Տեսէ՛ք սքանչելի բաներ ընողը
Տեսէ՛ք սքանչելի բաներ ընողը
«Կեցի՛ր ու Աստուծոյ սքանչելի գործերուն վրայ մտածէ՛»։—ՅՈԲԱՅ 37։14, ՆԱ
1, 2. 1922–ին, ի՞նչ ապշեցուցիչ յայտնագործութիւն տեղի ունեցաւ, եւ ոմանց հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։
ՀՆԱԽՈՅԶԸ եւ Անգլիացի Լորտը տարիներէ ի վեր կը համագործակցէին գանձը գտնելու համար։ Վերջապէս, 26 Նոյեմբեր 1922–ին, համբաւաւոր Թագաւորներու Հովիտին մէջ գտնուող Եգիպտացի փարաւոններու գերեզմանատան մէջ, հնախոյզ Հաուըրտ Գարթըր եւ Լորտ Գարնարվոնը գտան իրենց գանձը՝ Թութանխամոն Փարաւոնին գերեզմանը։ Կնքուած դրան մը առջեւ հասնելով, անոնք ծակ մը փորեցին։ Գարթըր ծակէն մոմ մը մտցուց եւ ներս նայեցաւ։
2 Գարթըր հետագային պատմեց. «Երբ Լորտ Գարնարվոն չկարենալով համբերել, ջղագրգռուած հարցուց, ‘Բան մը կը տեսնե՞ս’, հազիւ կրցայ ըսել՝ ‘Այո, սքանչելի՜ բաներ’»։ Գերեզմանին մէջի հազարաւոր գանձերուն մէջ կար զուտ ոսկիէ դագաղ մը։ Թերեւս այս «սքանչելի բաներ»էն ոմանք տեսած էք լուսանկարներու կամ թանգարանի մը ցուցասրահին մէջ։ Սակայն, թանգարանի այս իրերը որքան ալ սքանչելի ըլլան, հաւանաբար անոնք ձեր կեանքին հետ կապ չունին։ Հետեւաբար, հիմա մեր ուշադրութիւնը դարձնենք այն սքանչելի բաներուն, որոնք անվարան ձեզի հետ կապ ունին եւ ձեզի համար արժէքաւոր են։
3. Ո՞ւր կրնանք տեղեկութիւններ գտնել մեզի համար արժէքաւոր եղող սքանչելի բաներու մասին։
3 Օրինակի համար, խորհեցէք մարդու մը մասին որ դարե՜ր առաջ ապրեցաւ, մարդ մը որ ոեւէ շարժապատկերի աստղէ, մարմնամարզանքի հերոսէ, կամ արքայական ընտանիքի անդամէ շատ աւելի կարկառուն էր։ Ան կոչուած էր՝ «բոլոր արեւելքցիներէն մեծ»։ Հաւանաբար կռահեցիք անոր անունը՝ Յոբ։ Աստուածաշունչի գրքերէն մէկը լման իր մասին կը խօսի։ Սակայն, իր ժամանակակիցներէն մէկը, Եղիուս անունով երիտասարդ մը, Յոբը սրբագրելու հարկը տեսաւ։ Արդարեւ, Եղիուս ըսաւ որ Յոբ չափազանց ուշադրութիւն կու տար ինքզինքին եւ իր շուրջիններուն։ Յոբայ 37–րդ գլուխին մէջ, ուրիշ մասնայատուկ եւ իմաստուն խրատներ կը գտնենք, որոնք կրնան իրապէս արժէքաւոր ըլլալ իւրաքանչիւրիս համար։—Յոբայ 1։1-3. 32։1–33։12
4. Ի՞նչ բան առաջնորդեց Եղիուսը որ Յոբայ 37։14–ի մէջ արձանագրուած յորդորը տայ։
4 Յոբի երեք կեղծ բարեկամները երկար բարակ խօսեցան այն մարզերուն մասին, որոնց մէջ, ըստ իրենց, Յոբ խորհուրդով կամ արարքով սխալ մը գործած ըլլալու էր։ (Յոբայ 15։1-6, 16. 22։5-10) Եղիուս համբերութեամբ սպասեց, մինչեւ որ այդ զրոյցը աւարտի։ Ապա, ներատեսութեամբ եւ խոհեմութեամբ խօսեցաւ։ Ան բազմաթիւ արժէքաւոր կէտեր ներկայացուց, բայց նկատի առէք այս գլխաւոր գաղափարը. «Ո՛վ Յոբ, այս ըսածիս մտիկ ըրէ՛. կեցի՛ր ու Աստուծոյ սքանչելիքներուն [«սքանչելի գործերուն», ՆԱ] վրայ մտածէ՛»։—Յոբայ 37։14
