ մէկ մասը կը տեսնէք որպէս կայծակ։ Ահաւոր ու զօրեղ ըլլալէ զատ, կայծակին լոյսը բորակածինի տեսակներ յառաջ գալուն կը նպաստէ, որոնք հողին կը հասնին եւ բոյսերուն կողմէ կը ներծծուին, որպէս բնական պարարտացուցիչ։ Ուստի, կայծակը ցուցադրուած ոյժ մըն է, բայց նաեւ իսկական օգուտներ կը բերէ։—Սաղմոս 104։14, 15

Ի՞նչ Ազդեցութիւն կը Ձգէ Ձեր Վրայ

10. Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք Յոբայ 38։33-38–ի մէջ գտնուող հարցումներուն։

10 Երեւակայեցէք որ դուք Յոբն էք եւ Ամենակալ Աստուծոյ կողմէ հարցուփորձի կ’ենթարկուիք։ Հաւանաբար համաձայն պիտի գտնուիք որ մարդոց մեծամասնութիւնը շատ ուշադրութիւն չեն ընծայեր Աստուծոյ սքանչելի գործերուն։ Յոբայ 38։33-38–ի մէջ կարդանք ինչ որ Եհովա մեզի կը հարցնէ։ «Երկնքի կանոնները գիտե՞ս, անոր իշխանութիւնը երկրի վրայ կրնա՞ս դնել։ Ձայնդ ամպերուն կրնա՞ս հասցնել, որպէս զի ջուրերուն շատութիւնը քեզ ծածկէ։ Կայծակները կրնա՞ս ղրկել, որպէս զի երթան ու քեզի ‘Ահա պատրաստ ենք’, ըսեն։ Երիկամունքներուն [«ամպերու խաւերուն», ՆԱ] մէջ ո՞վ իմաստութիւն դրաւ, կամ մտքին [«երկնքի բներեւոյթին», ՆԱ] ո՞վ հանճար տուաւ։ Ո՞վ կրնայ իմաստութիւնով ամպերը համրել ու երկնքի տիկերը թափել տալ, երբ փոշին թրջուելով զանգուած մը ըլլայ հողին կոշտերը իրարու կը փակչին»։

11, 12. Ի՞նչ բաներ կ’ապացուցանեն թէ Աստուած սքանչելի բաներ Ընողն է։

11 Մենք Եղիուսի կողմէ Յոբի ուղղուած հարցումներուն միայն քանի մը կէտերը նկատի առինք, եւ տեսանք կարգ մը հարցումներ, զորս Եհովա հարցուց Յոբի որ «կտրիճի պէս» պատասխանէ։ (Յոբայ 38։3) Կ’ըսենք՝ «կարգ մը», քանի որ Յոբայ 38 եւ 39–րդ գլուխներուն մէջ Աստուած ստեղծագործութեան ուրիշ ուշագրաւ երեւոյթներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց։ Օրինակ, ան յիշեց երկնքի համաստեղութիւնները։ Ո՞վ գիտէ անոնց բոլոր օրէնքներն ու կանոնները։ (Յոբայ 38։31-33) Եհովա Յոբի ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը անասուններ. առիւծը, ագռաւը, ժայռի այծեամը, վայրի էշը, միեղջերուն ու ջայլամը, ապա ձին եւ արծիւը։ Իրականութեան մէջ, Աստուած հարցուց Յոբի թէ ի՞նք տուած էր այս անասուններուն յատկանիշները, որպէսզի կարենան ապրիլ ու բարգաւաճիլ։ Թերեւս այս գլուխները ուսումնասիրելէն հաճոյք պիտի առնէք, մանաւանդ եթէ ձի կամ ուրիշ անասուններ կը սիրէք։—Սաղմոս 50։10, 11

12 Կրնաք քննել նաեւ Յոբայ 40 եւ 41–րդ գլուխները, ուր Եհովա դարձեալ Յոբի կ’ըսէ որ պատասխանէ երկու մասնայատուկ արարածներու մասին իր հարցուցած հարցումներուն։ Այդ արարածներն են հսկայական ու զօրաւոր կազմուածքով գետաձին (Բեհեմովթը), եւ Նեղոսի ահաւոր կոկորդիլոսը (Լեւիաթանը)։ Երկուքն ալ իւրայատուկ կերպով ստեղծագործութեան սքանչելիքներ կը ներկայացնեն եւ մեր ուշադրութեան արժանի են։ Հիմա տեսնենք թէ ի՞նչ եզրակացութիւններու կրնանք յանգիլ։

