Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը՝ մէկ հատորով

Աստուածաշունչը՝ մէկ հատորով

Աստուածաշունչը՝ մէկ հատորով

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ կրկնօրինակներ շինելու համար, նախկին Քրիստոնեաները ո՛չ թէ մագաղաթ, հապա մատեան՝ գիրք գործածելու մէջ առաջինները եղան։ Սակայն, Քրիստոնեաները անմիջապէս չսկսան Աստուածաշունչի բոլոր գրքերը պարունակող միահատոր Աստուածաշունչ մը արտադրել։ Միահատոր Աստուածաշունչեր արտադրելու կարեւոր քայլ մը առնուեցաւ վեցերորդ դարուն, Փլավիոս Քասիոտորուսի կողմէ։

Փլավիոս Մակնուս Ավրելիոս Քասիոտորուս ծնած էր շուրջ Հ.Դ. 485-490–ին, հարուստ ընտանիքի մը մէջ, Քալապրիա, ներկայ Իտալիոյ հարաւային ծայրը։ Ան ապրեցաւ Իտալիոյ պատմութեան խռովեալ մէկ ժամանակաշրջանին, երբ թերակղզին գրաւուած էր, նախ՝ Գոթերու ապա Բիւզանդացիներու կողմէ։ Երբ շուրջ 60 կամ 70 տարեկան էր, Քասիոտորուս իր տան մօտ հիմնեց Վիվարիումի վանքն ու գրադարանը, Սքուելլեշայի մէջ, Քալապրիա։

Աստուածաշունչի Բծախնդիր Խմբագիր մը

Քասիոտորուսի գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն էր՝ Աստուածաշունչը ժողովուրդին մատչելի դարձնել։ Պատմաբան Փիթըր Պրաուն կը գրէ. «Քասիոտորուսի գաղափարով, Լատիներէն ամբողջ գրական մշակոյթը պէտք էր գործածել, Սուրբ Գրութիւնները մատչելի դարձնելու համար։ Դասական գրականութիւնները կարդալու եւ ընդօրինակելու համար նախապէս գործածուած օժանդակող բոլոր բաները պէտք էր գործածուէին Սուրբ Գրութիւնները հասկնալու եւ զանոնք հմտօրէն ընդօրինակելու համար։ Նոր կազմուած մոլորակային դրութեան մը նման, լատինական մշակոյթը որպէս ամբողջութիւն մը պէտք էր թաւալէր Աստուծոյ Խօսքին հսկայ արեւուն շուրջ»։

Քասիոտորուս թարգմանիչներ եւ քերականագէտներ հաւաքեց Վիվարիում վանքին մէջ, ամբողջ Աստուածաշունչը դասաւորելու համար, եւ խմբագրութեան դժուար գործընթացին վերահսկեց։ Ան այս գործը վստահեցաւ միա՛յն քանի մը ուսեալ մարդոց։ Անոնք պէտք էր խուսափէին արտագրողներու ենթադրեալ սխալները հապճեպով սրբագրելէ։ Եթէ քերականական հարց մը ծագէր, Աստուածաշունչի հին ձեռագիրները ընդհանրապէս ընդունուած Լատիներէնէն աւելի վաւերական պէտք էր նկատուէին։ Քասիոտորուս ուղղութիւն տալով, ըսաւ. «Քերականական առանձնայատկութիւնները . . . պէտք է պահպանուին, քանի որ ներշնչեալ նկատուած հատուած մը չի կրնար աղաւաղման ենթարկուիլ։ . . . Արտայայտութեան, փոխաբերութեան, եւ դարձուածաբանութեան սուրբ գրային մեթոտները պէտք է պահպանուին, նոյնիսկ եթէ Լատիներէն չափանիշներէն բոլորովին տարբեր են. նոյնն է պարագան յատուկ անուններու ‘եբրայական’ ձեւերուն»։—Տը Քէմպրիճ Հիսթըրի աֆ տը Պայպըլ

Քոտէքս Կրանտիոր–ը

Վիվարիում վանքին արտագրողները յանձնարարուեցան, որ առնուազն Աստուածաշունչի երեք տարբեր Լատիներէն հրատարակութիւններ արտադրէին։ Անոնցմէ մէկը, ինը հատորով, հաւանաբար կը պարունակէր Հին Լատիներէն բնագիրը՝ երկրորդ դարու վերջաւորութեան լոյս տեսած թարգմանութիւն մը։ Երկրորդ հրատարակութիւնը կը պարունակէր Լատիներէն Վուլկաթա–ն, զոր Յերոնիմոս ամբողջացուց շուրջ հինգերորդ դարու սկիզբը։ Երրորդը՝ Քոտէքս Կրանտիոր–ը, որ կը նշանակէ «աւելի մեծ մատեան», առնուած էր Աստուածաշունչի երեք բնագիրներէ։ Այս վերջին երկու հրատարակութիւնները, Աստուածաշունչին բոլոր գրքերը իրարու միացուցին, մէկ հատորի մէջ։

Կ’երեւի թէ Քասիոտորուս առաջին անհատն էր որ Լատիներէն միահատոր Աստուածաշունչեր արտադրեց, զանոնք կոչելով՝ բանտէքթի։ * Անկասկած ան նկատած ըլլալու էր Աստուածաշունչի բոլոր գրքերը մէկ հատորի մէջ հաւաքելու գործնական ըլլալը, այսպիսով վերջ մը դնելով քանի մը հատորներու դիմելու ժամավաճառ գործընթացին։