Գործերը Ընողը
5. Եղիուսի ակնարկած «Աստուծոյ սքանչելի գործեր»ը ի՞նչ կը ներփակեն։
5 Նկատի առէք թէ Եղիուս չթելադրեց որ Յոբ ինքզինքին, Եղիուսի կամ ուրիշ մարդոց ուշադրութիւն ընծայէր։ Եղիուս իմաստունօրէն յորդորեց Յոբը՝ եւ մեզ՝ որ Եհովա Աստուծոյ սքանչելի գործերուն ուշադրութիւն ընծայէ։ «Աստուծոյ սքանչելի գործեր»ը խօսքը ձեր կարծիքով ի՞նչ կը ներփակէ։ Մանաւանդ, ի տես առողջութեան, դրամի, ապագայի, ձեր ընտանիքին, գործակիցներուն եւ դրացիներուն մասին ձեր ունեցած մտահոգութեան, ինչո՞ւ ուշադրութիւն ընծայել Աստուծոյ գործերուն։ Անկասկած, Եհովա Աստուծոյ սքանչելի գործերը կը ներփակեն իր իմաստութիւնը եւ մեզ շրջապատող ֆիզիքական ստեղծագործութեան վրայ՝ իր հեղինակութիւնը։ (Նէեմեայ 9։6. Սաղմոս 24։1. 104։24. 136։5, 6) Ասիկա աւելի յստակացնելու համար, Յեսուայ գրքէն կէտ մը նկատի առէք։
6, 7. (ա) Եհովա Մովսէսի եւ Յեսուի օրերուն ի՞նչ հրաշալի գործեր կատարեց։ (բ) Եթէ Մովսէսի ու Յեսուի ժամանակաշրջանի այդ երկու հրաշագործութիւններէն մէկուն ներկայ ըլլայիք, ի՞նչպէս պիտի ընդառաջէիք։
6 Եհովա պատուհասներ բերաւ վաղեմի Եգիպտոսին վրայ, ապա բաժնեց Կարմիր Ծովը, որպէսզի Մովսէս կարենար վաղեմի Իսրայելացիները ազատութեան առաջնորդել։ (Ելից 7։1–14։31. Սաղմոս 106։7, 21, 22) Նման դէպք մը արձանագրուած է Յեսուայ 3–րդ գլուխին մէջ։ Մովսէսի յաջորդը՝ Յեսու, Աստուծոյ ժողովուրդը ջուրի ուրիշ զանգուածէ մը անցընելով Խոստացեալ Երկիրը պիտի մտցնէր։ Յեսու ըսաւ. «Սրբեցէ՛ք ձեր անձերը. քանզի Տէրը վաղը ձեր մէջ հրաշքներ [«սքանչելի բաներ», ՆԱ] պիտի ընէ»։ (Յեսուայ 3։5) Ի՞նչ հրաշքներ։
7 Պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ Եհովա ջուրի արգելապատը՝ Յորդանան Գետը բացաւ, որպէսզի հարիւր հազարաւոր տղամարդիկ, կիներ եւ երախաներ ցամաք գետնէն անցնին։ (Յեսուայ 3։7-17) Եթէ հոն եղած ըլլայինք եւ դիտէինք գետին բացուիլը եւ անկէ ապահովաբար անցնող բոլոր մարդիկը, անկասկած պիտի շշմէինք այդ հոյակա՛պ իրագործումին ի տես։ Անիկա ստեղծագործութեան վրայ Աստուծոյ զօրութիւնը կը ցուցաբերէր։ Սակայն, ճիշդ հիմա, մեր օրերուն, նո՛յնքան հրաշալի բաներ կան։ Տեսնելու համար թէ անոնցմէ ոմանք ի՛նչ են եւ թէ ինչո՛ւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք անոնց, նկատի առնենք Յոբայ 37։5-7–ն։
8, 9. Յոբայ 37։5-7–ն ո՞ր սքանչելի գործերը կը մատնանշէ, բայց ինչո՛ւ անոնց մասին պէտք է խորհինք։