13. Աստուծոյ հարցաքննութիւնը Յոբի վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ, եւ այս բաները մեզի ի՞նչպէս պէտք է ազդեն։

13 Յոբայ 42–րդ գլուխը ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ հարցաքննութիւնը ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Յոբի վրայ։ Նախապէս Յոբ շատ մեծ կարեւորութիւն տուած էր ինքզինքին եւ ուրիշներուն։ Բայց ընդունելով Եհովայի հարցումներուն մէջ պարփակուած լռելեայն սրբագրութիւնը, ան իր տեսակէտը շտկեց։ Ան խոստովանեցաւ. «Գիտեմ որ [դուն՝ Եհովա] ամէն բանի կարող ես ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ’ելլեր։ Ո՞վ է անիկա որ տգիտութեամբ խորհուրդը կը նսեմացնէ։ Արդարեւ կը խօսէի, բայց չէի հասկնար. ինծի սքանչելի բաներ ըլլալով՝ չէի իմանար»։ (Յոբայ 42։2, 3) Այո, Աստուծոյ սքանչելի գործերուն ուշադրութիւն ընծայելէ ետք, Յոբ ըսաւ թէ այս բաները շա՛տ հոյակապ էին իրեն համար։ Այս ստեղծագործական սքանչելիքները վերաքաղ ընելէ ետք, մենք ալ նո՛յնպէս պէտք է տպաւորուինք, Աստուծոյ իմաստութեամբ ու զօրութեամբ։ Ի՞նչ նպատակաւ։ Միմիայն իր անսահման զօրութեամբ ու կարողութեամբ տպաւորուելո՞ւ համար, թէ ոչ մեր տպաւորութիւնը անկէ անդին պէտք է երթայ։

14. Դաւիթ ի՞նչպէս ընդառաջեց Եհովայի սքանչելի գործերուն։

14 86–րդ Սաղմոսին մէջ, ասոր հետ առնչուած Դաւիթի արտայայտութիւնները կը գտնենք, որ նախապէս ուրիշ սաղմոսի մը մէջ ըսած էր. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ։ Օրը օրին կը յայտնէ խօսքը ու գիշերը գիշերին կը ցուցնէ գիտութիւնը»։ (Սաղմոս 19։1, 2) Բայց Դաւիթ աւելի անդին գնաց։ Սաղմոս 86։10, 11–ին մէջ կը կարդանք. «Դուն մեծ ես ու հրաշքներ կ’ընես։ Միայն դո՛ւն Աստուած ես։ Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ. միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»։ Իր բոլոր սքանչելի գործերուն համար Ստեղծիչին հանդէպ Դաւիթի ունեցած երկիւղը՝ իր մէջ որոշ ակնածանք կը ներփակէր։ Կրնաք ըմբռնել թէ ինչո՛ւ։ Դաւիթ չէր ուզեր նեղացնել Ան որ այս սքանչելի գործերը ընելու կարող էր։ Մեր զգացումն ալ նոյնը պէտք է ըլլայ։

15. Ինչո՞ւ Աստուծոյ հանդէպ Դաւիթի ունեցած երկիւղը տեղին էր։

15 Դաւիթ անդրադարձած ըլլալու էր թէ, քանի որ Աստուած անհուն զօրութիւն ունի եւ զայն կը հակակշռէ, ան կրնայ զայն գործածել իր հաճութեան արժանի չեղող ոեւէ մէկուն դէմ։ Անոնց համար անիկա աղիտաբեր կ’ըլլայ։ Աստուած Յոբի հարցուց. «Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես ու կարկուտին գանձերը տեսե՞ր ես, որոնք ես կը պահեմ նեղութեան ժամանակի ու կռիւի եւ պատերազմի օրերուն համար»։ Ձիւնը, կարկուտը, սաստիկ անձրեւը, հովը եւ կայծակները Աստուծոյ զինարանին մաս կը կազմեն։ Իսկ ասոնք ի՜նչ ահաւոր բնական ուժեր կը ներկայացնեն։—Յոբայ 38։22, 23

16, 17. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ Աստուծոյ ունեցած ահաւոր ոյժը, եւ ան այս ոյժը անցեալին ի՛նչպէս գործածած է։