Հարաւային Իտալիայէն՝ Բրիտանական Կղզիներ

Քասիոտորուսի մահուընէ քիչ ետք (հաւանաբար շուրջ Հ.Դ. 583–ին), Քոտէքս Կրանտիոր–ի ուղեւորութիւնը սկսաւ։ Կ’ենթադրուի թէ այն ժամանակ, Վիվարիումի գրադարանէն մաս մը փոխադրուած էր Հռովմի Լատերան գրադարանը։ Հ.Դ. 678–ին, Անգլօ–Սաքսոն աբբահայր՝ Քէօլֆրիթ, Հռովմէն վերադարձին՝ այս քոտէքս–ը իր հետ Բրիտանական Կղզիներ բերաւ։ Այսպէս, անիկա հասաւ Քէօլֆրիթի հովանաւորութեան տակ գտնուող Ուիրմաութի եւ Ժարրոյի վանքերը. այս վանքերը ներկայիս Նորթումպրիայի մէջ կը գտնուին, Անգլիա։

Քասիոտորուսի միահատոր Աստուածաշունչը Քէօլֆրիթի եւ իր վանականներուն հիացմունքին արժանացաւ, որոնք հաւանաբար անոր դիւրին գործածութեամբ հրապուրուած էին։ Հետեւաբար, միա՛յն քանի մը տասնամեակներու միջոցին, անոնք երեք լման Աստուածաշունչեր արտադրեցին, իւրաքանչիւրը՝ միահատոր։ Ասոնցմէ միա՛կ վերապրած օրինակը՝ Քոտէքս Ամիաթինուս կոչուած հսկայ ձեռագիրն է։ Անիկա ունի 2,060 նուրբ մագաղաթի էջեր, իւրաքանչիւրը՝ շուրջ 51 սանթիմեթր երկայնք ու 33 սանթիմեթր լայնք ունի։ Կողքով միասին, անոր հաստութիւնը 25 սանթիմեթր է եւ աւելի քան 34 քիլոկրամ կը կշռէ։ Անիկա այժմ գոյութիւն ունեցող ամենահին՝ Լատիներէն միահատոր լման Աստուածաշունչն է։ ԺԹ. դարու Աստուածաշունչի նշանաւոր ուսումնական Ֆէնթըն Ճ. Է. Հօրթ, այս քոտէքս–ին ինքնութիւնը բնորոշեց 1887–ին։ Հօրթ ըսաւ. «Այս արտակարգ [ձեռագիրը], նոյնիսկ արդի ականատեսի մը վրայ կը ձգէ այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ երկիւղ ներշնչելու հաւասար է»։

Քոտէքս–ը Իտալիա կը Վերադառնայ

Քասիոտորուսի յանձնարարութեամբ պատրաստուած Քոտէքս Կրանտիոր–ի իսկական օրինակը ներկայիս կորսուած է։ Սակայն անկէ սերած Անգլօ–Սաքսոնական օրինակը՝ Քոտէքս Ամիաթինուս–ը, իր ամբողջացումէն ետք, դէպի Իտալիա վերադարձի ճամբան բռնեց։ Իր մահէն քիչ առաջ, Քէօլֆրիթ որոշեց Հռովմ վերադառնալ։ Ան իր հետ առաւ Լատիներէն Աստուածաշունչի երեք ձեռագիրներէն մէկը, Կրէկորի Բ. Պապին նուէր տալու համար։ Ճամբորդութեան ընթացքին, Քէօլֆրիթ մահացաւ, Հ.Դ. 716–ին, Լանկրի մէջ, Ֆրանսա։ Սակայն իր Աստուածաշունչը ճամբորդներու խումբին հետ շարունակեց իր ուղեւորութիւնը։ Ի վերջոյ այս քոտէքս–ը կեդրոնական Իտալիոյ, Ամիաթա Լերան վրայ գտնուող վանքի գրադարանին մաս կազմեց, ուրկէ ալ ստացաւ իր Քոտէքս Ամիաթինուս անունը։ 1782–ին, ձեռագիրը փոխադրուեցաւ Մետիչիըն–Լորէնշըն Գրադարանը, Ֆլորանսի մէջ, Իտալիա, ուր անիկա կը մնայ որպէս գրադարանին ամենէն արժէքաւոր ստացուածքներէն մէկը։

Քոտէքս Կրանտիոր–ը ի՞նչպէս ազդած է մեզի։ Քասիոտորուսի ժամանակէն ի վեր, արտագրողներ եւ տպագրիչներ հետզհետէ աւելի նախընտրած են Աստուածաշունչի միահատոր արտադրութիւնը։ Մինչեւ օրս, Աստուածաշունչը այս կազմով ունենալը, մարդոց դիւրացուցած է որ անոր դիմեն, եւ այսպէս օգտուին իրենց կեանքի մէջ անոր բանեցուցած զօրութենէն։—Եբրայեցիս 4։12

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Յունարէն լման Աստուածաշունչեր շրջաբերութեան մէջ դրուած ըլլալու էին չորրորդ կամ հինգերորդ դարէն ի վեր։

[Քարտէս՝ էջ 29]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

«Քոտէքս Կրանտիոր»ի ճամբորդութիւնը

Վիվարիումի վանքը

Հռովմ

Ժարր

Ուիրմաութ

«Քոտէքս Ամիաթինուս»ի ճամբորդութիւնը

Ժարրօ

Ուիրմաութ

Ամիաթա Լեռը

Ֆլորանս

[Նկարին աղբիւրը]

Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.

[Նկարներ՝ էջ 30]

Վերեւ՝ «Քոտէքս Ամիաթինուս»–ը. Ձախին՝ «Քոտէքս Ամիաթինուս»–ի մէջ Եզրասի նկարը

[Նկարին աղբիւրը]

Biblioteca Medicea Laurenziana, Firenze