8 Եղիուս ըսաւ. «Աստուած իր ձայնովը սքանչելի կերպով կ’որոտայ ու այնպիսի մեծ բաներ կը հանէ, որոնք մենք չենք կրնար հասկնալ»։ Աստուծոյ «սքանչելի կերպով» ըրած բաներէն որո՞նք ի մտի ունէր Եղիուս։ Ան կը յիշէ ձիւնը եւ սաստիկ անձրեւը։ Ասոնք կը կասեցնեն իր արտին մէջ աշխատող երկրագործին աշխատանքը, ժամանակ եւ պատճառ տալով անոր, որ Աստուծոյ գործերուն մասին մտածէ։ Թերեւս մենք երկրագործներ չենք, սակայն, անձրեւն ու ձիւնը կրնան մեզի ազդել։ Կախեալ ըլլալով թէ ո՛ւր կ’ապրինք, ձիւնն ու անձրեւը կրնան մեր գործունէութիւններուն ալ արգելք ըլլալ։ Ժամանակ կը յատկացնե՞նք խորհելու համար թէ այսպիսի սքանչելիքներուն ետին գտնուողը ո՛վ է եւ թէ անոնք ի՛նչ կը նշանակեն։ Անձամբ ասիկա ըրա՞ծ էք։
9 Յատկանշականօրէն, ինչպէս Յոբայ 38–րդ գլուխին մէջ կը կարդանք, Եհովա Աստուած ինք ալ այսպիսի միտք մը յղացաւ, Յոբին իմաստալից հարցումներ ուղղելով։ Թէեւ մեր Ստեղծիչը այս հարցումները Յոբին ուղղեց, բայց անոնք բացայայտօրէն մեր կեցուածքին, գոյութեան եւ ապագային վրայ ազդեցութիւն ունին։ Ուստի, տեսնենք թէ Աստուած ի՛նչ հարցուց, ապա անոնց իմաստին վրայ մտածենք, այո, ընենք ա՛յն ինչ որ Յոբայ 37։14–ը մեզ կը յորդորէ ընել։
10. Յոբայ 38–րդ գլուխը մեր վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ, եւ անիկա ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանէ։
10 38–րդ գլուխը հետեւեալ բառերով կը սկսի. «Այն ատեն Եհովա փոթորիկին մէջէն պատասխան տալով Յոբին՝ ըսաւ. ‘Ո՞վ է ատիկա, որ անիմաստ խօսքերով խորհուրդը կը նսեմացնէ։ Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛. քեզի հարցնեմ եւ քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր’»։ (Յոբայ 38։1-3) Կերպով մը ասիկա գալիքին համար անոր միտքը պատրաստեց։ Անիկա օգնեց Յոբի որ իր մտածելակերպը վերաճշդէր այն իրողութեան ի տես թէ ինք տիեզերքի Ստեղծիչին դիմաց կեցած էր եւ թէ անոր համարատու էր։ Լաւ է որ մենք ու մեր ժամանակակիցներն ալ նոյնը ընենք։ Ապա Աստուած ակնարկութիւն կ’ընէ այնպիսի բաներու, զորս Եղիուս յիշած էր։ «Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի. ըսէ՛ ինծի՝ եթէ իմաստութիւն ունիս։ Եթէ գիտես՝ ըսէ՛ ո՞վ դրաւ անոր չափերը, կամ թէ անոր վրայ լարը ո՞վ քաշեց։ Անոր հիմերը ինչի՞ վրայ հաստատուած են, կամ թէ անոր անկիւնին քարը ո՞վ դրաւ»։—Յոբայ 38։4-6
11. Յոբայ 38։4-6–ը ի՞նչ իրագործումներ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ։