16 Հաւանաբար ձեր շրջանին մէջ ասոնցմէ որեւէ մէկուն կողմէ պատճառուած բնական աղէտ մը կը յիշէք. ոլորամրրիկ, փոթորիկ, կիկլոն, կարկուտի փոթորիկ, կամ հեղեղ մը։ Օրինակ մը տանք. 1999–ի վերջաւորութեան, հսկայական փոթորիկներ հարուածեցին հարաւ–արեւմտեան Եւրոպան, զարմացնելով նոյնիսկ օդերեւութաբանները։ Ժամական 200 քմ. սուրացող զօրաւոր հով մը հազարաւոր երդիքներ փրցուց, ելեկտրական ցիցեր տապալելով եւ բեռնակառքեր շրջելով։ Փորձեցէք մտապատկերել. այդ փոթորիկը շուրջ 270 միլիոն ծառեր արմատախիլ ըրաւ՝ 10,000 միայն Փարիզէն դուրս գտնուող Վերսայի պարտէզին մէջ։ Միլիոնաւոր բնակարաններ առանց ելեկտրականութեան մնացին։ Մօտաւորապէս 100 անհատներ մահացան։ Այս բոլորը՝ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Ի՜նչ ոյժ։

17 Անհատ մը կրնայ փոթորիկները արտակարգ, անուղղելի ու անղեկավարելի պատահարներ կոչել։ Արդ, ի՞նչ պիտի ըլլար հնարաւորութիւնը, երբ սքանչելի բաներ ընող Ամենակալը այս ուժերը գործածէր ղեկավարուած եւ նպատակադրուած կերպով։ Ան այսպիսի բան մը ըրաւ Աբրահամի օրերուն։ Աբրահամ սորվեցաւ թէ ամբողջ երկրին Դատաւորը երկու քաղաքներու՝ Սոդոմի ու Գոմորի անօրէնութիւնը չափած էր։ Անոնք ա՛յնքան ապականած էին, որ անոնց համար եղած գանգատը Աստուծոյ բարձրացած էր։ Ան օգնեց որ բոլոր արդար անհատները փախչին այդ դատապարտուած քաղաքներէն։ Պատմական արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Այն ատեն Սոդոմի ու Գոմորի վրայ ծծումբ ու կրակ տեղաց Տէրոջը կողմանէ՝ երկնքէն»։ Անիկա սքանչելի գործ մըն էր. արդարը պահպանել եւ անուղղելի ամբարիշտը կորսնցնել։—Ծննդոց 19։24

18. Եսայեայ 25–րդ գլուխը ի՞նչ սքանչելի բաներ կը նշէ։

18 Հետագային, Աստուած դատաստան գործադրեց վաղեմի Բաբելոն քաղաքին վրայ, որ հաւանաբար Եսայեայ 25–րդ գլուխին մէջ ակնարկուած քաղաքն է։ Աստուած նախագուշակեց որ քաղաք մը աւերակ պիտի դառնար. «Քաղաքը հողակոյտ ու պարսպապատ քաղաքը աւերակ դարձուցիր, որպէս զի այսուհետեւ քաղաք չըլլալով՝ օտարականներուն պալատը յաւիտեան չշինուի»։ (Եսայեայ 25։2) Ներկայիս՝ վաղեմի Բաբելոնի վայրը այցելողները կրնան հաստատել ասոր ճշմարիտ ըլլալը։ Բաբելոնի կործանումը պարզ դիպուա՞ծ մըն էր։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, կրնանք Եսայիի յանգած եզրակացութիւնը ընդունիլ. «Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս դուն ես. քեզ պիտի բարձրացնեմ, քու անուանդ փառք պիտի տամ. քանզի սքանչելի բաներ ըրիր, քու վաղեմի խորհուրդներն հաւատարիմ եւ ճշմարիտ են»։—Եսայեայ 25։1

Սքանչելի Գործեր՝ Ապագային

19, 20. Եսայեայ 25։6-8–ի նկատմամբ ի՞նչ կիրարկում կրնանք ակնկալել։

19 Եհովա վերոյիշեալ մարգարէութիւնը կատարեց անցեալին եւ սքանչելի կերպով գործի պիտի լծուի ապագային։ Այս բովանդակութեան մէջ՝ ուր Եսայի կը յիշէ Աստուծոյ «սքանչելի բաներ»ը, վստահելի մարգարէութիւն մը կը գտնենք, որ տակաւին պիտի կատարուի, ճիշդ ինչպէս որ Բաբելոնի վրայ դատաստանը կատարուեցաւ։ Ի՞նչ «սքանչելի բան» խոստացուած է։ Եսայեայ 25։6–ը կ’ըսէ. «Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, պարարտ բաներու եւ հին գինիներու, ծուծով լեցուած պարարտ բաներու ու զտուած հին գինիներու կոչունք»։

