Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ անունը նախատինքէ կը մաքրուի

Աստուծոյ անունը նախատինքէ կը մաքրուի

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Աստուծոյ անունը նախատինքէ կը մաքրուի

ԱՍՏՈՒԾՈՅ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահե[ցէք], որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը»։ (Ա. Պետրոս 2։12) Հետեւաբար, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը ջանան բարի վարք մը պահպանել, որպէսզի Եհովայի անուան վրայ նախատինք չբերեն։

Զամպիոյ մեկուսացած մէկ շրջանին մէջ, որ Սենանկա կը կոչուի, ուսուցիչի մը տունէն ձայնասփիւռ մը գողցուեցաւ։ Քանի որ Եհովայի Վկաները այդ շրջանին մէջ կը քարոզէին, մարդը զանոնք գողութեամբ ամբաստանեց։ Ան հարցը ոստիկանատան տեղեկացուց, դաւանելով թէ Վկաները իր ձայնասփիւռը գողցած էին։ Որպէս ապացոյց թէ Վկաները իր տունը մտած էին, ան թերթիկ մը ներկայացուց զոր գտած էր գետինը։ Սակայն, ոստիկանութիւնը չուզեց հաւատալ իրեն։ Անոնք զինք խրատեցին որ երթայ եւ աւելի լաւ փնտռէ։

Այն Վկաները որոնք այդ օրը ուսուցիչին բնակած շրջանը ծառայած էին, երէցներու մարմինին կողմէ քաջալերութիւն ստացան որ երթան եւ այս հարցին մասին ուսուցիչին հետ խօսին։ Եղբայրներէն ոմանք գացին եւ անոր խօսեցան, բացատրելով թէ կ’ուզէին Եհովայի անունը նախատինքէ մաքրել։ Խօսակցութեան ընթացքին, անոնք ըսին թէ ուսուցիչին տան մէջ պատանի մը տեսած էին եւ անոր թերթիկ մը տուած էին։ Անոնց նկարագրութենէն, ուսուցիչը ճանչցաւ երիտասարդը։ Իրականութեան մէջ, անոնք նոյն եկեղեցիին կը պատկանէին։ Ուսուցիչը երիտասարդին հետ խօսեցաւ, բայց ան ուրացաւ։ Ապա ուսուցիչը հարցը երիտասարդին ծնողքին հետ քննարկեց եւ տուն վերադարձաւ։ Ժամ մը չանցած, պատանիին մայրը գողցուած ձայնասփիւռը ուսուցիչին վերադարձուց։

Խղճահարուելով, ուսուցիչը երէցներու մարմինին մօտեցաւ եւ իր ըրած սուտ ամբաստանութիւններուն համար ներողութիւն խնդրեց։ Երէցները զայն ընդունեցին, բայց իրմէ խնդրեցին որ իրականութիւնը հանրապէս գիտցնէր, որպէսզի ամէն մարդ գիտնար թէ Վկաները անմեղ էին։ Դպրոցին մէջ ծանուցում մը եղաւ, այսպիսով Եհովայի անունը նախատինքէ մաքրելով։ Եհովայի Վկաները կրնան շարունակել այդ շրջանին մէջ ազատօրէն քարոզել։

[Քարտէսներ/Նկար՝ էջ 19]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԱՓՐԻԿԷ

Զամպիա

[Նկարին աղբիւրը]

Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.