11 Ո՞ւր էր Յոբ. արդարեւ, ոեւէ մէկս ո՞ւր էինք, երբ երկիրը կը կազմուէր։ Արդեօք մե՞նք էինք այն ճարտարապետները, որոնք մեր երկրին նախագիծը պատրաստեցին եւ անոր հիման վրայ, կարծես գծաքաշով մը կամ քանակով մը անոր չափերը դրին։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Մարդիկ այն ատեն թատերաբեմին վրայ իսկ չէին։ Մեր երկիրը շինարարութեան մը նմանցնելով, Աստուած կը հարցնէ. «Անոր անկիւնի քարը ո՞վ դրաւ»։ Գիտենք որ երկիրը արեւէն ճշգրիտ հեռաւորութեան վրայ դրուած է, որպէսզի անոր վրայ կարենանք ապրիլ ու բարգաւաճիլ։ Անոր չափն ալ ճիշդ է։ Եթէ երկիրը աւելի մեծ ըլլար, ջրածին կազը մեր մթնոլորտէն խոյս պիտի չտար եւ մոլորակը անբնակելի պիտի ըլլար։ Բացայայտ է թէ մէկը անոր ‘անկիւնի քարը դրաւ’ ճի՛շդ պէտք եղած տեղը։ Ասոր վարկը Յոբի՞ն, մեզի՞ թէ՝ Եհովա Աստուծոյ կ’երթայ։—Առակաց 3։19. Երեմեայ 10։12
Ո՞վ Կրնայ Պատասխանել
12. Յոբայ 38։6–ի հարցումը ի՞նչ բանի մասին մտածել կու տայ։
12 Աստուած նաեւ հարցուց. «Անոր հիմերը ինչի՞ վրայ հաստատուած են»։ Ասիկա տեղին հարցում մը չէ՞։ Հաւանաբար մեզի ծանօթ է արտայայտութիւն մը որ անծանօթ էր Յոբի՝ ձգողութիւն։ Շատերս կը հասկնանք որ արեւու հսկայական զանգուածէն առթող ձգողական ոյժը կ’օգնէ որ մեր երկիրը իր տեղը մնայ, այդպէս ըսուած, իր հիմերուն վրայ հաստատուի։ Այսուհանդերձ, ո՞վ լիովին կը հասկնայ ձգողութիւնը։
13, 14. (ա) Ձգողութեան մասին ի՞նչ պէտք է ընդունինք։ (բ) Յոբայ 38։6–ի ընդգծած իրողութեան ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։
13 Վերջերս լոյս տեսած՝ Տիեզերքը Բացատրուած խորագրով գիրքը (Անգլերէն) կ’ընդունի որ ‘ձգողութիւնը բնութեան ուժերուն մէջէն ամենէն ծանօթը, բայց ամենաքիչ հասկցուածն է’։ Ան կ’աւելցնէ. «Ըստ երեւոյթին, ձգողական ոյժը պարապ անջրպետը վայրկենական կը ճեղքէ կ’անցնի, առանց ասիկա ընելու որեւէ երեւութական միջոցի։ Սակայն վերջերս, բնագէտներ սկսած են ենթադրել թէ ձգողութիւնը կրնայ ճամբորդել կրէվիթոն–ներ կոչուած պզտիկ մասնիկներէ կազմուած ալիքներով . . . Բայց ոեւէ մէկը իրապէս վստահ չէ թէ անոնք գոյութիւն ունին»։ Խորհեցէք թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։
14 Եհովա այդ հարցումները Յոբի հարցնելէն շուրջ 3,000 տարիներէ ի վեր գիտութիւնը յառաջդիմութիւններ արձանագրած է։ Այսուհանդերձ, ո՛չ մենք եւ ոչ ալ մասնագէտ բնագէտներ կրնան լիովին բացատրել ձգողութիւնը, որ մեր երկիրը իր շիտակ շրջագծին մէջ կը պահէ, ճիշդ հոն՝ ուր պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենանք կեանքը վայելել։ (Յոբայ 26։7. Եսայեայ 45։18) Ասիկա չենք յիշեր, ձեզի թելադրելով որ ձգողութեան խորհուրդները քակելու համար ճիգ թափէք։ Հապա, Աստուծոյ սքանչելի գործերէն միայն այս մէկին իսկ ուշադրութիւն ընծայելը, պէտք է ազդէ իրեն հանդէպ մեր տեսակէտին։ Իր իմաստութիւնը ու գիտութիւնը ակնածանք կը ներշնչե՞ն, եւ կը հասկնա՞ք թէ ինչո՛ւ իր կամքին մասին աւելին պէտք է սորվինք։