20 Այս մարգարէութիւնը վստահաբար իրականութիւն մը պիտի ըլլայ մեր դիմաց եղող Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ։ Այդ ժամանակ, մարդկութիւնը ազատագրուած պիտի ըլլայ այն խնդիրներէն, որոնք ներկայիս կ’ընկճեն շատերը։ Արդարեւ Եսայեայ 25։7, 8–ի մարգարէութիւնը կ’երաշխաւորէ որ Աստուած իր արարչական զօրութիւնը պիտի գործածէ իր ամենէն սքանչելի գործը ընելու համար. «Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ. վասն զի Տէրը խօսեցաւ»։ Հետագային, Պօղոս առաքեալ այս համարէն մէջբերեց եւ զայն կիրարկեց, մեռելները կեանքի բերելու կամ յարուցանելու Աստուծոյ արարքին։ Ի՜նչ հոյակապ գործ մը պիտի ըլլայ ատիկա։—Ա. Կորնթացիս 15։51-54

21. Աստուած մեռելներուն համար ի՞նչ սքանչելի գործեր պիտի ընէ։

21 Արցունքները չքացուելուն ուրիշ պատճառ մը այդ է որ մարդիկ իրենց ֆիզիքական հիւանդութիւններէն պիտի ձերբազատուին։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, շատերը բուժեց, կոյրին տեսնել, խուլին լսել տուաւ եւ հաշմանդամը կազդուրեց։ Յովհաննու 5։5-9–ն կ’ըսէ թէ ան 38 տարիէ կաղ մարդ մը բուժեց։ Դիտողները խորհեցան որ ասիկա զարմանալի, հոյակապ բան մըն էր։ Իսկապէ՛ս ալ էր։ Բայց Յիսուս տակաւին աւելի սքանչելի բանի մը՝ մեռելներու յարութեան մասին խօսեցաւ անոնց. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար»։—Յովհաննու 5։28, 29

22. Ինչո՞ւ աղքատը եւ վշտահարը կրնան ակնկալութեամբ յուսալ։

22 Ասիկա անպայման տեղի պիտի ունենայ, քանի որ այս խոստումին ետին եղողը Եհովան է։ Ան կը վստահեցնէ թէ երբ իր վերահաստատման մեծ զօրութիւնը գործածէ եւ զայն ուշադրութեամբ ուղղէ, արդիւնքը սքանչելի պիտի ըլլայ։ 72–րդ Սաղմոսը կը նշէ թէ Ան ի՛նչ պիտի ընէ իր Թագաւոր Որդւոյն միջոցով։ Այն ատեն արդարը պիտի ծաղկի։ Շա՛տ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։ Աստուած պիտի ազատէ աղքատը ու վշտահարը։ Ան կը խոստանայ. «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը, անոր պտուղը [վաղեմի] Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։ Գետնի խոտին պէս պիտի ծաղկին քաղաքացիները»։—Սաղմոս 72։16

23. Աստուծոյ սքանչելի գործերը ի՞նչ ընելու պէտք է մղեն մեզ։

23 Յստակ է որ Եհովայի սքանչելի գործերուն ուշադրութիւն ընծայելու պատճառներ ունինք. անցեալին իր ըրած բաները, ներկայիս ինչ որ կ’ընէ եւ մօտ ապագային ինչ որ պիտի ընէ։ «Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը։ Միայն ինքն է հրաշքներ ընողը։ Անոր փառաւոր անունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ։ Ու բոլոր երկիր թող լեցուի անոր փառքովը։ Ամէն ու ամէն»։ (Սաղմոս 72։18, 19) Ազգականներու եւ ուրիշներու հետ խանդավառութեամբ միշտ այս մասին խօսինք։ Այո, թող որ ‘անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմենք ու անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ’։—Սաղմոս 78։3, 4. 96։3, 4

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Յոբի հարցուած հարցումները ի՞նչպէս կը շեշտեն մարդկային գիտութեան սահմանափակ ըլլալը։

Յոբայ 37-41–րդ գլուխներուն մէջ ցցուն եղած Աստուծոյ սքանչելի ո՞ր գործերը ձեզ տպաւորեցին։

• Աստուծոյ կարգ մը սքանչելի գործերը նկատի առնելէ ետք, ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 10]

Ձիւնափաթիլներու շշմեցուցիչ այլազանութեան եւ կայծակներու ահարկու զօրութեան մասին ի՞նչ եզրակացութեան կը յանգիք

[Նկարին աղբիւրը]

snowcrystals.net

[Նկարներ՝ էջ 13]

Աստուծոյ սքանչելի գործերը կանոնաւորաբար ձեր խօսակցութեան մաս թող կազմեն