15-17. (ա) Յոբայ 38։8-11–ը ի՞նչ բանի վրայ կը կեդրոնանայ, եւ ասիկա ի՛նչ հարցումներու կ’առաջնորդէ։ (բ) Ովկիանոսներու եւ երկրագունդին վրայ անոնց դասաւորման նկատմամբ ձեռք ձգուած գիտութեան մասին ի՞նչ պէտք է ընդունիլ։
15 Ստեղծիչը կը շարունակէ հարցնել. «Ծովը՝ որովայնէն յարձակելով ելած ժամանակը՝ ո՞վ գոցեց Յոբայ 38։8-11
զանիկա դռներով, երբ ամպը անոր հանդերձ դրի ու մէգը՝ խանձարուր եւ անոր վրայ իմ հրամաններս հաստատելով՝ անոր փականք ու դռներ դրի ու ըսի անոր. ‘Մինչեւ հոս եկուր ու անդին մի՛ անցնիր եւ քու ալիքներուդ հպարտութիւնը հոս թող դադարի’»։—16 Ծովերուն դռներուն փականքը կը ներառէ ցամաքամասերը, ովկիանոսները եւ մակընթացութիւններն ու տեղատուութիւնները։ Ո՞րքան ժամանակ մարդը այս բոլորը դիտած եւ ուսումնասիրած է։ Հազարաւոր տարիներ, իսկ շատ աւելի խոր կերպով՝ անցեալ դարուն։ Կրնաք երեւակայել որ անոնց մասին գիտելիքներուն մեծամասնութիւնը արդէն մինչեւ հիմա հաստատ կերպով գիտցուած պէտք է ըլլան։ Սակայն, այս 2001 տարուան մէջ, եթէ այս նիւթին մասին փնտռտուքներ կատարէք աշխարհի մեծագոյն գրադարաններուն մէջ, կամ այս մասին վերջնագոյն իրողութիւնները գտնելու համար Ինթըրնէթի հետազօտութեան հսկայական զօրութիւնը գործածելու ըլլաք, ի՞նչ կը գտնէք։
17 Հանրածանօթ աշխատասիրութիւն մը, հետեւեալը կ’ընդունի. «Երկրագունդի մակերեսին վրայ ցամաքամասերու հարթավայրերուն եւ ովկիանոսներու հուներուն դասաւորումը, ինչպէս նաեւ ցամաք գետնի գլխաւոր երեւոյթներուն դասաւորումը երկար ժամանակէ ի վեր գիտական հետազօտութեան եւ վարկածաբանութեան ամենէն հետաքրքրական խնդիրները եղած են»։ Ասիկա ըսելէ ետք, վերոյիշեալ համայնագիտարանը չորս հաւանական բացատրութիւններ կը հրամցնէ եւ կ’ըսէ որ ասոնք «բազմաթիւ վարկածներէն քանի մը հատն» են։ Ինչպէս գիտէք, վարկած մը՝ «անորոշ բացատրութենէ մը աւելին հայթայթելու համար, անբաւարար ապացոյց կը պարփակէ»։
18. Յոբայ 38։8-11–ը ձեզ ի՞նչ եզրակացութիւններու կ’առաջնորդէ։
18 Ասիկա, Յոբայ 38։8-11–ի մէջ մեր կարդացած հարցումներուն ժամանակայարմար ըլլալը չի՞ շեշտեր։ Անշուշտ մեր մոլորակին այս բոլոր երեսակները կարգի դնելու վարկը մեզի չ’երթար։ Մենք չենք որ լուսինը զետեղեցինք, որպէսզի անոր քաշողականութիւնը մակընթացութիւն ու տեղատուութիւն պատճառէ, առանց մեր շրջապատը եւ մեզ ողողելու։ Դուք գիտէք թէ ասոնք ո՛վ ըրաւ. սքանչելի բաներ Ընողը։—Սաղմոս 33։7. 89։9. Առակաց 8։29. Գործք 4։24. Յայտնութիւն 14։7
Եհովայի Տուէք Արժանի Վարկը
19. Յոբայ 38։12-14–ի բանաստեղծական արտայայտութիւնները մեր ուշադրութիւնը ո՞ր ֆիզիքական իրողութիւններուն կ’ուղղեն։
19 Յոբայ 38։12-14–ի մէջ նշուած երկրին թաւալման վարկը մարդիկ իրենք իրենց վրայ չեն կրնար առնել։ Այս թաւալումն է որ արշալոյսը ծագելուն պատճառ կ’ըլլայ, որու գեղեցկութիւնը մեզ յաճախ ափիբերան կը ձգէ։ Մինչ արեւը կը բարձրանայ, մեր երկրագունդին վրայի կերպարները եւ երեւոյթները աւելի յստակ կը դառնան, կակուղ կաւին վրայ դրոշմուած կնիքի մը նման։ Երբ քիչ մը ուշադրութիւն ընծայենք երկրի շարժումին, պէտք է սքանչանանք որ երկիրը շատ արագ չի թաւալիր, ինչ որ աղիտալի պիտի ըլլար։ Ո՛չ ալ այնքան դանդաղ կը թաւալի, որ ցերեկները ու գիշերները շատ աւելի երկար ըլլան, եւ մարդկային կեանքը անկարելի դարձնող չափազանց ջերմութիւն ու ցրտութիւն պատճառեն։ Անկեղծօրէն, ուրախ պէտք է ըլլանք որ Աստուա՛ծ որոշած է թաւալման արագութիւնը եւ ո՛չ թէ մարդոց խումբ մը։—Սաղմոս 148։1-5
20. Յոբայ 38։16, 18–ի մէջ հարցուած հարցումներուն ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք։
20 Հիմա երեւակայեցէք որ Աստուած հարցումներու ուրիշ շարան մը կը տեղացնէ ձեր վրայ. «Ծովուն աղբիւրները մտե՞ր ես ու անդունդին ծածուկ տեղերը պտըտե՞ր ես»։ Այս հարցումին ովկիանոսաբան մը անգամ չի կրնար լիովին պատասխանել։ «Երկրի լայնութեանը խելքդ հասա՞ւ։ Եթէ ամէնը գիտես՝ ըսէ՛»։ (Յոբայ 38։16, 18) Երկրի բոլոր վայրերը, կամ նոյնիսկ անոր մեծ մասը այցելած կամ հետազօտա՞ծ էք։ Մեր երկրին տեսարժան վայրերուն եւ սքանչելիքներուն ուշադրութիւն ընծայելու համար, քանի՞ կեանքի երկարութիւն պէտք պիտի ըլլար, եւ անոնք ի՜նչ հոյակապ ժամանակներ պիտի ըլլային։
21. (ա) Յոբայ 38։19–ին մէջ հարցուած հարցումները, գիտական ի՞նչ տեսակէտներ կրնան արծարծել։ (բ) Լոյսի մասին իրողութիւնները ի՞նչ ընելու պէտք է մղեն մեզ։
21 Ուշադրութիւն ըրէք նաեւ Յոբայ 38։19–ի մէջ հարցուած խորին հարցումներուն. «Լոյսին բնակարանը ո՞ւր է ու խաւարին տեղը ո՞ւր է»։ Թերեւս գիտէք որ երկար ժամանակ այն տեսակէտը կը տիրէր, որ լոյսը կը ճամբորդէ ալիքի մը՝ լճակի մը վրայ տեսնուած ծածանքի մը նման։ Ապա 1905–ին, Ալպըրթ Այնշթայն բացատրեց թէ լոյսը կը գործէ ուժանիւթի կապոցներու, կամ մասնիկներու նման։ Այս բացատրութիւնը վճռակա՞ն էր։ Վերջերս լոյս տեսած համայնագիտարան մը կը հարցնէ. «Լոյսը ալի՞ք մըն է թէ՝ մասնիկ մը»։ Անիկա կը պատասխանէ. «Երեւութապէս, [լոյսը] երկուքն ալ չի կրնար ըլլալ, քանի որ երկուքն ալ [ալիքը եւ մասնիկները] իրարմէ շատ տարբեր են։ Լաւագոյն պատասխանը այն է որ լոյսը այս երկուքէն ո՛չ մէկն է»։ Սակայն, մենք կը շարունակենք (ուղղակի կամ անուղղակի կերպով) արեւուն ճառագայթներով տաքնալ, նոյնիսկ երբ ոեւէ մարդ չի կրնար այս ուղղութեամբ Աստուծոյ գործերը լիովին բացատրել։ Լոյսին ընդառաջող բոյսերուն պատճառաւ ուտելիք եւ թթուածին կը վայելենք։ Կրնանք կարդալ, մեր սիրելիներուն դէմքերը տեսնել, արեւնամուտ մը ըմբոշխնել, եւայլն։ Մինչ այս բաները կ’ընենք, պէտք չէ՞ անդրադառնանք Աստուծոյ սքանչելի գործերուն։—Սաղմոս 104։1, 2. 145։5. Եսայեայ 45։7. Երեմեայ 31։35
22. Վաղեմի Դաւիթ Աստուծոյ սքանչելի գործերուն ի՞նչպէս ընդառաջեց։
22 Եհովայի սքանչելի գործերուն մասին խոկալուն նպատակը միմիայն տպաւորուելու, մեր մէջ երկիւղ արթնցնելու կամ մեզ ափիբերան ընելու համա՞ր է։ Ո՛չ։ Վաղեմի սաղմոսերգուն ընդունեց որ Աստուծոյ բոլո՛ր գործերը հասկնալը եւ անոնց մասին խօսիլը անկարելի է։ Դաւիթ գրեց. «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ . . . Պիտի պատմէի ու խօսէի, բայց համրանքէն աւելի շատ են»։ (Սաղմոս 40։5) Վստահաբար, ան ըսել չուզեց թէ ինք այս հոյակապ գործերուն մասին լուռ պիտի մնար։ Դաւիթ ասիկա փաստեց Սաղմոս 9։1–ի մէջ արտայայտած իր վճռակամութեամբ. «Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իմ բոլոր սրտովս. քու բոլոր սքանչելիքներդ պիտի պատմեմ»։
23. Աստուծոյ սքանչելի գործերուն նկատմամբ ի՞նչ է ձեր հակազդեցութիւնը, եւ ի՛նչպէս կրնաք ուրիշներուն օգնել։
23 Մենք ալ նոյն կերպով պէտք չէ՞ մղուինք։ Աստուծոյ հոյակապ գործերուն հանդէպ մեր հիացմունքը պէտք չէ՞ մեզ մղէ խօսելու՝ իրեն, իր ըրածներուն եւ տակաւին ընելիքներուն մասին։ Պատասխանը բացայայտ է. պէտք է ‘անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմենք, ու անոր հրաշքները [«սքանչելի գործերը», ՆԱ]՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ’։ (Սաղմոս 96։3-5) Այո, Աստուծոյ սքանչելի գործերուն հանդէպ մեր խոնարհ գնահատութիւնը կրնանք ցոյց տալ, իր մասին մեր սորված բաները ուրիշներու հետ բաժնելով։ Նոյնիսկ երբ անոնք ընկերութեան մը մէջ մեծցած են, որ Ստեղծիչի մը գոյութիւնը կ’անտեսէ, մեր դրական, տեղեկատու արտայայտութիւնները կրնան զիրենք մղել Աստուած ճանչնալու։ Ասկէ աւելի, ասիկա կրնայ զիրենք մղել որ ուզեն ‘ամէն բան ստեղծողին’, սքանչելի գործեր Ընողին՝ Եհովայի մասին սորվիլ եւ իրեն ծառայել։—Յայտնութիւն 4։10
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Յոբայ 37։14–ի մէջ արձանագրուած յորդորը, Աստուծոյ ո՞ր գործերուն մասին խորհիլ կու տայ ձեզի։
• Յոբայ 37 եւ 38–րդ գլուխներուն մէջ աչքառու դարձուած բաներէն ոմանք ի՞նչ են, զորս գիտութիւնը լիովին չի կրնար բացատրել։
• Աստուծոյ սքանչելի գործերուն մասին ի՞նչ կը զգաք, եւ ասիկա ձեզ ի՛նչ ընելու կը մղէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 7]
Ո՞վ գոցեց ծովը դռներով, զայն իր տեղը պահելով
[Նկար՝ էջ 7]
Ո՞վ այցելած է Աստուծոյ ստեղծած մեր երկրի բոլոր տեսարժան վայրերը